Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշելով Վահէ Օշականը

December 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վահէ Օշական

Այս տարի կը լրանայ Վահէ Օշականի ծննդեան հարիւրամեակը:

Այս առիթով հայ մամուլը արդէն անդրադարձաւ 20-րդ դարու իւրայատուկ այս մտաւորական-գրող-գրաքննադատ-խմբագիր եւ դասախօսին մասին:

Իմ կարգիս, թէեւ` ակամայ քիչ մը ուշ, սակայն իբրեւ հայ գիրի եւ գրականութեան կամաւոր զինուորագրեալ, այս տողերովս պիտի փորձեմ միտքս եւ յուշերս ժողվել ու մտածումներս ամփոփել եւ յիշել ու իմ ակնոցովս հայ ընթերցողին հրամցնել այս մեծ հայը` իր գրական անզուգական վաստակով:

Գիտեմ, որ իր մասին շատ բան կայ գրուած ու տակաւին` գրուելիք: Թէեւ առիթ չեմ ունեցած զինք շատ մօտէն ճանչնալու: Հետը չեմ զրուցած: Չեմ վիճած կամ խորհրդակցած: Սակայն միշտ եւ հաւատարմօրէն հետեւած եմ մամուլին մէջ իր բազմաթիւ տողերու վազքին, իր էջերուն, իր բառերուն, իր վէպերուն, մէկ խօսքով` մեզի ժառանգ ձգած իր գրականութեան, անկեղծ զմայլանքի ընթերցումս:

Ու իբրեւ անշահախնդիր գնահատանք եւ քաջալերանք` չեմ փորձեր եւ ոչ ալ կ՛աշխատիմ աժան ու սովորական բառերով եւ գաղափարներով ներկայացնել զինք, բայց միւս կողմէ ալ իբրեւ հարազատի հպարտութեամբ եւ հաստատ կու գամ նաեւ ձայնս ու տողերս խառնել այս հանճարեղ հայուն, այս խորաթափանց գրողի վաստակին` համեստօրէն:

Որովհետեւ ան ոչ միայն ինծի, այլ բոլորիս համար ալ տեսակ մը իւրայատուկ ածականով մարդ մըն էր անխոնջ եւ բազմակողմանի վաստակով, ու մանաւանդ` բանասէրի իր կերպարով, հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ արժէքին համարձակ խնկարկու մը ըլլալով հանդերձ:

Վկա՛յ` իր «Օշականեան քրոնիկները»:

Այս բոլորին վրայ պէտք է նաեւ աւելցնեմ, որ ան լաւ դիտող մըն էր: Իր տաղանդին շնորհիւ դարձաւ արդի եւ փնտռուած հայ «սուր» գրիչ մը: Թէեւ «զարտուղի», սակայն նոր գրելաւոճով բազմածաւալ եւ բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւններով եւ հարուստ «շտեմարանով», գեղեցիկ ու լայն ակօսներ բացաւ սփիւռքահայ, յատկապէս արեւմտահայ մեր գրականութեան մէջ: Անոր համար են այս տողերը:

Ըսեմ, որ կեանքի մէջ մարդոց արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը յատուկ բարեմասնութիւններ են:

Վահէ Օշական.- Ըսի, չէ՞. ինք մեծ հայ մըն էր, նրբաճաշակ ու վաւերական արձակակագիր մը ըլլալով հանդերձ, արդի մեր գրականութեան մէջ` սիրելի ներկայութիւն մը, որ կը հաւատար, թէ վեհ բան է հայու ճակատագիր ունենալը: Եւ տակաւին` յանդուգն եւ համարձակ հրապարակագիր մը, բանաստեղծ մը, մտաւորական եւ սիրելի վիպագիր մը, որուն մաքուր եւ յաճախ հատու լեզուն իր կեանքի արտացոլումն էր, հարազատ եւ արդար:

Ինքն էր, որ իր նորաշունչ գրիչովը հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց իր հարուստ եւ ինքնատիպ արձակով ու բանաստեղծութիւններով, եւ որ դարձաւ սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութեան մեծանուն դէմքերէն մէկը:

Այսօր թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքներուն, իբրեւ ինքնատիպ եւ յառաջապահ դասախօս, գրականագէտ ու քննադատ, բազմաթիւ պատմուածքներու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ, նաեւ` քրոնիկներու եւ ուսումնասիրութիւններու հարուստ վաստակ ունեցող բարձրորակ դէմք, անծանօթ անուն մը չէ Վահէ Օշական գրողը, որուն ամբողջ կեանքը եղած էր համարձակ եւ անշահախնդիր նուիրում` հանդէպ մեր լեզուին, մեր գիրին եւ գրականութեան ու նաեւ` հայ գրողին:

Մէկ խօսքով հարազատ զաւակն ու ժառանգորդը իր հօր` Յակոբ Օշականին:

Չմոռնանք, որ արդի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս հայր եւ որդի Օշականներ միշտ վայելած են եւ տակաւին պիտի վայելեն մեր ժողովուրդի յարգանքին ընդարձակ հորիզոնները:

Կրկնութեան գնով նաեւ աւելցնեմ, որ Օշական Վահէն նաեւ մեծ հաւատացող մըն էր հայ գիրին, գրողին ու գիրքին: Իրեն համար հայ գիրքը հայ հեղինակին չափ պէտք էր որ մնար հայ մարդուն ամէնէն մտերիմ ընկերը եւ անոր կեանքի ոգեղէն հացը: Հայ գիրքն էր, որ պիտի վերարժեւորէր մեր առօրեայի առանցքը` իբրեւ աղբիւր ծանօթացման, իմաստութեան  եւ փորձառութեան: Հայ գիրքն էր, որ մեր լեզուն ու մշակոյթը եւ մեր պատմութիւնը պիտի պահէր դարերու երկայնքին: Անոր համար պէտք է զայն կարդալ ու տարածել:

Այսպէս կը թելադրէր Վահէ Օշական, որուն քաջութեամբ, բանիմաց եւ անսպառ գիտելիքներով լեցուն ստեղծագործութիւնները դարձան մամուլով եւ գրականութեամբ զբաղողներուն համար հարուստ եւ թանկարժէք «մտապաշար» մը:

Այլ խօսքով, արեւմտահայ մեր գրականութեան սիւներէն մեծատառ գրող մըն էր ան, որ կը հաւատար, թէ վեհ բան է հայու ճակատագիր ունենալը, որ ոչ միայն սիրեց, այլ պաշտեց մեր լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնը ու մինչեւ իր մահը եղաւ անոր արթուն հսկողն ու պահակը:

Հաստատապէս լուրջ պաշտամունք մըն է իմ այս բաժինս, որ խիտ տողերու սահմաններէն ներս, իբրեւ էականութիւն եւ անհրաժեշտութիւն, համեստօրէն ամփոփելով, հրամցուցի:

Արդ…

Բի՛ւր յարգանք, Վահէ Օշական մեծատառ եւ նորարար գրողին, անդրդուելի բանախոյզ-բանասէրին, համարձակութիւն, ինքնավստահութիւն, խիզախութիւն ու քաջութիւն ունեցող հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ արժէքին ու յատկապէս արեւմտահայերէնի անսակարկ խնկարկու եւ պաշտպան հայ հսկայի յիշատակին:

[email protected]

Նախորդը

Սխալ Ըմբռնումի Հիմամբ Կատարուած Զգայացունց Քայլ Մը

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «5-րդ Եղանակը»

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.