Անդրադարձ

Յայտարարութիւններ ( 31 Յուլիս 2023)

Ստացուած Գիրքեր. «Տարագրի Յուշեր 1915-1917» (Հեղինակ Գառնիկ Կ. Պօտուռեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնադրամի  միջոցներով Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ Գառնիկ Կ. Պօտուռեանի «Տարագրի յուշեր 1915-1917» հատորը, բաղկացած` 528 էջերէ: Խմբագիր` Միհրան Ա. Մինասեան: Յուշագրութեան կցուած են ծանօթագրութիւններ: Պօտուռեան ընդարձակ կերպով կը նկարագրէ իր ծննդավայր Պարտիզակը, լայն տեղեկութիւններ փոխանցելով անոր տեղագրութեան, բնակչութեան, արհեստներուն եւ կրթական ու մշակութային կեանքի մասին: Պարտիզակ կը գտնուի Նիկոմիդիա քաղաքին մօտ, Իզմիտի ծոցէն հարաւ,...

Never Again!

Never Again!

Լուսանկարը՛ Դաւիթ Ղահրամեանի Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սիրելի՛ ընթերցող. հետեւեալ տողերը մի՛ ընկալեր իբրեւ զգացական արտայայտութիւն, այլ նկատէ մեր ապրած ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱՒՈՐ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ` ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ դէմ ընդվզում, պոռթկում, որ անկասկած համակած է ազգս ամբողջ: Կասկած չունիմ, որ կայ հայ մը, որ չի գիտակցիր, չ՛ըմբռներ նորագոյն աղէտին պատմական տարողութիւնը, չի բաժնեկցիր այն մտավախութեան, որ կրաւորականութեան եւ ձեռնածալութեան ճամբով կրնանք խուսափիլ նոր աղէտներէ: «Զանգե՛ր,...

Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն

Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արցախահայութեան եւ Արցախ աշխարհի կողքին կանգնիլը միայն կարգախօս մը չէ, որ բարձրացուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ: Անիկա կեանքի ու պայքարի ուղի մըն է, որ լիբանանահայութիւնը գործնապէս ապրեցաւ ամբողջ 35 տարի շարունակ: Այն օրէն, երբ 1988 փետրուարին ազդանշանը տրուեցաւ Արցախեան շարժումին: Այն օրէն, երբ այդ շարժումը մարելու համար Սումկայիթի, Գանձակի, Պաքուի եւ քաղաքներու մէջ Ազրպէյճանի կազմակերպած ահաւոր...

Տեսակէտ.  Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի  Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը.  Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը

Տեսակէտ. Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը. Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Ազերիները չմարսեցին մէկ ամիս առաջ դաշնակցական երիտասարդներու անակնալ ցոյցը, որուն պատասխանն էր 28 սեպտեմբերի ցոյցին լիբանանահայութեան «դաս տալու» բիրտ ոճը: Մէկը միւսին շարունակութիւնն էր, եւ առաջինին «ապտակ»-ը փորձեցին պատասխանել կարծր ու այսպէս կոչուած անսպասելի «ապտակ»-ով: Բոլոր ցոյցերուն ալ բախումներ կ՛ըլլան եւ պէտք է ըլլան, վերջապէս ցոյցը ընդվզումի արտայայտութեան եղանակ է, որ հիմնականին մէջ կ՛արդիւնաւորուի եւ լսելի կը դառնայ...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Արցախը Կորսուած Է Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Կողմէ Լքուելէ Ետք

