Այս օրերուն անձրեւը դարձած է մեր անբաժան ընկերը: Ան ներկայ է թէ՛ հաւախօսին, թէ՛ առաւօտուն, թէ՛ ցերեկին, թէ՛ երեկոյեան, թէ՛ ուշ գիշերին, ի մի բան` յամենայն ժամ (ամէն ժամանակ): Ան չափազանց շատախօս է եւ միշտ նիւթ ունի: Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը խօսի, սակայն կը զգամ, որ ըսածները դրականութեամբ (positivity) են լեցուած: Անոր խօսքը խաղաղատու, ձայնը մեղրայորդ եւ տեսքը յուսադրիչ է: Անոր ձայնը յարափոփոխ է. երբեմն կ՛երգէ, երբեմն կու լայ, երբեմն արագ կը խօսի, երբեմն ալ` կրիայի արագութեամբ… թերեւս ալ ես այդպէս կը զգամ: Բայց մէկ բան յստակ է` ան շա՜տ խօսելիք ունի, սակայն լսող չունի:
Ըստ իս, անձրեւը Աստուծոյ ձայնը կը խորհրդանշէ, որ միշտ ներկայութիւն է, նոյնիսկ երբ մարդը քնացած է: Ան շատ ըսելիք ունի, որովհետեւ շատ կը լսէ: Անոր ձայնը երբե՛ք չի փոխուիր, բայց մարդուն ընկալման ու ընդունման խանդավառութիւնը եւ մանաւանդ լրջութիւնն են, որոնք կը փոխուին: Ան լռած չէ երբեք, սակայն մարդը երբեմն ի՛ր իսկ կամքով իր ականջները կը փակէ: Երբեմն կը շանթահարէ, կը յանդիմանէ արթնութեան հրաւիրելու համար (հմմտ Բ. Կորնթացիներուն 7. 10), սակայն, փոխանակ զգաստանալու, մարդը ձայնէն կը վախնայ եւ Ադամին ու Եւային հոգեբանութեամբ իր վրայ մեղքի ծածկոցը կ՛առնէ` կարծելով, որ այդ քողով պիտի պաշտպանուի (հմմտ Ծնունդներ 3. 8-10) :
Ինչպէս որ անձրեւը արտերը կ՛ոռոգէ, այնպէս ալ Աստուծոյ ձայնը մարդոց սրտերն ու հոգիները կը ջրածածկէ, սակայն, ցաւ ի սիրտ, երբեմն ջուրը ներս չի մտներ, որովհետեւ աշխարհիկ մտահոգութիւններով տարուած` մարդիկ իրենց սրտերն ու հոգիները կը փակեն Աստուծոյ ձայնին դիմաց: Ինչպէս որ անձրեւին զօրութիւնը դռները կը շարժէ, այնպէս ալ Աստուծոյ ձայնը մարդոց սրտերուն ու հոգիներուն դարպասները կը թակէ, բայց մարդիկ երբեմն կը բանան եւ երբեմն` ոչ, որովհետեւ շատ անգամ Անոր ձայնը չեն ճանչնար, ինչպէս որ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Սօղոսին (ապագայի Պօղոս առաքեալին) հետ գտնուողները չճանչցան եւ զայն պարզապէս որոտում կարծեցին (հմմտ Գործք Առաքելոց 9. 7): Ինչպէս որ փողոց ձգուած երկաթի կտորը անձրեւէն կը ժանգոտի, այնպէս ալ Տիրոջ ձայնին դիմաց մարդոց սրտերուն փակած դռները հետզհետէ կը ժանգոտին, եւ երբ օր մը դժուարութեամբ ուզեն բանալ զանոնք, պիտի տեսնեն, որ արդէն ուշ է, որովհետեւ ձայնը լռած է: Բայց բարեբախտաբար անձրեւի մնացորդացը տակաւին «գետինի» մակերեսին վրայ կ՛ըլլայ, եւ մարդիկ զանոնք շարժելով` կը կարողանան լսել անձրեւին ձայնը եւ հասկնալ անոր մէջէն իրենց յղուած պատգամը:
Մեր նախահայրերը կը սիրէին անձրեւը, որովհետեւ զայն օրհնութի՛ւն կը նկատէին: Անոնք անձրեւին տակ խաղեր կը խաղային, իրար սիրոյ խոստումներ ու համբոյրներ կու տային, արտ կ՛երթային եւ նոյնիսկ կ՛աղօթէին: Այսօր մարդիկ ճիշդ հակառակը կը կատարեն. կը փորձեն աշխարհի ամենամեծ հովանոցը ունենալ, որպէսզի չթրջուին, իսկ եթէ պատահի, որ թրջուին, կը սկսին տրտնջալ, դժգոհիլ եւ գանգատիլ:
Ո՜վ մարդիկ, եկէ՛ք դառնանք Աստուծոյ` ըսելով. «Զիս դարձո՛ւր, որպէսզի դառնամ, վասնզի իմ Տէր Աստուածս Դո՛ւն ես» (Երեմիա 31. 18): Ան բան մը չի պահանջեր մեզմէ… միայն կ՛ուզէ, որ դառնանք: Երբեք չմտածենք, որ Աստուած անխօս է: Բանանք մեր սրտերուն պատուհանիկները եւ պիտի լսենք Անոր քաղցրանուշ եւ խաղաղաբեր ձայնը: Ան մեր դուռերուն առջեւ գրկաբաց է կայնած (հմմտ Յայտնութիւն 3. 20): Բանա՛նք, որպէսզի Աստուծո՛յ բացուինք: Բանա՛նք, որպէսզի մեր սրտերուն բանտերէն դո՛ւրս գանք (Սաղմոս 142. 7): Բանա՛նք, որպէսզի Լո՛յսը տեսնենք: Վերջապէս, բանա՛նք, որպէսզի զԱստուա՛ծ տեսնենք:
Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2022
Անթիլիաս, Լիբանան



