Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը. Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը

Սեպտեմբեր 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ազերիները չմարսեցին մէկ ամիս առաջ դաշնակցական երիտասարդներու անակնալ ցոյցը, որուն պատասխանն էր 28 սեպտեմբերի ցոյցին լիբանանահայութեան «դաս տալու» բիրտ ոճը: Մէկը միւսին շարունակութիւնն էր, եւ առաջինին «ապտակ»-ը փորձեցին պատասխանել կարծր ու այսպէս կոչուած անսպասելի «ապտակ»-ով:

Բոլոր ցոյցերուն ալ բախումներ կ՛ըլլան եւ պէտք է ըլլան, վերջապէս ցոյցը ընդվզումի արտայայտութեան եղանակ է, որ հիմնականին մէջ կ՛արդիւնաւորուի եւ լսելի կը դառնայ ուժի ցուցադրութեամբ: Փաստը` ցոյցին լիբանանեան եւ միջազգային լրատուական ցանցերու աննախընթաց անդրադարձներն են:

Իրողապէս Լիբանանի ապահովական ուժերը ուզեցին ձախողութեան մատնել բազմահազարանոց ցոյցը, որովհետեւ հաւաքի առաջին վայրկեաններէն բախումները «ընթացիկ» վիճակի մէջ էին, սակայն երբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը սկսաւ արտասանել իր խօսքը, «յանկարծ» առանց դադարի արձակուեցան արցունքաբեր կազերը:

Յստակ էր, որ թելադրանք կար ցոյցը ցրելու, խանգարելու եւ անախորժ պայմաններու մէջ «յաղթող»-ի վիճակի մէջ գտնուելու` գոհացնելու համար նոյնինքն Լիբանանին թշնամի Իսրայէլին գործընկեր Ազրպէյճանը: Այս ճիգին մէջ նաեւ ակներեւ էր քիմիական նիւթի գործածութեան անընդունելի եղանակը` առանց յարգելու համապատասխան կարգը:

Արցունքաբեր կազի սխալ գործածութիւնը թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ արձակուած վայրերու գծով ստեղծեց «քաոս», որովհետեւ ցոյցին նաեւ մասնակից էին տարեցներ, պատանիներ ու մանուկներ:

Այդ խուճապային վիճակին մէջ եղաւ ինչ որ եղաւ, բայց ամէնէն կարեւորը` ցոյցը կանգ չառաւ: Շուտով պատասխանատուները կացութեան տէրը դարձան, Յակոբ Բագրատունին արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը, ու ապա ցոյցը շարունակուեցաւ… Նորէն տեղացին արցունքաբեր կազերը, մինչեւ ՄԵՆՔ յայտարարեցինք, որ ցոյցը աւարտած է:

Այո՛, ցոյցին սկիզբն ու աւարտը մենք որոշեցինք, եւ զայն ձախողութեան մատնելու բոլոր ճիգերը չարդիւնաւորուեցան: Այս ցոյցը բոլորին հիմնական դաս տուաւ, որ երբ երիտասարդութիւնը միակամ է ու ոտքի, ապա ոչ մէկ բան կրնայ խանգարել: Մեր տղոց դիմացը կանգնողները կը մոռնան, որ  անցնող տարիներու տագնապներուն դիմաց արդէն մենք շատո՜նց արցունքէ զրկուած ենք, բայց չենք յանձնուիր…

Ով ինչ կ՛ուզէ թող ըսէ եւ ինչպէս կ՛ուզէ թող մեկնաբանէ, բայց մեր տղաքը նոյն «աննման» տղաքն են, նախորդող տասնեակ տարիներու սերունդներուն միեւնոյն արիւնը ունին…

Կարեւորը մենք մեր իրերայաջորդ որոշումներուն ալ տէրը ըլլանք, եւ Հայաստանի թէ տարբեր գաղութներուն մէջ մեր գործողութիւններով դադրեցնենք հայ ժողովուրդի ողբերգութիւններու ընթացքը, որպէսզի վերստին վերականգնենք մեր արժանապատուութիւնը ու նոր թափով սկսինք հայ ժողովուրդի նախեւառաջ միտքի ու հոգիի, ապա հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին:

 

 

 

Նախորդը

Արցախը Կորսուած Է Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Կողմէ Լքուելէ Ետք

Յաջորդը

Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն

RelatedPosts

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք
Անդրադարձ

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք

Մայիս 8, 2025
Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը
Անդրադարձ

Սլաք. Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Իւրայատուկ Ներկայացման Առիթով. Բա՛ւ Է Մենք Զմեզ Ատենք, Այլ Նախասիրութիւններէն Անդին` Լա՛ւը Գնահատենք

Մայիս 8, 2025
Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին  (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)
Անդրադարձ

Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?