Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեղաւոր Է… Դաշնակցութիւնը

Սեպտեմբեր 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող դէպքերը եկան հաստատելու, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ հայկական պահանջներու առաստաղը իջեցնելու յանձնառութիւնը կը նշանակէր հրաժարում արցախեան պահանջատիրութենէն: Ամբողջական ու արմատական հրաժարում, Արցախի ազրպէյճանական հող համարում եւ հայաթափում: Այս քաղաքականութեան ջատագով էին թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներն ու անոր սայլին կցուած Եւրոպան: ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի քննարկումը, արտասանուած խօսքերը, ոմանց խիստ նկատողութիւնները, ազրպէյճանական բիրտ յարձակումին դատապարտումները չյանգեցան որեւէ որոշման: Նման վերաբերումը կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի ձեռքերը ազատ ձգուած են իրագործելու այն, ինչ որ համաձայնեցուած է բոլորին կողմէ: Համաձայնեցուածը անարդար է, նոյնիսկ ցեղասպանական նկարագիր ունի. ոչինչ, Ռուսիա եւ Արեւմուտք դէմ են, բայց կասեցնելու համար ոչինչ կը ձեռնարկեն: Խորքին մէջ կողմ են, բայց չեն կրնար յայտարարել ատիկա: Պատահար մըն է իրենց համար եղածը, քաղաքական անբարոյութեան զօրակցութեամբ քողարկուած իրադարձութիւն մը:

Քաղաքական ու մարդկայնական անբարոյութեան ուրիշ օրինակ մըն ալ կու գայ Հայաստանէն: 24 ժամերու ընթացքին 200 զոհ ու 400 վիրաւոր ունեցող, ամէն պաշտպանութենէ զրկուած, հզօր Ազրպէյճանի դէմ առանձին մնացած փոքրիկ Արցախը մեղադրել ծանր պայմաններով զինադուլ ընդունելու համար, ինքնապաշտպանական դասեր տալ անոր, ոչ միայն իրողական պատշաճութեան անտեսման, այլ շնական անբարոյութեան նմուշ է: Ճիշդ է` արցախցիները 9 ամիսներու պաշարումէ եւ զրկանքներէ ետք ալ դիմադրելու ու չզիջելու տրամադրութեամբ տոգորուած էին, սակայն ամբողջական բնաջնջումի վտանգին դիմաց, կեանքեր փրկելու հրամայականը պարտադիր դարձաւ:

Նորաբոյս մեկնաբաններու բանակ մը, համակարգուած եղանակով, աղէտը կը վերագրէ շաբաթ մը առաջ կատարուած իշխանափոխութեան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահը հրաժարեցաւ եւ նոր նախագահ ընտրուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ նշանակուած պետական նախարարը, որ նախապէս Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին քարտուղարն էր: Նոր ընտրուողը նախկինին համախոհ մըն է: Աւելի՛ն. Ազգային ժողովի նախագահին հրաժարումէն ետք Արայիկ Յարութիւնեանի առաջարկով խորհրդարանի նախագահ ընտրուած էր դաշնակցական Դաւիթ Իշխանեանը: Տրամաբանակա՞ն է ըսել, որ Արցախի իշխանութիւնը զաւթուած է Դաշնակցութեան կողմէ ու անոր վրայ բարդել պարտութեան պատասխանատուութիւնը: Վայ մեկնաբանները մոռցած են, որ Նիկոլ Փաշինեան Արցախը հռչակած էր Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս: Ազրպէյճան պարզապէս գործադրութեան կը դնէր, իրեն բնորոշ միջոցներով, Փաշինեանի խաղաղասիրական իմաստուն որոշումը:

Արցախեան ողբերգութեան առաջին պատասխանատուն անշուշտ յարձակողապաշտ Ազրպէյճանն է: Պատասխանատու է նաեւ յարձակումը լռելեայն կամ գաղտնի որոշումով թոյլատրած «միջազգային համայնքը», որ կը նշանակէ Ռուսիա, Եւրոպական Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ: Պատասխանատուութեան ծանր բաժին մըն ալ վերապահուած է Նիկոլ Փաշինեանին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք «խաղաղութեան դարաշրջան» բացող իրենց պարտուողական քաղաքականութեամբ թէ՛ հայթայթեցին ներխուժումին պատրուակը եւ թէ՛ դիւրացուցին անոր գործադրութիւնը: Այս ալ քաղաքական ու տեղատուական ուրիշ անբարոյութիւն մը:

Կատարուածին ու տակաւին կատարուողին դէմ ընդվզումը առաջնորդեց, բնականաբար, ցոյցերու, հաւաքներու ու քաղաքացիական անհնազանդութեան արարքներու: Հայրենիք կորսնցուցած ենք. կրնա՞նք չբողոքել ու պատասխանատուներէն հաշիւ չպահանջել: Անգամ մը եւս, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատասխանատու անդամներ ու այլազան վայ մեկնաբաններ ժողովրդային ընդվզումը կը համարեն Հայաստանի անկախութեան (իրենք կ՛ըսեն` ինքնիշխանութեան) դէմ ուղղուած արարքներ եւ խօսքերը մէկ ըրած` կը պնդեն, որ բողոքի շարժումը թելադրուած ու ղեկավարուած է… դուրսէն, այսինքն` իրենց կողմէ թշնամի յայտարարուած Ռուսիայէն:

Ինչպէս միշտ, կատարուածին համար իրենք պատասխանատու չեն. պատասխանատու են Ռուսիան եւ անոր թելադրանքով բողոքող ժողովուրդը:

Հայաստան ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի: Զօրավիգ դառնանք Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանող իրաւ հայրենասէրներուն, բողոքող ու ոստիականական բիրտ ճնշումի ենթակայ ցուցարարներուն:

 

 

Նախորդը

Բոլորս Արցախ Ենք

Յաջորդը

Ի՞նչ Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն Քաջերը…

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?