Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրակայէն Սոչի… Արցախեան Հիմնախնդրի Թաղման Հոլովոյթ Մը

Դեկտեմբեր 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Արցախի կարգավիճակի վերջնական որոշման խնդիրը Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերուն դէմ ցցուած միակ խոչընդոտն է, որ եթէ ի նպաստ արցախահայութեան` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին սկզբունքին հիմամբ լուծում մը չստանայ, պիտի շարունակէ լարուած եւ վտանգաւոր վիճակի մէջ պահել առաջին հերթին հարաւկովկասեան շրջանը, երկրորդ` նոր ցեղասպանութեան մը պատճառ պիտի դառնայ, որովհետեւ Արցախը հայաթափելու եւ իր բնիկ ժողովուրդէն վերջնականապէս պարպելու ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար թուրքեւազրպէյճանական ճակատը միջոցներու մէջ խտրութիւն պիտի չդնէ:

Արցախի վերջնական կարգավիճակը ներկայիս դարձեալ օրակարգի վրայ է: Ոչ թէ` քննարկումներու եւ բանակցութիւններու նիւթ, այլ` իբրեւ քաղաքական կեցուածքներու դրսեւորման դրդապատճառ: Նախ` Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմութեան ներկայացուցած նախագիծին մասին, որ քննարկման առարկայ դարձաւ իշխանական պատգամաւորական խմբակցութեան մասնակցութեամբ: Նախագիծին մէջ ընդդիմութիւնը կը պահանջէր, որ շեշտուի, թէ Արցախը երբեք Ազրպէյճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ: Նաեւ` Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի հիմամբ պէտք է լուծուի Արցախի հարցը: Առանց սահմանափակումներու ձեւակերպումն ալ նշուած էր ընդդիմութեան պահանջին մէջ: Իշխանական խմբակցութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ այս պահանջին:

Երկրորդ հիմնական խնդիրը կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն հասկացողութեան եւ անուանման, որովհետեւ իշխանական խմբակցութիւնը դարձեալ դէմ արտայայտուեցաւ եւ փոխարէնը առաջարկեց «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ» ձեւակերպումը, որ ինքնին ցուցանիշ է, թէ Երեւանի իշխանութիւնները հանրապետութիւն գաղափարէն հրաժարած են եւ կը խօսին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: Թէ Արցախի ժողովուրդ հասկացողութիւնը աշխարհագրական ո՛ր տարածքին մէջ եւ որո՛ւ իշխանութեան տակ կը տեղաւորէ արցախցիները, շատ պարզ է:

Ընդդիմութիւնը կը ջանար ներկայացուած նախագիծով պատասխանել Ազրպէյճանի Միլլի մեճլիսի յայտարարութեան, ուր ազրպէյճանցի երեսփոխանները միաձայնութեամբ կ՛արդարացնէին 44-օրեայ պատերազմին յանցագործութիւնները եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ նոր սպառնալիքներ կը յայտարարէին:

Սակայն տարօրինակը Ազգային ժողովի ընդդիմութեան նախագիծի մերժման պատճառաբանութիւնն էր, որ ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեանին կողմէ, ըստ որուն, նախագիծին տրամաբանութիւնը երեսուն տարի շարունակուած արտաքին քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք` սթաթիւս քոն է: Թէ Արցախի ճակատագրին վերաբերեալ ընդդիմութեան պահանջած շեշտադրումը ի՛նչ կապ ունի երեսուն տարիներու սթաթիւս քոյի (գոյավիճակ, խմբ.) յիշեցման հետ, յստակ չեղաւ: Սթաթիւս քոն ռազմաքաղաքական պայմաններէն թելադրուած իրավիճակ մըն էր: Ընդդիմութիւնը, սակայն կը պահանջէր, որ շեշտուի, թէ ներկայիս Արցախը երբեք չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ: Այս պահանջը նախապատերազմեան սթաթիւս քոյին հետ կապելու իշխանական պատգամաւորական խմբակցութեան քաղաքական տրամաբանութիւնը բնականաբար կը բացատրուէր երկրորդ ձեւակերպմամբ, երբ կը պահանջուէր «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» անունին փոխարէն` գործածել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդ եզրը: Իշխանական խմբակցութիւնը, հակառակ անոր որ պատերազմէն ետք կը պնդէր արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, հիմա դէմ կ՛արտայայտուէր ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի ձեւակերպման: Այս կեցուածքին բացատրութիւնն ալ կը յստականար Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեամբ, հակառակ անոր որ Աղաջանեան Լաւրովի յայտարարութենէն քանի մը օր ետք կը ջանար բացատրել, թէ Ալմա Աթայի հռչակագրին յղումը բնաւ չի նշանակեր, թէ հետագային Արցախի կարգավիճակի հարցին քննարկման հնարաւորութիւն չկայ:

Կեցուածքներու եւ դիրքորոշումներու ժապաւէնը այսպէս է: Նախ Փրակայի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայնեցան խաղաղութեան պայմանագիր կնքել` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագրին հիմամբ, առանց վերապահութիւններու: Ասիկա մէկ:

Երկրորդ կեցուածքը արձանագրուեցաւ Սոչիի մէջ, ուր Իլհամ Ալիեւ մերժեց Արցախի կարգավիճակը ապագային քննարկելու առաջարկը, պարզապէս որովհետեւ Փրակայի մէջ, ինչպէս ձեւակերպեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը փակուած էր, որովհետեւ կողմերը համաձայնած էին խաղաղութեան պայմանագիր կնքել, ըստ Ալմա Աթայի հռչակագրին, ուր ամրագրուած է, թէ նախկին խորհրդային պետութիւնները իրարու սահմանները կը ճանչնան` նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններուն հիմամբ: Ասիկա կը նշանակէր,որ հայկական կողմը Արցախը կը համարէր Ազրպէյճանի մաս` նկատի ունենալով, որ նախկին խորհրդային օրերու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը մաս կը կազմէր Ազրպէյճանի: Հոս պէտք է նշել, որ հայկական կողմը իր համամտութիւնը տուաւ Ալմա Աթայի հռչակագրին եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմամբ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման` առանց նշելու Ալմա Աթայի հռչակագրին կից արձանագրութիւնը, ուր յղում կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի: Այս արձանագրութիւնը վերապահութեամբ ստորագրուած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ:

Կեցուածքներու երրորդին հեղինակը Էդուարդ Աղաջանեանն է, որ թարգմանը հանդիսանալով Երեւանի իշխանութիւններուն դիրքորոշման` սլաքները ուղղեց Մոսկուայի, երբ յայտարարեց, որ ռուս գործընկերները պէտք է ցոյց տան, թէ որքա՛ն պատրաստակամ են ապահովելու իրենց առաջարկին գործադրութիւնը, թէ` Արցախի կարգավիճակին խնդրին լուծումը պէտք է ապագայի սերունդներուն ձգել: Աղաջանեանի այս յայտարարութեան պատասխանը արդէն իսկ տրուած էր Լաւրովի կողմէ, որ շեշտեց, թէ Փրակայի մէջ Ալմա Աթայի հռչակագրին հիմամբ խաղաղութեան համաձայնագրի մը համամտութիւնը տուած հայկական կողմը ի՞նչ տրամաբանութեամբ կրնայ ակնկալել, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ պնդել, թէ Արցախի վերջնական կարգավիճակին լուծումը պէտք է յետաձգել եւ վստահիլ յաջորդ սերունդներուն:

Զարգացումներու այս ենթահողին վրայ Արցախի եւ արցախահայութեան դէմ ցցուած վտանգներուն մեծագոյնը Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ համախոհութեան բացակայութիւնն է, որ իսկապէս լրջօրէն կը վտանգէ Արցախն ու արցախահայութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» Հատորը Լոյս Տեսաւ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Յարձակման Նպատակները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?