Անդրադարձ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Հին Վիհերու Նոր Խորացում

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջին օրերուն, մասնաւորաբար Արցախը Հայաստանին կապող ճամբան փակելու ազերիական պետական ոճիրին իրականացումէն ասդին (հիները չենք մոռցած), Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ աւելի՛ ակներեւ ու մտահոգիչ դարձան երկու գիծեր, որոնք որոշ հնութիւն ունեցող «մանր վիհերու» յաւելեալ խորացումը կը ցոլացնեն եւ արդէն իսկ հնչող ահազանգերու համերգին կ՛ընկերացնեն նորեր: Այդ զարգացումներուն խորագիրներն են` ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԻԱ ՀԱԿԱՃԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ:...

Մարզպետ Մարկոսեան՝ Չմթնցող Արժէքը

Մարզպետ Մարկոսեանի մեկնումին առիթով

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ցաւով տեղեկացայ, որ կեանքից հեռացել է Մարզպետ Մարկոսեանը: Մարդ, որ իր գիտակցական կեանքը նուիրեց սերնդի հայեցի դաստիարակութեանը,  մարդակերտումի եւ հայակերտումի անչափ կարեւոր գործին: Նա  լրջախոհ, այդքան աւիւնով  ու գաղափարներով լեցուն անձնաւորութիւն էր: Մտաւորական, հրապարակախօս,  գրող ու թարգմանիչ,  ում տեսակէտներն ու կարծիքը, աշխատութիւնները  մեծապէս ազդում էին նրան ճանաչողների,  նրան ընթերցողների հայեացքների ձեւաւորման վրայ: Մարդիկ անհամբերութեամբ էին սպասում «Ազդակ»-ում, «Նայիրի»-ում...

Չեղա՜ւ… Մարզպետ

Չեղա՜ւ… Մարզպետ

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ Սիրելի՛ Մարզպետ, անուշ բարեկամ, չեղա՜ւ...Գիտէինք, որ յիշողութիւնդ կրծող ճարահատ հիւանդութեան հետ հաշտուած էիր, բայց բնաւ չէինք կարծեր, որ այսքան շուտ կրնար պատահիլ մեկնումդ այս աշխարհէն: Այդ ե՞րբ էր, դեռ երկու շաբաթ առաջ չէ՞ր, որ խօսեցանք իրարու հետ հեռաձայնային կապով, երրորդ հատորիդ` «Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքը» գրքիդ վերադասաւորման մասին, եւ տպագրութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններդ կ՛արտայայտէիր: Ի՞նչ եղաւ յանկարծ, որ այսպէս...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդ.  Ինչի՞ Է Արժանի Հայ Ժողովուրդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդ. Ինչի՞ Է Արժանի Հայ Ժողովուրդը

Եզրափակւում է հայութեան ու հայոց պետականութեան համար փորձութիւններով ու անորոշութիւններով լի եւս մէկ տարի: Այս ընթացքում տեսանելի չեղան այնպիսի քայլեր, որոնց շնորհիւ պէտք էր ամրապնդուէին` հայոց բանակը, Հայաստանի պետական վարչամեքենան, տնտեսութիւնը, արտաքին յարաբերութիւնների ոլորտը, Արցախի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ազգային համերաշխութիւնն ու հայոց եռամիասնութիւնը: Ճիշդ հակառակը, կարելի է ասել, որ այս բոլոր ուղղութիւններով պահպանուել կամ աւելի են խորացել եղած ճգնաժամերը, որոնք...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 12-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 12-րդ Թիւը

Արդէն իսկ հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան 12-րդ թիւը: 2022-ի աւարտական այս թիւին առաջնորդող յօդուածը գնահատականը կը կատարէ նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններու գործունէութեան, որուն հետեւանքը Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութիւնն է: Իշխանութիւններու գործունէութեան էութեան նուիրուած է նաեւ դիւանագէտ, վերլուծաբան Վարդան Յակոբեանի յօդուածը: Քաղաքականագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան տուեալ իրողութիւններուն կ՛անդրադառնայ դիւանագիտական վերջին գործընթացներու վերլուծութեամբ: Գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեան Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային...

Մեր Սիրեցեալ Շահանդուխտը

Մեր Սիրեցեալ Շահանդուխտը

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ Կրնայի՞ Պէյրութ գալ ու չայցելել Շահանդուխտին: -- Շահանդո՞ւխտ... չենք լսած այս անունը, չենք ճանչնար այսպիսի դէմք մը,-- կրնան ըսել ինծի նորագոյն սերունդի մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները: Այո՛, Շահանդուխտ, «Այգ» ու «Ազդակ» օրաթերթերու երբեմնի սիրուած յօդուածագիրը, աշխուժ ու վարպետ լրագրողուհին, բանաստեղծուհին ու վիպագիրը բեմերու վրայ չէ այլեւս, մամուլի մէջ չենք հանդիպիր իր ստորագրութեան` երկար տարիներէ իվեր, բայց ան......

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Հասկցողին Շատ Բարեւ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահը` Տանըլտ Թրամփ, երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին պաշտօնապէս եւ անառարկելիօրէն ամբաստանուեցաւ` իբրեւ ոճրագործ, իբրեւ սահմանադրութիւնը ոտնակոխելու, իշխանութիւնը կամայականօրէն բռնագրաւելու փորձ կատարելու, այդ նպատակով խռովութիւն հրահրելու, մեղսակիցներ որսալու եւ նմանօրինակ յանցանքներու, մեղքերու շարքով մը: Ամբաստանագիրը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ 6 յունուար 2021-ի ծանօթ դէպքերուն շուրջ քննութիւն կատարող ամերիկեան Ազգային ժողովի յանձնախումբին կողմէ, որ բաղկացած է թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ՛...

Տոմս.  Յիշենք Կարիքաւորները

Տոմս. Յիշենք Կարիքաւորները

Ամանորեան այս օրերուն որքան դաստիարակիչ եւ գօտեպնդիչ են մեզմէ չքաւորին օգնութեան ձեռք երկարելու օրինակելի արարքները, որոնք կը կազմակերպուին անհատական եւ միութենական մակարդակներու վրայ: Այս իմաստով կը խորհիմ, որ առիւծի բաժինը կը խլեն ՀՄԸՄ-ի տարբեր մասնաճիւղերու սկաուտական խումբերը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու տարբեր միաւորներ, որոնք գէթ ամիս մը առաջ ծրագրած ու նախագծած են իրենց կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւններուն ծիրն ու տեսակը` ...

Անցանկալի Զուգահեռներ

Անցանկալի Զուգահեռներ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Այստեղ բաղդատելու եզրեր չեմ ուզեր դնել, ոչ ալ յաւակնութիւնը ունիմ պարագաները յար ու նման սեպելու, այլ կ՛ուզեմ պատմել, թէ ի՛նչ է շրջափակումը իմ փորձառութեան ընդմէջէն: Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն եւ Հալէպի ամբողջ պատերազմի ընթացքին կ՛ապրէինք Հալէպ քաղաք: Մինչ շատեր քիչ-քիչ կը հեռանային երկրէն, ընտանիքիս անդամները, մէկը կապուած միւսին, խաչմերուկներու վրայ հանդիպելով, կ՛որոշէին մնալ Հալէպ` երբեմն հասկնալի եւ երբեմն ալ...

Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Հայ Երեք Քաղաքական Կուսակցութիւններուն Կազմակերպած Արցախի Զօրակցական Հաւաքին

Զաքար Քէշիշեանի Խօսքը` Հայ Երեք Քաղաքական Կուսակցութիւններուն Կազմակերպած Արցախի Զօրակցական Հաւաքին

Խորհրդային իշխանութեան օրերուն հատուկենտ, տարտամ լուրեր միայն կը ստանայինք Արցախէն: Գիտէինք, որ հայութիւնը այնտեղ կ՛ապրի Ազրպէյճանի «եղբայրական» հոգածութեան տակ, ուր յատուկ աշխատանք կը տարուէր Արցախէն տարագրել հայութիւնը, ուր քաջալերուած չէին հայկական դպրոցներն ու մշակոյթը, ուր հետզհետէ մեծ թափ կը ստանար Արցախի տարբեր շրջաններոն մէջ ազերիներու բնակեցումը: Այլ խօսքով, Արցախէն հայաթափումը անխուսափելի կը թուէր ըլլալ: Իսկ երբ 1988-ին Լիբանանի հեռատեսիլի կայաններէն...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Պայքար` Յանուն Իրաւունքի

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Պայքար` Յանուն Իրաւունքի

Մեր պայքարը իրաւունքն օտարին չզիջելու համար է: Իւրաքանչիւր համակարգի պահպանման, յարատեւման եւ զարգացման  համար անհրաժեշտ է ճշդել այդ համակարգի, նախ` ներմասնիկային, եւ ապա` արտաքին այլ համակարգերի եւ մասնիկների հետ յարաբերութիւնների եւ իրաւասութիւնների սահմանները: Երբ որեւէ այլ համակարգ փորձում է տիրել գործող համակարգին, նախ եւ առաջ հարց է բարձրացնում տուեալ համակարգի իրաւունքների սահմանափակման եւ իր իրաւունքների ամրապնդման ուղղութեամբ: Այստեղ է, որ...

Պոսթընի Silkroad Global Musician Workshop-ին  Մասնակցութեանս Մասին

Պոսթընի Silkroad Global Musician Workshop-ին Մասնակցութեանս Մասին

ՐԱՖՖԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ Իբրեւ հայ տուտուկահար` ես եղայ 60 երաժիշտներէն մէկը, որ ընդունուեցայ մէկշաբաթեայ Silkroad Global Musician Workshop-ի ծրագիրին, որ աշխարհահռչակ թաւջութակահար Եօ-Եօ Մայի նախաձեռնութիւնն է : Օգոստոս 2022-ին 24 տարբեր երկիրներէ 60 երաժիշտներ հասան Պոսթըն եւ միասին ապրեցան, փորձեր ունեցան, խնդացին, լացին, իրարմէ սորվեցան, յանպատրաստից նուագեցին եւ տուին ելոյթներ «Նիու Ինկլընտ» երաժշտանոցի շքեղ ու հիանալի «Ճորտըն հոլ» հանդիսասրահին մէջ: Ես...

Գրագէտ Եւ Ազգային Գործիչ Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Ճորճ Աբէլեան` Խոհուն Մտաւորականի Տիպար Մը*

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Յարգանքի եւ յուշ երեկոները, յոբելենական ձեռնարկները մեր հաւաքական կեանքին մէջ յատուկ դրոշմ եւ նշանակութիւն ունին: Անոնք սոսկական մեծարանքի կամ գնահատանքի համար կատարուած հանդիսութիւններ չեն, այլ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն մեզի կը ներկայանայ` նոր պատգամներով եւ կ՛իմաստաւորուի իր թելադրականութեամբ ու խորհրդածութիւններով, մտածողութեան նոր ակօս մը բանալով մեր կեանքին մէջ, միաժամանակ զսպանակելով մեր վաղուան գործն ու հաւաքական երթը: Հաւաքուած ենք այսօր անգամ...

Սթափելու Ժամանակը

Շարունակուող Շրջափակումը Եւ Զայն Բացառելու Անհրաժեշտութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 10 դեկտեմբեր 2022-ին, ազրպէյճանական պատուիրակութիւն մը կը ծրագրէր այցելել Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն եւ Կաշէն հանքավայրերը: Նախապէս, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, առանց խորհրդակցելու Արցախի Հանրապետութեան պատկան իշխանութեան հետ, արտօնած էր ազրպէյճանցիներու միանգամեայ տեսողական այցելութիւնը յիշեալ հանքավայրեր: Այցելութեան կայացման արգելք եղած են տեղի բնակիչները եւ ստիպած դադրեցնել շրջայցը: Արցախի իշխանութիւնները տեղեկանալէ ետք պատահարին, պատրաստակամութիւն յայտնած են բանակցութիւններու միջոցով հարցը հանգուցալուծելու:...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Սեւեռելով Քաղաքական Յանձառութեամբ Քննադատութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Անոնց մօտ, որոնք կը թուին շատ առաքինի ըլլալ,  ընդհանրապէս թաքնուած կ՛ըլլան սնափառութիւնը, հպարտութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը» ՓԱՈԼՕ ՔՈէԼՕ Պրազիլցի գրող, Ի. դար Արդար քննադատութիւնը առաքինութիւն է, հռոմէական ըմբռնումով` վիրթուս, որ ճշմարտութիւն կը հետապնդէ, երբ անանձնական է եւ կը յայտնուի ԵՍ-էն մաքրուած տարածութեան վրայ: Պղատոնի հետեւութեամբ պէտք է խօսիլ եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ չէ քննադատութիւնը: Հարցման եւ պատասխաններու աւարտին...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սփիւռքի Տարի 2022 – Թ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն. Մարդուժ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սփիւռքի հայ ժողովուրդը մեծամասնութեամբ աքսորեալներու` իրենց հայրենիքէն, հողերէն, քաղաքներէն, գիւղերէն, գործարաններէն, արտերէն, պարտէզներէն, կալուածներէն, գործատեղիներէն, խանութներէն եւ տուներէն դաժանօրէն ջարդուած, կողոպտուած ու տեղահանուած սերունդներուն եւ անոնց զաւակներուն իրենց սեփական հայրենիքէն դուրս համախմբումն է: Թուրքին եւ Թուրքիոյ ճի՛շդ այդ հրէշային ոճիրներուն դէմ գիտակցութիւնը եւ մարդկային պատմութեան ամէնէն ահաւոր այս ոճիրին դէմ արդարութիւն պահանջողի վիճակն ու ձգտումն է, որ կը...

Փանթուրքիզմի Կայսրութեան Յարձակողապաշտ Ձգտումները` Երէկ Եւ Այսօր

Փանթուրքիզմի Կայսրութեան Յարձակողապաշտ Ձգտումները` Երէկ Եւ Այսօր

ԼՈՒՍԻՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ* Յօդուածին անգլերէն բնօրինակը հրատարակուած է WND.com-ի մէջ, հայերէնի թարգմանութիւնը կը հրատարակենք կայքի խմբագրութեան թոյլտուութեամբ: Անգլերէնէ թարգմանեց` ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Յղումը` ստորեւ. Հեղինակը` Լուսին Գասպարեան, կ՛ահազանգէ.  «Հայոց ցեղասպանութեան կրկնութեան սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է»: Անգարայէն ղեկավարուող փանթրքական կայսրութեան ստեղծման Թուրքիոյ կայսերական նկրտումները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն նաեւ ներկայ Կովկասի մէջ եւ այլուր: Ցեղապաշտութեան ջատագով այս գաղափարախօսութիւնը կը նախատեսէ հիմնել կայսրութիւն մը,...

«Եապանճա Հուըրսը»

«Եապանճա Հուըրսը»

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Եապանճա հուըրսը Քեսապի բարբառով կը նշանակէ օտար հարս: Չէ՛, չէ՛, ձեր միտքը թող շատ հեռու չերթայ: Օտար հարս, որ կ՛ըսեն, այլ համայնքի, կամ այլ յարանուանութեան եւ այլ ազգի պատկանող հարս չի նշանակեր, այլ կը նշանակէ «ոչ քեսապցի հարս»: Այլ խօսքով` այն հարսերը, որոնք ոչ թէ Քեսապէն կամ Քեսապի տասներեք գիւղերէն, այլ ուրիշ քաղաքներէ կամ գիւղերէ հարս եկած...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Ցեղասպանութեան Կանխարգիլումը Ծուռ Հայելիի Մէջ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ “Cada vez que un turco negó el genocidio de los armenios los armenios volvieron a ser exterminados (Jorge Carrión, Membrana. Barcelona: Galaxia Gutenberg, 2022, p. 179) «Ամէն անգամ որ թուրք մը ժխտած է հայերու ցեղասպանութիւնը, հայերը կրկին բնաջնջուած են» (Խորխէ Քարրիոն, Մաշկ, 2022, էջ 179) Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան 4-րդ Գլոբալ ֆորումի բացման իր ելոյթին մէջ, վարչապետ Նիկոլ...

Ննջեցեալի Թաղո՞ւմ, Թէ՞ Դիակիզում

Ննջեցեալի Թաղո՞ւմ, Թէ՞ Դիակիզում

ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ I, Ի՞նչ կ՛ըսէ Աստուածաշունչը դիակիզման մասին: Ս. Գրոց ժամանակաշրջաններուն ընկալեալ երեւոյթ էր մահացածները թաղելու աւանդութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար անհատի մը մահէն անմիջապէս ետք: Հին կտակարանի ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ Նոր կտակարանի հաւատացեալներուն համար դիակիզումը տարածուած եւ ընկալեալ սովորութիւն մը չէր: Ընդհակառակը, թաղումները տեղի կ՛ունենային, եւ մահացածներու մարմինները գերեզմանի, քարայրի կամ ալ հողի ներքեւ կը թաղուէին (Ծննդոց 23:19,...

Page 223 of 807 1 … 222 223 224 … 807

Արխիւներ