Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի, Մարուգէ Ճգնաւորի Եւ Մելիտոս Եպիսկոպոսի
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Յիսնակի երրորդ կիրակիի յաջորդող շաբաթ օրը` դեկտեմբեր 12-18-ի միջեւ, կը տօնէ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի, Մարուգէ Ճգնաւորի եւ Մելիտոս եպիսկոպոսի յիշատակը: Տօնը կանխող շաբաթապահքը ծանօթ է Սուրբ Յակոբի պահք անունով: Սուրբ Յակոբ Մծբնացի հայրապետ ծնած է Մծբին (այժմ` Նուսէյպին) քաղաքը եւ ծագումով ասորի էր: Վարքաբանական աղբիւրներու համաձայն, ան Պարթեւական տոհմէն էր եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հօրաքրոջ`...




















