Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Ցեղասպանութիւն Գործելու Ազրպէյճանական Ծրագիրը Թափ Կը Ստանայ

Դեկտեմբեր 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Բնական կազի մատակարարման խափանում, Արցախը Հայաստանի կապող միջանցքի փակում, Արցախի մէջ գտնուող Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերու փակման ազրպէյճանական պահանջ: Տակաւին, արցախցիներու վրայ տարաբնոյթ ճնշումներ եւ հոգեբանական պատերազմ մը, որուն դիմանալու համար արցախցիներուն չի պակսիր կամքն ու վճռակամութիւնը: Սակայն պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ իրավիճակը Սոչիի եռակողմ հանդիպումէն ետք չափազանց լարուած է, եւ արցախցիներուն կողմէ ահազանգուած այն վտանգը, թէ արցախահայութիւնը կը գտնուի ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին տակ, շատ մտահոգիչ է:

Ազրպէյճանցիք դարձեալ դադրեցուցին կապոյտ վառելիքին մատակարարումը Արցախի ազատ շրջաններ, ուր բնակչութիւնը ձմեռնային խիստ պայմաններու մէջ կը դիմագրաւէ ապրուստի տարրական պէտքերու օրէ օր նուազեցման վտանգը, որովհետեւ «բնապահպանական մտահոգութիւններ» ունեցող ազրպէյճանցիներ փակած են Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը` առաջին հերթին ասպարէզ կարդալով ռուսական խաղաղապահ ուժերուն: Բնապահպանման համար միջանցքը փակողներուն շարքին մէջ էին նաեւ թրքական ահաբեկչական կազմակերպութեան` Գորշ գայլերու հետեւորդներ, որոնցմէ մին կազմակերպութեան յատուկ նշանաձեւը կատարելով` դէմ դրաւ ռուս խաղաղապահներու: Այս ազրպէյճանցիին արարքը ցուցանիշ մըն է, որ բնապահպանները խորքին մէջ կը հետապնդեն Արցախի ազատ շրջաններու քաջարի բնակչութիւնը մեկուսացնելու եւ շրջափակելու ծրագիրը, որուն յաջորդ փուլը, ինչպէս Հայաստանի վարչապետը ահազանգեց, ցեղասպանութեան ոճիրներ կրնան ըլլալ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հրահանգով բնական կազի հոսքին դադրեցումը, որ անկասկած մարդասիրական եւ տնտեսական ահաբեկչութիւն մըն է, ճիշդ է, որ արցախցիները կը մատնէ չափազանց ծանր կացութեան մը, սակայն ի տես արցախահայութեան վճռակամութեան` ամբողջ հայութեան կը մնայ մէկդի դնել ներքին բոլոր տեսակի տարակարծութիւններն ու անհասկացողութիւնները եւ իբրեւ մէկ բռունցք ներկայանալ ու լարել ամբողջ ուժը, որպէսզի միջազգային ընտանիքը խօսքէն, դատապարտանքի սին բանաձեւերէն եւ քարոզչական բնոյթի յայտարարութիւններէն անցնի գործի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները զսպէ` արցախահայութիւնը փրկելով ցեղասպանութենէ մը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերուն գործունէութեան դադրեցման պահանջով Լաչինի միջանցքը փակող ազրպէյճանցի «բնապահպաններուն», ապա ազրպէյճանական անկախ սակաւաթիւ աղբիւրներ, որոնցմէ գլխաւորը Պերլինի մէջ գործող Մէյտան Թի Վի-ն է, հրապարակեցին բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն, որ բնապահպանական խնդիրներով տագնապող ազրպէյճանցի ցուցարարները խորքին մէջ Ալիեւի ընտանիքին համակրող մարդիկ են, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին բնապահպանական խնդիրներու հետ: Անոնցմէ ոչ ոք, օրինակի համար, մինչեւ այսօր նկատողութիւն մը, կամ ֆէյսպուքեան գրառում մը կատարած է Ազրպէյճանի մէջ գտնուող Տաշքեսանի եւ Գետաբէկի հանքավայրերուն պատճառած բնապահպանական աղէտին մասին: Երկու հանքավայրներն ալ Ալիեւ ընտանիքին կը պատկանին: Իսկ այլախոհ լրագրողներ կը յիշեցնեն Չովտարի հանքավայրը, որուն շուրջ բացուած հետաքննութիւնները` անկախ լրագրողներու կողմէ, բացայայտած էր փտածութեան եւ բնապահպանական ահաւոր խնդիրներ: Լաչինի միջանցքը փակող ազրպէյճանցի նորելուկ բնապահպանները օրին ոչ իսկ խօսած են Չովտարի հանքավայրին մասին: Այլախոհ լրագրող Խատիճա Իսմայիլովա, որ քանի մը անգամ բանտարկուած է քաղաքական իր հայեացքներուն համար, կը յիշեցնէ, որ եթէ այդ օրերուն այս բնապահպանները իրենց բողոքը արտայայտէին, այսօր անոնց ձայնը իսկապէս լսելի կը դառնար:

Սակայն ազրպէյճանցի բնապահպաններուն ստացած հրահանգը բնութեան պահպանման, կամ Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերուն հետ գործ չունի: Ազրպէյճանցի բնապահպանները հլու հնազանդ կը կատարեն Պաքուի իշխանութիւններուն հրահանգը, որ կը վերաբերի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն: Պաքու ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի ռուսական խաղաղապահ ուժերը հեռացնէ Արցախէն: Ասիկա է ամբողջ խնդիրը:

Նման ահաւոր վիճակի մը մէջ իսկապէս ծիծաղելի պիտի ըլլայ հաւատք ընծայել եւ յոյս կապել մեղադրանքի եւ դատապարտանքի յայտարարութիւններուն, կամ` դիտորդներ առաքելու եւրոպական քննարկումներուն: Մեր յոյսը Երեւանի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան կանոններուն եւ թիրախներուն մէջ արմատական փոփոխութիւններն են, որոնց իւրաքանչիւր օր ուշացումը արցախցիները ցեղասպանութեան վտանգին քիչ մը աւելի կը մօտեցնէ:

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. 26 Տարեկան Ֆլոսի` Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Կատուն

Յաջորդը

Երեք Բանաստեղծի Նոյն Մորմոքը, Մտասեւեռումն Ու Պոռթկումը («Ազդակ»-ի Գրական Էջի Կարօտով)

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?