Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուգահեռ Որոնումներ. «Քաղցր Տուն Ատանա»

Հոկտեմբեր 18, 2024
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Բեմադրիչը.- Ատանացի հայկական արմատներ  ունեցող Նակեհան Ուսքան հաստատուած է Թուրքիոյ մօտակայ յունական Լեպոս կղզիի վրայ (1): Արտադրիչն է «Տերտօ մայրիկը եւ ընկուզենին»  (Mother Derdo and the Walnut Tree, 68 վ. 2017) վաւերագրական ժապաւէնին, որուն անդրադարձած եմ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ (2): Ներկայ գործը ֆինանսաւորած է «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը:

Վերնագիրը հետեւողութեամբ է «Sweet Home Alabama» (Andy Tennant 2002) ժապաւէնին, որ կը պատմէ այդ հարաւային (սեւերու) նահանգէն Նիւ Եորք փոխադրուած եւ այդտեղ նոր ինքնութիւն մը յօրինած կնոջ մը, նորաձեւագէտ (fashion design) Մելանիին մասին: Ժապաւէնին վերնագիրը, իր կարգին, ներշնչուած է Lynyrd  Skynyrd-ի (1974) վատահամբաւ ցեղապաշտ երգի վերնագիրէն: Ինչպէ՞ս հասկնալ (3):

Կարճամեթրաժ վաւերագրական «Քաղցր տուն Ատանա» («Sweet Home Adana»- 21 վ. 2024) ժապաւէնին մէջ կ’ընթանան երկու զուգահեռներ: Առաջինը բեմադրիչին մօր տատիկին եւ անոր տան, այսինքն հայկական պատկանելիութեան փնտռտուքն է, իսկ երկրորդը` գանձագողերու աւերիչ փորփրումներն են հայկական հնավայրերու եւ բնակավայրերու մէջ` այդտեղ թաքցուած ոսկիները իւրացնելու համար:

Ժապաւէնի նիւեորքաբնակ հերոսուհին` Մելանի, որեւէ հոգեկան կապ չունի հարաւի սեւամորթներուն հետ: Այդտեղ պիտի երթայ դատական գործի մը պահանջած փաստաթուղթեր ստանալու համար: Ինչպէս Մելանի, այնպէս եւ բեմադրիչը ուղղուած են դէպի նախնիներու տուն մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի: Սեւ հիւմըր: Ինչպէս Մելանի, այնպէս եւ ոսկի որոնող խուլիկանները հոգեկան որեւէ կապ չունին տառապեալ վայրի անցեալին հետ: Իրենց նկարած տեսերիզներու մէջ գանձ որոնողները «կը հարցաքննեն» աւերակներն ու ժայռերը` թաքցուածին շուրջ տեղեկութիւն ստանալու համար: Այդ եւս ժապաւէնի սեւ հիւմըրն է, որ կը միտի հանդիսատեսը խորհրդածութեան մղել` փոխանակ հրամցնելու պատրաստ եւ դիւրին մտքեր:

Բեմադրիչը տեսակցութեան մը ընթացքին իր հիւմըրով դիտել տուած է, որ իր որոնումները ոչ թէ զուգահեռ են, այլ` խաչաձեւ, որովհետեւ ինք կը շարժէր տափարակ, հորիզոնական, իսկ գանձագողերը` դէպի ներքեւ, ուղղահայեաց:

Տատիկին մասին միակ տեղեկութիւնը այն է, որ բոյսերով դեղորայք կը պատրաստէր եւ կը բաժնէր դրացիներուն, որոնք զինք կը կոչէին «Մէլէք Ապլա» (հրեշտակ մեծ քոյր): Այլ խօսքով, իր շրջապատի հետ նոյնիսկ աւելի սիրալիր յարաբերութիւն ունէր, քան` Տերտօ մայրիկը: Տատիկի ինքնութեան մասին հաւաստի այլ ոչինչ կը տեսնենք:

Պատկերներ.- Բացման տեսարանը.- Կոյր մեծ տատիկին դաջուած ձեռքը լերկ ժայռերու վրայ բան մը կը փնտռէ: Կոյր որոնում: Այդ, ինչպէս ձեռքի մերօրեայ դաջուածքը կը թելադրէ, բեմադրիչին ձեռքն է, որ ունայն կը մնայ մինչեւ տեսարանի վերջ:

Այդ առաջին, գլխաւոր զուգահեռն է: Ապա, ուղղակի կցումով (մոնթաժ) կը տեսնենք երկրորդ զուգահեռը, որն է` հայկական հնավայրերու աւերումը գանձագողերու կողմէ: Մետաղի տարօրինակ յայտնակով եւ մեծ քլունկով զինուած փորփրող ինքնակոչ «գանձերու արքան»` ծիծաղելի զգայակներով  եւ թաքնագիրներ վերծանելու առաւել ծիծաղելի տեսութեան յենած, գանձ յայտնաբերելու ցուցմունքներ կու տայ իր հետեւորդներուն: Հանդիսատեսին հեգնանքը, սակայն, արագ կը վերածուի ցաւի, երբ  գանձագողը կը ջարդէ գունաւորուած կաւէ սափոր մը, անոր յատակին մէջ թաքցուած ոսկի գտնելու համար (Տե՛ս կողքի նկարները) (4):

Կը փոխադրուինք աղիւսաշէն Սաչլը Համիտ թաղամաս, ուր կայ եռուզեռ եւ ուրախ ժողովրդական սրճարան: Քամերան գլխիվայր կը շրջուի` ուղեղի ժխոր եւ տագնապ թելադրող երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Կը լսենք, որ «փոկրոմ»-ի ընթացքին սպաննուած են 20 հազար հայեր (5): Ակնթարթի մը համար կը տեսնուի ստուերը երբեմնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (6): Կը մտնենք հոյածաւալ Աբգարեան վարժարան, որ վերածուած է շուկայի, գրասենեակներու եւ զբօսավայրի: Արտապատկերային պատումը կը սկսի կարդալ Զ. Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» ուղեգրութենէն յուզական հատուած մը (որ յարիր չէ ժապաւէնի մօտեցումին) (6):

Քամերան կ՛ընթանայ կիսամութ գորշ անցքի մը ընդմէջէն, որ կ՛աւարտի դէպի վեր տանող ոչ երկարաձիգ օգնական բազրիքով օժտուած սանդղամատեր, որոնք կը տանին դէպի լուսաւոր երկնագոյն աւարտ (Տե՛ս կողքի նկարը): Բեմադրիչը կը սկսի պատմել ակնյայտօրէն խորհրդանշական «երազ» մը, ուր տատիկը զինք կ՛առաջնորդէ դէպի աստիճաններ եւ կը թելադրէ բարձրանալ: Բայց բեմադրիչը անյայտ պատճառով անկարող է կատարելու տատիկին կտակ-խնդրանքը: Հարկ կա՞յ երազահանի դիմելու:

Կը փոխադրուինք բոլորովին քարուքանդ հնավայր մը, որ պայմանականօրէն հայկական է: Բայց այս անգամ կը կարդացուի Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ»-էն վերցուած հատուած մը, որ կ՛աւարտի հետեւեալ անակնկալ նախադասութեամբ. «Յուսահատութեան մէջ ժպիտ մը կը ծագի»: Խորապատկերի մշուշոտ հորիզոնը կը սկսի հրավառիլ: Այդ կը թուի փորձ մը  ըլլալ արհեստական կերպով յուսադրիչ աւարտ մը կցելու մինչ այդ սեւ հիւմըրով ընթացող ժապաւէնին:

Ապա կրկին կը տեսնենք ցիրուցան լերկ ժայռերու վրայ ընթացող փնտռտուք մը: Բայց այս անգամ որոնողը ոչ թէ արտակեդրոն գանձագողն է, այլ` բեմադրիչը: Որոնումը կը յանգի երբեմնի գողտրիկ, բայց այժմ լքուած ու խարխլած հայկական տան մը, որ պայմանականօրէն իր մօր տատիկին կորսուած տունը կը սեպէ: Պաստառի կեդրոնին վրայ կը կրկնուի աստիճաններու խորհրդանշական պատկերը: Սակայն, ի տարբերութիւն կիսամութ, միջանցքի սառն սանդղամատերուն,  փայտեայ աստիճանները  ունին տաք արտաքին լուսաւորում: Տունը, սակայն, թերեւս խորհրդանշանակօրէն ունի մութ ընդերք: Քամերան կը բարձրանայ դէպի թափուր պատշգամը, որ շրջապատուած է կանաչով (նոր ծաղկող կեանք – մեկնաբանելի): Չի փորձեր, սակայն, մտնել ներս: Չի կրնար մտնել, որովհետեւ այդ կրնար նշանակել ընդունիլ հայկական ինքնութիւն, որ անորոշ է, անսահմանելի: Ժապաւէնը, ուրեմն, կ՛աւարտի այդտեղ: Բարի՛:

Գեղարուեստական.- Քամերան շարժական է ժապաւէնի գրեթէ ամբողջ ընթացքին, որովհետեւ կը ներկայացնէ որոնողներու աչքերը: Պարտաւոր է յառաջանալ ոստոստելով զուգահեռէ զուգահեռ: Այդ յարիր է ժապաւէնի երկբայական մօտեցումին: Բարի՛:

Երաժշտութիւնը յոյժ յարիր եւ տպաւորիչ է յատկապէս Leonidas Danezos-ի կողմէ յօրինուած մթագին, աղօտ, մտային տագնապ եւ նոյնիսկ մղձաւանջ թելադրող այն հատուածը, որ կը լսուի աստիճաններու երազին ընթացքին: Տաղանդաւոր եւ բարեացակամ երաժիշտի հետ նամակցութեամբ իմացայ, որ գործադրուած է նոյնինքն երաժիշտի կողմէ պատրաստուած նուագարանէ մը, ուր մանկական դաշնակի լարերը փոխարինուած են մետաղեայ ձողերով, որոնք գրեթէ կ՛ողբան, երբ բանեցուին ջութակի աղեղով (8):

Հուսկ բանք.- Ինչպէս բեմագիր-բեմադրիչը այլ առիթով դիտել տուած է, հայկական արմատներու եւ ժառանգի բներգը ցաւօք ոմանց նիւթաբարոյական շահարկումի հնարաւորութիւն տուած է: Ներկայ ուսանելի եւ տպաւորիչ ժապաւէնը կ՛առանձնանայ իր ակադեմական պարկեշտ մօտեցումով: Շա՛տ բարի: Նախընտրելի էր, սակայն, որ բեմադրիչը զանց առնէր Զ. Եսայեանի զգացական զեղումները: Պատկերաւոր լեզուն աւելի քան բաւարար էր հեղինակին ասքը փոխանցելու: Ուոլթըր Պենիամինի բառերով. «Անցեալը երբեք ամբողջութեամբ չի անհետանար, կարելի չէ զայն ի սպառ պատմականացնել:

————–

  1. Դոկտ. Ն. Ուքան հաղորդակցութեան եւ շարժապատկերի այցելու դասախօս է գերմանական եւ թրքական համալսարաններու մէջ:
  2. Տերտօ մայրիկ թրքերէն չիմացող այրիացած հայ կին մըն է, որ Պիթլիսի մէջ ընկոյզի պտղաբեր ծառ մը ունի: Ոմանք կ՛ուզեն ծառը հատել, որպէսզի տիրանան հողին, բայց դատարանին վճիռը ի նպաստ հայ կնոջ է, որ սիրալիր յարաբերութիւններ ունի իր դրացիներուն հետ: Ժապաւէնը ֆինանսաւորուած էր Հայ-թուրք հարթակին կողմէ: «Թօշնող ծիրանի հեւքը», «Ազդակ», յուլիս 28, 2017:
  3. Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ տեղեակ չէր երգի ցեղապաշտ բնոյթէն:
  4. Րաֆֆի Պետրոսեանի յօդուածին կցուած են տեսերիզներ, որոնք ուղղուած են գանձագողերը զարգացնելու: Տես «Hunters of Armenian Treasures», The Armenian Weekly, 9 յուլիս, 2020:
  5. «Փոկրոմ» Ռուսիոյ հրեաներու «Եիտտիշ» բարբառով կործանում կը նշանակէ: Հետագային ստացած է «հրեաներու սպանդ» իմաստը: 20 հազարը պետութեան կողմէ յայտարարուած պաշտօնական թիւն է: Բեմադրիչը կրնար իսկական թիւը յիշել, որ ի հարկէ շատ աւելի մեծ է:
  6. Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք, պետութիւնը 1840-ին կառուցուած եկեղեցին վերածած է շարժապատկերի սրահի: Իսկ 70-ական թուականներուն քանդած է եւ այդ հողին վրայ կառուցած Կեդրոնական դրամատան մասնաճիւղ մը: Բեմադրիչը թերեւս այդպիսով լռելեայն կ՛ակնարկէ իսկական, մեծ գողութիւնը ոչ թէ ընդհանրապէս ունայնաձեռն մնացող գանձ որոնողները կատարած են, այլ` նորափթիթ քաղքենիական խաւը, որ սեփականացուց ոչ հայկական եւ յունական շարժուն եւ անշարժ ունեցուածքը եւ ճարտարարուեստական ենթակառոյցը:
  7. Վարժարանը, որուն «ոգեկոչում»-ը կը գործէ(ր) Պէյրութի մէջ, ունի արգելակայանի կառուցուածք: 19-րդ դարու մանկավարժական ըմբռնումները ուսումնասիրութեան առանձին նիւթ են:
  8. Կողքի լուսանկարները ցոյց կու տան նուագարանի վաճառելի նմանակները, որոնք կը կոչուին whalophone եւ կամ euphone (որ անյարիր է, որովհետեւ eu-phone կը նշանակէ հաճելի ձայն): Յաճախ կը գործածուին շարժապատկերի վախազդու տեսարաններու առընթեր:

 

 

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Խորհրդակցական Առցանց Նիստ Գումարեցին Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Յաջորդը

«Խորհէ՛ Եւ Մտի՛ր»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Երեւանի Կատարողական Շողշողուն Փառատօնը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?