Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարգարեանին Արիւնը Յումպէտս Չէ Հոսած

Դեկտեմբեր 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1-ին Լեհաստանի Լոծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` յանձին երկրի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի: Բնականաբար, իբրեւ երկրի դիւանագիտութեան պետ, նախարար Միրզոյեան այս համաժողովի շրջանակներուն մէջ առանձին հանդիպումներ ալ պիտի ունենար մասնակից երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Այս առիթով ալ ոտքի վրայ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, եւ այս արագ հանդիպումին տարածուած լուսանկարները բաւական խօսուն էին… Բայց այդ պատկերները որեւէ զարմանք չպատճառեցին մեզի: Վերջ ի վերջոյ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են «խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու քաղաքականութիւն, եւ յառաջիկային այսպիսի` միասին սիրալիր լուսանկարուելու առիթներ շատ կրնան կրկնուիլ:

Մեզի համար, սակայն, ուղղակի զարմանք պատճառողը նոյն համաժողովի ծիրին մէջ Միրզոյեանի մէկ այլ հանդիպումն է` այս անգամ իր հունգարացի պաշտօնակից Փեթըր Սիյարթոյի հետ: Հանդիպումին մասին տարածուած կարճ լրատուութեան մէջ կը կարդանք, որ երկու կողմերն ալ անդրադարձած են հայ եւ հունգարացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական-մշակութային խոր կապերուն եւ ընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութեան: Անոնք «ընդգծած են Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւորութիւնը: Նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ներկայ փուլին վերաբերեալ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են վերականգնելու լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւնները` մտադրութիւն յայտնելով նոր էջ բանալ հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն մէջ` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ միջազգային իրաւունքին նկատմամբ յարգանքի վրայ»:

Մինչեւ հոս շատ լաւ է` յաւուր պատշաճի դիւանագիտական շարադրանք, որ կը բխի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անկեղծ մղումէն: Իսկ ո՞ր երկու երկիրները չեն ուզեր իրարու միջեւ հաստատել լաւագոյն յարաբերութիւններ` փոխադարձ շահաւէտութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն հիման վրայ: Իսկ ինչո՞ւ համար է մեր զարմանքը այս հանդիպումէն: Որովհետեւ արեան կանչ մը կայ, որ տակաւին կը լսուի: Որովհետեւ արդարութիւն մը կայ, որ զոհաբերուած է Պաքուէն տրցակ մը նաւթատոլարներու դիմաց: Իսկ այդ արեան կանչը հայոց բանակի երիտասարդ նահատակ սպաներէն Գուրգէն Մարգարեանի արեան կանչն է:

Գուրգէն Մարգարեանը իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին նուիրուած խոստմնալից հայ երիտասարդ սպայ էր, Հայաստանի ազգային բազմարուեստից (փոլիթեքնիք) համալսարանէն պսակաւոր արուեստից աստիճանը ստանալէ ետք մտած էր բանակային ծառայութեան մէջ եւ դարձած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան սպաներէն մէկը: Այս հանգամանքով ալ 11 յունուար 2004-էն սկսեալ  Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ կը մասնակցէր ՕԹԱՆ-ի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ կազմակերպուած անգլիալեզու ուսումնական դասընթացքներուն, որոնց ընթացքին ալ նոյն տարուան փետրուար 19-ին սպաննուեցաւ ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ: Վերջինս Մարգարեանի քնացած ժամանակ կացինի 16 հարուած հասցուցած էր անոր դէմքին` գրեթէ անջատելով անոր գլուխը մարմինէն: Սպանութեան պահուն Մարգարեանի սենեակին մէջ գտնուող անոր դասընկերը, որ աղմուկէն արթնցած էր, իր ականատեսի վկայութեան մէջ կը նշէ, որ Սաֆարովի դէմքի արտայայտութիւնը իր այդ քստմնելի արարքը կատարած պահուն ուրախ էր, կարծես թէ կարեւոր գործ մը վերջացուցած ըլլար… Մարգարեանը սպաննելէ ետք մարդասպանը արիւնոտ կացինը առած` սենեակէն դուրս կ՛ելլէ եւ կ՛ուղղուի հայաստանցի երկորդ ուսանող սպային` Հայկ Մակուչեանի սենեակը եւ կը փորձէ կացինով սենեակին կղպուած դուռը կոտրել, բայց աղմուկին եւ Մակուչեանի սենեկակից ընկերոջ շնորհիւ, Սաֆարով կը ձախողի երկրորդ հայը սպաննել:

Պուտափեշտի մէջ կատարուեցաւ ազրպէյճանցի մարդասպանին դատավարութիւնը: Իր կատարած արարքին առաւել դաժան բնոյթին պատճառով ան դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան` առաջին երեսուն տարիները առանց համաներումէն օգտուելու իրաւունքի: Սակայն 31 օգոստոս 2012-ին հունգարական իշխանութիւնները Ազրպէյճանին արտայանձնեցին մարդասպան Սաֆարովը` հետագայ պատիժը այդտեղ կրելու համար: Հազիւ մարդասպանը իր ոտքը դրաւ Պաքուի օդակայան, երկրի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ ներում շնորհեց անոր, զինուորական կոչումի բարձրացում եւ բնակարան ստացաւ` իր անազատութեան մէջ գտնուած ութ տարուան ժամանակաշրջանի աշխատավարձերու ամբողջական վճարումով: Ան նաեւ Ազրպէյճանի ազգային հերոսի կոչումին արժանացաւ…

Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ մարդասպանը Ազրպէյճանին արտայանձնելու ոչ անմեղ որոշումին պատճառով էր, որ  Հայաստան իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեց այդ երկրին հետ: Անկէ ի վեր պատճառները չեն վերացած Հայաստանի որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու առումով, այլ աւելի եւս կուտակուած են, աւելի եւս խորացած են, իսկ եթէ արարատ միրզոյեաններ կ՛անտեսեն արդարութեան կանչը, ապա պատմութիւնը չի կրնար անտեսել, որովհետեւ պատմութիւնը գերագոյն դատաւոր է: Գուրգէն Մարգարեանին արիւնը յումպէտս չէ հոսած: Արեան կանչը տակաւին կը լսուի եւ պիտի լսուի, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ հաստատուած…

 

 

 

Նախորդը

Հայ Ժամանակակից Ընկերութեան Գրական Արտայայտութիւնը Հրապարակախօսութիւնն Է

Յաջորդը

«Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» Հատորը Լոյս Տեսաւ

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?