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Նախորդ շաբաթ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ապրեցաւ իր կեանքի մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը, երբ Ազրպէյճանը գրաւեց Արցախը: 120 հազար արցախահայեր` տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ, իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ենթարկուեցան յարձակումի նաւթով հարուստ Ազրպէյճանի կողմէ` Իսրայէլէն, Ռուսիայէն, Փաքիստանէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն ներմուծուած ժամանակակից զէնքերով: Հիմնական չարագործները Ազրպէյճանը եւ անոր գործընկերը Թուրքիան են: Անոնք մեղաւոր են Արցախի ժողովուրդին դէմ...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Չմտածել Եւ Չգործել Առանձին, Ըլլալ Միասին, Նուաճել Ազատութիւն Եւ Իրաւունք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Ան, որ չի շարժիր, չի զգար իր շղթաները» ՌՈԶԱ ԼԻՒՔՍԱՄՊՈՒՐԿ,  գերմանացի համայնավար յեղափոխական, 1871-1919   Մեր ժողովուրդի պարտութիւնները, ձախողանքները եւ գլխուն կախուած  սպառնալիքները, տեսանելի եւ անտեսանելի, հայ անհատը եւ հաւաքականութիւնները պէտք էր մղէին մտածելու, դատելու, արժեւորումներ ընելու` փոխանակ աւաղելու, խրելու յոռետեսութեան եւ ճակատագրապաշտութեան մէջ, ինքնարդարացման փաստարկներ փնտռելով եւ պառակտուելով: Պարտութիւն ու ձախողանք եւ միշտ առկայ փորձութիւններ բաւարար չեն...

Հայաստան-Սփիւռք Երիտասարդական Յարաբերութիւններ

Խելագարելու Ժամանակը Չէ Փիւնիկ Պիտի Ստեղծուի՞

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Մեր աչքերուն առջեւ անգամ մը եւս ազգ մը ամբողջ կը հայրենազրկուի: Հայրենի Արցախը ցեղային մաքրագործման վերջին փուլը կը մտնէ: Հայաստանի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը վերջին երեսնամեակի ամէնէն տկար ու խոցուած մակարդակին հասած են: Զանգեզուրը յաջորդ ու շատ մօտալուտ թիրախն է: Հայութիւնը համախմբուելու, ներքին ու արտաքին վտանգները չէզոքացնելու, ազգն ու հայրենիքը գերադասելու փոխարէն` զիրար կ՛այպանէ ու եղբայրասպան ընդհարումներու եզրին է:...

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Երուանդ Արաբեան (Արապեան)

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Երուանդ Արաբեան (Արապեան)

Համադրեց` Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ, Ծնած է 1874-ին, Կոստանդնուպոլիս: Զաւակն է իրաւաբան Անդրանիկ Արապեանին. 1897-ին աւարտած է ծննդավայրին Հարպիէ թաղամասի զինուորական բժշկական վարժարանը: 1897-1907 հարիւրապետի աստիճանով ղրկուած է Պաղտատ, ապա Պասրա, եւ տասը տարի իբրեւ զինուորական բժիշկ ծառայած է օսմանեան զանազան զօրամիաւորումներուն մէջ: 1903-ին, 14 ամիս շարունակ պայքարած է Մուսուլէն մինչեւ Տիգրանակերտի շրջաններուն մէջ տարածուած քոլերային դէմ: 1906-ին Մուսուլի մէջ ծառայած...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ի՞նչ Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն Քաջերը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայուն նորագոյն պատմութեան մէջ ողբերգական նոր էջեր կ՛արձանագրուին այս օրերուն: Ողբերգութիւններ, որոնք մարդկային են եւ քաղաքական-դիւանագիտական: Հանրագումարը կը կոչուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ: Եդեսիոյ, Անիի, Ատանայի հերոսամարտեր կերտած եւ ինկած քաղաքներու ողբերը կը կրկնուին հիմա, իսկ լսող-տեսնողները... - Արցախի հայաթափումը սկսած է: Բազմահազար արցախցիներ, քաջ գիտնալով, որ կարելի չէ ազերիին նորաձեւ եաթաղանին տակ ապրիլ, կը նախընտրեն հեռանալ իրենց դարաւոր...

Սթափելու Ժամանակը

Մեղաւոր Է… Դաշնակցութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող դէպքերը եկան հաստատելու, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ հայկական պահանջներու առաստաղը իջեցնելու յանձնառութիւնը կը նշանակէր հրաժարում արցախեան պահանջատիրութենէն: Ամբողջական ու արմատական հրաժարում, Արցախի ազրպէյճանական հող համարում եւ հայաթափում: Այս քաղաքականութեան ջատագով էին թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներն ու անոր սայլին կցուած Եւրոպան: ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի քննարկումը, արտասանուած խօսքերը, ոմանց...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

Բոլորս Արցախ Ենք

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ 1.- Թէեւ ուշացած, այնուամենայնիւ օրերս Արամ Ա. կաթողիկոսն ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԿՈՉ-ով հանդէս եկաւ… 2.- Եթէ ոչ նոյն ոճով, բայց միեւնոյն բնաբաններով ու յորդորներով վերջին ժամանակաշրջաններում նման ԿՈՉ-երով հանդէս է եկել նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը… 3.- Արդարեւ, Հայոց առաքելական եկեղեցին իր ողջ միաբանութեամբ արել ու անում է կարելին` վերակենդանացնելու հայոց «ՓՈՔՐ ԱԾՈՒ»-ի թմրած ոգիները` ի Հայաստան եւ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԵ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմական Միջոցներ` Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն Եւ Հայկական Նկարագիր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Գործնական առաջարկ թիւ 11. Առաւելագոյնս անդամակցիլ համացանցային արեւմտահայերէն լրատուներու, խաղերու օրաթերթերու եւ այլն: Օրակա՛ն հայերէն գրութիւններ կարդալ, տեսնել եւ հայերէն լսել` երգ, զրոյց եւ այլն: Միշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ մեր առաջին թիրախ խումբը հայկական միջավայրէն գաղթած եւ հայկական վարժարան յաճախածները, կամ հայերէն գիտցողները եւ անոնց զաւակներն են, որոնց վրայ է, որ նախ պէտք է կեդրոնացնել մեր...

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ը. –

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ը. –

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Սիամանթոյի «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» քերթողագրքին մէջ սարսռազդեցիկ է «Խեղդամահ» վերնագրով բանաստեղծութիւնն ալ: Ջարդի օրերուն գետնափոր նկուղի մը մէջ ապաստանած են քառասուն հայեր` «արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս»: Հարկ էր ձայն կամ շշուկ չհանել, որովհետեւ մարդասպան ամբոխը դուրսն էր ու կ՛աշխատէր գտնել հայերուն թաքստոցը... Դուրսէն կը լսուէին հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու ձայներ: Դիակներ կ՛իյնային նկուղին երդիքին վրայ իսկ,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ

Տժգոյն էր Հայաստնի վերանկախացման 32-ամեակը: Տժգոյն, գերտժգոյն ե՛ւ դալկահար, գերդալկահար: Աւելի՛ տժգոյն եւ սնամէջ էր Հայաստանի վարչապետին խօսքը, որ տեւեց հազիւ կէս ժամ (սովորութիւն ունի ժամեր շարունակ խօսելու եւ դատարկաբանութիւններ դուրս տալու): Նոյնինքն «ազգընտիր» Փաշինեանն ալ տժգոյն էր, նո՛յնքան տժգոյն, որքան որ էր` իր կարծիքով` գրեթէ երեք տարի առաջ, 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք կորուսեալ «Տժգոյն Շուշի»-ն: Տժգոյն ու դալկահար ենք...

Ամէն Տարի Այս Օրերուն…

Կամայական Պատմաշինութիւն Եւ Միջազգային Վատութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսայի Պէզիէ քաղաքի քաղաքապետ եւ քաղաքական գործիչ Ռոպէր Մենար, որ բառերը ծամելու սովորութիւն չունի, հեռատեսիլէն յայտարարեց, որ «ԵՐԵՒԱՆՆ ԱԼ ԼՔԵՑ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ»: Հայը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ), անզօրութեամբ կը տեսնէ եւ կը հաստատէ, որ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհի մէջ ԱՆՊԱՏԻԺ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ կը գրուի բիրտ ուժով եւ նիւթական միջոցներու միջազգայնացած չարաշահումով: Ա՛յս` ներածական, հասկնալու համար մեր...

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով.  «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Մուսա Լերան Յուշարձանը (ԻԲ.). «Լռե՞լ, Թէ՞ Չլռել…»

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Երեւան, 1976, Ձմեռ Հօրս` Որսորդ Սըդդանի տարեկից ընկերներէն Սիրակ Մաթոսեանը Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի միջանցքը գտաւ զիս ու տեղեկացուց, որ իր դրացին` «Պոլջեւիկ Յակոբ»-ը (Յակոբ Տէր Պետրոսեանը), յաջորդ օր իրիկուն զիս կը հրաւիրէ ընթրիքի: Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ ես կը հրաւիրուէի Տէր Պետրոսեաններուն մօտ, սակայն Սիրակի լեզուին տակ բան մը կար: Երբ հարց տուի. - Ի՞նչ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Դ.

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՈՂԼԵԱՆ 12.- Լեհաստան, Հունգարիա, Ռումանիա.- Ա)  Շատ հին գաղութ եղած է Լեհաստանը, ուր հայերը այլեւս կորսնցուցած են իրենց լեզուն, նոյնիսկ` հայկական ինքնութիւնը: Շատեր ծագումով հայ ըլլալնին կը յիշեն: Կ՛ենթադրուի, թէ այսպիսիներուն վրայ գումարած Հայաստանէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն  հոն հաստատուած հայերու թիւը  կարելի է համարել շուրջ 40.000: Կարգ մը քաղաքներու մէջ մէկտեղուած հայ հաւաքականութիւններ խաչքարեր կը կանգնեցնեն` ի յիշատակ...

Երազ Մը Չէ

Երազ Մը Չէ

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երազ մը չէ, բայց երազէն աւելի երկար կը թուի ըլլալ: Ժամանակին ալ երազ կը տեսնէի, բայց բոլորը չէի յիշեր: Կամ ալ կը մոռնայի, թէ ո՛ր մէկը կը յիշէի: Տարբերութիւնը հիմակուան հետ այն է, որ հիմա յաճախ (բարեբախտաբա՞ր) չեմ կրնար զանազանել երազը իրականութենէն: ... Յաւերժութիւն: Կեանք մը, ուր մարմիններ չեն մեռնիր: Ուր պարտաւոր չես անաւարտ ձգելու մէկ բան` միւսին...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Մեր ընթերցողները կը գրեն . Փաշինեա՛ն, Անցնցում Հեռացի՛ր Հայաստանի Քաղաքական Դաշտէն

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Ափսո՛ս քեզ, մեր անգին հին ու նոր Արցախ, որ կուլ կ՛երթաս Հայաստանի վարչապետի եւ մեծապետական դիւային ախորժակներուն։ 1991 թուականի Ազրպէյճանի սահմաններու ճանաչումի մասին վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ «հայկական կողմը ճանաչել է Ղարաբաղը որպէս ազրպէյճանական տարածքի անբաժանելի մաս»։ Պրն. վարչապե՛տ, յագուրդ տուի՞ր Ալիեւի արեան ծարաւին, յագուրդ տուի՞ր դիւատիպ ու ժանտահամ մեծապետական ախորժակներու։ Ուշքի եկո՛ւր՝ իբրեւ առաջնորդ եւ մութ ձեռքերու...

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին

Վաղամեռիկ Աւօ Զարմէնեանի Յիշատակին

Տ. Ճ. Մասնայատուկ նկարագիր ունեցող անհատականութիւն մըն էր Աւօ Զարմէնեանը: Իր անժամանակ մահն ալ` յանկարծական եւ արկածային, իր ապրելակերպին ողբերգական հանգուցալուծումը հանդիսացան: Պատանեկան միութենէն երիտասարդական միութիւն, ապա ՀՅԴ¬ի շարքեր, Աւօ Զարմէնեան եղաւ ու մնաց գործունեայ ու զոհաբերող դաշնակցականը: Վարչական պաշտօնները զինք չէին հետաքրքրեր. իր վարքագիծը անշահախնդիր ծառայութեամբ կը գործնականանար, գործով կ՛արտայայտուէր: Դաշնակցական էր Աւօ Զարմէնեանը` գաղափարապէս ու գործելակերպով: Հայութեան, Հայաստանին...

Page 182 of 807 1 … 181 182 183 … 807

Արխիւներ