ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Լրատուական.- «Ակօս», «Արմենփրես», «Առաւօտ» եւ այլ հայկական կայքեր «Էրմենի Հապեր» թրքալեզու լրատուութենէն հրապարակած են լուսանկարչուհիի Սերրա Աքճանի բեմադրած «Սիրելի Ֆ.» (10 վ. 2024) ժապաւէնի շուրջ ակնարկ մը (1): Կարճամեթրաժ վաւերագրութիւնը «Ենթագիր» (Ալթեազը) շարժապատկերի պարբերականի «Տեսանելի/Ան-տեսանելի», «Ինքնա-գրաքննութիւն» (Կէօրիւնիւր /Կէօրիւնմեզ Օթօսանսիւր) վերնագրուած ծաղկաքաղ (anthology) պրակի (Fascicle) տեսերիզներէն մէկն է: Տակաւին հասանելի չէ համացանցի վրայ, որովհետեւ կը մասնակցի միջազգային մրցանքներու: Նոյն պատճառով արտօնուած չէ տեսերիզէն տեսարաններ (frame, still) քաղել: Ծրագիրի որմազդներէն մին կ՛ըսէ` «Կիսատ վաւերագրութիւններ» (Eksik belgeseller): Այդ յարիր է ներկայ ժապաւէնին:
Բեմադրիչը.- Վանայ լիճի արեւելքը գտնուող Ալիւր (այժմ Ալաքէօյ) գիւղէն Պոլիս փոխադրուած քիւրտ ընտանիքի մը դուստրը ներգրաւուած է արեւմտեան չափանիշներով ընդունելի «ճիշդ քաղաքականութիւն» (correct politics) համարուող բազմաթիւ խմբակցութիւններու մէջ, ինչպէս` ֆեմինիստ «Նար Ֆոթօ», միասեռական (LGBTI) զօրակցութեան VARTOZ (թրքերէն` «կանք, այստեղ ենք»-ի կրճատում), բնապահպանական, մանուկներու պաշտպան եւ այլն: Չէ ներգրաւուած ընկերային-քաղաքական այնպիսի շարժումներու մէջ, որոնք տիրող վարչակարգին դէմ ուղղակի ճակատում կ՛ենթադրեն: Հրանդ Տինքի սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցին մասին իմացած է հեռատեսիլէն: Ուրեմն չէր գտնուեր Շիշլի, ուր տակաւին գոյ է որոշ հայկական ներկայութիւն:
Ժապաւէնը բեմադրիչին լուսանկարներով կազմուած շարք մըն է, որուն կ՛ընկերակցի նոյնինքն բեմադրիչի ընթերցումը իր օրագրային բնոյթի «նամակ»-ներուն` ուղղուած բացակայ հօրենական հայ տատիկին, որ ինչպէս հօրենական գիւղը, կը մնայ անանուն: Նամակներու շարքը ի հարկէ հեղինակային հնարք մըն է ինքնաարդարացման եւ կամ խոստովանութեան բնոյթի մենախօսութիւն մը ներկայացնելու հանդիսատեսին եւ թերեւս` նաեւ ինքնիրեն:
Բացման առաջին տեսարանը անորոշութեան թելադրող սեւ պաստառ մըն է: Ընթերցումը կը սկսի այդ «մթութեան» մէջ: Ապա կը տեսնենք անտէր թուացող շուն մը, որ կը գտնուի ձիւնոտ ամայի ճամբու մը վրայ: Շունը կը քալէ շեղակի` դէպի խորապատկերի վրայ տեսնուող գիւղական տունը, որ լքուած կը թուի: Շեղակի, ոչ շեշտակի, ոչ ճակատային է նաեւ ժապաւէնին մօտեցումը աղէտին:
Երբ ընտանիքի հայրը, որ յարաբերութիւնը խզած էր ծննդավայր գիւղին, այսինքն իր հայկական ծագումին հետ, կը մահանայ 2005-ին, բեմադրիչը կ՛որոշէ երթալ Ալաքէօյ: Այդտեղ միակ գիւղացին, որ չի խուսափիր իրմէ, երիտասարդ քրտուհի մըն է, որ բնականաբար յոյժ սակաւ տեղեկութիւն ունի աւելի քան դար մը առաջ տեղի ունեցած արհաւիրքին մասին, որ, ինչպէս բոլորը քաջատեղեակ են, ի սկզբանէ խնամքով թաքցուած է:
Յաջորդ պատկերը թոնրատուն մըն է, որուն կրակը հանգած է: Սեւ ու սպիտակ լուսանկարը կը շրջուի, կը վերածուի սպիտակ ու սեւի (այսինքն` նեկաթիւի), եւ արտապատկերային ձայնը կը պատմէ սպանդէ պրծած քոյր-եղբօր մը մասին, որոնք թաքնուած են այդտեղ: Ներսը լուռ է, դուրսը` խաժամուժ գեհեն: Կ՛իմանանք, որ զապթիէներ խլած եւ տարած են տղան, իսկ աղջիկը` բեմադրիչին հօր տատիկը, առած է քիւրտ ընտանիք մը, եւ թէ ան երկու զաւակ ունենալէ ետք մահացած է անորոշ պայմաններու տակ:
Կը շրջին հակասական վարկածներ: Տատիկը կը մնայ անանուն, կը մնայ «Սիրելի Ֆ.», որովհետեւ այդ աղջկան ճակատագիրը եզակի չէ:
Քաղաքական առումով, ցաւոտ «շեղակի»-ն այն է, որ նոյնինքն սպանդը եզակի, անցողակի դրուագ մը չէր: Նուազ քան տասնամեակ մը առաջ տեղի ունեցած էր Ատանայի կոտորածը (շուրջ 30 հազար զոհ): Նուազ քան երկու տասնամեակ առաջ Կարմիր սուլթանի մեծաւ մասամբ շրջանի քիւրտերէն կազմուած «Համիտիէ» վաշտերը չէին անտեսած Ալիւր գիւղը: Լոկ քանի մը վայրկեան պրպտում բաւարար էր համացանցի վրայ տեսնելու կողքի լուսանկարը, որ ցոյց կու տայ համիտեան կոտորածէն փրկուած Ալիւր գիւղի բուռ մը մանուկներ: Իսկ ժապաւէնի պատրաստութեան գործընթացը երկարած է 2006-2024, այսինքն` շուրջ 18 տարիներու վրայ: Այդ շատ աւելի քան բաւարար էր իմանալու հօրենական գիւղի արիւնոտ պատմականը, մինչդեռ բեմադրիչը (այլ առիթով) թղթակիցի մը հաւաստիացուցած է, որ նախնիները հաշտ, առանց խտրականութեան ապրած են (3): Ինչպէ՞ս հասկնալ:
Բեմադրիչը կ՛ըսէ, թէ երկարատեւ վարանումը պէտք է վերագրել այն հանգամանքին, որ ինք միաժամանակ ժառանգորդն է ե՛ւ սպաննուածներուն ե՛ւ սպաննողներուն: Բայց համեմատութիւնը յոյժ անհաւասար է: Բեմադրիչին «արիւնը» միայն 1/8-ով հայկական է, որովհետեւ անանուն տատիկը կը գտնուի 3 սերունդի հեռաւորութեան վրայ (4): Աքճան անհամեմատ աւելի բուռն եւ յանձնառու է, երբ հարցը կը վերաբերի քիւրտ կիներու: Այդտե՛ղ է իր արեան 7/8-ը:
Ըստ բեմադրիչին, լուսանկարներու սեւ ու սպիտակը շրջուած է այն մասերուն մէջ, ուր տատիկին մասին անորոշ տեղեկութիւններ կան: Շրջումը կարելի է նաեւ մեկնաբանել որպէս ներկայացուած ցաւոտ, անընդունելի պատկերի մերժում:
Անցեալ տասնամեակին, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կարգերու դաժան ամրապնդումէն ետք, կիներու իրավիճակը կ՛ընթանայ դէպի յաւելեալ կաշկանդում: Առաջին այցելութեան ընթացքին արեւելեան գիւղերու մէջ կային հիւսելու ուսումնարան-արհեստանոցներ: Հինգ տարի ետք անոնք արդէն փոխարինուած էին կրօնական դասընթացքներով: Կիներ սկսած էին ժխտել իրենց նախկին վկայութիւնները:
2007-ին բեմադրիչը կը ներգրաւուի «Անատոլու քիւլթիւր»-ի եւ արեւմտեան հիմնադրամներու կազմակերպած «Merhabarev» (մերհապա-բարեւ) «Գետի միւս ափը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին, որ տեղի կ՛ունենայ Երեւան (սինեմա Մոսկուա), ապա աւելի ուշ կը շրջի Գիւմրի, Թիֆլիս, Կարս, Անգարա, Պոլիս եւ այլուր (1): Կը մասնակցի նաեւ Աղթամարի եւ Հայաստանի մէջ կայացած «Վանէն Երեւան» (նկատել յանգաւորումը) երգահանդէսին, ուր ելոյթ ունեցան քրտուհի Տենկեպեճ (քրտերէնով գուսան) Կազին (2018-ին մահացած) եւ հայ տարագրուած հօր ու վրացի մօր դուստր Աշուղ Լէյլի: Երգերէն մին` «Ես Կիւլն եմ», որուն համար տեսերիզին մէջ գործածուած է կողքի լուսանկարը, կը պատմէ հայ աղջկան մը մասին, որ մերժած է կրօնափոխ ըլլալ եւ յաջողած է փախչիլ դէպի Պոլիս: Երգը հեգնական եւ նոյնիսկ սպառնալից է:
Ըստ քիւրտ կնոջ զարմիկներէն մէկուն, հայ ըլլալը բաւարար է սպանութեան արժանանալու համար: Կը պատմեն, որ այդ գիւղի բնակիչներ գիշերանց, քնացած պահուն սպաննած են իրենց հայ ազգականները, ծածկելու համար իրենց հայկական ծագումը: Այդ յիշել կու տայ սպանական հաւատաքննութեան օրերուն մարրանոներու (կրօնափոխ հրեաներ) սպանութեան դէպքերը: Այլ բնոյթի ցնցող անմոռանալի դէպք մը կը պատահի Երեւանի մէջ, ուր «Մերհաբարեւ» ծրագիրի աշխատանքներու ծիրին մէջ բեմադրիչը դպրոց մը կ՛այցելէ երաժշտութեան դասապահի մը ընթացքին: Երբ ուսուցչուհին կը յայտարարէ, որ հիւրը կու գայ Թուրքիայէն, դաշնամուրի առաջ նստած տղեկին աչքերը կը թողուն այն տպաւորութիւնը, թէ իր դէմ կանգնած է ճիւաղ մը: Դասապահը կարելի չ՛ըլլար շարունակել:
Քանի մը օր ետք հրապարակի վրայ անկախութեան տօնակատարութեան մասնակցող տարեց հայեր կը հաւաքուին բեմադրիչին շուրջ եւ հարցումներ կը տեղացնեն. «Ե՞րբ տեսած է Սեբաստիան, Խարբերդը, Վանը (ժապաւէնին մէջ անոնց ներկայ անուններով), անոնք տակաւին կանա՞չ են»: Հայեր անտեղեակ են թրքական ներկայէն, ինչպէս թուրքեր` հայերու հետ իրենց համատեղ անցեալէն:
Յաջորդ հանգրուանը Երերոյքի տաճարէն ոչ հեռու սահմանամերձ Անիպեմզան է, ուր ապաստանած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայեր, յատկապէս` որբացուած մանուկներ: Այդտեղ կնոջ մը նախաձեռնութեամբ կառուցուած է աղօթարան մը (տե՛ս վերի սրբապատկերներու լուսանկարը, ուր ցոյց կը տեսնուի նաեւ ուղեցոյց հայ կնոջ ցոլացումը): Ժապաւէնի մակադրութեան (superposition) օրինակներէն մին:
Պաստառը կը մթնի, որիներու երամներ կը յայտնուին Արաքսի ափին բազում պաստառներու մէջ յայտնուող խորհրդանշական զոյգ բարտիներու վերեւ: Սկսած է նոր աղէտը: Բեմադրիչը կը ցաւակցի «Մերհաբարեւ»-ի իր հայ գործընկերներուն: Ժապաւէնը կը փակուի Կազին եւ Լէյլի գուսաններու հաշտութեան կոչով:
Հուսկ բանք.- Պատկերներու լեզուն ժուժկալ է, կը յենի շեշտուած մութն ու լոյսի հակադրութեան, սեւ ու սպիտակի շրջումի թելադրութեան, մակադրութեան: Հօրենական գիւղի հակասական վկայութիւնները եւս կը մակադրուին` կազմելով կցկտուր պատկեր մը: Ժապաւէնը կ՛աւարտի այն անորոշութեամբ, որով սկսած էր: Կ՛աւելնան միայն խաղաղութեան եւ հաշտութեան մաղթանքներ: Ատանացի դոկտ. Նեկահան Ուսքան, որ արտադրիչն էր «Ոսկէ ծիրան 2017»-ին մասնակցած «Տերտօ մայրիկ եւ ընկուզինին» ժապաւէնին, եւ որ` այժմ բեմադրած է «Անուշ տուն Ատանա» ժապաւէնը, տեսակցութեան մը ընթացքին ունեցած է ուսանելի արտայայտութիւն մը (6). «Հայոց պատմութեան բներգը ցաւօք շատ բաց է շահարկման»: Այդ ելոյթներու տէրերը բաղդատած է հայկական հնավայրերու մէջ գանձ որոնողներու: Պէտք է յուսալ, որ Սերրա Աքճան անոնցմէ մէկը չէ: Ուսքանի դիտողութիւնը կարելի է ընկալել նաեւ որպէս ինքնաքննադատական սեւ հիւմըր (7):
———
1.- Տես «Ակօս»-ի անդրադարձը https://armenpress.am/hy/article/699566
2.- Leyli տեսերիզի հասցէն https://www.youtube.com/watch?v=2rSnG0QX1U8
3.- Տեսակցութիւն Տիտեմ Թոփալի հետ, «Լուսանկարը կեանքի մեկնաբանութիւն մըն է» ( Fotograf hayatin bir yorumu) , Istandist, 27 սեպտեմբեր 2024:
4.- զ X զ X զ = 1/8
5.- Այդ կէտի վրայ գտնուող սահմանապահներու յենակետէն շատ տարիներ առաջ հեռադիտակով նայած եմ Անիի աւերակներուն:
6.- Ժապաւէնի ակնարկը տես «Թօշնող ծիրանի հեւքը» յօդուածին մէջ, «Ազդակ», 29 յուլիս 2017:
7.- «Քաղցր Տուն Ատանա» կարճամեթրաժ վաւերագրականի շուրջ առանձին ակնարկ կը պատրաստեմ: