Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Բանաստեղծի Նոյն Մորմոքը, Մտասեւեռումն Ու Պոռթկումը («Ազդակ»-ի Գրական Էջի Կարօտով)

Դեկտեմբեր 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ հայ թերթերը յագեցած էին գրական էջերու առատութեամբ: Խօսքը հեռաւոր անցեալին մասին չէ, այլ`վերջին քսանհինգ տարիներու: Տարիներ, որոնք շատ արագ անցան ու հաստատուեցան պատմութեան գիրկը` մեր յիշողութեան մէջ թողնելով, այս պարագային, տպագիր օրաթերթի ունեցած դերը` հայ ընթերցողի գրական ճաշակի զարգացման թէ առհասարակ հանրային մտքի ձեւաւորման մէջ:

Ճիշդ է, որ հայ կեանքի մէջ ցարդ կը շարունակեն լոյսին գալ յատկապէս գրական ուղղուածութեամբ տպագիր ամսագիրներ, պարբերաթերթեր, ելեկտրոնային էջեր ու կայքեր, որոնք այս կամ այն ճաշակի տէր ընթերցողին ակնկալութիւնը կը բաւարարեն, ձեւով մը կ՛արդարացնեն, այդուհանդերձ, տարուէ տարի զգալի է սուր նահանջը` գրական մթնոլորտի ու շրջապատի, յատկապէս հայ մամուլի էջերուն, երբ հազուադէպ կը հանդիպինք, այսպէս ըսած, գրական ոճի ստեղծագործութեան, որով հայ գրողը իր ներաշխարհին, մտածումներուն, կիրքին, եռանդին թէ մտասեւեռումներուն փայլքը յանձնած կ՛ըլլայ սպիտակ էջին, այլապէս ալ` հայ մամուլին:

Պահ մը զանց առնելով ստեղծուած կացութեան պատճառահետեւանքային բոլոր գործօնները, կրկին վերադառնանք մեր ածուին եւ գէթ ներքին հրճուանքով մը անդրադառնանք ու ի հարկին գնահատենք մեր այսօրը, որ, թէեւ կ՛ապրի գրական տուայտանքի պահեր` նկատի առած իրաւ գրիչներու նուազումը, բացակայութիւնը, բայց եւ այնպէս շեշտենք, որ տակաւին կը գոյատեւեն, կ՛ապրին ու կ՛արարեն, այս պարագային, հայ բանաստեղծներ, որոնք, շնորհիւ իրենց տաղանդին ու վաստակին, սպիտակ էջին կը յանձնեն սեփական ապրումներու եւ խռովքներու փունջեր, իրենց կարգին, հայ գիր ու գրականութեան, այսինքն` մեսրոպաշունչ խորանին ընծայելով ի խորոց սրտէ ելած տառապանքի, կսկիծի, ցասումի թէ բերկրանքի քերթուածներ:

Ի դէպ, վերոնշեալ մտորումին մղիչ տարրերը հանդիսացան անցնող շաբաթներուն (2 եւ 5 դեկտեմբեր) «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ հրատարակուած երկու քերթուածներ, իսկ դիմատետրեան էջի մը վրայ լոյսին եկած բանաստեղծութիւն մը:

Աւելի՛ն. մեզ ստիպողը` անդրադառնալու այս բանաստեղծութիւններուն, եղան այն կամրջող տարրերը, որոնցմով կը յատկանշուէին անոնք:

Այսինքն` քերթուածները, որոնք լոյս աշխարհ եկած էին, կարծես կը լրացնէին զիրար` ընդգրկելով այն նիւթը, որ կը վերաբերի մեր հայրենիքին` Հայաստանին ու Արցախին, հայութեան ապրած առօրեայ ճգնաժամին, պատերազմին, անկրկնելի տղոց նահատակութեան, քաղաքական մտքի հոսհոսութեան թէ ազգի ճակատագիրին:

Ահաւասիկ. հայոց գրական աշխարհին ծանօթ գրիչներ են անոնք` Կամիլա, Յարութիւն Պէրպէրեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւրը կը պատկանի տարբեր սերունդի, ունի ինքնուրոյն ոճ ու եզակի վաստակ, այդուհանդերձ, անոնք` իբրեւ բանաստեղծներ, ըլլալով առհաւական արժէքներու երկրպագուներ, հայ Բանին պաշտպան գրչակիցներ ու ազգային առանձնայատկութեան հաւատաւորներ, անմասն չէին կրնար մնալ հայ կեանքի մէջ պատահող ցաւին ու տառապանքին, յաղթանակին, պարտութեան, ուրախութեան ու հաւաքական երազանքին արձագանգելէ` պարզ այն պատճառով, որ անոնք` իբրեւ արիւնակից գրողներ, պարտաւոր էին անսալ իրենց խղճին, մտքին եւ յուզաշխարհին:

Ու Կամիլա, իր «Հայրենիքը տուն բերել» քերթուածին մէջ նրբահիւս բառերու, հոգեթով պատկերներու թէ ներանձնական ապրումներու ոսկեշղթայ մը սպիտակ թուղթին յանձնելով` մերթ կը գովերգէ հայրենի հողը, ըսելով` «Հայրենի՜ք, երանի արեւուն դիմաց ցորենի արտ ըլլայի…», մերթ կը զգուշացնէ բոլորս` յայտնելով, որ «… երբ բանաս Հայրենիքի դուռը,
ոտքդ զգո՜ւշ դիր ներս`

հողով փաթթուած Տղաք կան,
յանկարծ չտրորես անոնց չորցած երազները»:

Իսկ քիչ անդին, բանաստեղծի հոգին կը սկսի խլրտիլ` Տէր Զօրի յուշերէն… ու առանց երկմտանքի կը գոչէ.

«Բայց մեզ ռազմի երգեր են հարկաւոր,
այլ ոչ` դժբախտներ ու գերեզմաններ:
Ելէ՛ք ոտքի, Հայրենիքը մեզի կը սպասէ՛
Ծովից ծո՜վ եւ աւելին:

Կամիլայի յուզաշխարհը կ՛արիւնի յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմին մեր ունեցած կորուստներէն, ու ան կը յօրինէ իր ցաւը, մարտակոչը.

«… կեանքի ու մահուան ստեղնաշարին
մատներս անվախ կը նուագեն մարտական սոնաթը,
եւ պիտի՛ նուագեն մինչեւ բոլո՛րը արթննան
ու քալենք, նո՛յնիսկ վիրաւոր, նո՛յնիսկ առանց ոտքերու`
ցեղին կանչը երակներու հոսքին մէջ ուժեղ.
Որովհետե՜ւ,
Անձնատուր գագաթներու վրայ
հանգչող տղաք կան, որ չհասցուցին սիրել…»:

Բանաստեղծուհին, իր «ջիղերուն վրայ պիտ` նոթագրէ գալիքի երգը», մատուցելով ինքզինք յանուն հայ կեանքի, հողի պաշտպանութեան, եզրակացնելով`

«ի՜նչ փոյթ, թէ պիտի մեռնիմ
քրտնած մութի լուսանցքին` ձեզի համար,
որ դուք ապրիք Հայրենիքիս յաւերժութիւնը»:

Յարութիւն Պէրպէրեանի բանաստեղծական աշխարհին քաջածանօթ է հայ ընթերցողը, տասնամեակներէ ի վեր, յատկապէս «Բագին»-ի էջերուն լոյսին եկած բեղուն գրիչով:

«Անոնց, որոնք չվերադարձան» խորագրեալ քերթուածով հանդէս կու գայ բանաստեղծը, ուր կ՛ողբա՜յ նահատակ զինուորներու կորուստը, հարց տալով`

«Ո՞ւր են տղաքը հազարաւոր,
որոնք ինկան կայծակնահար,
յաճախ նոյնիսկ առանց փամփուշտ արձակելով»:

Գրողը, սապէս, տեղ մը ինքզինք կ՛այպանէ, հաւանաբար մեղադրելով բոլորս, թէ`

«Ճիշդ է, անձնապէս ես այնտեղ չէի
ո՛չ Հադրութի տարածքներուն,
ո՛չ ալ` Շուշիի,
եւ երբ բարձրաձայն հարց կու տայի`
ի՞նչ դաւադրութեանց անոնք զոհ գացին,
մէկը պիտի հարցնէր,
թէ դուն իրենց կողքի՞ն էիր`
մաքառելու, տեսնելու կամ բացատրելու
այն սադրանքները,
որոնք այնտեղ պատահեցան…»:

Յարութիւն Պէրպէրեան, ի տես պատերազմի ահագնութեան թէ թշնամիին գործուած ոճիրին, էապէս կը ցաւի, յուզաշխարհը կ՛ալեկոծի, կ՛ողբայ երիտասարդ տարիքի զինուորներու այլանդակուած պատկերները, կը յիշէ զանոնք ու կ՛աւելցնէ`

«Տողերս եւս կը կտրտուին,
Բառերը կարծես իմաստազուրկ կը դառնան,
ա՜յլ իմաստ կ՛առնեն…»
ու կ՛եզրակացնէ, թէ`
«Հորիզոնը բոսոր մոխիր կը տեղայ,
ճենճերումի թանձր հոտը
ռունգերէս վեր կը բարձրանայ,
ձայնս կարծես կը խեղդուի
խուլ աղմուկին մէջ անտարբերութեան:

Խաչիկ Տէտէեան, իր Դիմատետրի էջով հրատարակած է քերթուած մը` «Եթէ չկայ հողը…» վերնագիրով: Կը կարդանք, որ «Երազէն անդին» Գ. հատորի շարքէն առնուած է այս բանաստեղծութիւնը: Հատորը յառաջիկայ շաբաթներուն լոյս պիտի տեսնէ Երեւանի մէջ:

Ըստ իս, սոյն բանաստեղծութիւնը Խաչիկ Տէտէեանի փոթորկալից ու կրակոտ ներաշխարհին, խոր յուզմունքին ու ազգային մտասեւեռումներուն մէկ հարազատ պատկերն է, հաւանաբար` անկրկնելի մէկ քերթուածը, որով ան մէկ կողմէ կը բացայայտէ իր հիասթափութիւնը, վիրաւորուած եսն ու ազգային ըմբռնումները, եւ միւս կողմէ կը խարազանէ ազգային մեր կառուցուածքը, մտաւորական թէ պետական մակարդակի ապիկարութիւնն ու ապաշնորհ կեցուածքները:

Քերթուածին միտք բանին հայրենի հողն է, հայրենիք հասկացութիւնը` իր բոլոր արտայայտութիւններով: Ան կը շեշտադրէ, թէ ժողովուրդներու կեանքին համ ու հոտ տուողը, նոյնինքն հողն է, իր բնութեան հրաշալիքներով եւ հարստութեամբ: Հողը, ըստ բանաստեղծին, այն անփոխարինելի արժէքն է, որով կրնան հպարտանալ ու զարգանալ ազգեր, ժողովուրդներ: Առանց հայրենի հողին ուժին, դժուար թէ անհատ մը կարենայ հասնիլ բարձունքին` գիտութեան, մշակոյթի թէ այլ բնագաւառներու մէջ ու գոյատեւել իբրեւ հաւաքականութիւն, պետականութիւն:

Ան իր խօսքը ուղղելով ամբողջ ազգին, կ՛ընդգծէ.

«Եթէ չկայ հողն ու հայրենիքը,
Ի՞նչ արժէք ունին ծառերն ձեր մշտադալար,
Առուները չքնաղ, կաղնիները խրոխտ,
Բարձր սարերը ձեր»:

Բանաստեղծը թէեւ լո՜ւռ, բայց յանդուգն ոճով կ՛ազդարարէ մեզ, աւելի՛ն. գրիչը սուրի փոխարինած`ցասումի խոհեր կ՛արձակէ գրչեղբայրներու դէմ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով լուռ ու մունջ իրենց առօրեան կ՛ապրին` դալուկ մտքի ու խեղճ երազի յորձանուտին յանձնուած: Կ՛ըսէ`

«Ի՞նչ արժէք ունին երազկոտ երգերը ձեր,
Ներբողներն ու խօսքերը ապաշաւ ու սին,
Եթէ չկայ հողը հայրենի շէնն ու աւանը օտարացած,
Ինչ իմաստ ունին տողերը ձեր չնաշխարհիկ»: 

Փաստօրէն, Խաչիկ Տէտէեանի համար հողը աւելի քան սրբութիւն է, ուր կը ծնի, հասակ կ՛առնէ եւ կ՛ուռճանայ ազգային հոգեկերտուածքը, տեսակը:  Ան առանց բառերը ծամծմելու կ՛ընդվզի բոլոր անոնց դէմ, որոնք հայրենի հողը վաճառքի են հանած ու իրենց կեանքը զեխութեամբ հունաւորած: Կը գրէ`

«Օ՜հ, մոլորեալներ մոլորեցնող,
Դժբախտաբար` սոնքած ու անտարբեր
Ո՞ւր է հայրենիքն ու հողը, ձեր եղեւնիներն
Ու դալարազարդ լանջերը գգուող»:

Բանաստեղծին սիրտը խոցուած է, ազգային արժանապատուութիւնը` վիրաւոր: Ան կը մեղադրէ հայ մտաւորականութիւնը, որ կոչուած է ըլլալու հայոց աշխարհին, հողին ամենախրոխտ պաշտպանը` իբրեւ իմացականութեան տէր անհատներ ու հայ արժէքներու անմնացորդ նուիրեալներ:

Խաչիկ Տէտէեանի լեռնացած խռովքը լոյսին կու գան սա տողերով`

«Թշնամին կը վայելէ արեւն ու առուները ձեր,
Իսկ դո՛ւք, դուք, թշուառ գրիչներ
Մեր ժամանակի մոլորած,
Անդէմ մերկութիւններ,
Գիշեր ու ցերեկ կ՛երգէք
Կորուսեալ հայրենիքի
Բնաշխարհը չքնաղ…»:

Արդ, վերադառնալով վերեւ յիշուած ակնարկին, գրական էջի-էջերու կարօտով ըլլալու հայեացքին, կարելի է անվարան հաստատել, որ հայ մամուլը, թէեւ դժուարին օրերու ալեկոծումները շրջանցելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուի ու կ՛ընէ իր լաւագոյնը` իր առաքելութեան բարձունքին մէջ մնալու, այդուամենայնիւ, առկայ է իրականութիւն մը անսեթեւեթ, որ մեզ պէտք է զգաստութեան հրաւիրէ, այն առումով, որ տպագիր թէ ելեկտրոնային մամուլի մօտիկ ապագան էապէս կախեալ է իր ներքին կառուցուածքէն, գործելաոճէն եւ հեռանկարային մտածողութենէն:

Պատեհ առիթներու գրած ու խօսած ենք մեր պատկերացումներուն մասին, նաեւ դրսեւորած արդար ակնկալութիւններ` ուժեղացնելու հայ մամուլի հոգեմտաւոր կառոյցը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի այլազան թեմաներու եւ նորահաս գրիչներու որդեգրումին:

Մենք` համեստ ընթերցողներս «Ազդակ»-ի, երախտագիտական զգացումներու առընթեր, կ՛ակնկալենք նաեւ վերաշխուժացումը հայ գրականութեան անդաստանին (էջին), որ իր իւրայատուկ հնչեղութիւնը ունեցած է անցնող տասնամեակներուն:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Ցեղասպանութիւն Գործելու Ազրպէյճանական Ծրագիրը Թափ Կը Ստանայ

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի, Մարուգէ Ճգնաւորի Եւ Մելիտոս Եպիսկոպոսի

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?