Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Տարագրի Յուշեր 1915-1917» (Հեղինակ Գառնիկ Կ. Պօտուռեան)

Հոկտեմբեր 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան հիմնադրամի  միջոցներով Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ Գառնիկ Կ. Պօտուռեանի «Տարագրի յուշեր 1915-1917» հատորը, բաղկացած` 528 էջերէ: Խմբագիր` Միհրան Ա. Մինասեան: Յուշագրութեան կցուած են ծանօթագրութիւններ:

Պօտուռեան ընդարձակ կերպով կը նկարագրէ իր ծննդավայր Պարտիզակը, լայն տեղեկութիւններ փոխանցելով անոր տեղագրութեան, բնակչութեան, արհեստներուն եւ կրթական ու մշակութային կեանքի մասին:

Պարտիզակ կը գտնուի Նիկոմիդիա քաղաքին մօտ, Իզմիտի ծոցէն հարաւ, լեռներու ստորոտը եւ պարտէզներով ու այգիներով շրջապատուած է:

Պարտիզակ զուտ հայաբնակ էր եւ ունէր շուրջ տասը հազար բնակիչ: Կը զբաղէին հողագործութեամբ, ածխագործութեամբ, տախտակաշինութեամբ, մազմանութեամբ, պայտագործութեամբ, ներկարարութեամբ եւ սակառաշինութեամբ:

Պարտիզակի մէջ կը գործէին Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եւ Ազգային Ներսէս Շուշանեան երկսեռ վարժարանը, կաթողիկէ եկեղեցին, վանքը, դպրոցը եւ մայրապետանոցը, բողոքական եկեղեցին եւ Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը:

Օսմանեան կառավարութիւնը 1914-ի ամրան զօրակոչ յայտարարեց, որմէ ետք ամէն երիտասարդ պարտաւորուեցաւ արձանագրուելու եւ զինուորական փաստաթուղթ ընդունելու:

Պարտիզակի մէջ հայերու ձերբակալութիւնները սկսան 1915-ի ապրիլին, Պոլիսէն քանի մը օր ետք: Ձերբակալուածներուն մէջ էր Գառնիկ Պօտուռեան:

Ձերբակալուածները կառքերով ճամբայ կը հանուին դէպի Իզմիտ, Ատաբազար, Աֆիոն Գարահիսար, Ագշեհիր, Գոնիա, Գարաման եւ Սուլթանիէ:

Սուլթանիէի մէջ պարտիզակցի տարագիրները կը հանդիպին զէյթունցի տարագիրներուն: Պօտուռեան կը գրէ. «Խե՜ղճ ժողովուրդ, ինչե՜ր կը պատմէր իր քաշածներուն մասին, ինչե՜ր թողած էր իր ետեւ, սարի զաւակը, լերան որդին, երբեմնի քաջը: Իր շուրջը ահ ու սարսափ սփռող ուլնեցին կը սողար հիմակ:… Ի՜նչ եղկելի է երէկ քաջ ըլլալ, զէնք ունենալ ու այսօր` անարգ առարկայի մը նման ընդոտնուիլ»:

Տարագիրները Սուլթանիէէն կառքերով ճամբայ հանուեցան դէպի Էրէյլի, Պոզանթի եւ Տաւրոսեան լեռներ ու Չուգուր օվան կտրելով հասան Տարսոնի մօտակայքը, Կիւլէկ, ուր վրաններու տակ տեղաւորուեցան: Հոն հասան նաեւ Պրուսայի, Պիլեճիկի եւ Իզմիտի գիւղերու տարագիրները:

Տարգիրներուն մէջ գտնուող Գարեգին վարդապետ պատրիարքարանէն ստացած քանի մը հարիւր ոսկին սկսաւ կարօտեալներուն բաժնել:

Պոլիսէն դէպի Միջագետք աքսորուող Զաւէն պատրիարքէն նամակ կը հասնի Գարեգին վարդապետին, ուր կ՛ըսուէր.

«Աստուած զմեզ մոռցած է: Այս տառապանքները իր գթութեան դռները չեն կրնար կոր շարժել: Գիտեմ որ մահերը հազարներով կը համրուին, ձեր կողմերէն աւելի` ներքին գաւառներուն մէջ: … Կառավարութեան նորէն դիմում պիտի ընենք ճամբաներու ապահովութեան համար»:

Տարագիրները 1915 նոյեմբերին Կիւլէկէն ճամբայ հանուեցան եւ շոգեկառքերով Օսմանիէ տարուեցան:

Պօտուռեան կ՛ըսէ, որ Անատոլուի հայ ժողովուրդին ճշմարիտ տառապանքը Օսմանիէէն կը սկսի: Օսմանիէ հազարաւոր հայերու գերեզման եղաւ:

Գառնիկ Պօտուռեան Գարեգին վարդապետին տուած 10-15 ոսկին ընկերակիցի մը հետ կը տանի Օսմանիէի մօտակայ Մամուրէի հայ տարագիրներուն բաժնելու: Ան կը գրէ.

«Մարդկային կերպարանք չենք տեսներ անոնց վրայ, Աստուծոյ պատկերը շատոնց եղծուած է – կմախացած են, … կը սոսկաս երեսնին նայելու: Որքա՜ն ահռելի է անօթիներէ պաշարուիլը եւ որքա՜ն աւելի ահռելի է անօթի մեռնիլը»:

Տարագիրները Օսմանիէէն կառքերով ճամբայ հանուեցան դէպի Իսլահիէ: Պօտուռեան կ՛ըսէ. «Իսլահիէի մէջ հաւաքուած վտարեալ հայերուն վիճակը աւելի անտանելի է, …. Կիսամեռ գաղթական հայերը հալածել, կողոպտել, ծեծել, սպաննել, շատ սովորական բաներ էին»:

Պօտուռեան եւ անոր ընկերակից տարագիրներ Իսլահիէէն շոգեկառքով Հալէպ փոխադրուեցան, ուր մեծաթիւ տարագիրներ հասած էին:

Պօտուռեան կ՛ըսէ. «Թիֆիւսը հսկայ աւեր կը գործէր: Ամէն օր հարիւրներով կը թաղուէին: Առաջնորդարանի փողոցը կարելի չէր մտնել առանց քանի մը հարիւր դիակներու վրայ կոխելու, իսկ անօթիները եւ մահամերձները հազարներով էին»:

Պօտուռեան 1916 հոկտեմբերին հասած է Երուսաղէմ, ուրկէ անցած է Գահիրէ եւ ժանտախտէ վարակուելով մահացած է 1918-ին:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Դիմագրաւումներ Եւ Միաւորումներ. Գիրք Միտքերու Եւ Արուեստի (Encounters and Convergences. A Book of Ideas and Art). Սեդա Պ. Տատոյեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?