ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Կին» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին 21-րդը պահպանած է իր ծաւալն ու առաջնահերթութիւնները: Ուրախալի է նկատել, որ անոր հովանաւորներու թիւը աճ արձանագրած է: Մասնակցող մրցութային առաւել հիւր դասի 47 ցուցադրուած գործերուն շուրջ 70 տոկոսը խաղարկային է: Մնացեալը գրեթէ հաւասարապէս կը պատկանի վաւերագրական եւ գծանկարային (animation) սերերու: Որպէս նորութիւն` ներառուած էր «տարասեռ» (hybrid) գծանկարային-վաւերագրական գործ մը, որուն շուրջ տեղի ունեցած են մասնագիտական քննարկումի աշխատանոցները: Մասնակից երկիրներու մէջ առաջնակարգ են Հայաստանը` 13, Պելճիքան` 7, Ռուսիան` 5 եւ Ֆրանսան` 4: Կը նկատուի ռուսական մասնակցութեան նուազում: Մրցութային ժապաւէնները կարճատեւ էին (միջին տեւողութիւն` մօտաւորապէս 20 վ): Բեմադրիչներու հետ անհատական միջոցով ուղղակի կապուելով` յաջողած եմ դիտել 8 ժապաւէններ: Ճշդում. 9 ժապաւէններու, եթէ նկատի ունենանք նաեւ Օֆելիա Յարութիւնեանի «Գիւղը, որ կանգնի» վաւերագրականը, նախապէս անդրադարձած եմ (1):
Մեկնաբանութիւններու տեղի չտալու համար կը ներկայացնեմ հայերէն վերնագիրները այբբենական կարգով:
1.«Ամօթ» (Shame), Սոնա Սահակեան, խաղարկային, 7վ
«Ֆեմինիստ» ժապաւէն մը: Բացման տեսարանը տեղի կ՛ունենայ աշխատանքային օրուան մը առաւօտուն: Գրեթէ հարթ կուրծքով միայնակ աղջիկ մը` Մերի (կ՛իմանամ, որ եբրայերէն նշանակէ նաեւ դառնացած, ըմբոստ) կը սարսափի, երբ կը տեսնէ, որ իր պատշգամը փռած կրծկալը ինկած է վար` ցեխոտ փողոց: Ճակատագրական-խորհրդանշական «արկած» մը: Ետ բերելու ջղագար ջանքերը կը մնան ապարդիւն: Կուրծքը իր մազերով եւ մեծ գիրքով մը ծածկած` կողմնակի ճամբաներով գաղտագողի կը հասնի աշխատանքի (սեւ հիւմըրի յաջող տեսարաններ): Գործատէր կինը ի հարկէ անմիջապէս կը նկատէ «անընդունելի» տեսքը եւ կը հրամայէ յաճախորդներու դիմաց չյայտնուիլ: Մերի կը վերագտնէ կրծկալը, բայց պահ մը մաքուր բնութեան մէջ օրօրուելէ ետք (խորհրդածութեան խորհրդանիշ) կը վերադառնայ աշխատավայր եւ վճռական շարժումներով կը հանէ եւ մէկդի կը շպրտէ պարտադրուած կեղծիքը: Բայց յետո՞յ …
2. «Պաքարա» (Baccarat), Եւա Եսայեան, խաղարկային, 7 վ
Կը պատմէ կարճ, բայց բուռն կին-տղամարդ հանդիպումի մը մասին: Շուկայի մէջ կոկիկ հագուկապով կին մը կարմիր խնձոր (կը կրկնեմ, կարմի՛ր խնձոր) մը կը դնէ իր ձեռքի պայուսակին մէջ: Կինը կռնակ դարձուցած է շուկայի խորապատկերին: Քամերայի ոսպնեակով խորացուած անցքէն (իմա` անցեալի խորքէն) երիտասարդ տղամարդ մը կը յայտնուի, կը խլէ պայուսակը եւ կը փախչի: Յաջորդ տեսարանին մէջ մաշած աստիճաններու վրայ տղամարդը կը պարպէ պայուսակի պարունակութիւնը: Անտարբեր շարժումով կը խածնէ կարմիր խնձորը, բայց ուշադիր կը նայի շալին եւ կը հոտոտայ: Կը քարանայ, երբ կը տեսնէ կնոջ հեռախօսի խորապատկերը, որ, ի դէպ, կը ներկայացնէ վերածնունդի (կը կրկնեմ, վերա-ծնունդի) պաստառ մը, ուր կնոջ շէկ գանգուրները կը խորհրդանշեն հրավառ սէր: Կը յայտնուի հեւասպառ կինը: «Դուն առաջ «Baccarat» կը գործածէիր», կ՛ըսէ տղամարդը: Կինը միայն անուշահոտը չէ, որ փոխած է: Սկսած է նոր կեանքի: Բանալին տուր, կրնաս պահել մնացեալը, կրնաս առնել փողերը: Բայց տղամարդը կ՛առնէ միայն շարֆը եւ արագ կը հեռանայ: «Ներիր ինձ»: Կինը հեռախօսով «կը թեքստէ»` «Ես քեզ ներել եմ» եւ կը կռթնի ճաղերուն: Կը լսուի սաքսոֆոնի տխուր երաժշտութիւն: Պատին վրայ կը տեսնենք դէպի վար ընթացող խաչաձեւ ճաղերու խորհրդանշական շուքը: Ոչ մոռցուկ անցեալը խուժած է կնոջ կեանքէն ներս: Մեծապէս տպաւորիչ է պատկերաւոր լեզուի ժուժկալ խտութիւն: Ակնյայտ է, որ երիտասարդ բեմադրիչը ատակ է երկարամեթրաժ գեղեցիկ ժապաւէններ արտադրելու: Յաջողութի՛ւն:
3. «Բռնի իմ ձեռքը» (Take My Hand), Մերի Վարդանեան, խաղարկային, 18վ
Կը պատմէ միջին տարիքի առանձին մօր մը մասին, որ ցած աշխատավարձով տաղտկալի աշխատանքի պարտադրուած դերասանուհի մըն է: Հայրենիքի մէջ` կրկնակի ընթացիկ տառապանք: Բացման տեսարանը արուարձանի մը երկաթուղային բացօթեայ կայարան մըն է, ուր երբ մտատանջ կինը կը փորձէ իր աշխատանքի ժամերու ընթացքին դստեր համար հոգատար ճարել, անհանդարտ աղջնակը կը թռչի եւ կ՛իյնայ շոգեկառքին տակ: Այդ, ի դէպ, հանդիսատեսին կանուխ տրուած «բանալի» մըն է, որ կ՛ազդարարէ հետագայ աղէտը: Շա՛տ բարի: Յաջորդ տեսարանին մէջ կինը առանձին է կամարին տակ: Տեսարանը յիշել կու տայ դասական պաստառները: Իգական թափանցիկ շրջազգեստը փոխարինուած է անթափանց տաբատով: Կեանքը դարձած է անիմաստ, առաւել` մղձաւանջը, որ աղջնակը զոհն էր իր անուշադրութեան: Աշխատավայրին մէջ վերակացուն զինք անդադար կը նուաստացնէ անփութութեան համար: Ելեկտրաձողի վերեւ արագիլի բոյնը անհետացած է: Գետնուղիի մէջ իր ճամբան հատող տարօրինակ երգիչ մը ջղային շարժումներով կը վերադարձնէ մետաղադրամներուն հետ կնոջ իրեն տուած կոճակ մը: Անծանօթ մարդը, որ տարօրինակօրէն գիտէ կնոջ անունը, շոգեկառքին մէջ կրկին կը հատէ իր ճամբան: Սպիտակահեր, սպիտակամօրուս մարդը (ժամանա՞կ), որուն ուսապարկին վրայ կարուած են բազմաթիւ ու բազմատեսակ կոճակներ, չի կրնար սպասել եւ լսել կինը: «Կոճակը այնտեղ է, ուր պէտք է մնայ»: Ժամանակը չի տանիր ցաւը: «Ես պէտք է գնամ»: Ժամանակը կանգ չ՛առներ: Բայց գնացքի ազդանշան լոյսը կարմի՛ր ցոյց կու տայ: Խորհրդանշական կոճակ եւ հանդիպումներ: Դատարկ տան մէջ միայնակ տուփեղէնի անորակ ընթրիքն ու հեռատեսիլը անտանելի են: Երբ թատերական աշխատանքի համար իր տեսակցութիւնը (casting) խրախուսական չէ. «Մենք կը կապուենք քեզ հետ», կամ` «Don՛t call us, we՛ll call you», դասական անուղղակի մերժումը: Կինը կը վերադառնայ երկաթուղային կայարան: Բոպկացած ոտքերով կը շօշափէ հողը: Ձեռքին ունի խորհրդանշական Աննա Քարենինա վէպը (2): Որպէս հակադրութիւն` իր կողքին նստած է աղջիկ մը, որ ի հեճուկս ապօրինի սաղմի դժկամ հօր` ամէն գնով կեանք պիտի տայ իր մանուկին: Կինը կ՛անհետանայ առանց աղմուկի: Խորապատկերի ճմլող շոգեշարժին առջեւ կը մնան կնոջ լքուած մաշած կօշիկները: Ոչ ոք բռնած էր անոր ձեռքը: Բեմադրիչը ունի հիանալի նկարչային աչք եւ պատկերաւոր լեզուի ակներեւ շնորհք: Յաջողութի՛ւն:
4. Գիշերային ոդիսական (Night Odessey) Մելանիա Համասեան, 11վ
Ժապաւէնը, 40-ական թուականներու ամերիկեան սիրային «I should care» երգի ճազային մեղեդիի ընկերակցութեամբ, գիշերային կարճ շրջապտոյտ մըն է Երեւանի քաոսային արուարձաններէն մէկուն մէջ, ուր թափօններու եւ ուրուականային ձուլարանի մը կողքին, լուսաւոր սաւանի մը ետին զոյգ մը արդի ոճի խաչքար կը քանդակեն: Շրջապտոյտի ոդիսական մըն է այն առումով, որ աւարտական տեսարանին մէջ հերոսուհին այնտեղ է, ուր էր բացման տեսարանին մէջ, բայց արթուն է: Ինչպէս Ոդիսեւս վերադարձած էր Իթաքա 20 տարուան դառն փորձառութենէ ետք: Երգին զեղչուած խօսքերը (իմ թարգմանութեամբ) կ՛ըսեն (3).
Հարկ էր, որ հոգայի / հարկ էր, որ մնայի անքուն,
Բայց կը քնանամ մինչ առտու / Բացի երազէ մը կամ երկու:
Ոդիսականը, որ կը պատկերէ արուարձանի իրավիճակը, մղձաւանջ մըն է:
5. Երբ գալիս է բազէն (When the hawk comes), Լիլիա Լի-Մի-Յան եւ Կ. Սատովսքի, խաղարկային, 6վ
Վերնագիրը ակնարկ է «Արի իմ սոխակ» յոյժ ծանօթ օրօրոցայինին, որ գլխովին հակադիր է ժապաւէնի ասքին: Քամառ Քաթիպա (1830-1892) այդ ռազմաշունչ ոտանաւորը յօրինած է Սան Սթեֆանոյի թելադրած խանդավառ մթնոլորտին մէջ: Ոչ մէկ մայր կը փափաքի, որ իր նորածինը ռազմաճակատ մեկնի: Ազգային բանաստեղծը կը պախարակէր արեւմտահայերու թուլամորթութիւնը: Երգին մէջ եւ այլուր Ռ. Պատկանեան կրօնականները որակած է «կաչաղակ»:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ 18 սեւազգեստ երիտասարդ կիներու եւ անոնց տարեց պարուսոյցին ծիսական շարժումները Տէր Զօր յիշեցնող տարածութեան մը մէջ: Ծանուցումը կ՛ըսէ, որ այդ ռազմադաշտ մըն է, եւ որ` պարուհիները կը խորհրդանշեն աշխարհի բոլո՛ր ազգութիւններու (թշնամի թէ բարեկամ) պատերազմի հակադրուած կիները, որ` հայրենասիրութիւնը ընկերային յիմար գաղափար մըն է` պարտադրուած իշխող հաստատութիւններու կողմէ: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ հիման վրայ ընտրուած է 19 թիւը: Թերեւս` թուապաշտութեան (numerology), որուն ծանօթ չեմ: Բեմադրիչը լայնօրէն օգտագործած է թուային միջոցներ` պատկերելու համար գունագեղ մրրիկներ, մարախներու երամ եւ կամ` առկախ երկնաքարեր: Պատկերներէն մին, սակայն, ոչ թուային է, ուր անձրեւը կը թրջէ նուրբ ու թեթեւ զգեստները` ցոյց տալով պարուհիներուն ցանկայարոյց մարմինները: Այլ պատկեր մը կրկնութիւնն է հանճարեղ Ի. Պերկմանի ժուժկալ «Եօթներորդ կնիք»-ի աւարտական տեսարանին, ուր բլուրի մը հորիզոնին վրայ մահը մարդոց շարքը կ՛առաջնորդէ դէպի ոչնչութիւն: Այդ, իր կարգին, խոտոր կը համեմատի ժապաւէնի աւարտին, ուր կիները խրոխտ կը քալեն դէպի հորիզոնի հրավառ արեւ: Կը թուի, թէ ժապաւէնը պարուսոյցին եւ իր պարախումբին կարողութիւնը ցուցադրելու պատրուակ մըն է:
6. «Այն, ինչ ինձ պէտք է» (All that I need), Կատիա Սպիվակովա-Սահակեանց, խաղարկային, 11վ
Ժապաւէնը համադրում մըն է առաջին եւ ներկայ եղեռններուն: Բացման տեսարանին մէջ թուրք կին մը արցախցի հերոսուհիի նախապապը ասկեարներէ կը փրկէ զինք պահելով (ինչպէս` այլ հոլիվուտավարի ժապաւէններու պարագային) սնտուկի մը մէջ: Հերոսուհին, որ ունի եւրոպական գլխանոց եւ հագուկապ, կ՛երթայ իր հօրենական տունէն փրկելու այն, ինչ «պէտք» է: Միակ իրը, որ ձեռք կ՛առնէ, իր նախապապի ամերիկեան գլխարկն է, որ աւելի քան դար մը ետք տակաւին մուտքի դրան կողքին է: Մնացեալ ամէն ինչ, ներառեալ` պատերէն կախ բազմաթիւ պատմական խմբային լուսանկարները (իմա` հարուստ պատմութիւն), կը հրկիզէ հեռանալէ առաջ: Կը տեսնենք վաւերագրական պատկեր մը, ուր հորիզոնին վրայ կը տեսնուին հրկիզուած տուներ: Ժապաւէնը կը ներառէ դժուար վերծանելի ծիսական բնոյթի տեսարան մը, ուր փրկարար թուրք կինը կը շրջի երկնային աւազանի մը շուրջ եւ ապա կը սուզուի անոր մէջ: Բեմադրիչին քոյրը առանձին կը ներկայացնէ չորս կերպարները` նախապապ, թուրք կին, վայրագ, բայց միամիտ ասկեարներ եւ հերոսուհի: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ կերպարները կը խաղայ նոյնինքն հերոսուհին, որովհետեւ այդ բոլորը կը կատարուին ի՛ր երեւակայութեան մէջ: Ահաւոր բներգը, սակայն, չէ ներկայացուած պատշաճ լրջութեամբ: Կը թուի, թէ այս ժապաւէնը եւս պատրուակ մըն է, այս անգամ՛ ցուցադրելու համար … բեմադրիչի քրոջ կատարողական շնորհը:
7. Խորշ (Edge), վաւերագրական, Սոնա Խաչատրեան, 11վ
Ժապաւէնը բաղկացած է պատումներէն Երեւանի ծայրամասերուն (Edge = եզերք, ծայր) գտնուող Չարբախ, Շենգաւիթ, եւ Մասիվի ահաւոր «խորշ»-երու մէջ հասակ նետած երեք պատանիներու, որոնք մղուած են փոքր ու մեծ ոճիրներու եւ դատապարտուած` «հանրակացարան»-ի ազատազրկման: Բացման տեսարանին մէջ եւ ապա պարբերաբար կը տեսնենք օղիի աղքատիկ սեղանը` պատուած գլանիկներու ծուխով: Ձեռնաթմբուկի (darbuka) ընկերակցութեամբ, կը լսենք «Դոլիա վարաւսքայա» (Բանտարկեալի բաժինը, բախտը) ռուսական ռապիսի հայերէն տարբերակը որ կ՛ըսէ.
«Գող չեն ծնւում / Գող են դառնում մարդիկ/ ա՜խ, մամա ջան /(4)…
Ինքնարդարացումի պատումները կրնան հարիւր տոկոս չհամապատասխանել իրականութեան: Հարիւր տոկոս հաւաստի են, սակայն անոնց արտայայտութիւնները այն զգացումներուն մասին, օրինակ, երբ կը գտնուին Երեւանի նորակառոյց Հիւսիսային պողոտայ: Աւելի քան հարիւր տոկոս ազդեցիկ եւ ցնցող է ծայրամասային թաղերու պատկերաւոր «պատումը»: Յուզիչ են մանաւանդ որմնանկարները` թշուառ «հայաթ»-ներու, որոնք ցոյց կու տան սատանայի վերածուած անկեալ հրեշտակ, արցունքը աչքին, կամ` ըմբոստ ձի: Կարգ մը ծառերու վրայ քանդակուած են տառապահար, այլանդակուած դէմքեր: Ժանգոտ մետաղեայ հորիզոնին վերեւ կը տեսնենք ռազմական օդանաւ մը, որ լուռ ակնարկ է աղէտալի պատերազմին: Ձայնի խորապատկերին մէջ կը լսուի ռեփ երգիչ Հայկոյի ՀՏ «Տակի կեղտը» երկարաշունչ (76 տող) երգը, որուն խօսքերը, առատ «ռուսաբարբառ»-ի կողքին, կը պարունակեն առնուազն 16 բառեր, որոնք կարելի չէ այտեղ արտաբերել: Կու տամ աւարտական երկու տողեր.
«Էնքան բան կայ թաղած, որ հաշուել չես կարա / Որ տենալ չես կարա, մինչեւ քիթդ չխոթես ման չգաս»
Ժապաւէնը յետխորհրդային շրջանի ապականութեան եւ թշուառութեան աղաղակող վկայութիւն մըն է:
8. «Կոմպոզիտորը» (The Composer), բեմադրութիւն եւ երաժշտութիւն Ջիջի Գրիգորեան, խաղարկային, 12 վ
Թատրը ծերանոց մըն է, ուր Ճոն ծանակի կ՛ենթարկուի միւս տարեցներուն կողմէ, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ ինք երգահան մըն է, հակառակ անոր որ կը գիտակցի, թէ կորսնցուցած է իր յիշողութիւնը: Դաշնամուրի վրայ իր փորձը պարզապէս խաժամուժ աղմուկ է: Երաժշտական թուղթի վրայ իր նոթերը պարզապէս խծբծում են: Պատասխանատուները կ՛որոշեն Ճոնին տալ այն յիշողութիւնը, որ ինք կը փափաքի: Անոնք եւ մնացեալ տարեցները կը պարեն` ձեւացնելով, թէ արձանագրուած երաժշտութիւն մը Ճոնի յօրինում եւ կատարումն է: Բարեզարդ աւարտ: Ժապաւէնը հազիւ թէ որեւէ տեսական հիմք ունենայ: Բացի այդ` ունի բազմաթիւ ակնբախ հակասութիւններ եւ անտրամաբանական դրուագներ: Ճոն, որ բացման տեսարանին մէջ ձեռնափայտի եւ բուժքոյրի օգնութեամբ հազիւ կարող է քալել, գիշերանց առոյգ կը վազէ դէպի դաշնամուր: Բուժքոյրը ամիսներ ետք միայն կը բանայ թղթածրարը եւ կը յայտնաբերէ, որ Ճոն ոչ թէ երաժիշտ եղած է, այլ` ճարտարագէտ: Նմանապէս, Ճոն ամիսներ ետք միայն կը նկատէ, որ ճաշարանէն իր սենեակ տանող ճամբուն վրայ դաշնամուր մը կայ: Իսկ ինչո՞ւ դաշնամուրը ոչ թէ փոքր ու պարզ է, վայել ծերանոցի մը, այլ` «պոչաւոր», առաւել, բաց կափարիչով, պատրաստ համերգի: Կը թուի, թէ այս ժապաւէնը եւս պատրուակ մըն է, հնարք մը` երաժշտական հակում ունեցող բեմադրիչի գողտրիկ յօրինումը շուկայադրելու:
9. «Կոյտային ամպեր» (Cumulus Clouds), Նայիրա Մուրադեան, գծանկարային, 15վ
Տաղանդաւոր նկարիչի գործերէն երկուքին (Թեւաւորը եւ Նառառա ու Կիկօ) նախապէս անդրադարձած եմ (5,6): Ներկայ ժապաւէնը, որ հիմնովին կը տարբերի նախորդներէն, նուիրուած է Փարաջանովին, թէեւ անոր գործերէն ոչ մէկ պատկեր ակնյայտ է: Փարաջանով ներկայ է մերթ ընդ մերթ լսուող արտապատկերային երկխօսութեամբ, որ, ըստ երեւոյթին, տեղի կ՛ունենայ նկարահանումներու մը ընթացքին:
Ժապաւէնը կազմուած է բեմադրիչի նշանակալի համարած 12 ժապաւէններէն, առաւել` երկու «պատահական» տեսերիզներէ առնուած դրուագներու ձեւաւորումին, ըստ հեղինակի ոճին, որ ընդհանրապէս եթերային է, թերեւս` կատարուած թուային կամ տառացի ջրաներկով: Մշուշոտ, եթերային պատկերները թերեւս արտայայտութիւն են աղօտած յիշողութեան: Շա՛տ բարի:
Յաջողեցայ ճանչնալ մօտաւորապէս վեցը, որոնցմէ ամէնէն ակնյայտն էր Դովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ժապաւէնի օդանաւերու կարուսելի դրուագը, ուր տիրապետող է շարժումը (7 Ա Բ): Միւսներէն ոմանք հաւանաբար խորհրդային են եւ արտասահմանի մէջ անծանօթ: Ի դէպ, պատկերներու յաճախ քաոսային շարժումը տիրական էր առհասարակ բոլոր դրուագներուն մէջ: Այդ, իր կարգին, թերեւս արտայայտութիւնն է նկարչուհիին ծանօթ ըմբոստ խառնուածքին: Այս ուղղութեամբ հասկնալի է բեմադրիչին նախընտրութիւնը այն հոլիվուտեան ոճի արկածախնդրական ժապաւէններուն, զորս Էդմոնդ Քէօսայեան բեմադրած էր խրուշչեւեան համեմատաբար մեղմ գրաքննութեան շրջանին: Նկատելի է նաեւ Հայաստանի կարգ մը շրջանակներու մէջ առկայ հակառուս տրամադրութիւնը: Փութին կոտոշաւորուած պատկերին առընթեր կը լսենք. «Տօ՛, ես քու …»: Նկարչուհիին Դիմատետրը ցոյց կու տայ, որ անցեալ 2-3 տարիներու ընթացքին բներգներու, հետեւաբար եւ ոճի որոնման ընթացքի մէջ է:
Հուսկ բանք.- Հայկական ժապաւէններու ներկայութիւնը շուրջ քառորդ է: Կնոջական փառատօնի ընդհանուր պարունակին մէջ հայկական իրավիճակի բներգներ կը տեսնենք երեք ժապաւէններու մէջ՛ «Բռնի իմ ձեռքը», «Գիշերային ոդիսական» եւ «Երբ գալիս է բազէն»: Բարի՛: Ցաւօք կարելի չեղաւ արցախեան եւ լիբանանաբնակ կիներու բներգով երկու երկարամեթրաժ ժապաւէնները` Էմիլի Մկրտչեանի «Լինում է, չի լինում» եւ Քլոէ Մազլոյի «Ալիսը երկնքի տակ» ժապաւէնները դիտելու արտօնութիւն ստանալ: Պէտք է յուսալ, որ անոնք այս կամ այն միջոցով այստեղ կը ցուցադրեն: Հարկ է գնահատել կազմակերպիչ տնօրէն Մարիամ Օհանեանին եռանդն ու կամքը` այս տարողութեամբ ձեռնարկ մը առանձինը առաջ տանելու համար: Յարատեւութիւն կը մաղթեմ:
———–
- Տես «Կրկնակի Յոբելենական Ծիրանը», «Ազդակ», 11 օգոստոս 2023:
- Ի գիտութիւն անգիտաց, եթէ կան այդպիսիք, Աննա Քարենինա շոգեկառքի տակ նետուած էր որովհետեւ ոչ ոք բռնած էր անոր ձեռքը:
- Բնագրի առառին տողերն են I should care I should go without sleepin՛/Strangely enough, I sleep well Except for a dream or two:
- 67 տողանոց երգը թարգմանուած է շարք մը լեզուներու յատկապէս` կովկասեան:
- «Ոսկէ Ծիրան» 18. Աղէտաբեռն Ժամանակի Բերքը, «Ազդակ», 29 յունուար 2022:
- Ծիրանի Մանր Ցոգոլ Ա. սեպտեմբեր 6, 2019:
- Ժապաւէնին նախապէս անդրադարձած եմ: Տես «Հայ դասական ժապաւէններ եւ Երեւանի դիմագիծի հոլովոյթը» Ա. եւ Բ. «Ազդակ», 25 մայիս եւ 7 յունիս 2021: