Գաղափարին Համար, Ազգին Համար (Փորձ` Սիմոն Զաւարեանի Կերպարին Ընդմէջէն Բնորոշելու Դաշնակցականն ու Դաշնակցութիւնը)
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ 108 տարի առաջ, հոկտեմբեր ամսուն 27-ին, ճակատագիրը կտրեց կեանքի թելը ՀՅ Դաշնակցութեան խիղճի, բարոյականութեան եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումը հանդիսացող Սիմոն Զաւարեանին: Անոր, որուն բովանդակ կեանքը ամբողջական ընծայաբերում մը եղաւ իր ժողովուրդի ազատագրութեան դատին եւ կուսակցութեան յեղափոխական պայքարին: Թիֆլիսէն Տրապիզոն, Մետեխի բանտէն մինչեւ Պեսարապիոյ իր աքսորավայրը, Ժընեւէն մինչեւ Պէյրութ ու Կիլիկիա եւ, տակաւին, Պոլիսէն մինչեւ Տարօն ու Սասուն, Զաւարեան...
















