Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը

Ա. Մրցանակակիրներ Եւ Հայազգիներ

Օգոստոս 25, 2025
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Փառատօնին կրկին ու կրկին անդրադարձած եմ: Հասկնալի պատճառներով այս տարուան ակնբախ բացականերն էին ռուսական եւ թրքական ժապաւէնները: Անգամ մը եւս բացակայ էր նախապէս փառատօնին հիմնական բաժինը կազմող  «Հայկական համայնապատկեր»-ը: Հայկական շարժապատկերի շարունակուող տագնապը կը կարօտի առանձին ուսումնասիրութեան: Որմազդը ցուց կու տայ իրերանման ամերիկեան տիպի ինքնաշարժներու քիթ-բերան ջարդող բախում, որուն զուգահեռ են համբուրուող բոսոր շուրթեր: Ընթերցողը թերեւս կարենայ դրական մեկնաբանել: Անձնապէս չյաջողեցայ:

1.- Մրցանակակիրներ.- Կը սկսիմ մրցանակակիր ժապաւէններէն, որովհետեւ անոնք, ինչպէս միշտ եւ ամէնուր, ցուցանիշներ են հովանաւոր իշխանութեան արեւելումին: Կու տամ այն կարգով, որ յիշուած են դատական կազմի ծանուցումին մէջ:

Ա.- Ոսկէ Ծիրան.- «Ֆիումէ կամ մահ» (Fiume o morte!) Իկոր Պեժինովիչ 2025, 112վ, վաւերագրական-խաղարկային:

Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Փարիզի համագումարի սահմանագծումներէն դժգոհ իտալացի «պատերազմի հերոս» սպայ Կապրիէլ տ՛Անոնցիօ (1863-1938), որ ազնուազարմ եւ բազմակողմանի գրագէտ մը ըլլալու յաւակնութիւն ունէր, 1920-ին շուրջ 2500 կամաւորներով Ատրիաթիքի արեւելեան ափին գտնուող (այժմ Խորուաթական) Ռիյեքա (իտալերէն անուանումով` Ֆիոմէ) խառն բնակչութիւն ունեցող շրջանը իր հակակշռին տակ կ՛առնէ` առանց ոեւէ դիմադրութեան հանդիպելու  եւ կը յայտարարէ «Regency of Carnaro» (փոքրարքայութիւն), որուն այս կամ այն պատճառով կ՛արտօնուի գոյատեւել 17 ամիս: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ աւելի ուշ հրէշային տարողութիւն ստացած ֆաշականութեան սաղմնային պատկերը`  կիսառազմական (paramilitary) տարազներ, ջահերթեր, սեւ շապիկաւորներ, պատշգամէն արձակուած ամբոխահաճոյ ճառեր եւ լոզունգներ, որոնք շուրջ տասնամեակ մը ետք որդեգրուեցան Մուսոլինիի կազմած «փաղանգներուն»- (phalange) կողմէ: Այս մասին կան ակադեմական ուսումնասիրութիւններ (1): Ժապաւէնը ծաղրանկարային ձեւով կը վերականգնէ այդ օրերու իրադարձութիւնները` քաղաքի ներկայ բնակչութեան գործօն մասնակցութեամբ: Ցաւօք, սակայն, բեմադրիչը նախընտրած է ուշ 70-ականներու «Punk» (փուճ, ոչնչաբան) ոճը, որ ընթերցողին հաւանաբար ծանօթ է իր բողոքի զգայացունցապաշտ ելոյթներով բնորոշուող «Սեռային ատրճանակներ» (Sex Pistols) ռոք խումբին ճամբով: Հարկ է, որ պատմականօրէն չափազանց վտանգաւոր Եւրոպայի, Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր տակաւին շարունակուող հետեւանքներ ունեցող նիւթը ունենար շատ աւելի հանգամանալից մօտեցում: Իսկ թէ ինչո՞ւ բարձր պարգեւատրուած է անկիւնադարձային քաղաքական դէպքերը ոչնչաբանօրէն ներկայացնող ժապաւէնը…

Բ.- Արծաթ ծիրան.- «Սուրբ ելեկտրականութիւն» (Holy Electricity) Թաթօ Քոթեթիշվիլի, 95 վ, խաղարկային:

Երկու վրացիներ դրամ շահելու համար նեոն լոյսէ կազմուած խաչելութիւններ կը շինեն եւ կը փորձեն Թիֆլիսի մէջ վաճառել դռնէ դուռ: Պատկերը ակնյայտօրէն խորհրդանշական է: Այդ  խաչերը կ՛արձակեն ոչ թէ հոգեւոր, հոգեպարար, այլ արհեստական, շուկայականութեան խորհրդանիշ շինծու, կեղծ նեոն լոյս: Ժապաւէնը կարելի է տեսնել որպէս կրօնական հաստատութեան ձաղկ: Մարդիկ իրենց հարց կու տան. «Այս ինչի՞ կը ծառայէ»: Քննադատներ ժապաւէնին պատկերաւոր լեզուն բնորոշած են որպէս փտողականօրէն գեղեցիկ (decadently beautiful), այլ խօսքով` յետարդիական:  Բարձր պարգեւատրուած է ժապաւէն մը, ուր ոմանք կը փորձեն կեղծ խաչելութիւն, կեղծ լոյս  ծախել ժողովուրդին, հօտին: Այո՛, թերեւս եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի ներկայ վարչապետ-կաթողիկոս բախումին հետ:

Գ.- Յատուկ յիշատակութիւն.- «Դանդաղ այրող հողի երգեր»  (Songs of a Slow Burning Earth), Օլհա Ժուրպա, 95 վ, 2024:

Ուքրանական ցաւոտ վաւերագրական ժապաւէն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պատերազմի երկրորդ տարուան իսկ դժոխային կեանքը բնական,  օրինաչափ դարձած  է Ուքրանիոյ մէջ: Լիբանանցիք եւ սուրիացիք շատ լաւ կը հասկնան, թէ այդ ի՛նչ կրնայ նշանակել: Բնակավայրերու, ինչպէս նաեւ բնութեան կրած աւերը կը ներկայացուի աղօտ, մշուշոտ բնական լոյսի տակ նուազագոյն բանաւոր բացատրութեամբ, որովհետեւ երաժշտութիւնն ու պատկերներու բանաստեղծականութիւնը բաւարար են հաւաքական խոցն ու յարատեւելու կամքը արտայայտելու համար: Շա՛տ բարի: Իսկ թէ քաղաքական ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէ մրցանակ շնորհել ռուսական ներխուժումի որպէս հետեւանք տեղի ունեցած ահաւոր ողբերգութիւնը ներկայացնող ժապաւէնի մը, կը ձգեմ ընթերցողին մեկնաբանութեան:

Դ.- Կարճամեթրաժ Ոսկէ Ծիրան.- «Մայրենիք», Գոռ Առուշանեան, 21 վ,  խաղարկային:

Արցախի Հանրապետութեան վերջին ժամերն են: Ձայնասփիւռը կը ծանուցէ, թէ հարկ է լքել նախքան յաջորդ առաւօտ: Կը տեսնենք ճաքած, անջատուող հողի խորհրդանշական պատկեր: Գիւղի բնակիչները իրենց միջոցներով կը հեռանան: Անտէր մնացած շուն մը պատին վրայ կը սպասէ… Սրունքէն վիրաւոր ու հաշմուած վեթերան Արամին մայրը շարժելու անկարող եւ խելակորոյս կը ձեւացնէ, որպէսզի որդին չկարենայ զինք փոխադրել: Ինքնաշարժին վրայ բեռցուած է լոկ մէկ-երկու ճամպրուկ եւ իր այգիի ծիլերու թաղար մը (բացատրե՞մ): Արդէն երեկոյ է: Արամ կը փորձէ իր հարեւաններէն օգնութիւն ստանալ մարմնեղ մայրը (պատմական ծանր ժառանգութիւնը) կրելու համար, բայց կը հանդիպի միայն սարսափահար արիւնլուայ կնոջ մը: Գետնին կը տեսնենք հատուած ցուցամատ մը, ազերի խժդժութեան ցուցանիշ: Արամ կեանքը փրկելու բնազդով կը լքէ մայրը եւ կը սկսի հեռանալ: Ելեկտրականութեան լարերու սիւներուն շարքը կ՛երկարի դէպի հորիզոն, դէպի սահման, դէպի անդարձ բաժանում: Ինքնաշարժի հայելիէն կախ խաչը կ՛օրօրուի ինչպէս յանդիմանող ցուցամատ: Արամ կը կանգնի եւ…  Անդամալոյծ ձեւացնող մայրը նստած է դրան առջեւ եւ կը դիտէ խորհրդանշականօրէն մայր մտնող կարմիր, ջերմ արեւը: Մայր ու որդի իրար գրկած` իրենց տան շեմին կը դիմագրաւեն դառն աւարտը: Կը յայտնուի մութ ստուերներու խումբ մը: Չարը արդէն այդտեղ է: Ծխախոտի լոյսով պահ մը տեսնենք ազերի զինուորի այլանդակ ժպիրհ…

«Մայրենիք» նկարահանուած է Կապուտան գիւղին մէջ, բնակիչներու գործօն մասնակցութեամբ: Ժապաւէնին մէջ առկայ են  խորհրդանշական ծանր ակնարկներ: Բանակայինը, օրինակ, ի սկզբանէ հաշմուած է: Մայրը, որ ինչպէս ժապաւէնի վերնագիրը ակնյայտօրէն կ՛ակնարկէ, կը նշանակէ «Մայրենիք», մինչեւ աւարտական տեսարան ե՛ւ ֆիզիքական ե՛ւ մտաւոր առումով անկարող կը թուի (2): Ժապաւէնը ունի սպառնացող կործանման (բեմադրիչի բառերով` apocalyptic (Ս. Գիրք, Յայտնութիւն Յովհաննու) գոյժ-զգուշացումի ցնցող բնոյթ:

Ե.- Արծաթ Ծիրան.-  Օձի ապուր (Snake Soup) Բեմադրիչ եւ նկարիչ Զաք Դեմիրճեան,  գծագրային (animation) 7 վ, 2025:

Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ զինակոչիկներու խումբ մը, որ գիշերով կը փոխադրուի դէպի ճակատ ոչ զրահապատ բեռնատարով մը: Անոնք թնդանօթի միս են: Ահեղ պայթիւնէ մը ետք գրեթէ պատանի զինակոչիկ մը կ՛իյնայ զառանցանք-ցնորքի մը մէջ, որ կարելի է մեկնաբանել որպէս մահուան շեմին արագ անցնող կեանքի երիզ: Ինչպէ՞ս պիտի շարունակուէր այդ երիտասարդ տղոց կեանքը, եթէ իրենց արտօնուէր ապրիլ: Արտադրիչը, ցաւօք, չարտօնեց դիտել ժապաւէնը: Ծանուցող շատ կարճ տեսերիզէն կարելի է ենթադրել, որ ժապաւէնը ռազմական գործողութիւններ ցոյց չի տար: Նկատելի է ցուրտ ու մութ տարիները յիշեցնող սեւաթոյր երանգաւորումը: Աւելի քան ակնյայտ է «հոգե-յայտ» (յունարէն արմատներով` psyche-delic) ոճը: Տե՛ս կողքի համադրումը, որ  կազմուած  է համացանցի հրապարակուած պատկերներէ: «Կինոաշխարհ» պարբերականի տրուած տեսակցութեան ընթացքին բեմադրիչը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս որոշած է ժապաւէնին վերնագիրը.- 2020 թուականին, ազրպէյճանական «փորձառական» յարձակումներու ընթացքին գտնուած է սահմանամերձ Տաւուշ Սեւանէն որսացուած ձուկերն ու օձ մը նետած են ապուրի կաթսային մէջ: Այդպէս ծնած է օձի, այսինքն թունաւոր «ապուրի» միտքը: Գծագրիչ- բեմադրիչին նկարչական ոճի եւ քաղաքական ուղղութեան ցուցանիշ է համադրումի վարի աջ անկիւնին տեսնուող նկարը, որ առնուած է գծագրիչ-բեմադրիչի Պաղ պատերազմի հռչակաւոր նախակարապետ Օրուելի «Անասնաֆերմա» (Animal Farm, George Orwell, 1945) նկարազարդումներէն (3):

Զ.- Մասնաւոր Յիշատակութիւն.-  «Աշխարհը մերն ա» (Նրա պատմութիւնը), Արեգ Ազատեան, 15 վ, 2024:

Լոս Անճելըս  արտագաղթած  ընտանիքի մը 17-ամեայ սիրուն դուստրը` Լուսինէ, արդէն ակնյայտ յղի է իր սեւամորթ  ընկեր Տէյվիտէն: Ծնողքը մինչ այդ «Լաւ հայ տղայ» փեսացու մը ճարած է: Ողբերգական իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան դասական աղջիկտեսի գիշեր (այո՛, մութ գիշեր): Լուսինէ կրկին կը «text»-է, թէ յղի է, բայց  Տէյվիտ այս կամ այն պատճառով անմիջապէս չի տեսներ օգնութեան կանչը: Լուսինէ պատառաքաղ մը ձեռքին լոգարան կը մտնէ, բայց կը տատամսի: Արագ կը պարզուի, որ ի տարբերութիւն գրեթէ տարեկից կիրթ ու զգայուն սեւամորթ Տէյվիտի` հայ փեսացուն (կողքի համադրումին մէջ շրջանակի առնուած) գրեթէ միջին տարիքի անհրապոյր կերպար մըն է: Լուսինէ կը քաշուի իր սենեակը եւ կը հագնի գիշերանոց: Ռապիս երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կը տեսնենք խորովածի մեծ շամփուր, որ կը խրուի մսակոյտի մէջ (չարագոյժ պատկեր) (4):  Մինչ այդ վրայ կը հասնի Տէյվիտ, որ «շոք»-ի կը մատնուի` ի տես հայավարի քէֆին: Վրայ կու տայ տուրուդմբոց: Ամօթահար հայրը կ՛ապտակէ գիշերանոցը հագին հարսնացուն, մինչ խնամիները ուրախ կ՛երգեն ու կը պարեն Արսէն Հայրապետեանի ռաբիսով (5).

Աշխարհը մե՛րնա / Աշխարհը մե՛րնա
Հայաստանում ամէն մի հայ` / Աշխարհի տէ՛րնա

Լուսինէ կը խլէ խորովածի շամփուր մը եւ կը խրէ իր որովայնին: Էապէս ցնցող տեսարանը, սակայն, ոչ թէ աւարտական տեսարանի արիւնոտ մելոտրաման էր, այլ` ինքնախաբէութիւնը, այն, որ մանուկ ու տարեց արտագաղթած հայեր խելակորոյս կը պարեն ու կ՛երգեն «Աշխարհը մերնա» երբ Հայաստանն իսկ մեզմէ կը կորչի…  Այդ է ժապաւէնի իսկական ասքը, ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ:

2.- Օտարալեզու հայ բեմադրիչներու սփիւռքի, առաւել եւս Հայաստանի մէջ անհամաչափ մեծարանք կը վայելեն անոնք, որոնք օտար երկիրներու մէջ որեւէ յաջողութիւն ձեռք բերած են որեւէ մարզի մէջ: Այս պարագային` շարժապատկերի:

Ա.- Էրիկ Նազարեան «Մեռիր տղամարդավարի՛» (Die Like a Man), 120 վ, 2025:

Նազարեան, որ ի դէպ, անդամ է փառատօնի դատական կազմին,  սեփականատէրն է «Nazar Pictures» հաստատութեան, որ կը մասնակցի հայկական ժապաւէններու (ինչպէս` Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը») ֆինանսաւորումին եւ արտադրութեան, մրցանակներ ստացած է հայկական «ԱՐՓԱ» (Լոս Անճելըս) եւ «Նուռ» (Քանատա) փառատօներէն:  Նազարեանի ընտանիքը Հայաստանէն արտագաղթած է, երբ ինք 4 տարեկան էր: Էրիկ հասակ նետած է Լոս Անճելըսի աւազակախմբային (կանկսթեր) հակակշիռի տակ գտնուող փողոցներու մէջ: Ժապաւէնը, որ դիտելու արտօնութիւն չկարողացայ ստանալ, կը խօսի առանձին (ոչ հայ) մօր մը միակ որդիի անցման ծէսին (rite of passage) մասին: Իր 17-րդ տարեդարձին պատանին իր «փոխնորդ հօր»` Սոլոյէն կը ստանայ ատրճանակ մը եւ պատուէր, որ սպաննէ մարդ մը, որպէսզի արտօնուի անցնիլ տղամարդու կարգավիճակի: Ժապաւէնը ակնյայտօրէն կը նմանակէ Մ. Սքորսեզէի «Չար փողոցներ» (Mean Streets 1973) ծանօթ գործը, որուն բացման տեսարանին մէջ արտապատկերային ձայնը կ՛ըսէ. «Եթէ փրկութիւն չես կրնար ստանալ եկեղեցիէն, ապա կը ստանաս փողոցէն»:  Քննադատներ Սքորսեզի ժապաւէնը համարած են ոչ երաժշտական օփերա մը` կերպարներու «կեանքէ աւելի մեծ» բնոյթին պատճառով, մինչդեռ «Մեռիր տղամարդավարի՛»-ն կը համարուի «թաղման մահերգ» մը, թերեւս որովհետեւ իր կերպարները կը շրջանակէ (Frame) փակավախութիւն (claustrophobia) թելադրող նեղ, ծանր շուքերով շրջապատուած ոլորտով:

Բ. Էկոյեաններ.-

Աթոմ Էկոյեան, The Sweet Hereafter (Քաղցր յետայսուն) 112 վ, 1997: Hereafter փոխաբերաբար կը նշանակէ յետմահու: Փառատօնի ծրագիրի բառարանային թարգմանութիւնն է` «Լուսաւոր գալիքը»: Ժապաւէնը մէկն է Էկոյեանի կանուխ գործերէն, ուր բաղդատած իր յետ-«Արարատ» (2002) գործերուն, առաւել  ցցուն են յետարդիական բաղադրիչները: Դպրոցական պասի արկածի իբրեւ հետեւանք` բազմաթիւ մանուկներ կը զոհուին: Այդ պատրուակ է, որ հարցաքննութիւն սկսի, եւ երեւան գան ընտանեկան մութ գաղտնիքներ, որոնց շարքին հին խոցեր, եւ ինչպէս գրեթէ միշտ` տոհմապղծութիւն: Mychael Danna-ի երաժշտութիւնը յօրինուած է Կրիմմ եղբայրներու այն դաժան հեքիաթին (The Pied Piper of Hamelin) համար, ուր մկնորս սրնգահարը իր վարձատրութիւնը զլացող գիւղը պատժելու համար բոլո՛ր մանուկները կը տանի դէպի լեռ եւ կ՛անյայտացնէ, ինչպէս` աւանի մուկերը: Հիմնուած է Russell Banks-ի 1991-ին հրատարակած նոյնանուն վէպին վրայ: Էկոյեան  զանց կ՛առնէ վէպի երրորդ անձ պատմողը, որ «բացատրական» տեղեկութիւններ կու տայ եւ զայն կը փոխարինէ ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին լսուող  ընթերցումով արդի տարբերակէն: Էկոյեան ի հարկէ նաեւ վէպի իմանալի գծային (linear) դիպաշարը կը փոխարինէ  խճճումով, ետ ու յառաջ ոստումներով: Ժապաւէնը կը դառնայ դաժան հեքիաթի ժամանակակից հանելուկային ժառանգորդը:

Արշիլ Էկոյեան, «Նախքան մեր միացումը» (Before They Joined Us), 10 վ, 2024:

Ժապաւէնը կը պատմէ 70-ական թուականներուն իր մօր եւ մօրաքրոջ գաղթը Պէյրութէն դէպի Քանատա, ուր ապաստան կը գտնեն ազգականներու մօտ, որոնք … Եհովայի վկաներ են: Այսինքն փոխադրուած են մէկ աղէտէ դէպի այլ աղէտ: Նկարահանումները կատարուած են փակ ինքնաշարժի մը մէջ, մօտիկ քամերայով (close up), Արսինէ Խանճեանի դերակատարութեամբ: Որդի Էկոյեանի ոճը ոչ զարմանալիօրէն որոշ ընդհանրութիւններ ունի հայր Էկոյեանի ոճին հետ, թէեւ կը հակի դէպի զգացական տպաւորապաշտութիւն:

————–

  1. Տես, օրինակ, Antonio Morena – Mussolini’s Decennale: Aura and Mythmaking in Fascist Italy, Project Muse, 2015 կամ Emilio Gentile – The Sacralization of Politics in Fascist Italy Harvard, 1996.
  2. Հաշմուած էին յունական Հեփեսոս դիցը եւ Էտիփ արքան, Շէյքսփիրի Ռիչըրտ Երրորդը, ականաւոր Քլոտիուս կայսրը եւ այլք: Այս մասին կան ակադեմական ուսումնաիրութիւններ: Տե՛ս, օրինակ, Disability as Narrative and Symbolic Construct կամ Mitchell & Snyder (2000), Narrative Prosthesis: Disability and the Dependencies of Discourse Jung, The Maimed Hero and Archetypal Theory (1968).
  3. Ճորճ Օրուել (1903-1950, թոքատապ) հեղինակն է «Անասուններու ագարակը» 1945 եւ «1984», 1949 վէպերուն, որոնք Պաղ պատերազմի բանակռիւներու (polemics ) գլխաւոր զէնքերը եղան: Սի.Այ.Էյ. 1954-56 ֆինանսաւորած է երկու գիրքերու վրայ հիմնուած գծագրային ժապաւէններ:
  4. «Ոզնի»-ն ունէր գինով տղամարդոց խորովածի շամփուրներով «սուսերամարտ»-ի ծաղրանկար:
  5. «Ռաբիս», ոչ` «ռապիզ», որ տառադարձուած կրճատումն է «ՌԱԲ-ոչնայա ԻՍ-կուստվա»-ի (բանուորական արուեստ):
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Ո՞վ Է Դաշնակցական Երիտասարդը

RelatedPosts

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Դեգերումներ Դար Մը Լիբանանահայ Թատրոնի Հետքերով Բ. 50-ականներէն Ետք

Օգոստոս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?