Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի համաձայն, Հայաստանի իշխանութիւնները կը ներդնեն առաւելագոյն ջանքերը, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ, ինչպէս խոստացած էր խաղաղութեան դարաշրջանի ճարտարապետ Նիկոլ Փաշինեան, կնքուի խաղաղութեան համաձայնագիրը Ազրպէյճանի հետ: Քիչ ժամանակ մնացած է մինչեւ տարեվերջ, այս պատճառով ալ աճապարանքը ակներեւ է:
Ազրպէյճան Հայաստանի փոխանցած է խաղաղութեան համաձայնագիրի խմբագրուած տարբերակ մը: Այս նախագիծը կը քննարկուի Հայաստանի կողմէ. շուտով, Ազրպէյճանի պիտի փոխանցուի Հայաստանի կողմէ վերախմբագրուած համաձայնագիրի տարբերակը: Ազրպէյճանական նախագիծին ու անոր վերախմբագրուած տարբերակին պարունակութեան մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր. կ՛ըսուի միայն, որ առայժմ համաձայնուած միակ կէտը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն է: Բնական երեւոյթ` խաղաղութիւն հաստատած, ուրեմն բարեկամ երկու պետութիւններու միջեւ:
Տարածքներու ու սահմաններու մասին տարակարծութիւններու կամ զուգադիպութիւններու մասին տեղեակ չենք: Ոչ ալ` հաղորդակցական ուղիներու, յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի մասին: Սակայն գիտենք, որ Արցախի վերաբերող խնդիր մը կայ, որ լուծման կը կարօտի: Արմէն Գրիգորեան կը բացայայտէ, որ տակաւին վերջնական որոշում չկայ` խաղաղութեան համաձայնագիրո՞վ պիտի լուծուի Արցախի տագնապը, թէ՞ առանձին միջազգային գործիքակազմ պիտի ստեղծուի: Հայաստան չի խօսիր Արցախի ամբողջականութեան վերականգնման եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման մասին, այլ միայն Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան չսահմանուած իրաւունքներու ու անվտանգութեան մասին: Ազրպէյճան կը պնդէ, որ ղարաբաղեան հարցը ինք լուծած է, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերը իր քաղաքացիներն են, ուրեմն ունին Ազրպէյճանի քաղաքացիներու բոլոր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Կը մնայ միայն սպասել ռուսական խաղաղապահ ուժերուն սահմանուած ժամանակահատուածին աւարտման: Արցախ գոյութիւն չունի. կայ միայն Ղարաբաղի տնտեսական գօտի:
Նշաձողի մինչեւ յատուկ իջեցման այս դիրքորոշումէն թելադրուած, Ազրպէյճան կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու կարծեցեալ իրաւունքներուն մասին ոչ ոքի հետ խօսելու պատրաստակամութիւն չունի: Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, արձագանգելով Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան կը հաստատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար միջազգային մեքանիզմի ստեղծումը կը բացառուի: Ազրպէյճան կը վերահաստատէ. ղարաբաղեան հարց գոյութիւն չունի իրեն համար:
Այս պայմաններուն տակ, ինչպէ՞ս կարելի է մինչեւ տարեվերջ հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումին: Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, աւելի ճիշդ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէր, որ արցախեան պահանջատիրութեան նշաձողը իջեցնելով մինչեւ անորոշ իրաւունքներ ու անվտանգութեան երաշխիքներ, կարելի պիտի ըլլայ համոզել Ազրպէյճանը, որ ինքն ալ քիչ մը իջեցնէ նշաձողը: Տակաւին կը կարծուէր, որ այդ հիմնական զիջումը` հրաժարումը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն, Հայաստանի զօրակցութեան պիտի առաջնորդէ ամբողջ աշխարհը: Համատարած այդ զօրակցութեան փոխարէն, հիմա կանգնած ենք անելի առջեւ. ոչ ոք կ՛ուզէ գործնապէս սատար կանգնիլ Հայաստանին իր արդար իրաւունքներու տիրացման ճանապարհին: Ինչպէս կ՛ըսէ Շոյկու, Հայաստանը Ռուսիոյ ՀԱՊԿ-ի մէջ դաշնակիցն է եւ Անդրկովկասի մէջ առանցքային ռազմավարական գործընկեր: Ռազմավարական առանցքային գործընկեր, որուն տագնապալի ժամանակներուն կը կը զլանան դոյզն օժանդակութիւնը:
Ինչպէ՞ս պիտի լուծէ այս թնճուկը Հայաստանի իշխանութիւնը: Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յոյս կը յայտնէ, որ Հայաստան անպատասխան չի ձգեր Անգարայի եւ Պաքուի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը: Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով կը յայտնէ, որ Մոսկուա կ՛ուզէ ամէն կերպ աջակցիլ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման եւ պատրաստ է Փաշինեանի ու Ալիեւի մօտալուտ հանդիպման հարթակ տրամադրելու:
Այս իրողութիւնները կը մղեն Հայաստանը խայտառակ զիջումնային համաձայնագիր մը ստորագրելու: Թուրքեւազրպէյճանական խաղաղութեան ձեռքը ամէն իրաւունքէ հրաժարման ձեռք է, այն որ, կը թուի թէ Երեւանի փոխանցուած Պաքուի առաջարկներու երրորդ փաթեթի պարունակութիւնը կը կազմէ:
Թնճուկը պարզելու համար ի՞նչ կ՛ընէ Հայաստանի իշխանութիւնը: Մանկական եւրատեսիլի ու ամանորեան շքեղ նախապատրաստութիւնները մօտակայ ազգային ամօթանքը պիտի կարենան վարագուրել եւ… երջանիկ Հայաստան հայրենիքի մը պատրանքը ստեղծել: