Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խելագարելու Ժամանակը Չէ Փիւնիկ Պիտի Ստեղծուի՞

Սեպտեմբեր 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Մեր աչքերուն առջեւ անգամ մը եւս ազգ մը ամբողջ կը հայրենազրկուի:

Հայրենի Արցախը ցեղային մաքրագործման վերջին փուլը կը մտնէ:

Հայաստանի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը վերջին երեսնամեակի ամէնէն տկար ու խոցուած մակարդակին հասած են:

Զանգեզուրը յաջորդ ու շատ մօտալուտ թիրախն է:

Հայութիւնը համախմբուելու, ներքին ու արտաքին վտանգները չէզոքացնելու, ազգն ու հայրենիքը գերադասելու փոխարէն` զիրար կ՛այպանէ ու եղբայրասպան ընդհարումներու եզրին է:

Ընթացող աղէտները կասեցնելու ու դէպքերու զարգացումը ի նպաստ մեր հաւաքական անվտանգութեան մղելու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են:

Ցաւը անսահման է, ցասումը` անբացատրելի:

Հաւաքական հոգեխոց (trauma) կ՛ապրինք… Մեր ապրած հոգեխոցի ախտանշաններու համընթացութենէն (Syndrome) հաւաքաբար տասնամեակներ պիտի տառապինք:

Բայց խելագարելու ժամանակը չէ՛: Ժամանակն է վերջապէ՛ս խելքի գալու, լսելու մեր հաւաքական խղճին ձայնը, վերադառնալու մեր հաւաքական ոգիի արմատներուն… որ մարդկային է, արժանապատիւ է, արդարամիտ է, կարեկցող է, մարտնչո՛ղ է ու պայքարող:

Այսօր մեր միակ փրկութիւնը դժբախտաբար մեր հաւաքական ուժին մէջ չէ: Չունինք հաւաքական միասնական ուժ, այլ` տարբեր ազդեցութիւններու տակ գործող զանազան ու իրարու հակադրուող ուժեր: Ու որովհետեւ այս գերպառակտուած ու գերլարուած իրականութեան մէջ միասնական ճակատ ձեւաւորելու ժամանակ ու նշոյլներ չկան, այս լրջագո՛յն պահուն, հայաստանաբնակ զանգուածի հաւաքական դիրքորոշումէն կախեալ է ամբո՛ղջ աշխարհատարած հայութեան ճակատագիրը: Եթէ ան յաջողեցաւ մէ՛կ կողմ դնել հինի ու նորի բարդոյթները, գերադասել համազգայինն ու կարեւորագոյնը երկրորդական-տեղայնականէն, ուրեմն պիտի յաջողինք կասեցնել հաւաքական այս արիւնահոսութիւնը, պիտի ստեղծենք մարտահրաւէրները դիմակայելու ունակ հայամէտ իշխանութիւն, թէեւ` ծանր վիրաւոր,  բայց չմեռած ու վերականգնելու վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք մեր հաւաքական երթը:

Հիմա ու գալիք այս քանի մը օրերուն Երեւանի կեդրոնի քաղաքացիէն մինչեւ ամէնէն հեռու սահմանամերձ գիւղացիին կեցուածքէն ու գործողութենէն կախուած են մեր բոլորին ներկան ու ապագան:

Սիրելի՛ հայաստանաբնակ հայրենակիցներ, կա՛մ մեր գոյութեան, պետականութեան ու հայրենի հողին վրայ ինքնիշխան ապրելու դագաղին վերջին գամը կը գամէք ձեր անտարբերութեամբ ու չապստամբելով, կա՛մ ալ փիւնիկի նման մոխիրներէն կը վերակենդանացնէք մեզ:

Մոխիր գոյանալու համար կրակ ու այրիլ է պէտք: Գոնէ երեք տարի է անընդմէջ կ՛այրինք, մոխիրը գոյացած է ու օրէ օր, ժամէ ժամ կ՛աւելնայ, փիւնիկը միայն ու միայն դո՛ւք կրնաք ստեղծել:

Վստահաբար դու՛ք կրնաք ստեղծել մեր օրերու փիւնիկը….

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Զօրակցութեան Հաւաքներ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?