ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ա.- Որմազդը.- Չոր ճաթռտած (մասնատուա՞ծ) տափաստանի (սփի՞ւռք) մէջ առանձին (արուեստագէ՞տ), ջլատուած կիզուած արմատներով (ածխացած անաւիշ աւա՞նդ) եւ ջարդուած ճիւղերով (յօտուած ապագա՞յ) ծառը ակնբախօրէն ՄԱ՛Հ , ոչնչացում կը թելադրէ, եւ ոչ` «կեանք»: Ո՛չ բարի: Այդ հակադիր է «Պարոն Կարպիս»-ի ցանել մտադրած ծառին, որ գեղեցիկ խորհրդանիշ մըն է: Խորհրդանշական ծառ մը կը յայտնուի ներկայ թատերակին մէջ եւս` իբրեւ անխնամ մնացած կիտրոնի տունկ (վտանգուած ընտանի՞ք): Վ. Պէրպէրեանի յանձնուած յուշանուէրի ծառը բարեմաղթական ընձիւղներ տուած է: Բարի՛: Որմազդը կը հակադրուի երկուքին, բայց թերեւս կը համընկնի թատերակի ոչ աներկբայօրէն բարեզարդ աւարտին:
Բեմայարդարում.- Երկու միջավայրեր ներկայացնելու համար, ի տարբերութիւն բնագիրի թելադրութեան, բեմադրիչը գործածած էր շրջող բեմ, թերեւս որպէսզի շարժումի համար յաւելեալ տարածութիւն ստեղծուի կրկնակի բեմայարդարումի գնով: Շարժումը, սակայն, շատ քիչ ներդրում ունի գործի մը մէջ, ուր հիմնականը երկխօսութիւնն է: Պատէն կախ պաստառները չէին թելադրեր հիւանդանոցային ճնշող մթնոլորտ, ինչպէս եւ` մտաւորական նկարչական աչք ունեցող զոյգի մը իմաստալից ընտրութիւն: Գոյնզգոյն խմիչքի շիշերն ու առկախ բաժակները յարիր են գինետան, ոչ` բազմազբաղ արուեստագէտ զոյգի, թէկուզ անոնք ունենան բազում այցելուներ: Խորապատկերի անշարժ մասերը հասկնալիօրէն մոխրագոյն են: Մահճակալը բեմի ձախ (թոյլ) կողմի վրայ էր: Իսկ Լեւոնի «գրասեղան»-ը` բեմի կեդրոնին: Ակնյայտօրէն` անիրապաշտ: Բարի՛:
Երաժշտութիւն.- Բնագիրին մէջ բացայայտօրէն նշուած են երկու գործեր. Ա.- Gypsy Road (Գնչուական ճանապարհ Cinderella, 1988), որ կ՛ըսէ` «Հիմա այն չեմ, ինչ էի … Աստուա՛ծ իմ, կը փորձեմ …»: Բացատրելու հարկ կա՞յ: Երկրորդը, որ բեմէն լսուեցաւ «արկածին» նախորդող բուռն տեսարանին բացման ընթացքին կարճ (օտար գործը ճանչնալու համար անբաւարար) պահ մը, «La Wally» օփերայէն առնուած այն արիան է, ուր ինքնասպանութիւն գործող հերոսուհին կ՛ըսէ. «Այդպէ՞ս` ուրեմն ես շատ հեռու կ՛երթամ» (7): Ի տարբերութիւն հանդիսատեսին` հեղինակը, ուրեմն եւ` Հայկ, վստահաբար ծանօթ են այդ օփերայի ողբերգական աւարտին: Ինքնասպանութեան ազդանի՞շ (hint):
Աւարտական տեսարանի երաժշտական խորապատկերն էր Տէրեանի «Էստոնական»-ի մեղեդին (8): Տխուր տուտուկը հաւանաբար դիտաւորեալ կերպով կը հակադրուէր ընտանիքի զուարթ տրամադրութեան: Բարի՛: Նաեւ հաւանաբար մեղեդին ընտրուած էր, որովհետեւ անբարբառ կ՛ըսէ. «Դարձիր իմ մօտ, վերադարձիր դու նորից / Ցաւած սիրտս միայն քեզնով է շնչել / Չի կամենալ նա վերստին քեզ տանջել»: Չբացատրե՞մ, լա՛ւ, բարի: Հայկի ինքնասպանական արկածը ներկայացուեցաւ ոչ թէ իրապաշտ դղրդիւնով, այլ` երաժշտութեամբ: Շա՛տ բարի:
Խորապատկերի գեղեցիկ երաժշտութիւնը էապէս «Ցիմմըրեան» է: Կողքի գծապատկերը ցոյց կու տայ հիմնական մելոտին (musical phrase)` ըստ իմ նոթագրութեանս: Երաժշտութիւնը անոր զարգացումն է (variation) այլազան ձեւերով: Hans Zimmer-ի (1957-) Ցիմմըրի լայն ժողովրդականութիւնը կարելի է վերագրել այն հանգամանքին, որ հմուտ երաժիշտը ելեկտրոնային միջոցներով կը յօրինէ հարուստ հնչեղութեամբ պարզ մեղեդիներ, որոնք «դիւրընթեռնլի» են, կը դիմեն ունկնդիրի ոչ թէ մտքին, այլ` զգացումներուն: Ցիմմըրի լայնօրէն օգտագործած յատկանշական տարրերէն մէկն է կանոնաչափային (metronomic) կշռոյթի «զարկերը», որոնք այս պարագային կը ներկայացնէին սրտի բաբախումներ: Ոչի՛նչ, բարի:
Լուսաւորում.- Բեմը ընդհանրապէս հաւասարապէս լուսաւորուած էր: Այդ յարիր է կատակերգական ելոյթներու: Ո՛չ բարի: Վերջին ելոյթին մէջ, նախքան աւարտական երկու տեսարանները, ուր Սոնա առանձին է, եւ ուր Լեւոն կը սպաննէ Հայկը, կիսամութ բեմին վրայ դիտաւորեալ թէ այլ կերպով գործածուեցան բեմահարթակի յառաջամասի կողմնակի լուսարձակները: Խորապատկերին վրայ կը տեսնուէին Լեւոնի ճիւղաւորուած շուքերը: Այդ կրնար խորհրդանշել կերպարի երկփեղում: Շա՛տ բարի:
Կերպարներ եւ խաղարկութիւն.- Առաջին ակնբախ, արտասովոր հանգամանքը այն է, որ վեց կերպարներէն չորսը (2/3) իգական են: Շա՛տ բարի: Աւելի՛ն. թատրերգութեան հիմնական նախագուսանը (protagonist) ոչ թէ խամրած Հայկն է, այլ իր կենսունակութիւնը պահպանած Սոնան: Գոհար Քերոփեանի ե՛ւ կրակոտ ե՛ւ զգայուն խաղարկութիւնը հոյակա՛պ էր: Շա՛տ, շատ բարի: Մօր կերպարը յիշել կու տայ դար մը առաջ Շահնուրի յօրինած «Պճեղ մը սիրտ»-ի Եփրաքսէ հանըմը, այն տարբերութեամբ, որ կինը նստած է ոչ թէ ինքնասպանութեան հակամէտ անծանօթ տղու կողքին, այլ` «ինքնամահաքուն» կատարած հարազատ որդիի: Ինչպէս սպասելի էր, յոյժ փորձառու դերասանուհի Այտա Սրապոնեան անգամ մը եւս վարպետութեամբ կատարեց իր դերը, թէեւ նախընտրելի էր, որ անոր երկխօսութենէն զեղչուէին ծափերով շեշտուած «Ստեփան բան բան»-ը եւ շարք մը նման ծիծաղաշարժ արտայայտութիւններ ու բազում տատիկեան «քլիշէ»-ներ: Այս դիտողութիւնը, սակայն, կը վերաբերի ոչ թէ դերասանուհիին, այլ` բնագիրին եւ բեմադրութեան: Ո՛չ բարի:
Իբրեւ ակնբախ հակադրութիւն իրենց մօր` դուստրերուն կերպարները, որոնցմէ մին` մազերը (իբր) գոյնզգոյն ներկած, անվրդով են, կամ այդպէս կը թուին: Այդ ի հարկէ մեկնաբանելի է: Այն հանդիսատեսը, որ անքուն գիշերներ անցուցած է մահացող հարազատի մը քով, չի կրնար նման կեցուածք մը ընդունելի գտնել: Պէրպէրեան թերեւս ուզած է ակնարկել տոհմիկ բարքերու անկումին: Թերեւս ալ դուստրերը կը ծածկեն իրենց տագնապը, որպէսզի առաւել եւս չծանրացնեն իրենց մօր եւ տատիկին ցաւը: Այլ խօսքով, այս երկու կերպարները երկբայական են: Հարկ էր, որ խաղարկութիւնը արտայայտէր այդ կարեւոր նրբութիւնը: Թերացումը կը վերագրեմ բեմադրութեան: Հուրի Պապահէքեան եւ Սարին Օհանեան տուին այն, ինչ պահանջուած էր իրենցմէ: Բարի՛:
Անհեթեթ կերպար է ե՛ւ հայ ե՛ւ սրտցաւ ե՛ւ զուարճախօս ե՛ւ հեղինակին ԲՈԼՈՐ գործերուն ծանօթ կնոջ որդի հիւանդապահը: Կատակերգակ ծանօթ դերասան Յարութ Մանուկեան քիչ մը աւելիով տուաւ այն, ինչ պահանջուած էր իրմէ: Բարի՛: Մահաքունի դերը կրնար վստահուիլ մանըքենի մը, հարկ չկար երկար ժամեր տանջելու Ռաֆայէլ Կիւմիւշեանը: Յամենայն դէպս` վա՛րձքը կատա՛ր:
Ամէնէն դժուար մարմնաւորելին Հայկն է, որ համակրելի կերպար մը չէ: Բացի այդ` դերակատարին համար կան բազում մարտահրաւէրներ. նախ` հիւանդանոցային տեսարաններու երկար մենախօսութիւններու ընթացքին հարկ է պահել հանդիսատեսին ուշադրութիւնը: Տարագճեան, որ իր դերերը լրջօրէն կ՛ուսումնասիրէ, տուաւ երկու ակնյայտօրէն զատորոշ կերպարներ: Շա՛տ բարի: Տնային տեսարանները յաջող էին, որովհետեւ այդտեղ կար միայն յոգնած, դադրած, ջղային «Հայկ»-ը: Բարի՛: Հիւանդանոցային տեսարանները, սակայն, շատ աւելի բարդ են, որովհետեւ այդտեղ հարկ էր, որ դերակատարը երկփեղուի, աւելի՛ն, «ճիւղաւորուի»: Այսինքն հարկ է, որ «Լեւոն» ոչ միայն հանդիսատեսին ձեւով մը «թելադրէ» մահաքունի մէջ եղող «Հայկ»-ի լուռ պատասխանները, այլ նաեւ կատարէ հին յունական պատմող «քորուս»-ի դեր` ԱՌԱՆՑ կորսնցնելու ներքին ինքնութիւնը: Գրեթէ անկարելի առաջադրանք: Տարագճեան տուաւ կարելին: Բարի՛: Հեղինակին կողմէ բնագիրին մէջ բացայայտօրէն նշուած են ոչ նուազ քան 9 դադարներ, հաւանաբար որպէսզի նրբութիւնը այս կամ այն կերպ իրագործուի: Ելոյթներուն մէջ, սակայն, դադարները ցաւօք զեղչուած էին: Դերակարարը ՇԱՏ արագ կշռոյթով անընդմէջ շարունակեց մենախօսութիւնը` շրջելով բեմին վրայ: Այլ խօսքով, շարժումը աւելի կարեւոր նկատուած էր, քան` ասքի ընկալումը: Ո՛չ բարի: Նոյնինքն բնագիրի եւ հաւանաբար բեմադրիչի թելադրութեամբ «Լեւոն» հեգնող-խրատող աւագ եղբօր նման կը մօտենար: Չափազանց կլանուած կը թուէր իր գործով, Հայկին կը դիմէր «միջանկեալ»: Դերակատարին ձեռքերը ընդհանրապէս գրպաններուն մէջ էին: Այդ մարմնի լեզուն (body language) յարիր չէ՛ ճգնաժամային կացութեան: Ո՛չ բարի: Նաեւ շատ հաւանաբար բեմադրիչի թելադրութեամբ Տարագճեան սպանութեան տեսարանը կատարեց զգայացունց տպաւորութիւն ստեղծելու մտադրութեամբ (թեքսթը յօդս շպրտել, ջղագար գոռալ եւ այլն): Աւարտական տեսարանի «Յարութեան» մասին` աւելի ուշ:
Մեկնաբանական.- Կարելի չէ բնագիրը տառացի ընկալել: Կան ակնյայտ բժշկական մանր սխալներ (ինչպէս` սնդիկ ջերմաչափ եւ անտեղի վիրակապեր) հիմնական խախտումը, սակայն, բժշկական է: Ջղագիտութիւնը կ՛ըսէ, որ միջին տարիքի անձի մը ուղեղի ծանր վնասուածքէ եւ 7 ամսուան մահաքունէ ետք գիտակցութեան, որոշ շարժումի եւ խօսքի վերականգնումը յոյժ անհաւանական է, չըսելու համար` անկարելի: Այդ թերեւս կարելի է մանուկի մը համար, պայմանաւ որ մահաքունը տեւէ նուազ քան մէկ ամիս (1):
Ուրեմն Հայկին մահաքուն մուտքն ու ելքը այլաբանակա՛ն են: Դէպքերը ծայրէ ծայր կը պատահին Հայկին մտքին մէջ: Չի՛ք ինքնաշարժի արկած, չի՛ք եօթը ամիս տեւող ֆիզիքական մահաքուն: Թերեւս չի՛ք նոյնիսկ իտալական ճաշարան եւ պարսիկ «պոյֆրենտ»: Առ այդ, պէտք չէ դիպաշարի ժամանակագրական շարքն ու տեւողութիւնը տառացի ընկալել: Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է, որ Հայկի միւս եսը Լեւոն, իր վերջին տեսարանին մէջ աւարտած եւ անբացատրելիօրէն յօդս շպրտած (յաջող) թատերակը ՆԱԽՈՐԴ տեսարանի մէջ յայտնուի Հայկի բազմոցին տակ(2): Աւելի՛ն. ինչպէ՞ս կարելի է, որ ֆիզիքապէս սպաննուածը յարութիւն առնէ: Սպանութիւնը ուրեմն մտայի՛ն էր: Նախքան «արկած»` Հայկ ցաւոտ կ՛ակնարկէ, թէ ինչպիսի՛ ընթացք կ՛ակնկալէ իր հարազատներէն եթէ մահանայ: Առկայ էր նաեւ գերբնական տարրը` հարազատներու խորհրդաւոր երազներով: Բեմադրիչը իր կողմէ բնագիրին յաւելած էր աւելի ակնյայտ գերբնական տարր` յանձին Հայկի «հոգիին», որ առնուազն երկու անգամ պահ մը դուրս եկաւ քուլիսներու մթութենէն եւ խոհուն դիտեց հարազատները: Բարի՛:
Ելոյթին աւարտը կրնար դիպուկ ըլլալ գեղարուեստական առումով: Իրապաշտօրէն ի հարկէ ճի՛շդ է, որ ծանր արկածէ եւ եօթը ամիս տեւած մահաքունէ ետք թատերագիրը հազիւ թէ կարենար մատը շարժել եւ բառ մը արտասանել: Այդ առումով, Տարագճեան ճշգրտօրէն մարմնաւորեց Հայկի տժգոյն վերադարձը (3): Հանդիսատեսին թելադրեց աւելի կարեկցանք, քան` խանդավառութիւն: Շա՛տ բարի: Թատրերգութիւնը, սակայն, իրապաշտ չէ՛, Պէրպէրեանին հիմնական պատգամը ստեղծագործ ոգիի յաղթանակն է` ընդդէմ գերակայ նիւթական խոչընդոտներուն: Ի հեճուկս նաեւ իր յոռետես խառնուածքին: Պէրպէրեանին առաջադրանքն է` յուսադրել նախ հանդիսատեսը եւ ապա հետեւաբար` ինքզինք: Ա՛յդ է յարիր «տխուր հտպիտ»-ի մը: Առ այդ, ոչ միայն ներելի, այլեւ նախընտրելի էր աւելի «առոյգ», աւելի «հրաշափառ» յարութիւն:
Յամենայն դէպս, շա՛տ բարի: Պէտք է յուսալ, որ ելոյթներու ստեղծած խանդավառութիւնը չի հանգիր: Բարի՛ երթ` «Թեաթրոն»-ի խենթերուն:
5 յունիս 2025
(Շար. 2 եւ վերջ)
———–
- National Institute of Neurological Disorders and Stroke Traumatic Brain Injury Guidelines (https://www.ninds.nih.gov › health) Չափահաս ի մը պարագային համար կ՛ըսէ.- 7-month coma after massive unilateral damage would involve irreversible thalamocortical disruption and ascending reticular activating system failure. Meaningful recovery of consciousness is physiologically unsupported. (իմա` անհիմն) The scenario violates three foundational principles of adult neurotrauma: Irreversibility of neuronal death,Time-limited window for spontaneous recovery & Somatotopic rigidity of eloquent cortex.
- Բացատրութիւնը թերեւս Պէրպէրեանի այն դրոյթէն, թէ «նորէ-նոր» սկսելու համար հարկ է նախ «ամէնէն սիրած բանը թափել»: Բարի:
- Նման կարողութիւն, լաւագոյն պարագային, պիտի պահանջէր ամիսներու եւ թերեւս տարիներու վրայ երկարող բուժում (Physical therapy):