Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն

Սեպտեմբեր 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Արցախահայութեան եւ Արցախ աշխարհի կողքին կանգնիլը միայն կարգախօս մը չէ, որ բարձրացուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ: Անիկա կեանքի ու պայքարի ուղի մըն է, որ լիբանանահայութիւնը գործնապէս ապրեցաւ ամբողջ 35 տարի շարունակ: Այն օրէն, երբ 1988 փետրուարին ազդանշանը տրուեցաւ Արցախեան շարժումին: Այն օրէն, երբ այդ շարժումը մարելու համար Սումկայիթի, Գանձակի, Պաքուի եւ քաղաքներու մէջ Ազրպէյճանի կազմակերպած ահաւոր ջարդերէն ետք 1990-ին ազատամարտը մտաւ պատերազմի փուլ: Այն օրերէն, երբ լիբանանահայ երիտասարդներ մասնակցեցան ազատամարտին, եւ անոնց շարքերէն ինկան նահատակներ` Վիգէն Զաքարեանը եւ Մհեր Ջուլհաճեանը: Լիբանանահայութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն արդարօրէն հպարտացաւ հայկական երկրորդ հանրապետութեան ձեռքբերումներով, տխրեցաւ ձախողութիւններով: Իր կարողութեան սահմաններուն մէջ մասնակցեցաւ Արցախը Մայր հայրենիքին միացնող մայրուղիներու շինարարութեան աշխատանքին եւ վերաբնակեցման բազմաթիւ ծրագիրներուն: Լիբանանահայութեան նաեւ մեծ դեր վիճակուած էր ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ծիրին մէջ արցախեան եւ լիբանանեան քաղաքներու ու գիւղերու միջեւ յուշագիրներու ստորագրութեան եւ զանոնք ի գործ դնելուն մէջ: Լիբանանը նստավայրը եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան: Եւ երբ մարտի ահազանգը հնչեց 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին, լիբանանահայութիւնը դարձեա՛լ առաջին շարքերուն վրայ էր` հայրենիքի պաշտպանութեան համար դրամահաւաք կազմակերպելու, նոր նահատակներ տալու թէ ռազմագերիներ ունենալու իմաստով:

Հիմա ամբողջութեամբ տարբեր է կացութիւնը: Հայկական առօրեային մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու մակարդակին վրայ տիրող յանձնուողական եւ պարտուողական գործելակերպին պատճառով, թուրք-ազրպէյճանական ցեղասպան դաշինքին հետեւողական նկրտումներուն իբրեւ հետեւանք եւ համաշխարհային հանրութեան լուռ անտարբերութեան լոյսին տակ Արցախ աշխարհը գտնուեցաւ անելանելի կացութեան առջեւ: 9 ամիս շարունակ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը Արցախի դէմ բանեցուց ամբողջական շրջափակում` ծունկի բերելու համար հերոսական ժողովուրդը: Ամբողջական շրջափակումէն եւ արցախահայութիւնը սովի ենթարկելէ 9 ամիս ետք բռնատիրական վարչակարգը 19 սեպտեմբերին բիրտ ուժի եւ պատերազմի դիմեց Արցախը իրեն ենթակայ դարձնելու եւ պարտադրելու իր նպատակին իրագործումը` կազմաքանդել Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր պաշտպանութեան բանակը: Դժբախտաբար Պաքուի բռնատէրը հասաւ իր նպատակին: Ասիկա նաեւ պատճառ դարձաւ, որ արցախցիները զանգուածաբար բռնի տեղահանման ենթարկուին: Մինչեւ այս պահը Արցախի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը արդէն լքած է իր պատմական բնօրրանը եւ ապաստանած է Մայր Հայաստան:

Լիբանանահայութիւնը անցնող ինը ամիսներուն ալ ամբողջապէս եւ էապէս գտնուեցաւ վիրաւոր արցախահայութեան կողքին` քաղաքական, հոգեւոր թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ: Այս ամբողջ ժամանակաշրջանին նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, ապա հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները մնայուն զօրաշարժի եւ ցուցական աշխատանքի նախաձեռնութիւններ որդեգրեցին` նախ լիբանանեան հասարակական կարծիքը իրազեկ դարձնելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն գծով, ապա միջազգային հանրութիւնը մղելու գործնական աշխատանքի` Արցախի վրայ պարտադրուած ապօրինի շրջափակումը վերացնելու համար:

Բայց հինգշաբթի, 28 սեպտեմբերին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ լիբանանահայութեան կատարածը պահանջատիրական իւրայատուկ ելոյթ մըն էր, որ իր մէջ կը կրէր պատգամներ` զանազան ուղղութիւններով: Ժողովրդային պահանջատիրական այդ հաւաքը սփիւռքահայութեան սիրտ լիբանանահայ գաղութի բարկութեան եւ ցասումի ճիչն է` ուղղուած Պաքուի ցեղասպանական քաղաքականութիւններուն դէմ: Անիկա զօրաւոր ճիչն էր լիբանանահայութեան` ընդդէմ հայկական իրականութեան մէջ բոյն դրած յանձնուողականութեան եւ պարտուողականութեան: Անիկա զօրաւոր ճիչն էր համաշխարհային անտարբերութեան դէմ, համաշխարհային երկերեսանիութեան դէմ, համաշխարհային կեղծաւորութեան եւ դիւանագիտական գեղեցիկ ժպիտներուն դէմ: Մենք` հայերս, այդ գեղեցիկ ժպիտները եւ «խոր մտահոգութիւնները» աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր վկայած ենք: Այդ գեղեցիկ ժպիտներով եւ «մտահոգ կեցուածքներով» մեծ պետութիւններու կեղծաւոր դիւանագիտութիւնը աւելի քան հարիւր տարուան մէջ քանի անգամ  թուղթէ շերեփով ի զուր փորձած է մեզի հերիսա կերցնել…

28 սեպտեմբերին լիբանանահայութեան արձակած բողոքի, ցասման ճիչը օղակին մէկ մասն է միայն: Յառաջիկայ օրերուն աշխարհի զանազան հայագաղութներուն մէջ կը սպասուի ցուցական գործունէութիւններու շարք մը` ըսելու համար, որ հայութիւնը հայկական Արցախի կողքին է, որ մէկն ալ, որքան ալ գերհզօր բռնատէր ըլլայ, չի կրնար ինքնորոշման իրաւունքը խլել Արցախի բնիկ ժողովուրդէն: Լիբանանի մէջ համախմբուեցանք, աշխարհի տարածքին ալ պիտի համախմբուինք, բարձրաձայն ո՛չ ըսելու արցախահայութիւնը հպատակեցնելու, զայն բռնի տեղահանութեան ենթարկելու, անկախ Արցախը բռնագրաւելու եւ անոր կառոյցները կազմաքանդելու Ազրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ: Լիբանանահայութիւնը, էապէս պահանջատիրական բնոյթ կրող իր բողոքի հաւաքին ընթացքին ինկած իր վիրաւորներուն արեան գնով վկայեց, որ Արցախի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցածը պայքարի վերջը, աւարտը չէ, այլ հայութեան բոլորանուէր ճիգերով եւ ցասումին ճիշդ ուղղորդումով պայքարը նոր թափով պիտի շարունակուի…

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը. Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը

Յաջորդը

Never Again!

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?