ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր գլխաւորաբար 1920-50-ական թուականներուն:
«Արա Գեղեցիկ»` Արմէն Եանըքեանի բեմադրութեամբ: Նայիրի Զարեան 1943-ին` Համաշխարհային Բ. պատերազմի դժնդակ օրերուն յօրինած է գործը թերեւս ալ պետական պատուէրով, որպէսզի հայրենիքի պահպանման ի խնդիր զոհողութեան ոգի, թերեւս եւ անկաշառելի վեհ ղեկավարի (գիտցա՞ք, թէ ով) հանդէպ ակնածանք ներշնչելու առաջադրանքով: Յիշենք, որ նոյն օրերուն Համօ Բէկնազարեանի արտօնուեցաւ ազգային (թապու) այլ գործի մը` «Դաւիթ Բէկ» մեծածախս ժապաւէնի մը պատրաստութիւնը: Թատրերգութիւնը, իր կարգին, ծաւալուն էր, ոչ նուազ քան` 25 դերակատարներու մասնակցութեամբ «Արա եւ Շամիրամ» թատրերգութեան հիման վրայ, եւ ոչ նուազ քան` 5 արարներով. «Հայկեան աղեղ», «Շամիրամ», «Հայոց աշխարհ», «Նուարդ» եւ «Արալեզներ»: Արա եւ Շամիրամ կը հանդիպին Նինուէի մէջ, երբ հայ թագաւորը այդտեղ էր բանակցելու համար Շամիրամի դեռեւս կենդանի (ի դէպ` երկրորդ) ամուսինին` Նինոսի հետ, հարկերու շուրջ: Սեռային փայլատակումներ տեղի կ՛ունենան գեղեցիկ արքային եւ գեղեցկուհի ցոփ թագուհիին միջեւ: Հայրենիքի մէջ Արային կը սպասէ իր առաքինի հայ «թագուհի» Նուարդը: Կը յառաջանայ սիրային եռանկիւն: Շարունակելու կարիք չկայ, որովհետեւ Խորենացիի վարկածը բոլորիս ծանօթ է: Ծանօթ չէինք սակայն, թէ ճակատամարտի ընթացքին Արան իր նետը ուղղած է Շամիրամի, բայց չէ՛ արձակած: Այս կամ այն պատճառով շեշտուած է պատմականօրէն բոլորովին անհիմն սիրային եռանկիւնը: Կը հանդիպինք նման զեղումներու.
Երկու պատկեր, երկու կրակ այրւում են իմ հոգում,
Նուարդ եւ Շամիրամ… Նուարդ եւ Շամիրամ…
Ուսանողական շրջապտոյտ.- Շամիրամ (850-798 ՆՔ) Շամմուր Ամաթ Ե.-ի առաջնահերթ կինն էր: Ամուսինին մահէն ետք (811 ՆՔ) դարձաւ անչափահաս գահաժառանգ Ատատ Նիրանի Գ.-ի խնամակալը եւ տէ ֆաքթօ տիրեց իշխանութեան: Շամիրամ անձնապէս ընկերակցած է ասորական (810-805 ՆՔ) արշաւանքներուն Ուրարտուի դէմ, որ պարտադրուեցաւ դառնալ վասալ պետութիւն եւ ապա չքացաւ: Ասորեստան, ինչպէս` այլ կայսրութիւններ, մեծ խնամքով արձանագրութիւններ կը պահէին, յատկապէս` ռազմական գործողութիւններու մասին: Այդ արձանագրութիւններուն մէջ չէ յիշուած Արան: Չէր կրնար յիշուիլ, որովհետեւ Արան պրոնզէ դարու (որ աւարտած էր մօտ 3 դար առաջ) պատկանող մեռնող-յառնող, այսինքն բնութեան ծաղկումի առասպելական աստուածութիւն մըն էր: Տարածաշրջանի մշակոյթներուն մէջ առկայ էին առնուազն 3 նման աստուածութիւններ, որոնք կը յիշուին որպէս զոյգ, ունէին իրենց սիրահարած կիներ, որոնք կ՛ողբան անոնց մահը եւ կը փորձեն վերակենդանացնել զայն: Այսպէս, Եգիպտոսի մէջ Օզիրիս-Իզիս, Փիւնիկէի մէջ Թամմուզ-Իշթար (որ վերածուեցաւ Ատոնիս-Ափրոտիդէի), Յունաստան` Աթթիս-Սիպել… Ատոնիս եւ Աթթիս բացայայտօրէն նկարագրուած են որպէս արտակարգ գեղեցիկ, Օզիրիս` որպէս «վեհաշուք»: Այսինքն մեռնող-յառնող հին աստուածներ, որոնց շարքին` Արա, արտաքնապէս գրաւիչ էին (1): Ուրեմն տարականոն չէ, որ Արա ըլլար գեղեցիկ եւ իբրեւ սիրական ունենար եթէ ոչ աստուածուհի, ապա հզօր թագուհի մը … Շամիրամ:
Դարեր ետք աստուածութիւնը վերածուած էր առասպելի: Հանճարեղ այր Մովսէս Խորենացի, որ Բագրատունեաց Սահակ իշխանէն պատուէր ստացած էր գրելու պատշաճ պատմութիւն, պարտաւոր էր «քրիստոնէականացնել» հեթանոսական առասպելը, պարտաւոր էր երկինքէն վար բերել Արան, զայն սիրոյ ճամբով «մարդկայնացնել» եւ վերածել ազգային հերոսի: Հսկայ ոստումով մը Արան կը բերէ Ասորեստան:
Խորենացի ի հարկէ չէր կրնար վաւերացնել Արայի «յառնումը», կրնար նսեմացնել քրիստոնէական ասքը, որուն հիմնաքարը հրաշափառ յարութիւնն է: Ուրեմն յարալէզներ կը ձախողին, եւ Արայի դիակը կը նեխի: Ցոփ եւ նենգ Շամիրամ ցոյց կու տայ Արայի հագուկապով նմանակ մը (թերեւս իր եւ Արայի որդին), որպէսզի բազմի միացեալ պետութեան գահին:
Թագաւորներ երբեք դիտմամբ չեն սպաննուած ռազմի դաշտի վրայ, որովհետեւ շատ աւելի օգտակար կրնային ըլլալ որպէս պատանդ: Արան, ուրեմն ծանր կը խոցուի վրիպած նետով մը: Խորենացի ի հարկէ գիտէր, որ հեթանոս արքաներ բազմակին էին: Այդ պարտադիր էր դաշինքներ կնքելու համար: Արտաշէս Ա. ունէր, ի միջի այլոց, հայ կին մը` Անուշ, որ կը պատկանէր նախարարական ընտանիքի: Այսուհանդերձ, մեծ շուքով կ՛ամուսնանայ ալան իշխանուհի Սաթենիկին հետ, եւ գուսաններ զինք կը գովաբանեն, փոխանակ այպանելու: Ալաններ պատերազմիկ ցեղախումբեր էին եւ ադատը կը պահանջէր, որ հարսնացուն «առեւանգուի»: Արտաշէս նախապէս պատանդ վերցուցած էր ալան իշխան մը: Հարկ էր սակայն, որ մարմնացած եւ մարդացած «հայ թագաւոր» Արան ըլլար առաքինի եւ հրաժարէր ասորեստանեան հզօր կայսրութեան գահէն` ի խնդիր… կնոջ մը:
Այդ այնքան համոզիչ է, որքան այն, որ Տրովարդա տասը տարի տեւող պատերազմէ ետք կործանեցաւ ի խնդիր Հելենի: Մխիթարեան հայրեր, որոնք ո՛չ տգէտ եւ ո՛չ ալ միամիտ էին, մեղսակցեցան Խորենացիի պատումը ուռճացնելու եւ տարածելու: Հայր Միքայել Չամչեան կը հրատարակէ «Պատմութիւն Հայոց ի սկզբանէ աշխարհի մինչեւ ցամ Տեառն 1784»: Վանահայր Յակոբոս Իսավերդենցի (1835-1902) կը սկսի պատմական նկարազարդումներու