Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Նո՛ր Յարացոյց

December 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այս բոլորը մտածել պէտք է տան, որ յարացոյցի (paradigm, պարատիգմա) շեշտուած փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ կը շարունակէ տեղի ունենալ մեր աչքերուն առջեւ: Աւելի ճիշդ` պատմաշրջանն է, որ եղած է թաւալ գլոր հայաշխարհի դրացնութեան բոլոր ճակատներուն վրայ` պահանջելով յարացոյցի արմատական փոփոխութիւն… Այս այսպէս է, քանի որ ներկայիս գործող յարացոյցը այլեւս մերը չէ: Ան այլեւս թշնամիինն է: Ան կը գործէ մեր հաւաքական գոյութեան հրամայականներուն դէմ:

 

Այժմ հարց է, թէ մենք ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջենք այս «երկրաբանական» փլուզման հիմնակործան մարտահրաւէրին: Նոր եւ յեղափոխական յարացո՞յց կերտելով, թէ՞ թոյլ տալով, որ պատմութեան ինքնահոսը գտնէ իր ճամբան: Եւ թոյլ տալո՛վ, որ թրքական ֆաշիզմը եւ մեծապետական աշխարհակարգը ճամբայ յարդարեն մեր երկրին համար դէպի արագընթաց այլասերում, վատասերում եւ որպէս ազգ եւ ինքնիշխան պետութիւն` դէպի վերջնական ապագոյացում: Ընտրութիւնը մերն է:

1890-ին Դաշնակցութիւնը մտաւ պատմութեան ասպարէզ նոյնինքն պատմութեան դէմ երթալու առաջադրութեամբ: Մենք մերժեցինք օրուան յարացոյցը: Մենք մերժեցինք նմանիլ մեր ժողովուրդին: Ընդունիլ` մեր ժողովուրդին պարտադրուած միջկայսերական սթաթիւս քուոն: Մենք պահանջեցինք, որ մեր ժողովուրդը ի՛նք իւրացնէ մեր գաղափարական շարժման համարձակ մարտահրաւէրը: Մեր առաջադրութիւնն էր փոխել պատմութեան հունը: Փոխել մեր ամօթալի կարգավիճակը: Մենք` որպէս կուսակցութիւն եւ որպէս ազգ, այդ մէկը ըրինք արդէն քանի մը անգամ անցնող 132 տարիներու ընթացքին: Ատոնք մեր ազգային հպարտութեան պահերն են այսօր: Անոնք սահմանած են մեր ազգային ինքնութիւնը:

 

Այսօր եւս այդ վճռական պահն է: Պիտի ընդունինք, որ մեր առնելիք յաջորդ քայլերը կրկին պիտի սահմանեն մեր ինքնութիւնը պատմութեան համար: Պիտի ընդունինք, որ հայ անկախ պետականութիւնը, հակառակ բոլոր իր իրագործումներուն, ճակատագրականօրէն ձախողեցաւ պատմութեան մարտահրաւէրին առջեւ: Մենք թոյլ տուինք, որ պատմութեան ուժերը դասաւորուին մեզի դէմ: Մենք քաջ գիտէինք, որ հայ անկախ պետականութիւնը պիտի ապրէր բարդ եւ պահանջկոտ հարեւանութեան մը մէջ: Մենք քաջ գիտէինք, որ վայելքի ժամանակները չէին: Մենք` որպէս պետականութիւն, ամէն ինչ ըրինք, որ մեր հասարակութիւնը օր ըստ օրէ քաղքենիանար, երբ թուրքեւազրպէյճանական ոսոխը կը պատրաստուէր իր համաթրքական ծրագիրները իրագործելու` նախագծելով, առաջին հերթին, հայ պետականութեան բնաջնջումը: Այսօր, այս պահուն իսկ, կը շարունակուի այս վտանգաւոր գործընթացը:

 

Այսօր այդ վճռական պահն է: Եւ քանի որ այդ վճռական պահն է, մենք նախ եւ առաջ պիտի փոխենք մեր աշխարհահայեացքը: Մեր մտքե՛րը: Հայ ազգը, եւ առաջին հերթին` ազգին այն քաղաքական ուժը, որ շարժման առաջնորդը պիտի հանդիսանայ (կը հաւատամ, որ Դաշնակցութիւնն է այդ ուժը), պիտի մերժէ ներկայ յարացոյցը: Հայ քաղաքական բեմը պիտի վերակազմաւորուի նոր յարացոյցին շուրջ: Ան պիտի վերակազմաւորուի քաղաքական առողջ տեսլականով եւ այդ տեսլականին նախանձախնդիր քաղաքական փոքրաթիւ ուժերու կողմէ, որոնք պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն շրջելու պատմութեան ծուռ դարձած անիւը: Ճիշդ այնպէս` ինչպէս 1890-ին:

 

Նոր յարացոյցը պիտի հաստատուի այսօրուան տխեղծ եւ անընդունելի յարացոյցը քաղաքական բեմէն ամէն գնով դուրս քշելու յանձնառութեամբ: Եւ այս մէկը կը պահանջէ անկեղծ, զգաստ եւ միաժամանակ արմատական վճռակամութիւն: Ընտրանքը մէկ է: Եւ ան շատ յստակ է այսօր: Եթէ օրուան յարացոյցը դուրս չես քշեր մեր երկրի քաղաքական կեանքէն, դուն ինքնաբերաբար մաս կը կազմես անոր: Այս ողբերգութիւնը պէտք է խնայել մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին:

 

Գորդեան հանգոյցը քակելու անպտուղ ճիգերը մեզի համար չեն: Պէտք է կտրե՛լ այդ հանգոյցը: Կտրել անվարա՛ն: Կտրել եւ անցնիլ նոր պատմութիւնը կերտելու անյետաձգելի գործին:

 

 

 

12 դեկտեմբեր 2022

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի Ելոյթը Հ. Մ. «Արարատ» Կազմակերպութիւնում Մարզա-Մշակութային Միութիւնների Ներկայացուցիչների Հետ Հանդիպմանը

Յաջորդը

Յակոբ Բագրատունիի Այցելութիւնը Հալէպի Ազգային Միացեալ Վարժարան

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.