ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Գործնական առաջարկ թիւ 11. Առաւելագոյնս անդամակցիլ համացանցային արեւմտահայերէն լրատուներու, խաղերու օրաթերթերու եւ այլն: Օրակա՛ն հայերէն գրութիւններ կարդալ, տեսնել եւ հայերէն լսել` երգ, զրոյց եւ այլն:
Միշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ մեր առաջին թիրախ խումբը հայկական միջավայրէն գաղթած եւ հայկական վարժարան յաճախածները, կամ հայերէն գիտցողները եւ անոնց զաւակներն են, որոնց վրայ է, որ նախ պէտք է կեդրոնացնել մեր աշխատանքները` զանոնք հայկականութեան հետ հաղորդակից պահելով: Հայերէնի առօրեայ, երբեմն հաճելի, շարունակական գործածութիւնը օտար միջավայրի մը մէջ, ուր հայերուն թիւը քիչ է, կամ հայեր չկան, կը կայանայ բջիջային եւ ելեկտրոնային այլեւայլ տեսակի հաղորդակցութեանց մէջ: Ցարդ նշեցինք հետեւեալ ելեկտրոնային միջոցները.

1- Ամէն առաւօտ բջիջային հեռաձայնով ստանալ եկեղեցւոյ կողմէ ուղարկուած, կարճ` մէկ բջիջային հեռաձայնի պաստառը լեցնող աղօթք-Ս. Գրային համար-հայկական առածը (տես` Ը. մաս (1) ):
2- Բաժանորդագրուիլ եւ ամէն օր ստանալ հայերէն մամուլէն լրատու ել-նամակներ (newsletter): Միւս կողմէ` հայկական մամուլը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ` հասնելու առաւելագոյն թիւով ընթերցողներու:
3- Բաժանորդագրուիլ հայ եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու լրատու ել-նամակներուն: Միւս կողմէ` հայկական միութիւնները պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնեն հասնելու առաւելագոյն թիւով ընթերցողներու, մանաւա՛նդ` իրենց ներկայի ու նախկին անդամներուն:
4- Ամէն առաւօտ «Բառիկ» խաղին 5 տառով պահուած նոր բառը լուծել (2):
5- Համացանցային զանազան արեւմտահայերէն զբաղում-խաղեր խաղալ, օրինակ` «Համազգային»-ի «Մտամարզ» (3) ձրի բջիջային հեռաձայնի հայկական նիւթերու եւ ընդհանուր զարգացման զանազան մակարդակներու հարցում-պատասխան խաղը:
Միւս կողմէ` համակարգչային ձրի խաղեր կամ լրատուներ պատրաստողները պէտք է միշտ նկատի ունենան, որ ամէն հայ Դիմատետրին չէ՛ անդամակցած, տուեալ իրողութիւն չէ՛ Դիմատետրին անդամակցիլը… Ես եւ ծանօթներէս շատեր գիտակցաբար Դիմատետրին չե՛նք անդամակցած: Դիւրացնել, պարզեցնել այս խաղերուն եւ լրատուներուն անդամակցութեան պայմանները, եթէ ձրի են:
6- Իր կարգին, իւրաքանչիւր անհատ, որ կը ստանայ վերոնշեալ լրատուները եւ կը խաղայ արեւմտահայերէն դաստիարակչական խաղերը, կը ղրկէ իր ծանօթներուն, որպէսզի անոնք ալ անդամագրուին եւ ցանցը ընդլայնուի, տարածուի ու մեծնայ:

Համացանցէն անկախ, անշուշտ կան արեւմտահայերէն սորվելու գիրքեր եւ սեղանի դաստիարակչական խաղեր (տես` նկար 5 եւ 6), որոնք ընտանիքին մէջ վառ կը պահեն հայերէնի գործածութիւնը:
Մանկավարժական, գիտականօրէն փաստուած իրականութիւն է, որ մանուկ մը կարողութիւնը ունի, մայրենիին կողքին, մէկէ աւելի լեզուներ սորվելու կանուխ տարիքին: Իմ սերունդիս տան մէջ գործածուող լեզուն հայերէնն էր, իսկ դպրոցին մէջ, հայերէնին կողքին աստիճանաբար դասարան բարձրանալով, միաժամանակ արաբերէն, անգլերէն եւ աւելի ուշ ֆրանսերէն ալ սորվեցանք: Չորս լեզու: Վստահօրէն մենք հանճարներ չէինք, ու շատերս համալսարաններ յաճախեցինք եւ կեանքի ասպարէզ մտանք` առանց դժուարութեան կամ բարդոյթի, թէ՛ մայրենի լեզուով եւ թէ՛ ալ օտար լեզուներով զինուած: Ա՛յս է բնականը: Ա՛յս է սփիւռքահայը:
Դժբախտաբար կարգ մը ծնողներ իրենք զիրենք «մասնագէտ մանկավարժներ» կարծելով, սակայն` իրականութեան մէջ քաղքենի մոլուցքէ մղուած, զաւակներուն «բեռը թեթեւցնելու» պատրուակով, իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկեն, ուր հայերէն չ՛ուսուցանուիր: Հեգնօրէն, Լիբանանի մէջ այդ օտար վարժարաններէն մէկուն, որուն աշակերտութեան գրեթէ կէսէն աւելին հայեր են, տնօրէնութիւնը մանկավարժական սկզբունքներէ մեկնելով, յաջորդ տարուան համար կը յայտարարէ հայերէնի ուսուցումին մասին: Սակայն հայ ծնողներուն բողոքին տեղի տալով` կը ջնջէ այդ ծրագիրը…
Կամաւոր օտարացում եւ սերունդներու փճացում: Ծնող մը իրաւունք չունի իր անչափահաս զաւակը շատ բնական ու գիտականօրէն փաստուած` մայրենիով աճելու զարգացումէն զրկելով, իր զաւակը օտար ու խորթ միջավայրի մը մէջ նետելու, տեսակաւոր բարդոյթներով վարակելու, երբ ամէն տեսակի հայկական վարժարաններ գոյութիւն ունին: Ոճիրի համազօր է այս:

8. Նոյնպէս` անգլերէնէ-հայերէնը: «Նայիրի» կայքէջը (5) բանալով` կ՛ընտրէք 132 հայերէնի եւ 12 օտար լեզուներու բառարաններէն մէկը:
9. «Նայիրի» բառարանի ուղղագրութեան ուղեցոյց-գրքոյկը (6), որ անպայման պէտք է ներբեռնել եւ կարդալ` լաւագոյնս օգտուելու համար «Նայիրի»-էն:
Մայքրոսոֆթ համակարգչային ամենատարածուած ընկերութիւնը դեկտեմբեր 2017-ին հայերէնի գործածութեան 44 էջ ուղեցոյց մը պատրաստած է` «Armenian Style Guide» (4), յատկապէս` համակարգչային ծրագիրներ պատրաստողներու համար, որ սակայն ուղղուած է միայն «Հայաստանեան» հայերէն գործածողին, իր բոլոր յապաւումներով եւ կորճաբանութեամբ` այս նախաբանով. «Այս ուղեցոյցին առաջնահերթ նպատակն է օգնել ձեզի` հասկնալու եւ սորվելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է անդրադառնալ հայերէնի բոլոր անհրաժեշտ լեզուական եւ ոճային նրբերանգներուն, ձեր արտադրանքին ու ծառայութիւններուն ծրագրումի ընթացքին: Ոճի այս ուղեցոյցը կը ներառէ «Ձայնէ գրութիւն եւ գրութենէ ձայն» Microsoftvoice-ը, հայերէն թարգմանելու ուղեցոյցներ եւ առաջարկներ, ներառեալ` բառերը, քերականական կառուցուածքները, լսարանին կարիքները եւ գրութեան նպատակը, որոնք պէտք է հաշուի առնել: Այս նիւթերէն իւրաքանչիւրը ամբողջացած է օրինակներով»:
Ուրեմն Մայքրոսոֆթ ընկերութիւնը ենթահողը պատրաստած է հայոց լեզուն ալ, անգլերէնի նման, համակարգչային բոլոր հնարաւորութիւններէն օգտուելու: Կը մնայ մասնագէտներուն կողմէ գործնականացնելու եւ, անգլերէնի նման, դիւրացնելու հայերէն երկու ճիւղերուն` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն համակարգիչով եւ հեռաձայնով գործածութիւնը:
Հայկական ինքնութիւնը կամ նկարագիրը բնորոշելու գիտական միջոց կա՞յ:
Ուզենք կամ չուզենք, եթէ հայ ծնողքի զաւակ ենք, հսկայական հայկական աւանդ մը կը ժառանգենք, շօշափելի եւ անշօշափելի` ամփոփուած մեր ծիներուն եւ ուղեղին մէջ, որուն դրսեւորման բանալին, ժամանակը, միջոցը եւ պատեհութիւնը անպայման տեղ մը, կամ` մնայուն կերպով, իբրեւ հայկական նկարագիր կը յայտնուի, կը դրսեւորուի:

Յօդուածաշարքիս Ե. մասէն կը մէջբերեմ (7). «Ցեղասպանութիւնը թէ՛ հայրենազուրկ դարձուց մեզ եւ թէ՛ ալ քանդեց տոհմերը, ընտանիքները, երբեմն` բոլորովին ոչնչացնելով գերդաստաններ, որոնք սերունդէ սերունդ օղակուած` տոհմային ու հայապահպանման աւանդական ամրոցներ էին, զորս կորսնցուցինք: Ուրեմն նահապետական տոհմային ապրելակերպը նա՛եւ հայապահպանման ազդակներէն էր, որ չքացաւ:
«Սփիւռքի պայմաններուն մէջ այսպիսի տոհմային ապրելակերպ պահելը դժուար է, թերեւս ալ` անկարելի: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր տոհմ-ընտանիք ինքնի՛ն հայկական փոքր համայնք մըն էր, որ բնականաբար ձուլումի ենթակայ չէր, վտանգուած չէր, ՏԵԴԱ-ին Տ-ն` տունը իր նուիրապետական կարգով, շատ զօրաւոր ու ապահով գործօն էր: Ընդհանրապէս, ընտանիքներու մէջ, ուր աւագ մեծ հայր ու մեծ մայր ողջ մնացած էին, տոհմիկ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանուեցան», նաեւ` իրե՛նց յատուկ ուրոյն մանրամշակոյթը:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային առողջապահութեան հիմնարկը (NIH) փետրուար 2001-ին «Մշակութային ժառանգութեան կարեւորութիւնը» խորագիրով (The importance of cultural inheritance) ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է (8), որ այսպէս ամփոփած է. «Մշակութային ժառանգութիւնը կը վերաբերի տեղեկութեանց ամբարումին, կուտակումին եւ փոխանցումին` հաղորդակցութեան, ընդօրինակութեան, ուսուցման եւ սորվելու միջոցով: Անիկա աւելի կը փոխանցուի ուղեղին միջոցով եւ ոչ այդքան` ծիներու միջոցով: Սակայն ան ունի՛ ծինային հիմք, (այն ժառանգուած*) ծիները, որոնք կ՛որոշեն ուղեղին կառուցուածքը:
«Մշակութային ժառանգութիւնը ժառանգականութեան բարեշրջումին վերջին փուլը կը համարուի: Կ՛ենթադրուի, որ ան կը յառաջանայ մակածնական (epigenetic= թէ ինչպէ՛ս անձի մը վարքագիծը եւ միջավայրը կրնան փոփոխութիւններ յառաջացնել, որոնք կ՛ազդեն ծիներուն աշխատանքին վրայ, եւ ոչ թէ ծիները փոփոխութեան կ՛ենթարկեն*) մեքենայականութիւններով` ծինային ժառանգութիւնէն: Այս յօդուածը կ՛առաջարկէ, որ մշակութային ժառանգութեան ենթահողին մէջ կը կը գտնուի անձի մը բնական վարքագիծը եւ հակառակ պարագային` հոգեկան խանգարումները»:

Պիտի չխորանանք մասնագիտական բաժինով, այլ պարզապէս նշենք եւ կրկնենք, որ իւրաքանչիւր անհատ, ուզէ կամ չուզէ, մշակութային յատուկ ժառանգութեան մը կրողն է, եւ այդ է իր կեանքին բնական միջավայրը: Ապազգային աշխարհաքաղաքացի ըսուածը գոյութիւն չունի, որ առանց մշակութային ժառանգութեան` սուտ կերպար մըն է, որ ծինային եւ ժառանգական հիմք ու պատկանելիութիւն չունի: Կատարեալ բաբելոնեան քաոսային վիճակ մըն է այդ, որ Ճորճ Սորոսի նման` մարդկութեան, ազգայինին եւ տոհմիկ ընտանիքին թշնամիները նիւթական կաշառքով յառաջ կը մղեն: Նմանապէս, նոյն քանդիչ դերակատարութիւնը ունին աղանդներն ու միջազգային յայտնի ու գաղտնի կազմակերպութիւնները: Ասոնք են հայութեան եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան թշնամիները` ԱՊԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ եւ աշխարհաքաղաքացիութիւն քարոզողները:
Մինչ, հայ ազգին փորձանք` ստախօս Փաշինեանը անարժանաբար վարչապետ դառնալէն ետք անուղղակի ձեւերով կը հերքէ, որ իր խմբագրած թերթը, կամ ինքը Սորոսէն գումարներ ստացած են, ինչպէս շատ մը լրատուամիջոցներ կը պնդեն, սակայն իրեն նման` ապազգային իր հետեւորդներուն մեծ մասը` կառավարութեան, Ազգային ժողովին եւ վարչախումբին անդամները, որոնք հայոց պատմութիւնը կեղծեցին եւ թրքահաճոյ դարձուցին կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը եւ Լիլիթ Մկրտչեանը, որ թրքական դրամաշնորհով, թուրք մասնագէտներու հետ հայոց պատմութեան դասագիրքեր պատրաստած է, չեն հերքեր, որ նիւթական յատկացում ստացած են եւ կը ստանան Սորոսի կազմակերպութիւններէն: Անոնք տոլարներու կաշառքով, Հայութիւնը, Արցախն ու Հայաստանը թշնամիին ծախեցին: Այս մասին անպայման դիտել «Պետութեան գաւթումը» տեսանիւթը (9):
30 յուլիս 2023
Շար. 15/16
- https://www.aztagdaily.com/archives/563799
- https://www.parig.xyz
- https://hamazkayin.com/news/մտամարզ/
- https://www.google.com/search?client=firefox-b-d&q=Armenian+Style+Guide
- http://www.nayiri.com/
- http://www.hyspell.com/Docs/UserGuide.pdf
- https://www.aztagdaily.com/archives/549082
- https://pubmed.ncbi.nlm.nih.gov/11425279/
- https://www.youtube.com/watch?v=R1KqWkKMFLg