«Հայ Մամուլի Օր»
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Մամուլը իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ հասարակութեան համար նկատուած է անոր անբաժան մասնիկը: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ եւ ստանձնել անոր կեանքին մէջ: Արդ, այս կարճ յառաջաբանէս ետք, քիչ մըն ալ պատմութիւն: 1512-ին Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտը, լոյս ընծայելով հայատառ գիրք` «Ուրբաթագիրքը»-ը, առաջին անգամ ըլլալով հայ տպագրութեան հիմը կը...



















