Կենսաբանակա՞ն, թէ՞ ճակատագրի խնդիր է մէկու մը համար ուր եւ որ ծնողէն ծնիլը: Ասիկա յատկապէս հետաքրքրած է կենսակրօնական բարդ խնդիրներու լուծումներու պատկերացումներ գտնելու ճիգեր թափող բարոյագէտներն ու փիլիսոփաները: Երեխայի մը, որ ծնողներէն աշխարհ գալու խնդիրը այնքան խրթին հոլովոյթի մը արդիւնքն է, որ նոյնիսկ մասնագէտները շփոթի մատնած է, ա՛լ ուր մնաց, որ ես յաւակնութիւնը ունենամ նման հարցի մը անդրադառնալու: Սակայն փողոցին մէջ պարզուած տեսարանը, որ լուսանկարին մէջ կը տեսնէք, զիս մղեց մտածելու այս երեւոյթին մասին:
Անբախտ եւ բախտաւոր մանուկներ:
Լուսանկարը ինքնին շատ խօսուն է: Մանուկ մը կը գտնուի հօրը գիրկը: Այլ պատանի մը, որ հազիւ եօթը կամ ութ տարեկան պէտք է ըլլայ, կանգնած է հօրը եւ մօրը միջեւ ու մանկական հետաքրքրութեամբ կը շօշափէ ձեռքերուն մէջ գտնուող տոպրակը: Ասոր դիմաց կանգնած է տղեկ մը, որ ամանորեան խրախճանքներու յատուկ գլխարկ, սուլիչ, զարդեղէն կը վաճառէ: Հօրը գիրկը գտնուող մանո՞ւկն ու իր ծնողներուն միջեւ կանգնած կարմրուկ այտերով տղե՞կն է բախտաւորը, թէ՞ կերպընկալէ տոպրակներու մէջ լեցուած ամանորեան իրեր վաճառող պատանին: Ասիկա է հարցումը:
Եթէ այս լուսանկարը նկատի ունենանք իբրեւ կացութեան եւ իրավիճակի մը այդ պահու տեսարանը, կը թուի, թէ հօրը ձեռքերուն մէջ սեղմուած մանուկն է բախտաւորը, իսկ անբախտը` միւսը: Սակայն ոչ մէկ ապահովութիւն եւ երաշխիք կայ, որ ապագային ալ այդպէս պիտի ըլլայ: Վստահաբար պայմանները պիտի փոխուին, իրողութիւններ, դէպքեր, զարգացումներ եւ իրավիճակներ իրարու պիտի յաջորդեն: Երկուքն ալ հասակ պիտի առնեն, եւ ամէն մէկը իյնալով, յաջողելով, ձախողելով, խաբուելով եւ խաբելով` իր ուղին պիտի գտնէ չափահասութեան ոլորապտոյտին մէջ: Ո՞վ անբախտ պիտի ըլլայ եւ ո՞վ բախտաւոր, ոչ ոք գիտէ: Ասիկա կը թարգմանուի ճակատագիր բառով, որ յաճախ կը գործածենք, երբ չունինք երեւոյթ մը կամ իրավիճակ մը բացատրելու հնարաւորութիւնն ու տուեալները: Ճակատագիր կ՛ըսենք ու կ՛անցնինք:
Բայց կարելի է ի մտի ունենալ միջավայրը, որուն մէջ կը ծնինք եւ հասակ կը նետենք: Ասիկա չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ մեր ապագային կապուած զարգացումներ կը բովանդակէ եւ կրնայ մեծ մասամբ տալ մեր ինչպիսի կեանք մը ունենալու գաղտնիքին պատասխանը: Փողոցներուն մէջ մանրավաճառութեամբ կամ մուրացկանութեամբ զբաղող երեխաներուն եւ պատանիներուն եթէ տրուէր լաւ վարժարաններ յաճախելու հնարաւորութիւնը, ով գիտէ, թէ ապագային անոնք ի՛նչ պիտի ըլլային: Հակառակն ալ ճիշդ է, որովհետեւ կը հանդիպինք պատանիներու եւ երիտասարդներու, որոնք զուր տեղը կը վատնեն ոսկեայ ափսէներու մէջ իրենց հրամցուած կարելիութիւններն ու հնարաւորութիւնները, յուսախաբ կ՛ընեն իրենց ծնողներն ու շրջապատը եւ ոչ մէկ իրագործում կ՛արձանագրեն` պարզապէս երիզորդի մը նման իրենց ծնողներուն ունեցուածքը վատնելով: Անշուշտ այս երեւոյթը, կամ որեւէ երեւոյթ կարելի չէ ընդհանրացնել, որովհետեւ իւրաքանչիւրս ունինք, կ՛ունենանք առիթներ եւ կարելիութիւններ, եթէ ճիշդ միջավայրին մէջ գտնուինք:
Տօնական այս օրերուն չափահաս մանուկներուն մաղթենք ուժ եւ կորով, որովհետեւ չունեւորութիւնը պատճառ մը չէ, որ անոնք զրկուին մանկական անմեղ աշխարհին բարիքներէն: Ո՛վ ինչպէ՞ս կրնայ` թող օգնութեան ձեռք երկարէ մանուկներ ունեցող սահմանափակ եկամուտի տէր ծնողներու, որպէսզի բոլոր մանուկները անխտիր վայելեն տօնին բարիքները: Թող ոչ ոքի համար ըսուի… Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ


