ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Շահադիտական.- «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին առաջին անգամ անդրադարձած էի տասը տարի առաջ, երբ անոր կեդրոնական ծրագիրն էր «Հայկական համայնապատկեր»-ը, այնպիսի գործերով, ինչպէս` Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկը» (1, 2): Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վարչական յեղաշրջում, եւ փառատօնը անշեղ քայլերով ընթացաւ դէպի շուկայադրական «բիզնես»: Ակնարկներու վերնագիրները կ՛արտայայտեն անկումը. «Փոքրացող ածուի ծիրանը» (2015), «Փոքրիկ ածուի ծիրանը» (2016), «Թօշնող ծիրանի հեւքը» (2017), «Յօտուած ծիրանին» (2018), «Ծիրանի մանր ցոգոլ» (2019) եւ այսպէս … Դէպի «բիզնես» ընթացքը ցաւօք դրսեւորուեցաւ պատասխանատուներու վերաբերմունքին մէջ: Ի հակադրութիւն տասնամեակ մը առաջ սիրալիր օգնութեան` այս տարի մամլոյ հետ կապի պատասխանատուն ՈՉ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ: Տպաւորութիւնս այն է, որ հայրենի շարժապատկերի արտադրութիւնը սփիւռքը շահաբեր շուկայ չի նկատեր: Հետեւանքը եղաւ այն, որ անձնական միջոցներով երկար ջանքէ ետք յաջողեցայ դիտել հետաքրքրութիւն ներկայացնող ժապաւէններուն մեծ տոկոսը, ցաւօք, ուրեմն, ոչ բոլորը:
Երկրորդ հիմնական փոփոխութիւնը այն է, որ հազիւ կաթկթող պետական հովանաւորութեան ներքեւ չքացած է երկարամեթրաժ ժապաւէններու արտադրութիւնը: Իսկ մեծ դժուարութեամբ արտադրուած կարճամեթրաժ ժապաւէնները պարտաւոր են գերազանցել անհամար մրցակիցներ: Միջին հաշուով իւրաքանչիւր օր տեղի կ՛ունենան աւելի քան քսան (այո՛, քսան) կարճամեթրաժ ժապաւէնի փառատօներ: Իսկ արցախեան աղէտը ցոյց տուաւ, թէ Արեւմուտքը որքա՛ն շահագրգռուած է Հայաստանով: Փառատօնի աւարտէն ամիս մը անց համացանցի վրայ կը տեսնեմ լոկ մէկ անդրադարձ, որ կու գայ ոչ թէ օտար հաղորդակցութեան միջոցներէն, այլ Կլենտէյլի «Հայ ժապաւէնի ընկերակցութիւն»: Ի դէպ, կայքը պարզապէս կու տայ մրցանակակիր ժապաւէններու վերնագիրները: Այդքան բան, ոչ աւելին: Պըլտեանով եւ սպառած Էկոյեանով զարդարումը չէր կրնար հիմնափոխել ծրագիրի նկարագիրը: Այս կը յանձնեմ ուշադրութեան փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ առ որ անկ է: Հայաստանի դեսպանը ցաւով նշած է, որ Հայաստան տաղաւար չէ ունեցած Պերլինի փառատօնին մէջ:
Ա. Ժապաւէնները, զորս դիտած եմ
Ա1. «Տունս քաղցր ա» (My Sweet Land) Սարին Հայրապետեան, վաւերագրական, 2024, 86 վ:
Հարկ է յիշել, որ այժմ ամերիկահայ բեմադրիչը դուստրն է յորդանանեան ունեւոր ընտանիքի մը եւ ուրեմն կարողացած է երկար ժամանակ մնալ Հայաստան` ժապաւէնը պատրաստելու համար: Արտադրողը, այսինքն` նիւթականը ապահովող կողմը, նոյնպէս յորդանանուհի Ազզա Հուրանին է:
Ժապաւէնը ամբողջ երեք տարի կը հետեւի 11 տարեկանին Արցախէն տարհանուած Վրէժին:
Բացման տեսարանը 2008-ին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ շուրջ կայացած 700 զոյգերու հարսանիքն է: Այդ հանդիսատեսին կը թելադրէ, թէ Վրէժ այդ հարսանիքի ծնունդ է: Լաւատես պատկերին անմիջապէս կը կցուի (մոնթաժ) խեղճուկ գիւղական կեանքի պատկերը, ուր որպէս մնայուն յիշեցում` տան պատէն կախ է զինուորական տարազ:
Ապա կը տեսնենք տարեց ուսուցչուհի մը, որ ազգային գիտակցութիւն կը ջամբէ մանուկներուն. «Ի՞նչ է հայրենիքը»… Կը լսենք ոգեւորող երգեր, ինչպէս` «Հերոս տղերքը մեր», «Շնորհաւոր տօնդ Հայաստան ջան», «Ախպերս ու ես» եւ բանակի օրհներգի մեղեդին … Ձա՛խ-ա՛ջ, ձա՛խ-ա՛ջ, ձա՛խ-ա՛ջ, … «Յաղթելու ենք» … ցաւոտ սեւ հիւմը՞ր: Ի դէպ ժապաւէնի երաժշտութիւնը յոյժ տպաւորիչ է:
Չարագոյժ երաժշտութեան տակ կը տեսնենք խաչքարեր, եկեղեցւոյ ամաններուն մէջ պլպլացող մոմեր եւ յօշուած շերտաւորուած դրօշի ցոլացում: Այլաբանական ցաւոտ պատկեր:
Ժամանակը կ՛ոստոստէ ետ ու առաջ:
Մանուկ Վրէժ կը խաղայ իր շինած փայտէ հրացանով եւ պարսատիկով, որ ի դէպ, այսօր նոյնքան ազդեցիկ է, որքան հրացանը: Մշուշի ետին կը տեսնենք ռուսական պատնէշ: Վրէժ արհամարհական հարուածով կը կոտրէ «լեկոներով կազմուած» (իմա` պատի՞ր, շինծո՞ւ) ռուսական դրօշը: Աքթը ցոյց կու տայ անոր ջամբուած մտայնութիւնը:
Զօրանոցի մէջ պատանիներ կը մարզուին պարսատիկ… ներողութիւն, հրացան գործածելու: Թնդանօթի թարմ միս:
Աւարտական տեսարանը ցոյց կու տայ ամայի դաշտ մը: Իր ծննդեան 13-րդ տարեդարձին օրը Վրէժ ոչ թէ ծաղիկի, այլ տատասկի հետ կը խաղայ: Կը խորհրդածէ իր մահուան մասին եւ ապա հանդիսատեսէն կը հեռանայ արահետի մը վրայ, որ կ՛երկարի դէպի անորոշ հորիզոն:
Ա2. «1489» Շողակաթ Վարդանեան 2023, 76վ:
Բեմադրիչին եղբայր, երաժշտանոցի ուսանող անհետ կորսուած զինուոր Սողոմոնին աճիւնը թուագրուած է «1489»: Բացման տեսարանին մէջ կը տեսնենք որդեկորոյս հայրը, որ հերոսի հանգամանք ստացած մարշալ Բաղրամեանի մասին խորհրդային վաւերագրութիւն մը կը դիտէ եւ իր մասնագիտութենէն` քանդակագործութենէ առնուած փոխաբերութիւն մը կու տայ: Հարկ է, որ թուրը (chisel) սրուած ըլլայ համապատասխան քանդակուող քարին, այլապէս կրնայ անպէտք ըլլալ եւ նոյնիսկ կոտրիլ: Իսկ մեր զինուորը համապատասխան ձեւով չէ՛ր պատրաստուած արդի պատերազմներու: Այդ ի հարկէ բոլոր խելամիտներու համար ակնյայտ էր տարիներ առաջ: Խրամներու մէջ հրացաններով զինուած կանգնիլը Համաշխարհային Ա. պատերազմին իսկ վարկաբեկուած էր` ի գին հսկայ կորուստներու:
Հայրը նաեւ կը մեկնաբանէ գիւղական եկեղեցւոյ մուտքին գտնուող հին խաչքար մը, որ կը պատկերէ Սանասարը: Այդ կրկնութիւն-հաստատումն է փրկարար հերոսի բներգին: Գրեթէ խելակորոյս հայրը խրամներու քարտէս մը պատրաստած է եւ ամէն կերպ (հեռաձայններ, հանդիպումներ) ի զուր կը փորձէ վերականգնել իրողութիւնը: Ատիկա ժապաւէնին ամէնէն սրտառուչ մասն է, թէեւ` ոչ միակը: Իր գեղեցիկ մազերը խուզած բեմադրիչը (տես կողքի նկարը) կը մասնակցի փնտռտուքին, մինչ մայրը բարձի տոպրակներ կը կարէ զինուորներուն համար: Կարի կտկտոցը նման է գնդացիրի կրակոցին: Կինը կը մարտնչի` ըստ իր կարելւոյն:
Ամանորի փոքրիկ տօնածառին տակ երեքը կը կարդան Սողոմոնին վերջին նամակը: Հայրը ազատ կ՛արձակէ արու ճնճղուկ մը, որ ներս մտած էր հաւանաբար պատսպարուելու համար սառնամանիքէն: Սողոմոն ներկայ է միայն իր լուսանկարով: Աւարտական տեսարանին մէջ զինուորներու սեւացած ոսկորները, աճիւնները, տարազ եւ դրօշ կը տեղաւորեն իրերանման դագաղներու երկայն շարքի մը մէջ:
Բեմադրիչը ունի պատկերներ կազմելու (composition) պատկերաւոր լեզուի ակնյայտ տաղանդ:
Ա3. «Եաշան եւ Լէոնիտ Պրեժնեւը», բեմագիր-բեմադրիչ Էդգար Բաղդասարեան, 2023, 100 վ:
Ժապաւէնը, որ հիմնուած է «Քորոնա»-էն մահացած Յակոբ Մալայեանի (Եաշա) կենսագրութեան վրայ, ռուս-հայկական արտադրութիւն մըն է, որ կը ձաղկէ խորհրդային ժամանակաշրջանը եւ զաւեշտական մօտեցումով կ՛ողբայ անոր փլուզումին յաջորդող անմխիթար իրավիճակը:
Մալայեանի հայրը սառցամահ եղած է Սիպերիա: Ինք ամբողջ 45 տարի եղած է Երեւանի կոյուղիի մշակման գործարանի հասարակ աշխատաւոր եւ բնակած` այդ վատառողջ, անխնամ արուարձանին մէջ: Շլացած է այն հանգամանքով, որ ստացած է շքանշաններ եւ եղած` համամիութենական ժողովի պատուիրակ: Ի դէպ, շքանշանները փոխ տուած է իր սրտակից ընկերոջ, որ կը մահանայ նախքան զանոնք վերադարձնելը: Հանգստեան կոչուելէ ետք ստացած է յուշանուէր մը եւ 80 տոլարի համարժէք թոշակ:
Վարչակարգին հանդէպ իր հաւատարմութիւնը կը ցուցաբերէ յամառօրէն մնալով իրեն յատկացուած կիսափուլ բնակարանին մէջ: Կարօտախտէ տառապող կերպարը անջատուած է իրականութենէն, կ՛ապրի իր հին իտէալի հերոսներուն հետ: Շարունակ Պրեժնեւի տեսիլը կը ներկայացնէ անոր «միւս եսը» (alter ego): Ստեպ կը կրկնէ` «Անխիղճ է դրամատիրութիւնը»: Հարկ էր ըսել` «բիզնեսամտութիւնը»: Որդին, որ դրամատան մը պաշտօնեայ է, կը փափաքի, որ իր քրոջ նշանախօսութիւնը կատարուի պատշաճ պանդոկի մը մէջ: Աւանդութիւնը կը պահանջէ սակայն, որ կատարուի հարսնացուի հօրենական տան մէջ: Նշանախօսութիւնը կ՛ընդհատուի դժկամ կերպարի սանձարձակ տեսլահարութեան (hallucination) պատճառով: Խնճոյքի սեղանին շուրջ են իր բոլոր հերոսներու ստուերները: Տեսարանը հիմնովին անհեթեթ է, մանաւանդ` իր քաղաքական սին «քննարկումներով»: Բեմադրիչը չկամեցաւ օգնել մեկնաբանելու համար պատկերները: Ինչո՞ւ, օրինակ, Չէ Կեւարա ջոջերու կը հասնի մոթորսիքլեթով եւ ապա Կիյիոմ Թելի հետեւութեամբ կը նետահարէ գլխավերեւի խնձորը, ինչո՞ւ Պրեժնեւ հայկական պար կը բռնէ, ապա կ՛երգէ 70-ականներու Մանկօ Ճերիի ամերիկեան pop rock «Summertime»-ը:
«Dee-dee-dee, dee-dee
Da-da-da, da-da»
Անձնական նամակագրութեամբ բեմադրիչին պատասխանը հետեւեալն էր.- «Կինոն գլխի արուեստ չի, ոչ էլ գլուխկոտրուկ, սրտի արուեստ է»:
Երեւանեան բժիշկ մը կ՛ախտանշէ, որ Եաշա ունի արդէն իսկ մեծցած անբուժելի չար ուռ մը: Մատնանշումը կարելի է հասկնալ որպէս այլաբանութիւն: Իմա` բեմադրիչի քաղաքական դիրքորոշում:
Աւարտական տեսարանին մէջ Եաշային տեսիլ-հերոսները իր դիակը կը թաղեն ամայի անդաստանի մը եզրին (իմա` լուսանցքային դիակ), եւ միանգամընդմիշտ կը հեռանան:
Ժապաւէնին մէջ ծաղրանկարային ոճով տեղ գտած են շարք մը «մեծարումներ» (homage) դասական գործերու` «Կարապի լիճը» եւ Փարաջանովի «Մեր նախնիներու ստուերները»: Բայց ինչո՞ւ:
Բեմադրիչը ունի պատկերաւոր լեզուի ակնյայտ շնորհ: Շա՛տ բարի, անընդունելի է, սակայն, իր քաղաքական թեթեւամտութիւնը: Հասարակաց ի՞նչ եզր կարելի է տեսնել, օրինակ, նոյն ջուրով լուացուած Չէ Կեւարայի եւ Ռումանիոյ վատահամբաւ բռնակալ Չաուչեսքու ամոլին միջեւ:
Ա4. Արմատ Աննա Մկրտումեան 2022, 13 վ:
Բեմադրիչը ֆիլմարուեստ կ՛ուսանէր արտասահմանի մէջ, երբ իր ընտանիքը կը տեղահանուի Արցախէն: Կ՛որոշէ իր ձայնը լսելի դարձնել այս այլաբանական շարժանկարին միջոցով: Բացման տեսարանին մէջ կը տեսնենք խճճուած տարաշխարհիկ ծառեր: Այդ կրնայ պատկերաւոր արտայայտութիւն ըլլալ օտար ափերու վրայ գտնուող բեմադրիչի տագնապալի հոգեվիճակին, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ ծառի այլաբանութիւնը: Շա՛տ բարի: Կը լսենք արտապատկերային հեռաձայնային խօսակցութիւն տունը լքած յուսահատ տատիկի հետ: Ի՞նչ տանիլ եւ ի՞նչ ձգել ետին կամ նետել խարոյկին մէջ: Պատասխաններու փնտռտուքը բեմադրիչը կը տանի կենսաբան-բուսաբան դասախօսի մօտ, որուն ցոյց կու տայ իր ծննդավայր Աստղաշէնի հողէն բերուած մանր աստղաձեւ բրածոյ պատեաններ (exoskeleton): Կ՛ենթադրուի, որ Արցախը երկրաբանական առումով ովկիանոսի յատակ եղած է: Բայց ինչպէ՞ս առնչել բրածոյ աստղիկները (տես կողքի նկարը) Աստղաշէնի ներկայ իրավիճակին:
Օտար բուսաբանը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս արմատներու դիւրաբեկ ծայրամասերը բնախօսականօրէն կապուած են մայր հողին, թէ ինչո՛ւ ծառի փոխադրութիւնը (transplant-տարացանում) դէպի օտար հող կրնայ ձախողիլ: Հարկ է հոգատար խնամք, որպէսզի փոխադրութիւնը յաջողի: Պատկերը ակնյայտօրէն այլաբանական է: Ուղղակի կցումը (մոնթաժ) ցոյց կու տայ բեմադրիչին տարհանուած ընտանիքը: Ինչպէս բեմադրիչը, այնպէս եւ մենք չենք տեսներ յուշերը այրող խարոյկները: Փոխարէն` կը տեսնենք յորդառատ անձրեւ, որ կը ջրէ աճող կանաչ բոյսեր:
Աւարտական տեսարանին մէջ ընտանիքի կրտսեր անդամները կը դիտեն պահպանուած լուսանկարները, մինչ խորապատկերին մէջ տատիկը լուռ կ՛արտասուէ: Իր ինքնատիպութեամբ յուզող ժապաւէն մը:
Ա5. Բուն ( The Owl) Մերի Դանիէլեան 2024, 15 վ:
Ներշնչուած է վրացահայ Լեւոն Խեչոյեանի (1955-2014) համանուն պատմուածքէն, որ հասանելի է համացանցի վրայ: Կը պատմէ քանի մը օրուան արձակուրդով տուն դարձած միջին տարիքի, իր կինը կորսնցուցած զինուորի մը հոգեվիճակին մասին:
Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ կերպարը խորհրդաւոր անտառի մը եզրին դատարկ տան մը մէջ հեռախօսին կողքին նստած: Կը թուի, թէ կը սպասէ զանգի մը, որ երբեք չի հնչեր, երբեք պիտի չհնչէ:
Կերպարը կը թուի անջատուած ըլլալ իր շրջապատի իրականութենէն, չի լսեր իր պատանի որդիին ձայնը:
Կը կրկնուի անցեալէն եկող բուի խուլ գոյժ, որ կը խորհրդանշէ հանդիսատեսին (բայց` ոչ ընթերցողին) համար անհասկնալի ժառանգուած խոց մը: Լուսնի տմոյն լոյսին տակ կրկին ու կրկին կը տեսնենք լքուած գերեզմաններ:
Կրկնուող պատկերներ են նաեւ խարխլած ցանկապատն ու լքուած քարշակը: Անցեալը աւերակ մըն է:
Որդին գաղտագողի կը հետեւի հօր դէպի մութ անտառ` թերեւս բաժնելու համար անոր խոցը: «Անտառին մէջ շատ բուեր կան», ոչ դժուար մեկնաբանելիօրէն կ՛ըսէ իր հօր:
Աւարտական տեսարանին մէջ չենք տեսներ հրացանը: Հայր ու որդի հունտեր կը ցանեն` նոր սկիզբ:
Աւարտը համահունչ է պատմուածքին, ուր կերպարը կը լքէ իր վրիժառութեան խորհրդանիշ գործիք «մոթոսիքլեթը»:
Ա6. Tezeta Արամազդ Գալայճեան, 2024, 99 վ:
Վաւերագրական ժապաւէնը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս 1924-ին Հայլէ Սելասիի կայսրը 40 հայ որբ տղաք կ՛որդեգրէ, որպէսզի Եթովպիոյ պետական շեփորախումբը կազմեն: Այդ տղոցմէն մին` Գէորգ Նալպանտեան, կը յօրինէ Եթովպիոյ պետական օրհներգի մեղեդին, իսկ ուրիշներ կը հիմնեն արդի գործիքաւորումով նուագախումբեր: Կը ծրագրուի Նալպանտեանին բնակարանը վերածել երաժշտութեան թանգարանի: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ անոր դուստրը, որ կարօտախտով կը խօսի այժմ կործանուող երբեմնի Ատիս Ապեպայի մասին: Կը ներկայացնէ «Եթովպիոյ Էլվիս» Alemayehu Eshete-ն (1941-2021) եւ այլ ծերունի երաժիշտներ: Երաժշտութեան բնոյթին վերլուծումները կու գան ֆրանսացի երաժշտագէտ francis falceto-էն: Աւարտական բաժնին մէջ կը ներկայացնէ երգիչ Վահէ Թիլպեանը, որ 2015-ի Եւրոտեսիլ մրցանքին Հայաստանը ներկայացնող կազմին մէջ եղած է: Թիլպեան ունի ազգային եւ սեռային ինքնութեան փնտռտուքի տագնապներ: Ժապաւէնը վստահաբար արժէքաւոր եւ հետաքրքրական ներդրում մըն է սփիւռքահայ երաժշտութիւնը բնութագրելու ծիրին մէջ:
Ա7. Նուարդը չի՞ գայ այսօր Nvard Won’t Come Today? Կորիւն Արզումանեան 2024, 16 վ:
Գողտրիկ ժապաւէն` մանկապատանեկան առաջին սէրերու մասին: Բացման տեսարանին մէջ մանուկներ տիկնիկային կը դիտեն`
«Գենա», 60-ական գծապատկերներու սիրելի անճարակ կոկորդիլոսը, ինչպէս մանուկ Դաւիթ ընկեր կը փնտռէ: Ուշագրաւ է բեմադրիչին եզակի կարողութիւնը մանուկներէն ոչ բռնազբօսիկ խաղարկութիւն ստանալու:
Մեկնաբանելի է, թէ ինչո՛ւ արական սեռի պատկանող բեմադրիչը կը խօսի աղջնակի բերնով:
Ա8. Ձուն, Վահան Գրիգորեան, 11վ:
Հաւկիթը, որ կրկնուող պատկեր մըն է, խորհրդանշական է աւելի քան մէկ առումով: Առաջին հերթին կ՛ակնարկէ ծնունդի, նոր սկզբնաւորութեան, որ գլխաւոր կերպարի, անտեսուած դերասանի երազանքն է: Ձուն նաեւ կ՛ակնարկէ «յանցագործութեան», սովահար կերպարը հաւկիթ մը կը գողնայ խանութէ մը: Բացման տեսարանին մէջ կերպարը հայելիի մը առջեւ կ՛արտասանէ «Ոճիր եւ պատիժ»-ի ծանօթ մենախօսութիւնը. «Եթէ իմ փոխարէն լինէր Նափոլէոնը, ի՞նչ կ՛անէր…»: Սեւ ու ցաւոտ հիւմըր, որ առկայ է ամբողջ ժապաւէնին ընթացքին: Գողցուած հաւկիթը դատարկ կեղեւ մըն է միայն: Հաւկիթին սպիտակ ուրուագիծը առկայ է այն հաւիկի տարազին վրայ, զոր դերասանը կը հագնի սրճարանի մը մէջ մանուկները զուարճացնելու համար: Ինքնատիպ, ժուժկալ եւ սրտառուչ ժապաւէն մը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք պետական հովանաւորութենէ զրկուած անգործ դերասաններու բազմութիւնը ներկայ Հայաստանի մէջ: Տպաւորիչ է նաեւ Աւօ Խալաթեանի խաղարկութիւնը, որուն համար ստացած է «Լաւագոյն դերասան» մրցանակը:
Բ.- Կարգ մը նշելի ժապաւէններ, որոնք ցաւօք չեմ յաջողած դիտել
Բ1. Orbita Երուանդ Վարդանեան, 69 վ:
Տեսողական (optical) գործիքներու լքուած գործարան մը կը վերածուի նարտի արտադրող աշխատավայրի: Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդող ողբերգական պատկերներէն մին: Անկախութեան խորհրդանիշները փորագրուած են տուփերուն վրայ: Սեւ հիւմըր:
Բ2. Ոչ լոյս / ոչ մութ No Light / No Darkness, Մարկոս Մարկոսեան, 14վ:
Խորհրդային շրջանին կին մը կը պայքարի ազատութեան համար: Քարոզչական ժապաւէն մը, որուն վերնագիրը կը յիշեցնէ Arthur Koestler-ի ստալինեան կարգերը խարանող վէպի վերնագիրը` «Մթութիւն կէսօրին» (Darkness at noon):
Բ3. Վիգէնը, Պերլինը եւ Սառը պատերազմը, Աւիվա Բարխուդարեան, 61վ:
Բեմադրիչին ընկերվարական իտէալներ ունեցող հայրը` Վիգէն, 60-ականներուն Իրանէն Պերլին կը փոխադրուի եւ կ՛իյնայ հակամարտ լրտեսական ցանցերու քաշքշուքին մէջ: Քարոզչական ժապաւէն մը:
Բ4. Բնութեան լոյսը (Lumen Naturae), Արթուր Սուքիասեան, 20 վ:
Իրենց պատերազմի զոհ որդւոյն` Վարդանի յիշատակը պահելու համար զոյգ մը կ՛որոշէ երկրորդ մը ծնիլ եւ անուանել Վարդան:
Բ5. Տուն (Home), Հրանտ Վարժապետեան, 14 վ:
Հայկական ընտանիք մը իր «հերոս» որդին անվարան կ՛ուղարկէ ճակատ: Զինկոչիկին, կեցուածքը, սակայն, ա՛յլ է: Յոյժ մեկնաբանելի ժապաւէն:
Բ6. Լինում է, չի լինում (There Was, There Was Not), Էմիլի Մկրտչեան, 90 վ:
Կը հետեւի արցախաբնակ չորս կիներու տագնապներուն` սկսած անկախութենէն, որ չէր ճանչցուած որեւէ երկրի կողմէ, ներառեալ` Հայաստանի:
Բ7. Սեւ Այգին (իմա` թրքերէն ղարա-բաղ) The Black Garden, Ալեքսիս Պազումեան, 80 վ:
Արցախի գեղեցիկ, բայց վտանգուած բնութեան բեմականացուած վաւերագրութիւն:
Բ8. Կուտակային ամպեր (Cumulus Clouds) Նայիրա Մուրադեան 2024, 15 վրկ.
Գծագրային համադրութիւն «գոյ եւ անգոյ գեղեցիկ, հոգեւոր եւ ահաւոր» ժապաւէններու:
Բ9. Անգլուխ ձիաւորները (Headless Horsemen), Ովսաննա Գէորգեան, 2023, 16 վ:
Անգլուխ ձիաւորը միջնադարեան առասպելներու մահասփիւռ էակ մըն է, առկայ` յատկապէս անկլոսաքսոն մշակոյթի մէջ: Այստեղ վիճելի կերպով առնչուած է գլխատուած հայ զինուորի մը հետ, որ մղձաւանջներէ տառապող ժապաւէնի գլխաւոր կերպար Սաթենիկին եղբայրն է: «Գլուխ կորսնցնել»-ը խորհրդանշական է: Այստեղ ժապաւէնի աւարտին հերոսուհին իր «գլուխը կը կորսնցնէ»` ի տես իր հայրենակիցներու անմիտ վէճերուն:
Հուսկ բանք.- Օտար ժապաւէնները զանց առած եմ ոչ միայն այն պատճառով, որ զանոնք դիտելու արտօնութիւն ստանալ գրեթէ անկարելի է, այլ նաեւ` այն, որ ժապաւէնները կը շօշափեն կնճռոտ անհատական հարցեր, զորս ներկայ պայմաններու մէջ մեզի համար առաջնահերթ չեմ համարեր:
Հայ բեմադրիչներուն գործերուն մէջ հասկնալիօրէն առկայ է արցախեան աղէտը, որ տակաւին կը յամենայ խոցի փուլին մէջ: Նկատելի է հակառուս տրամադրութիւնը, որ կարմիր թելի նման կ՛անցնի շարք մը գործերու ընդմէջէն: Այլ «կարմիր թել» մըն է սեւ հիւմըրը, որ ժառանգուած է խորհրդային շրջանէն եւ այժմ խարսխուած` ի տես անմխիթար իրավիճակին: Նկատելի է իգական սեռի բեմադրիչներու մեծ տոկոսը: Այդ թերեւս առնչուած է այն տուեալին, որ կազմակերպողներուն մէջ գերակշիռ է իգական տարրը:
Եւ վերջապէս, ի տես փառատօնի նսեմացումին եւ կազմակերպիչներու սառն անտարբերութեան, տասներորդ այս ակնարկը ցաւօք կրնայ ըլլալ աւարտականը:
————
1.- «Ոսկէ ծիրան 11. Հայկական համայնապատկեր», «Ազդակ» 5 օգ. 2014:
2.- «Փոքր ածուի ծիրանը-Քաղաքական հաշուեփակ», «Ազդակ» 21 օգ. 2014:
3.- Ռ. Բագրատունեան, «Հայկական կինոյի քայլերը Պերլինի կինոշուկայում», Կինոաշխարհ, 25 փետ. 2020