Աշխարհը Անտարբեր Կը Հետեւի, Թէ Ինչպէ՛ս Տեղի Կ՛ունենայ Հայոց Այլ Ցեղասպանութիւն Եւ Հայերու Բռնի Տեղահանութիւն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն 2 տարի ետք աշխարհը անտարբեր կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ հայոց այլ ցեղասպանութիւն եւ հայերու բռնի տեղահանութիւն: Այս մասին նշուած է «Ճենոսայտ Ուոչ»-ի (Genocide Watch) հրապարակած յօդուածին մէջ: Ըստ յօդուածին, Genocide Watch-ը, Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը, «Փրկել Ղարաբաղը» համախոհական խմբակցութիւնը, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամպոն, ինչպէս...



















