Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու մատենադարան հիմնարկին միջեւ գործակցութեամբ, մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ատենագրութիւն քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորը` խմբագրութեամբ Արմէն Մալխասեանի:
Ա. Մալխասեանի, Ա. Աստոյեանի, Ա. Աւետիսեանի, Ա. Ֆահրադեանի եւ Լ. Դաւթեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած յիշեալ հատորը կ՛ընդգրկէ 2 մարտ 1905-էն 10 ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի Ատանայի Քաղաքական ժողովի ատենագրութիւնները, որոնք բացառիկ փաստագիրներ են Ատանայի հայոց թեմի առաջնորդութեան հովանիին ներքեւ ապրող բնակչութեան ազգային կեանքը արտացոլացնող եւ Ատանայի հայութեան ժողովրդավարութեան մակարդակի մասին վկայող: Գիրքը կը պարունակէ Կրօնական ժողովի եւ Տնտեսական խորհուրդի խառն նիստերու ատենագրութիւններ:
Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան ստորագրած է հատորին յառաջաբանը, որուն մէջ ան կը նշէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչական կարեւորագոյն շրջաններէն Ատանայի հայոց թեմի վերաբերող սոյն հատորը մեր ժողովուրդի անցեալ դարասկիզբի պատմութեան ուսումնասիրութեան վերաշխուժացում եւ ինքնաքննութեան նոր առիթ մըն է: Վեհափառ հայրապետը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով վերարժեւորելով հաւաքական յիշողութեան վերաբերեալ աշխատասիրութիւնները, որոնք յուշամատեանի տիպի տակ կը դառնան պատմական փաստ եւ նոր պատմութեան մշակման համար ատաղձ, տնօրինեց յուշամատեաններու վերահրատարակութիւնը: Նոյն շրջագիծին մէջ տեղի ունեցան կաթողիկոսարանի արխիւատան վերադասաւորում եւ անտիպ կարեւոր փաստաթուղթերու հրատարակութեան պատրաստութեան աշխատանքներ: Իսկ այս հատորը անդրանիկ պտուղն է վերոնշեալ աշխատանքներուն վերաբերող Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն` Մատենադարանին հետ կայացած փոխըմբռնման համաձայնութեան:
Ծաւալուն հատորի վերջաւորութեան կը գտնուին ծանօթագրութիւններ, ինչպէս նաեւ` անձնանուններու, տեղաննուններու, բանալի բառերու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր:
Ատանայի վերաբերող սոյն հատորը հրատարակուեցաւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի ազնիւ մեկենասութեամբ:


