ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Նախորդ շաբաթ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ապրեցաւ իր կեանքի մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը, երբ Ազրպէյճանը գրաւեց Արցախը:
120 հազար արցախահայեր` տղամարդիկ, կանայք եւ երեխաներ, իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ենթարկուեցան յարձակումի նաւթով հարուստ Ազրպէյճանի կողմէ` Իսրայէլէն, Ռուսիայէն, Փաքիստանէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն ներմուծուած ժամանակակից զէնքերով:
Հիմնական չարագործները Ազրպէյճանը եւ անոր գործընկերը Թուրքիան են: Անոնք մեղաւոր են Արցախի ժողովուրդին դէմ իրագործուած զանգուածային յանցագործութիւններուն մէջ:
Սակայն քանի մը այլ մեղաւորներ եւս կան: Կ՛ուզեմ սկսիլ այն ամօթալի դերակատարութենէն, որ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը այս արհաւիրքին մէջ: 2001 թուականէն սկսեալ, երբ Փաշինեան անյայտ լրագրող էր, ան իր «Հայկական ժամանակ» թերթին մէջ գրած էր, որ` «Ես չեմ ընդունիր այն տեսակէտը, թէ լաւ դիւանագիտութիւնը կրնայ այնպէս ընել, որ այդ [Արցախի] տարածքները չվերադարձնեն Ազրպէյճանին… Մերը [հողը] ձգած` կ՛ուզենք տէր ըլլալ ուրիշին հողին»: Վարչապետ դառնալէ ետք Փաշինեան բազմաթիւ հակասական յայտարարութիւններ կատարեց Արցախի վերաբերեալ. նախ վճռականօրէն յայտարարեց, որ` «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ», իսկ յետոյ` «Արցախը Ազրպէյճանի մաս է»: Թէեւ լրագրողի մը խօսքերը կրնան նշանակութիւն չունենալ, սակայն անորը` իբրեւ վարչապետի յայտարարութիւններ, չեն կրնար անտեսուիլ: Խաղը աւարտած է…
Արցախը կորսուած է, եւ այս իրականութիւնը կարելի չէ փոխել երկար ժամանակ: Ինչպէս միշտ, Փաշինեան իր չարագործութիւններուն համար կը մեղադրէ բոլորը, այդ թիւին մաս կը կազմեն` նախկին ղեկավարները, ներքին ընդդիմութիւնը եւ Ռուսիան:
Իրավիճակը աւելի սրելով` Փաշինեան ձեռքերը լուաց Արցախէն եւ յորդորեց անոր ղեկավարներուն` իրենց տարաձայնութիւնները հարթել Ազրպէյճանի հետ: Փաշինեան հիմնականօրէն վատ զինուած 120 հազար արցախահայերուն նետեց ազրպէյճանական կատաղի գայլին երախը:
Ինչպէ՞ս կրնայ փոքրիկ Արցախը բանակցիլ հզօր Ազրպէյճանի հետ: Փաշինեան անտեսեց այն հանգամանքը, որ արցախահայերը պաշտպանելը իր սահմանադրական պարտականութիւնն էր, որովհետեւ անոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են: Ան ամիսներ շարունակ ծիծաղելի խոստում տուաւ, թէ արցախահայութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանուին Ազրպէյճանի քաղաքացի դառնալէ ետք: Անհաւատալիօրէն Փաշինեան անցեալ շաբաթ` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն քանի մը ժամ առաջ յայտարարեց, որ Արցախի մէջ հայ խաղաղ բնակիչներու կեանքը ապահով է Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք: Քիչ անց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ապահովութեան խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանը զբաղած է արցախահայերու ցեղային զտումով: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը անմիջապէս ՄԱԿ-ին յայտնեց երկու հայ ղեկավարներուն հակասական յայտարարութիւններուն մասին` անով իսկ վարկաբեկելով Հայաստանի հեղինակութիւնը ամբողջ աշխարհին առջեւ: Այդ ընթացքին հարիւրաւոր արցախահայեր զոհուեցան ու վիրաւորուեցան, իսկ հազարաւորներ ալ անհետ կորսուեցան Ազրպէյճանի յարձակման պատճառով:
Անցեալ շաբաթ, երբ Ազրպէյճանի ուժեղ զինուժը ներխուժեց Արցախի մնացած հատուածը, Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանը պիտի չխառնուի հակամարտութեան` անով իսկ կանաչ լոյս վառելով Ազրպէյճանի առջեւ` Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ամէն տեսակ սարսափելի յանցագործութիւններ կատարելու համար: Փաշինեան սխալ պատկերացում ունէր, թէ երբ Արցախը վերադարձուի Ազրպէյճանին, հայաստանցիները պիտի ապրին խաղաղութեան մէջ: Ցաւօք սրտի, այս միտքը ճշմարտութենէն շատ հեռու է: Ազրպէյճանի նախագահը, իր առջեւ տեսնելով ռազմական առումով թոյլ Հայաստանը եւ անոր ղեկավարը, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, կանգ պիտի չառնէ Արցախը նուաճելէն ետքն ալ: Ալիեւ պիտի շարունակէ թուլացած, տկարացած Փաշինեանէն զիջումներ պահանջել եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն աւելի ու աւելի շատ տարածքներ գրաւել:
Ալիեւը բազմիցս ու կեղծաւորութեամբ յայտարարած է, որ ամբողջ Հայաստանը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» է: 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր Ազրպէյճանի զօրքերը գրաւած են Հայաստանի տարածքին մէկ մասը եւ չեն մտադրեր հեռանալ: Իմ մտավախութիւնս այն է, որ Ալիեւ պիտի շարունակէ ներխուժումները Հայաստան, մինչեւ որ տիրանայ ամբողջ երկրին: Ուստի Փաշինեանի այն պնդումը, որ հայերը Հայաստանի մէջ հանգիստ ու խաղաղութեան մէջ պիտի ապրին Արցախը լքելէ ետք, անմտութիւն է:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արագօրէն շահարկեց Փաշինեանի անձնատուութիւնը եւ բազմիցս յայտնեց աշխարհին, որ Հայաստանի վարչապետը ընդունած է, որ Արցախը Ազրպէյճանի մաս է, ապա այդ շրջանը իր երկրի ներքին հարցն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու:
Ասկէ անմիջապէս ետք Ռուսիոյ ղեկավարները, անոնց շարքին` նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը, բազմիցս յայտարարեցին, որ Փաշինեան ինքն է, որ զիջած է Արցախը:
Այդուհանդերձ, Ռուսիա ունի մեղքի իր բաժինը այն ամէնուն մէջ, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ վերջին երեք տարիներուն, եւ ինչ որ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ անցեալ շաբաթ: 2020 թուականի համաձայնագրով ռուս խաղաղապահներուն յանձնարարուած էր պաշտպանել Արցախի բնակչութիւնը եւ բաց պահել Լաչինի միջանցքը մինչեւ 2025 թուականը, սակայն անոնք բոլորովին ձախողեցան կատարելու իրենց պարտականութիւնները:
Ռուսիա նոյնիսկ չփորձեց պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները, ինչպէս պահանջուած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան քանի մը այլ հանրապետութիւններու միջեւ ստորագրուած ՀԱՊԿ պայմանագիրը: Ռուսիոյ անգործութիւնը եւ Փաշինեանի` Արցախէն հրաժարիլը յանգեցուցին 120 հազար արցախահայութեան կրած վիթխարի մարդկային ողբերգութեան:
Միջազգային հանրութիւնը նոյնպէս մեղաւոր է արցախահայերու տառապանքները անտեսելու մէջ: Արցախահայութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով ինը ամիս անօթի մնալէ ետք կորսնցուց իր պատմական հայրենիքը: Բազմաթիւ անօգուտ խօսքեր ըսելէ բացի` աշխարհի մէջ ոչ ոք մատը մատին խփեց այս մարդիկը փրկելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու համար: Բոլոր միջազգային օրէնքները, մարդու իրաւունքները, արդարութեան մասին հասկացողութիւնները փուչիկ էին: Նոյնքան անօգուտ էին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, Եւրամիութիւնը, Եւրոպական խորհուրդը եւ բազմաթիւ երկիրներու, որոնց շարքին նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները: Ինչպէս մենք բոլորս գիտենք, ուժը կը ծնի իրաւունք: Ուրիշ ոչինչ նշանակութիւն ունի:
Այժմ աշխարհասփիւռ հայութեան առաջնահերթ հարցն է անյապաղ հեռացնել Փաշինեանը, որովհետեւ ան կը մերժէ հրաժարական տալ եւ ամէն օր աւելի խոր փոս կը փորէ Հայաստանի համար: Եթէ Փաշինեանին շուտով չփոխարինէ հմուտ եւ ազգայնական ղեկավար մը, որ կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը, հայ ժողովուրդը կրնայ ի վերջոյ կորսնցնել իր հայրենիքը, այս անգամ` ընդմիշտ…
Փաշինեանը փոխարինելէ ետք Հայաստանի նոր ղեկավարը պէտք է մէկ կողմ դնէ մնացեալ բոլոր հարցերը եւ անյապաղ զբաղի հսկայական քանակութեամբ ժամանակակից սպառազինութեան ձեռքբերումով` երկրի սահմանները հետագայ ներխուժումներէն պաշտպանելու համար:
Հազարամեակներ շարունակ սին յոյսեր տածելէ եւ սպասելէ ետք, թէ` օտար ուժերը կու գան եւ կը փրկեն Հայաստանը, վաղուց ժամանակն է, որ հայերը վերջապէս գիտակցին, թէ բացարձակապէս ոչ ոք պիտի գայ զիրենք փրկելու, այլ պէտք է իրենք զիրենք փրկեն…