Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր

December 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

– «Մտորումներ Հայերիս Անցեալ-Ներկայի Մասին» (Հեղինակ` Նորայր Ադալեան)
– … Ժամանակակի՞ց Է Արդեօք Ժամանակակից Արուեստը. Հոգեւոր Հայաստանի Կարօտով» (Հեղինակ` Նորայր Ադալեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Մտորումներ Հայերիս Անցեալ-Ներկայի
Մասին» (Հեղինակ` Նորայր Ադալեան)

Երեւանի  «Վան-Արեան» հրատարակչատունէն 2021-ին լոյս տեսաւ Նորայր Ադալեանի «Մտորումներ հայերիս անցեալ-ներկայի մասին» գիրքը:

Ադալեան կ՛ըսէ, որ ծովէ ծով Հայաստանէն մնացած է բուռ մը հայրենիք: Ազգ երեւոյթը հաւաքականութիւն մըն է, որ գիտէ ինչպէ՛ս հայրենիք պահել ու ծաղկեցնել, ի՛նչ երգել աշխարհի ականջին:

Ան կ՛աւելցնէ, որ ազգը իր արեան բաղադրութեամբ, իր յիշողութեան մատեանով մեր գոյութեան վեհաշունչ ծառի արմատն է, զոր միշտ չէ, որ մենք խնամեցինք, ծաղկեցուցինք անոր ճիւղերը, գիտակցեցանք անոր նշանակութեան` պատմութեան քառուղիներուն վրայ, եւ երկար դարեր եղանք պետականութիւն չունեցող ազգ` իր բոլոր տխուր հետեւանքներով:

Ադալեան կը նշէ, որ քառասունչորսօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ո՛վ ենք մենք, ի՛նչ ազգ ենք, ի՛նչ հասարակութիւն` շեշտելով, որ ազգի իրական դէմքն ու բնաւորութիւնը արտացոլացին մեր հայրենասէր զինուորներու քաջասիրտ գործողութիւններուն մէջ: Աւարայրի ճակատամարտէն ետք անգամ մը եւս ապացուցեցինք, որ մենք ուժեղ ազգ ենք ու հայրենիք եւ պիտի ապրինք ու շատնանք:

Արդի հասարակութիւնը եւ անոր տնտեսական, քաղաքական, օրէնսդրական, իրաւական կառոյցները այնքան կատարեալ չեն, որ կանգ առնենք ու ղեկավարուինք միայն բարոյական արժէքներով ու չափանիշներով:

Հեղինակը իր այս գիրքին մէջ նաեւ կը նշէ, որ երեսուն տարի ազերի թուրքերը կը պատրաստուէին այս պատերազմին, կը զինէին իրենց  բանակը ժամանակակից զինատեսակներով, իսկ մեր պաշտօնեաները կը թալանէին հարազատ ժողովուրդը, կը հարստանային եւ ազատ ստրկութիւն կը ստեղծէին, կը մատնանշէ` աւելցնելով, որ այս պատերազմին մեր պարտութիւնը հիմնովին պայմանաւորուած է անցնող տարիներու «աւազակապետութեամբ»:

Հեղինակը դիտել կու տայ, որ մինչ Ազրպէյճան անցնող տարիներուն գերժամանակակից զէնքեր կը գնէր, նոյն ժամանակ մերոնք շքեղ առանձնատուներ, պանդոկներ ու ամարանոցներ կը կառուցէին, խաղատուներ ու գիշերային ակումբներ կը բանեցնէին, անտառներ, հանքեր, սար ու դաշտեր կը գրաւէին, եւ` լաւագոյն պարագային, մեր բանակը իրենց դարը ապրած ժանգոտած զէնք ու զինամթերք ձեռք կը ձգէր:

Ադալեան կ՛եզրակացնէ. ինչպէ՞ս կրնայինք յաղթել ազրպէյճանական-թրքական-վարձկանական բանակին, որուն թիկունքին կային Իսրայէլ, Փաքիստան ու Անգլիա: Բնականաբար պիտի պարտուէինք, մեր հերոս տղաներու արիւնը բաւական չէր յաղթելու համար: Այս պայմաններուն մէջ անոնք ըրին առաւելագոյնն ու անհնարինը` կարելի եղած չափով Արցախ ու արցախցի պահպանելու:

… Ժամանակակի՞ց Է Արդեօք Ժամանակակից Արուեստը.
Հոգեւոր Հայաստանի Կարօտով» (Հեղինակ` Նորայր Ադալեան)

Երեւանի «Վան Արեան» հրատարակչութենէն 2022-ին լոյս տեսաւ Նորայր Ադալեանի «Ժամանակակի՞ց է արդեօք ժամանակակից արուեստը, հոգեւոր Հայաստանի կարօտով» գիրքը:

Հեղինակը կը գրէ, որ տարիներ շարունակ ինք հետեւած է «Ժամանակակի՞ց է արդեօք ժամանակակից արուեստը» խնդրի քննարկումներուն եւ այժմ կը փորձէ հեռակայ կարգով մասնակից դառնալ անոր:

Ան կը նշէ, որ որոշելու համար, թէ ժամանակակի՞ց են արդի փորձարարութիւնները` անհրաժեշտ է նկատի ունենալ անոնց ոչ թէ առերեւոյթ, այլ խորքային, գեղարուեստական յատկանիշները, նկատի առնել մտածումը, գոյութեան խորհուրդը, բառերու ոսկին, նկարին վրայ գո՞յն է, թէ՞ ներկ, ճարտարապետութի՞ւն կը տեսնենք, թէ՞ ընդամէնը փոշոտ ու խառնափնթոր հրապարակ: Ճշմարիտ գրականութիւնն ու արուեստները բարդ գորգահիւսուածքներ են, եւ եթէ անոնց ներթափանցումով չկարդաս, կրնաս մոլորուիլ:

Եթէ արուեստները կը կրեն իրենց ստեղծման թուականներու շունչն ու ոգին, ուրեմն անոնք միշտ ժամանակակից են:

«Ժամանակակից է արդեօք ժամանակակից արուեստը» խնդրի քննարկումներու մէջ պարտադիր է նկատի ունենալ մշակոյթի պատմութեան վերիվայրումներու գլխաւոր արտայայտութիւնները:

«Հոգեւոր Հայաստանի կարօտով» բաժինին մէջ Ադալեան կը շեշտէ, որ այսօր կ՛ապրինք առանց հոգեւոր Հայաստանի. այս նահանջը զգալիօրէն կը վտանգէ մեր գոյապահպանութիւնը:

Մեր թիկունքին բացառիկ հարուստ հոգեւոր մշակոյթ կայ` գիտութիւն, արուեստներ, գրականութիւն, որ պետականազուրկ դարերուն ապահովեց հայ ժողովուրդին գոյութիւնն ու շարունակականութիւնը: Մեր թշնամիները պէտք է հասկնան` հայ ժողովուրդը չի խոնարհիր, ան յաւերժօրէն կանգնած է յաւերժութեան մէջ:

Այսօր մեր լայն հասարակութիւնը կը գտնուի՛ իսկական մշակոյթը արժեւորելու բաւարար մակարդակի վրայ, հարց կու տայ Ադալեան եւ կ՛աւելցնէ. մեր իշխանութիւնները կը գիտակցի՞ն հոգեւոր Հայաստանի դերին ու նշանակութեան ազգապահպանութեան ճանապարհին առնուազն գիւղատնտեսութեան կամ մարմնամարզի մակարդակով:

Հոգեւոր Հայաստանի հանդէպ կարօտը կարօտախտ չէ, այլ առողջութիւն եւ լուսաւոր հոգեվիճակ: Այսօր մենք այդ հոգեվիճակը կ՛ապրինք, կը հաստատէ Ադալեան եւ կ՛եզրափակէ. կը ցանկանք վերադառնալ մեր արմատներուն, առանց որուն հազիւ թէ հայ ազգը կարենայ գոյատեւել:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

«Medway» Բժշկական Զբօսաշրջութեան Ընկերութիւն Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Անդարձ Տարիներ, Սքանչելի Վերյիշումներ (ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղի 50-Ամեակին Առիթով)

October 19, 2026
Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց
Անդրադարձ

Երբ Ծիծաղը Կը Լեցնէ Թատերասրահը… Թատրոնի Յաջողութիւ՞ն, Թէ՞ Հանդիսատեսի Ճաշակի Հարց

October 19, 2026
Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան
Անդրադարձ

Աշակերտներու Փափուկ Հմտութիւնները Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.