Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սխալ Ըմբռնումի Հիմամբ Կատարուած Զգայացունց Քայլ Մը

Դեկտեմբեր 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Չինաստանի նախագահ Շի Չինփինկ դեկտեմբեր 7-9 Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին հրաւէրով այցելեց Ռիատ, ուր մասնակցեցաւ երեք վեհաժողովներու` չին-սէուտական վեհաժողովին, Ռիատի Ծոց-Չինաստան վեհաժողովին ու արաբական-չինական վեհաժողովին:

Այցելութեան ընթացքին, ըստ սէուտական լրատուամիջոցներու, 29,3 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրներ ստորագրուեցան, ներառեալ` 34 ներդրումային համաձայնութիւններ, որոնց շարքին, ամերիկեան կողմին համար զգայուն,  արհեստագիտութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ:

Չինաստանը արդէն իսկ 2018 թուականէն ի վեր Սէուտական Արաբիոյ առեւտրական գործընկերներու շարքին կը գրաւէր առաջին դիրքը: 2021-ին երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը հասած է աւելի քան 82 միլիառ տոլարի, ինչ որ,  բաղդատմամբ 2020 թուականին, 39 առ հարիւրով աւելի է:

Չինաստանի նախագահը իր այցելութենէն առաջ սէուտական մամուլին մէջ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ նշեց. «Այցելութիւնը յառաջ պիտի մղէ մեր աւանդական բարեկամութիւնը, եւ Չինաստանի, արաբական աշխարհի, Ծոցի արաբական երկիրներուն ու Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր ժամանակաշրջանի մը պիտի առաջնորդէ»:

Պարզ է, որ Չինաստանի նախագահին Սէուտական Արաբիա այցելութիւնն ու ստորագրած համաձայնութիւնները շրջանին մէջ Ուաշինկթընի ազդեցութեան ուժեղ հարուած մըն են եւ անմիջական հետեւանքը` Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքէն հեռանալու քաղաքականութեան:

Քաղաքականութիւնը, մասնաւորաբար` միջազգային քաղաքականութիւնը, թափուր կարելի չէ պահել: Այս պարագային Չինաստանն է, որ կու գայ լեցնելու այդ բացը, մանաւանդ որ Ռուսիան ալ գերզբաղած է Ուքրանիոյ հակամարտութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հոկտեմբերի վերջաւորութեան հրապարակեց 2022 թուականի Ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութեան հայեցակարգի ամբողջական տարբերակը, որուն մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու համար թիւ մէկ սպառնալիքը Չինաստանն է: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին հայեցակարգի հրապարակման նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Չինաստանը մեր միակ մրցակիցն է, որ ունի միջազգային աշխարհակարգը փոխելու ցանկութիւն եւ ատոր հասնելու կարողութիւն»: Այդ իրողութիւնը կու գայ ընդգծելու Ուաշինկթընի տեսանկիւնէն Ռիատի կատարած քայլին ահաւորութիւնն ու անընդունելիութիւնը եւ մտածել կու տայ, որ զայն կատարողին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Ռիատ հոկտեմբերին  արդէն զայրացուցած էր Ուաշինկթընը, երբ ՕՓԷՔ+-ը սէուտցիներուն եւ ռուսերուն միացեալ ջանքերով որդեգրած էր միջազգային շուկային վրայ քարիւղի արտադրութիւնը օրական 2 միլիոն տակառով կրճատելու որոշումը. քայլ մը, որ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ նկատուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պատերազմի ֆինանսաւորման ուղղակի աջակցութիւն մը:

Ամերիկեան տեսանկիւնէն, Սէուտական Արաբիոյ յանցանքը առաւել մեծ, լուրջ ու մտահոգիչ  է` նկատի ունենալով, որ թագաւորութիւնը չբաւարարուեցաւ այդ յանցանքը առանձին գործելով, այլ սէուտական-չինական վեհաժողովին կողքին այլ վեհաժողովներ կազմակերպելով` Ծոցի շրջանի եւ արաբական այլ երկիրներ եւս մղեց իր յանցանքին մեղսակից ըլլալու:

Ռիատ-Փեքին մերձեցումը ամերիկացիներուն պիտի վերյիշեցնէ սէուտական կողմի նախկին մեղքերը` այն իրողութիւնը, որ 9 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներուն մասնակից 19 ահաբեկիչներէն 15-ը սէուտցի էին, եւ այդ իրողութենէն բխող կասկածը, թէ սէուտական կառավարութիւնը առնուազն տեղեակ էր յարձակումներէն եւ չզգուշացուց իր դաշնակիցը: Ամերիկեան կողմը նաեւ պիտի սկսի վերյիշել 2 հոկտեմբեր 2018-ին սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկժիի` Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ սպանութեան ու Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալման իշխանին մեղսակցութեան հարցը, որուն նկատմամբ աչք կը փակէր` հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Պըն Սալման իշխանին միջեւ գոյութիւն ունեցող վատ յարաբերութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներ արգելքներ հաստատած են Չինաստանի դէմ արհեստագիտութեան մարզին դէմ, օրինակ` «Հուաուէյ» բջիջային ընկերութեան դէմ, արհեստագիտական լրտեսութեան մեղադրութեամբ: Այս պատճառով ալ Սէուտական Արաբիա-Չինաստան համաձայնութիւնը չի կրնար չմտահոգել Ուաշինկթընը, որ վստահաբար այսուհետեւ շատ զգուշ պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ իր գլխաւոր դաշնակիցներէն մէկը հանդիսացող Ռիատին ամերիկեան արդիական զէնքերու մատակարարման հարցին մէջ:

Ռիատ-Փեքին համաձայնութիւնը կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի հետ հակամարտութեան մը կամ ճգնաժամի մը պարագային պիտի չկարողանան Սէուտական Արաբիոյ աջակցութեան վստահիլ: Վերջինս միջազգային շուկային մէջ քարիւղի արտադրութիւն օրական 2 միլիոն տակառով կրճատելու ՕՓԷՔ+-ի որոշումով այդ մէկը, յաչս ամերիկեան կողմին, աւելի քան յստակ դարձուց:

Միացեալ Նահանգներ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր արքայական տոհմին անվտանգութեան երաշխաւորն են, ուստի ինչո՞ւ թագաւորութիւնը Չինաստանի հետ մերձենալու արկածախնդրութեան ու ռիսքին կը դիմէ:

Սէուտական Արաբիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը 2004-ին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի նախկին լրագրող Տէյվիտ Օթըուէյի յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնը «կաթողիկէ ամուսնութիւն» մը չէ, որ միայն մէկ կին ունենալ արտօնուած է, այլ` «իսլամական ամուսնութիւն» մը, որ չորս կին ունենալ կ՛արտօնէ: «Սէուտական Արաբիան Միացեալ Նահանգներէն ապահարզանի չի ձգտիր. անիկա պարզապէս այլ երկիրներու հետ ամուսնութեան կը ձգտի», գրած էր Օթըուէյ:

Թէեւ սէուտական այս տրամաբանութիւնը կը թուի հասկնալի ըլլալ, սակայն իր մէջ կը պարունակէ խորքային ու արմատական թիւրըմբռնում մը. ըստ երեւոյթին, սէուտցիներուն մօտ գոյութիւն ունի այն սխալ պատկերացումը, որ Միացեալ Նահանգներ-Սէուտական Արաբիա «իսլամական ամուսնութեան» մէջ «այր մարդը» Ռիատն է: Համաշխարհային ներկայ համակարգի իրողութեան մէջ Ուաշինկթընին է, որ արտօնուած է բազմաթիւ կիներ ունենալ, իսկ եթէ անոր կիներէն մէկը փորձէ  այլ «այր մարդու» մը հետ ամուսնանա՞լ: Այդպիսի դաւաճանութիւն մը բնականաբար չի կրնար անհետեւանք մնալ: Ռիատ բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, որ սէուտական օրէնքի, իմա իսլամական օրէնքի համաձայն, այդպիսի քայլի մը հետեւանքը որքան ծանր է…:

Սէուտական Արաբիոյ Չինաստանի հետ մերձեցման զգայացունց զարգացումը սխալ ըմբռնումէ մը բխող ահաւոր սխալ մըն է: Այժմ կը մնայ սպասել Միացեալ Նահանգներու արձագանգին:

Սպիտակ տան ղեկավարը մարտին Սէուտական Արաբիոյ հետ լարուած յարաբերութիւններ ունեցող Քաթարին ՕԹԱՆ-ի ոչ անդամ մեծ դաշնակից երկիրի կարգավիճակ շնորհեց, եւ անոր երկիրը շուտով սկսաւ Տոհայի պաշտպանական կարողութիւնները բարձրացնել: Սէուտական վերջին քայլէն ետք կարելի է Միացեալ Նահանգներ-Քաթար յարաբերութիւններուն  ամրապնդում եւ վերջինիս շրջանային դերակատարութեան խթանում ու կարեւորութեան բարձրացում նախատեսել, ինչ որ Տոհայի պիտի արտօնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` նկատի ունենալով Անգարայի հետ Տոհայի իւրայատուկ յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Յիշելով Վահէ Օշականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?