շարք մը պատուիրել վենետիկցի նկարիչներու, գլխաւորաբար` Giuliano Zasso-ի (1833-1889) եւ Giuseppe Canella Կրտսերի (1837-1913), որոնք արդէն իսկ ներառուած էին միաբանութեան տպագրական աշխատանքներուն մէջ: Ահա թէ ինչո՛ւ Բելը նետահարող Հայկը, Վարդանը եւ շարք մը այլ հայ այրեր կը կրեն 19-րդ դարու զօրահանդէսներու (ոչ պրոնզդարեան ճակատամարտի) վայել ֆրանսական սաղաւարտ:
Վարդգէս Սուրենեանցի ծանօթ պաստառը (1899) եւ շարք մը այլ գործեր հիմնուած են Մխիթարեաններու գրաւոր եւ պատկերաւոր պատումին վրայ: Բացի Նայիրի Զարեանէ` Արայով եւ Շամիրամով ներշնչուած գործեր ունին Կոստան Զարեան, Շիրազ եւ բազում ուրիշներ:
«Ոտքի դատարանն է գալիս», 1994 եւ «Աստծու 12 օրը», 1966, Պ. Զէյթունցեան:
Առաջինը կը պատկանի Ցեղասպանութեան բներգով 4 գործերու` որոնց վերջինը առիթը ունեցած եմ Սունդուկեանի մէջ: Միւս երեք գործերն են` «Մեծ լռութիւն», «Փարիզեան դատավճիռ» եւ «Հարիւր տարի անց»: Ինչպէս եւ այստեղ կերպարները հեղինակի խօսափողերն են, յատկապէս` աւարտական տեսարաններուն մէջ, ուր Թեհլիրեան ունի երկար մենախօսութիւններ: Այստեղ որեւէ աննպաստ արտայայտութիւն ունենալը կրնայ դիտուիլ իբրեւ դաւաճանութիւն: Երկրորդը, որ սփիւռքի մէջ կը ներկայացուի «Աստծու 12 օրերը» վերնագիրով, ըստ իս, այլաբանական գործ մըն է: Ի գիտութիւն անգիտաց` նիւթը հետեւեալն է: Տիգրան Մեծ կնութեան առած էր Պոնտոսի արքայ Միհրդատի (Mithridates VI, որ իշխած է 120-63 ՆՔ) դուստրը: Պոմպէոս զօրավար պարտութեան կը մատնէ Միհրդատը, որ կ՛ապաստանի Տիգրանի մօտ: Պոմպէոս կը պահանջէ, որ յանձնուի:
Թատրերգութիւնը թերեւս կարելի է ընկալել հետեւեալ ձեւով. Հռոմ-Մոսկուա, Տիգրան-Հայաստանի ղեկավար ընտրանի, Միհրդատ (Տիգրանի հարազատը)- թերեւս` ազգային արժէքներ: Երկսայրի ընտրանքն էր. հրաժարիլ արժէքներէ՞ն, թէ՞ իշխանութենէն: Պատմական արձանագրութիւնները կ՛ըսեն, որ Տիգրան կը պահէ Միհրդատը այնքան երկար, որքան կրնար: Ապա կը պարտադրուի դառնալ Հռոմի վասալ: Միհրդատ կը փախչի եւ անձնասպան կ՛ըլլայ Պալքաններու մէջ (սփի՞ւռք): Մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին:
«Երկնքի ճամբով», 1936, Յ. Օշական, հինգ արար:
Երեք կերպարներու` հայուհիի մը, թուրք հրամանատարի մը եւ գերմանուհիի մը պայմանական «տեսանելի եւ անտես բախումներ»` ազգային-քաղաքական հիմնախնդիրներու շուրջ: Հիմնական առաջադրանքն է մերկացնել եւրոպական խարդաւանքները: Գր. Պըլըտեան եւ Սուրէն Դ. Դանիէլեան եւ այժմ հաւանաբար նաեւ Հրանդ Մարգարեան հանգամանօրէն վերլուծած են դասական ձեւաչափերը անտեսող թատերակը (1): Ի գիտութիւն անգիտաց` Օշական յետ Ա. Աշխարհամարտի հեղինակած է 20 թատերակ: Ելոյթի մասին, ցաւօք, տեղեկութիւններ չկան:
«Մուսա լերան 40 օրերը» վերնագիրով, 1965, Մելիք Քոչարեանի հեղինակած «Մուսա Լերան զաւակները» 4 արարանոց թատրերգութիւնը:
Ինչպէս գիրքի կողքին վրայ նշուած է, Ցեղասպանութեան 50-ամեակի գործունէութիւններու ծիրին մէջ ներկայացուած է Պ. Ֆազլեանի բեմադրութեամբ: Առ ի տեղեկութիւն` 2012 թուականին Սունդուկեան թատրոնի բեմին վրայ, ինչպէս եւ առցանց, Ֆ. Վերֆելի վէպը (բնագիրի վերնագիր` Die Vierzieg Tage des Musa Dag, 1933) բեմականացուցած է 25-է աւելի դերակատարներու մասնակցութեամբ, եւ բեմադրուած է Արմէն Էլբակեանի կողմէ: Մասնաւոր նամակագրութեան միջոցով բեմադրիչը յայտնեց, որ Քոչարեանի թատերակին ծանօթ չէ: Մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին:
«Աւերակների վրայ» եւ «Ազգային գործիչը», 2012, Շիրվանզադէ:
Առաջինին դէպքերը կը պատահին 19-րդ դարու վերջերուն Թիֆլիսի ականաւոր վաճառական Ֆռանգուլեան ընտանիքին շուրջ: Երկրորդը զաւեշտ մըն է` բեմադրուած լուսահոգի Երուանդ Ղազանչեանի կողմէ: Կը մէջբերեմ. երկու գործերը «հայկական ազգային թէ ընկերային կեանքը բնութագրող, նոյն ատեն ձաղկող» թատերախաղեր են: Շահանդուխտ անդրադարձած է ելոյթին (2): Կողքի նկարը ցոյց կու տայ «Իմ գրադարանը» մատենաշարի 1923-ին հրատարակած գիրքի կողքը: (Թատերակի վերնագրի յաւելումը` իմ կողմէս` Հ. Պ.):
«Գ. Նարեկացի եւ Սմբատ Բ.», Ն. Պէշիկթաշլեան:
Նարեկացին (մօտ. 950-1003) գործած է Աղթամարի Նարեկայ վանքին մէջ, Վասպուրական: Հաւանական միակ հանդիպումը, ուրեմն, կրնար ըլլալ Գագիկ Արծրունիի հետ: Թատերակի թելադրած հանդիպում/ երկխօսութիւնը Սմբատ Աշխարհակալի հետ, երեւակայական է, պատրուակ, որպէսզի հեղինակը ծածկագրուած ակնարկները ուղղէ առ որ անկ է: Պէշիկթաշլեան` կենցաղային «արատ»-ները ծաղրող երգիծաբան, ունի բազմաթիւ առակային, այսինքն փոխաբերական այլաբանական բնոյթի գործեր (3): Կատակերգութիւնը, իր կարգին, հաւանաբար այլաբանական ձաղկ մըն է այդ օրերու հակամարտութիւններու, ինչպէս` Նարեկացիի ժամանակին մէջ իշխանապետութեանց միջեւ պայքարին: Ինք` Նարեկացին, իբրեւ ընդդիմախօս, յաճախ կ՛անդրադառնար ընկերային ու մարդկայնական հարցերու եւ կը քննադատէր: Մատեանին մէջ կը գրէ. «Եթէ խօսիմ` սարսափեմ, եւ եթէ լռեմ` դատապարտիմ»:
Բոլորովին անծանօթներ.- Գիրքին մէջ յիշուած են հաւանաբար 50-60-ական թուականներուն ազգային թուացող շարք մը թատերակներ, որոնց մասին համացանցի վրայ յաւելեալ ոչինչ կարելի եղաւ գտնել.
«Տէր Զօրի արհաւիրքը», 1955, նկարագրուած որպէս ողբերգութիւն, 3 արարով, Յովհաննէս Մանճեան: Միութենական ելոյթ` Դաւիթ Էվերեկլեանի մասնակցութեամբ:
«Թեհլիրեանի դատավարութիւնը»
«Հողը, որ կը մեռնի» թերեւս հիմնուած է Խրիմեան Հայրիկի տողերուն վրայ. «Իսկ եթէ հողն մեռնի, էն ժամանակ բոլոր Պապկի տանն ընտանիք ի միասին կը մեռնին»:
«Մարող ճրագներ»
«Թալէաթի անկումը»
«Թալէաթի դատավարութիւնը»
«Տրովարդան հրդեհուեցաւ» (հաւանաբար` այլաբանական)
«Հայրենիքի սէրը»
«Հերոսախաղ + զաւեշտ»
«Հրաշալի յաղթանակ» (Վարդանանք)
«Կռունկը կը կանչէ»
Շատ ծանօթ գործեր, որոնց առանձին անդրադարձած եմ (4, 5 Ա. Բ.).-
«Կիլիկիոյ արքան», Մ. Իշխան
«Կոթողական», Լորն Շիրինեան
Հուսկ բանք. որպէս բծախնդիր բեմադրիչի եւ դերուսոյցի` Գնդունիի համար առաջնահերթ հարց է ներկայացուած թատերակներու ՈՐԱԿԸ: Այդ ի հարկէ անհրաժեշտ է գործի ասքը պատշաճ ձեւով ներկայացնելու համար: Շա՛տ բարի: Ա. մասի որոշ կրկնութեան գնով քիչ մը ձեւափոխուած կը շեշտեմ. պատմաբանութեան համար շատ աւելի կարեւոր է իմանալ, թէ թատերակները ինչե՞ր կը ներկայացնէին, քան թէ ելոյթները ինչպէ՞ս ներկայացուցած են: Այս յօդուածին նպատակն էր ցոյց տալ, թէ ինչպիսի՛ քաղաքական ենթահող կարելի է տեսնել գործերու մէջ, որոնց մասին, ի բաց առեալ թատրոնի մարդոց կենսագրութենէն եւ խաղարկութեան մակարդակի լրագրային թեթեւ ակնարկներէ, գրեթէ ոչինչ պահպանուած է: Վերնագիրներէն դատած` նկատելի է, որ տեղական, սիրողական յօրինումներով, այս կամ այն առիթով բեմ ելած ազգային բնոյթի բեմադրութիւններու թափը մեծապէս նուազած է, երբ մասնագիտացած բեմադրիչներ հասան եւ սկսան արեւմտեան արժէքաւոր գործեր ներկայացնել:
Այդ գործերուն մէջ կարելի չէ գտնել ուղղակի հայկական պատմութեան առնչուած բներգներ: Այդ գործերը ի հարկէ աւելի լայն անդրադարձ ունեցած են մամուլի մէջ: Պէտք է յուսալ, որ արուեստի պատմաբաններ կը քննարկեն սփիւռքը հասկնալու համար մեծապէս ուսանելի այս նիւթերը: Մինչ այդ խորին շնորհակալութիւն հեղինակին` ակնկալուած ապագայ ուսումնասիրութիւններու ենթահողը պատրաստած ըլլալուն համար:
(Շար. 2 եւ վերջ)
—
(1).- Յիսուս եւս գրաւչութիւն մը ունէր կիներու համար, որովհետեւ շարք մը ունեւոր կիներ, որոնց առջեւի շարքին` Մագդաղենացին, նիւթապէս սատարած են Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն, որոնք եկամուտ չունէին:
Քրիստոսի գրաւչութիւնը, սակայն, ֆիզիքական չէր: Աւետարանիչներ այդ բացայայտօրէն ըսած են: Կիներ Քրիստոսի մէջ կը տեսնէին ազատագրուելու յոյս: Կ՛իմանամ, որ Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ եւս կան երեք նման աստուածութիւններ, բայց այդ մշակոյթներու մասին խօսելու բաւարար ծանօթութիւն չունիմ: Նոր հրատարակուած «Յակոբ Օշական` թատերագիրը» գործը կարդալու առիթ չեմ ունեցած:
(2).- Շահանդուխտ, Շիրվանզադէի «Ազգային գործիչը». զաւե՞շտ, թէ՞ ողբերգութիւն», «Ազդակ», 20 մարտ 2012:
(3).- Կ. Լ. Առաքելեան, «Երգիծանքի լեզուաոճական միջոցները Նշան Պէշիկթաշլեանի չափածոներում», «Վէմ», 2, 2024:
(4).- «Կորուսեալ Կիլիկիոյ բեմական արքաներ», «Ազդակ», 16 դեկ. 2024:
(5).- «Առ կոթողն երկբայական» – Ա եւ Բ, «Ազդակ», 29 եւ 30 յուլիս 2015: