Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ընդհանուր Ժողովէն Ետք. Հայակերտումի Եւ Հայրենակերտումի Առաքելութեան Շարունակականութիւնը` Նոր Թափով

Դեկտեմբեր 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Աստուծոյ կամքով յաջողութեամբ պսակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովը: Հիմա, երբ ժողովականներ արդէն իսկ վերադարձած են իրենց թեմերը, 7-9 դեկտեմբեր 2022-ը լուսարձակի տակ բերելով` անվարան կ՛ըսենք. Անթիլիասի գոյութեան պատճառը հանդիսացող հայակերտումի եւ հայրենակերտումի առաքելութիւնը նո՛ր թափով պիտի շարունակուի հոն, ուր մեր Ս. Աթոռը կ՛առաքուի Աստուծոյ կողմէ եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն հրաւէրով կը կանչուի:

Իւրաքանչիւր Ազգային Ընդհանուր ժողով հաւաքական հաշուետուութեան եւ ծրագրաւորումի հանգրուան մըն է` ինչպէս յիշեցուց Արամ Ա. սրբազնագոյն հայրապետ իր 11 դեկտեմբերի պատգամին մէջ, յընթացս սուրբ պատարագի:

Այսպէ՛ս եղաւ այս անգամ եւս, հետեւեալ երեք մասնայատկութիւններով.

Առաջին` ժողովական օրակարգն ու ընթացքը դասականէն տարբեր էին, երբ առաւելաբար գոյութենական մարտահրաւէրներով զբաղեցանք: Մեր առաքելութեան վերաքննութեան հիմնական առարկան դարձաւ աշխարհատարած հայ սփիւռքի վերկազմակերպումը` ի խնդիր նոյնինքն Հայաստանի ու Արցախի առաւել հզօրացումին, «Սփիւռքի տարի»-ի հայրապետական հռչակագիրի ոգիին հաւատարմութեամբ: Հոս անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ այն իրողութիւնը, որ մէ՛կ է հայութիւնը իր հայրենիքով` Հայաստանի Հանրապետութիւն ու Արցախի Հանրապետութիւն, սփիւռքով, պատմական Հայաստանով ու Կիլիկիայով, պահանջատիրութեամբ եւ ձգտումներով:

Երկրորդ` ժողովական աշխուժ քննարկումները վերահաստատեցին, թէ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք, նո՛յն մտահոգութիւնները մեզ կը տագնապեցնեն եւ կը միաւորեն: Մեր թեմերուն եւ համայնքներուն ներքին կարգն ու սարքը զանազանութիւններ ունին, սակայն համահայկականը գերակշիռ է ամէն տեղ, եւ ա՛յդ է, որ մեր հաւաքական պատասխանատուութեան ու աշխատանքին մղում կու տայ` մեզ մէ՛կ Եկեղեցի պահելով:

Երրորդ` ճշմարտուեցաւ տէրունի խօսքը. «Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն լոյս տայ» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 5.15): Հայոց ցեղասպանութեան պարտադրանքով հայ սփիւռքի մէջ վառուած աշտանակ մըն է Անթիլիասը, որ Հայ Մեծ Տունի զաւակներուն կեանքին մէջ Աստուծոյ եւ ազգին, հայ քրիստոնեայի, լոյսը կը ճառագայթէ` օրէ օր առաւել պայծառութեամբ:

* * *

Ազգային Ընդհանուր ժողովէն առաջ, նկատի ունենալով մեր ժողովուրդին կեանքը ալեկոծած եւ մեզ յուսալքած պայմանները, մտավախութիւն մը պատած էր զիս, թէ աչքերը Անթիլիասի վրայ կեդրոնացուցած հայորդիներ ի՞նչ պիտի ստանան այս ժողովէն: Սակայն, ահաւասիկ, երբ անգամ մը եւս գրասեղանիս վրայ կը բանամ ժողովի օրակարգի գրքոյկը եւ հաշուեկշիռը կը կատարեմ մեր եռօրեայ քննարկումներուն, կը տեսնեմ, որ նո՛ր շեշտադրումով կը շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնը Հայ եկեղեցիի, հայ ընտանիքի, հայ դպրոցի, հայ երիտասարդութեան, հայ սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հայութեան պարունակին մէջ` առաւե՛լ նախանձախնդրութեամբ հաւատարիմ տնտեսի աստուածաշնորհ մեր խոր գիտակցութիւնը վերընձիւղելով:

Որպէս հայ սփիւռքի մէջ ծնած եւ ծառայող հայորդի` ամէն անգամ ինքզինքս հայրենիքիս ոգեղէն եւ հոգեշէն հողաշերտին վրայ կը զգամ, երբ հայկականութեամբ թաթաւուն յարկ մը կ՛այցելեմ կամ հայրենակիցներուս հետ նոյն համահայկական իտէալին հաղորդակից կը դառնամ: Այս իսկ կու գայ նաեւ ա՛յս հանգրուանին զիս համոզելու, որ անքակտելի թելեր մեզ իրարու կը կապեն նո՛յն անցեալով, ներկայով ու ապագայով, երբ հայաշխարհի զաւակներս կղզեակներու նման Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական ասայով իրարու կամրջուած` կը շարունակենք մեր հայակերտումի եւ հայրենակերտումի յաղթական երթը ի հեճուկս սփիւռքի գունաթափող եւ մաշեցնող պայմաններուն:

Աւարտած է ժողովը: Լռած են խօսքերը: Անլռելիօրէն կը հնչէ գործի զանգը` դարձեալ տէրունի յանձնարարութեան պարտադրանքով. «Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 5.16):

 

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերախումբը Ներկայացուց «5-րդ Եղանակը» Երաժշտախառն Թատրերգութիւնը

Յաջորդը

Ծննդեան Համերգներու Երթը «Գուսան» Երգչախումբին Հետ Կը Շարունակուի Այնթուրայէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?