ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Սիամանթոյի «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» քերթողագրքին մէջ սարսռազդեցիկ է «Խեղդամահ» վերնագրով բանաստեղծութիւնն ալ: Ջարդի օրերուն գետնափոր նկուղի մը մէջ ապաստանած են քառասուն հայեր` «արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս»: Հարկ էր ձայն կամ շշուկ չհանել, որովհետեւ մարդասպան ամբոխը դուրսն էր ու կ՛աշխատէր գտնել հայերուն թաքստոցը… Դուրսէն կը լսուէին հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու ձայներ: Դիակներ կ՛իյնային նկուղին երդիքին վրայ իսկ, եւ անոնց հոգեվարքի հռնդիւնները «պատերէն ներս, նկուղին մէջ կու գային մեզ ցնորել»: Դեռ աւելի՛ն.
Վերը հոսող տաք արիւնը յորդառատ` ծակտիքներէն վար սուզուելով
Սկսաւ ալ կաթիլ-կաթիլ մեր դէմքերուն վրան ծորիլ…
Ճիշդ այդ ճակատագրական պահուն ապաստանեալներէն մէկուն նորածին ծծկեր երեխան սուր ճիչ մը կ՛արձակէ ու կը սկսի լալ… Ասիկա կրնար պատճառ դառնալ, որ թաքստոցը բացայայտուէր թշնամիին կողմէ, ու բոլոր քառասուն ապաստանեալներն ալ սպաննուէին… Երեխային մայրը կը գոչէ.
– Աստուած մեզի թող գթայ, ստինքներս պարապ են: Ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, մինչեւ արիւնս ծծել տուի, ա՛լ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՛ուզէք վճռեցէ՛ք…
Բոլորն ալ միաձայնութեամբ կ՛առաջարկեն խեղդել մանուկը… Իսկ մայրը կը պահանջէ ու կը պաղատի որ նախ զի՛նք խեղդեն, յետոյ միայն` իր զաւակը…:
Խաւարին մէջ երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով` ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…:
… Զգացինք որ արիւնախում խուժանը յուսահատած կը հեռանար…
Քառասուն անձերը փրկուա՜ծ էին… Բայց, ո՞վ էր արդեօք այն դաժանաբարոյ ու քարսիրտ մարդը, որ յանձն առեր էր իր բազուկներով խեղդել նորածին երեխան… Ո՞վ:
Մա՛յրն էր ատիկա: Երեխային հարազատ մայրը: Ա՛ն էր, որ իր ձեռքերով ստիպուած եղեր էր խեղդել իր հոգեհատորը` մնացեալ քառասուն հայրենակիցները փրկելու սիրոյն…
Թուրքին ցեղային ատելութիւնը նկարագրող բացառիկ կտոր մը կարելի է սեպել նաեւ «Կոյրը» քերթուածը:
Ութսունամեայ թուրք ծերունի մըն է այդ ի ծնէ կոյրը: Ատելավա՜ռ մարդ մը: Ան լսած է, որ իր շուրջ ջարդեր տեղի կ՛ունենան, հայերու հաշի՛ւը կը մաքրուի… Կը հրճուի պատահածներուն համար, բայց տեւաբար կ՛ափսոսայ, որ աչազուրկ ըլլալուն պատճառով ցարդ չէ կրցեր ինք իր ձեռքով «կեաւուր»-ի մը մորթը քերծել: Չէ՜ կրցեր վայելել այդ աստուածապարգեւ հաճոյքը… Եւ հիմա, կիլիկեան աղէտի այդ օրերուն, շուրջիններէն կը խնդրէ, որ դաշոյն մը դնեն իր ափին մէջ ու զինք ալ մասնակից դարձնեն «սուրբ կռիւ»-ին…:
Կոյրին փափաքը կ՛իրականացուի: Առեւանգուած խարտեաշ հայ աղջիկ մը կը բերեն հրէշ կոյրին առջեւ: Հայուհին կը մերկացնեն, կը փռեն գետինը, կը փակեն բերանը, կոյրին ալ աջ ձեռքին մէջ կը դնեն դաշոյն մը եւ ցուցմունքներ կու տան, որ զայն խրէ ուղղակի զոհին սրտի՛ն մէջ… Կարդա՛նք դէպքին աւարտը.
Եւ աստուածային արիւնն անտիրական հայ աղջկան
Բոցավառուած ծաղիկներու փունջի մը պէս,
Երբ իր սրտէն դէպի դէմքը դժոխածին ծերունիին ժայթքեցաւ,
Թշուառական ութսունամեան ոտքի ելած` ամբոխին մէջ աղաղակեց.
– Ա՜խ, կարծեմ թէ լոյսը տեսայ, ես այսօր իսկ լոյսը տեսայ…
Կարծես կոպերս կը բացուին. մեռա՞ւ աջիկը, շո՛ւտ ըսէք,
Իմ քարացած աչուըներուս սեւ թաղանդն անօսրացա՜ւ…
Ահաւասիկ թէ ի՜նչ է բարիքը. զաւակներս, արդեօք լո՞յսն էր որ տեսայ…:
* * *
Դանիէլ Վարուժան` Սիամանթոյի տաղանդաւոր գրչեղբայրն ու ճակատագրակիցը, այս վերջնոյն նուիրուած գրական ասուլիսի մը ընթացքին (Պոլիս, 1913), հետեւեալ խօսքերով անդրադարձեր էր «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» գիրքին.
– Վայրկեան մը կարծեցինք, թէ հոգեվարքի ջահերը մարեցան այլեւս.- սահմանադրական օրեր էին: Սխա՛լ: Եարճանեան եկաւ մեզի գուժելու, թէ ընդհակառակն, այժմ հոգեվարքի խարոյկնե՜րը կը վառեն. ստացեր էր, աւա՜ղ, կարմիր լուրեր բարեկամէն: Այդ լուրերը հոյակապ եւ եղերական կերպով կ՛երգէր մեզի: Իր քերթողական մէկ ուրիշ հատորն էր: Նոր ձեւափոխում կրած էր իր տաղանդը, պատկերները աւելի որոշ էին դարձած, եւ վիպողի շունչ մը կար իր մէջ, կը պատմէր ոճիրը` զայն նկարելով: Կնոջ մարմիններու եւ զարդերու նկարագրութիւնը նորութիւն մըն էր իր այդ գիրքին մէջ, յաջող նորութիւն մը. ամէնէն տարամերժ գոյները կը շաղուէին ու կը համադրուէին իր գրչին տակ, իր պաստառին վրայ: Տաղանդաւո՜ր ոճրագրութիւն:
«Հայրենի Հրաւէր»` Ամերիկայի Ափերէն
Սիամանթոյի կեանքին մէջ փակագիծ մըն է Ամերիկան, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կեցութիւնը: Այս կեցութիւնը կ՛երկարի 1909-ի վերջին շաբաթներէն մինչեւ 1911-ի յունիսը: Ընդամէնը` մէկուկէս տարի: Այստեղ, Եարճանեանի ժամանակաւոր կայքը պիտի հանդիսանար Արեւելեան ափի Պոսթըն քաղաքը, ուր ան իբրեւ խմբագիր` պարտէր գործակցիլ տեղւոյն «Հայրենիք» շաբաթաթերթին:
Ամերիկայի իր կեցութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պակսին մեզի: Չենք ալ յաջողած հասանելի դարձնել «Հայրենիք»-ի այդ ժամանակաշրջանի թիւերը` պրպտումներ կատարելու այնտեղ, գիտնալու համար, թէ բանաստեղծը հանրային որեւէ գործունէութիւն կամ հրապարակային ելոյթներ ունեցա՞ծ է հոն, թէ՞ ոչ:
Բայց այնպէս կը թուի, թէ Սիամանթօ շատ չէ սիրած Ամերիկան: Քրոջ` Զապէլին, ուղղեալ նամակի մը մէջ կը գրէր, որ` «Ամերիկան Սկիւտարի կապոյտ եւ աստեղազարդ երկինքները չունի, ոչ ալ` Պէյլէրի պարտէզները, ուր աւազանին շուրջը եւ ծառերուն վրայ թռչուններ երգեն… Հոս քու տեղդ չէ, ո՛չ ալ` իմ տեղս»: Այլ նամակի մը մէջ ալ Ամերիկան բնութագած է որպէս «չոր ու ցամաք» երկիր մը…:
Հրանտ Թամրազեանի մենագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ` «ժամանակակիցները յիշում են, որ տաղանդաւոր բանաստեղծը զարմանալի անճարակ էր լրագրական աշխատանքին մէջ, վիթխարի ջանք էր գործադրում սովորական մի լուր կազմելու համար, բնականաբար նրա աշխատակցութիւնը «Հայրենիք»¬ին աւարտւում է միայն մի քանի բանաստեղծութեան տպագրութեամբ» (Սիամանթօ, Երեւան, 2003, էջ 160): Իրաւասու չենք հաստատելու կամ ժխտելու այս պարագան:
Այնուհանդերձ, Սիամանթոյի Ամերիկա այցելութիւնը բեղմնաւոր կրնանք նկատել գո՛նէ գրական-ստեղծագործական ու հրատարակչական տեսակէտէ:
Արդարեւ, Սիամանթօ հազիւ Ամերիկա հասած` ձեռնարկեց իր ամբողջական գործերուն հրատարակութեան եւ յաջողեցաւ «Հայրենիք»-ի տպարանէն լոյսին բերել 240 էջանի հատոր մը, 1910-ին: Այստեղ ի մի բերուեր էին իր բոլոր գործերը բացի «Հայորդիները» շարքէն, այն ակնկալութեամբ, որ բանաստեղծը ի մօտոյ կ՛ամբողջացնէ այդ շարքը ու ատիկա կը տպուի անջատաբար` իբրեւ ամբողջական գործերու Բ. հատոր: Այդ ծրագիրը, սակայն չիրականացաւ:
Միւս կողմէ` բարեբախտաբար բանաստեղծը թրթռացուց իր քնարին լարերը այլապէս ու Ամերիկայի մէջ գրեց իր հինգերորդ (նախավերջին) քերթողագիրքը, զոր կոչեց «Հայրենի հրաւէր»: Ա՛յս եւս, առանձին գլուխով մը տեղ գտաւ Պոսթընի իր «Ամբողջական գործք»-ին մէջ:
«Հայրենի հրաւէր» խորագիրը պերճախօս է ինքնին:
Այդ շրջանի հայ ընտանեկան կամ ընկերային կեանքի ամէնէն ցաւոտ երեւոյթներէն մէկն էր պանդխտութիւնը: Գաւառացի երիտասարդները կը գաղթէին Պոլիս, ուրիշ «բախտաւոր»-ներ ովկիանոսը կտրելով` ափ կ՛առնէին Նիւ Եորք կամ աւելի անդին: Պանդուխտները իրենց ետին կը ձգէին ծերունի հայր մը կամ մայր մը, երբեմն` նորապսակ հարս մը, յաճախ` անչափահաս զաւակներ: Կը մեկնէին դրամ վաստկելու, այն հաստատ համոզումով, որ քանի մը տարիէն պիտի վերադառնան: Սակայն, տարիները կը կուտակուէին իրարու վրայ, առանց որ պանդուխտները տուն դառնային… Ու կը սկսէր «կարօտի նամակ»-ներու հեղեղ մը կողմերուն միջեւ…
Եւ ահա, Սիամանթոյի այս գրքոյկը, որ կը պարունակէ 12 քերթուածներ, մատը կը դնէր պանդխտութեան վէրքին վրայ ու կը ջանար դարմանել զայն: Դարմանել` կոչ ուղղելով տարագիր հայութեան ցիրուցան զաւակներուն, որ մէկդի թողուն գաղթականի ցուպը ու տուն վերադառնան, շէնցնեն այդ տունը ու նոր կեանքի մը սկիզբը դնեն:
Սիամանթօ սրտաճմլիկ պատկերներ կը գծէ մեզի` ընտանեկան բաժանումի վիճակներէն:
Ահա՛ թարմատի հարս մը, որ համոզուած է, թէ իր ամուսնոյն մեկնումէն ետք` «օրուան արեգակը սե՜ւ գիշերի փոխուեցաւ»: Իր ո՛չ մէկ երազը իրականացաւ.
Ա՜հ, իմ կաթնաթոյր կողերս դեռ մայրութիւն չճանչցան…
Եւ հարսանեկան իմ ոսկեթել քօղերովս
Դեռ չկրցայ խանձարուր մը զարդարել…
Ու օրօրանի մը առջեւ նստած դեռ չերգեցի՜, դեռ չերգեցի՜
Հայ մայրերուն մաքուր օրօրն երկնային…
(«Հարսին երազը»)
Այլ տեղ մը, եղբայր մը կը գրէ իր եղբօր, թէ իրենց մայրը մահացաւ: Այդ մայրը կարօ՜տն ունէր իր պանդուխտ զաւկին, որուն վերադարձը կը սպասէր տիւ ու գիշեր:
«Իր աչքերը մայրամուտին լոյսերովը թաթաւուն,
Քեզ տեսնելով, քեզ յուսալով, քեզ օրհնելով խաւարեցան…»,- կը պատմէ նամակագիր եղբայրը («Եղբայրն իր եղբօրը»):
Ուրիշ մայր մը, քիչ մը աւելի տոկուն ու համբերող, չ՛ուզեր յանձնուիլ մահուան, մինչեւ որ տուն վերադառնայ իր պանդուխտ որդին.
«Բայց ես կամքիս կրակներովը Աստծուս դէմ պիտի կռուիմ…
Կեանքի՛ն փարած, յոյսի՛ն փարած, եւ արեւի՛ս եւ արեւի՛դ`
Մահուանս դէմ, մօր մը ուժովը պիտի կռուիմ…
Ես կեա՜նք կ՛ուզեմ, զա՛ւակս, ապրի՜լ կ՛ուզեմ, ապրի՜լ կ՛ուզեմ…
Իմ մարմինս այս տնակէն գերեզմաննոց պիտի չերթայ,
Մինչեւ որ դուն առաւօտ մը նոյն սեմերէն ներս չմտնես…»:
(«Մայրը իր զաւակին»)
Դեռ կան աւելի արտասովոր իրավիճակներ: Օրինակ, «Որդին իր հօրը» բանաստեղծութեան մէջ կը պարզուի, թէ որդին ԲՆԱՒ չէ ճանչցած իր հայրը, որ կանուխէն մեկնած է պանդխտութեան… Հիմա պատանին կ՛ուզէ գրկե՜լ իր անծանօթ հայրը, կ՛ուզէ ստուգել իրենց միջեւ առկայ Ֆիզիքական նմանութիւնը («ինծի ըսին, թէ աչքերուս մէջ քու կերպարանքդ կ՛արտացոլայ…»), երաշխիքներ կու տայ հօր` նեցուկ կանգնելու անոր.
Ես ովասիսդ եմ, հովանի՜դ եմ արեւին տակ,
Ես արեգա՜կդ եմ քու յոյզերու կամ մրրկի օրերուդ…:
Ես էութիւնդ եմ, եւ սկիզբն եմ քու վախճանիդ,
Իմ մէջն է որ դուն ինքդ` կեանքէդ յետոյ` պիտի ապրիս…:
Շարքին ամենավերջին բանաստեղծութեան մէջ տանջահար մարդիկը լռած են: Անոնց փոխարէն` Սիամանթօ կը խօսեցնէ ՀՈՂԸ: Շքեղ ու բարձրաթռիչ ոճ մը կ՛իշխէ այստեղ: «Հայ դաշտերուն պաղատանքը»-ն է ասիկա, երբ հայրենի հողը կը սաստէ դրուժանները, հեռացողները, երկչոտները, վտարանդիներն ու տարագիրները: Ան կ՛ուզէ, որ երկիր վերադառնան բոլորը` իրենց բազուկները լծելու համար վարուցանի սրբազան աշխատանքին… Հողին կողերը քարացած ու սեւցած են, հունձքը անբաւարար է, այրիներն ու որբերը անօթի՜ են: Պէտք է բարեշրջե՛լ կացութիւնը.
Վերադարձէ՛ք, որդինե՛ր, ձեր գութանին եւ արօրին ժանգը նորէն սրբելու.
Թող նորէ՛ն ձեր հնադարեան հայրենի հողը ծաղկոտի…
Թող մեր հունձքերն հովտէ-հովիտ` ծովերուն պէս տարածուին…
Թող կալերն ու որաները, բլուրէն վեր, լուսնկին հետ բարձրանան,
Թող հայ հովիւն մարգերուն մէջ, իր նախահօրը նման,
Իր սրինգին սարսուռներովը իր հլու հօտը հրամայէ…
Ձորին վրայ, ջրաղացը խաղաղութեամբ թող շարժի…
Ու առատութիւնը թող նորէ՛ն գայ մեր սրտերուն վրայ լացող`
Հայկեան ցեղի պղտոր աչքերը լուսավառել…
Բայց վերադարձողներ եղա՞ն: Եւ եթէ եղան, քանի՞ տարի վայելեցին հայրենի հողին բարիքները: 1915-ը հորիզոնին ետեւն էր…
Հալէպ
(Շար. 8)
(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)
(Շար. 4)
(Շար. 5)
(Շար. 6)
(Շար. 7)