ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Շուէտական «Լոքարնօ 78» փառատօնի բացման ժապաւէնն էր Թամարա Ստեփանեանի խաղարկային առաջնեկ (debut) «Արտոյի երկիրը» (Le Pays D՛arto, 105վ, 2025) (1, 2): Մօտ 8 հազար աթոռ ընդունող հրապարակի վրայ կայացող փառատօնը շուկայադրական առումով առաջնահերթ չէ, բայց իւրայատուկ է ոչ միայն իր ծաւալով եւ մթնոլորտով, այլ որովհետեւ նախապատուութիւն կու տայ անտեսուած երկիրներու (ինչպէս Հայաստան) եւ առաջնեկ գործերու (ինչպէս Արտոյի երկիրը):
Դիպաշարը
Բեմագրութիւնը, որ յօրինուած է աւելի քան տասը տարի առաջ եւ վերջերս` նորոգուած, ինչպէս նաեւ պատուաստուած` նկարահանումներու ընթացքին, հարուստ է մեկնաբանելի պատկերներով: Արցախեան աղէտէն 6 ամիս ետք միջին տարիքի ֆրանսուհի մը` Սելին (= երկնային), Գիւմրի կը հասնի անձնասպան եղած իր ամուսնոյն` Արտոյի (Արտաշէսի կրճատո՞ւմ) ծննդեան վկայագիրը ստանալու, որպէսզի իր որդին` Էմիլ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու ընտրանք ունենայ, երբ չափահաս դառնայ: Այդտեղ կը բացայայտուին մութ ու ցաւոտ գաղտնիքներ (3, 4): Ամուսինը ոչ թէ Սարեան մականունով մեքենագէտ մըն է, որ երբեք զէնք չէ կրած, այլ մարտիկ Արտօ Սանթրոսեանը, որուն դասալքութեան պատճառով 1993-ին իր վեց զինակիցները սպաննուած են Աղտամի մէջ: Աւելի՛ն. Արտօ լքած է իր (տակաւին եւս սիրող) նշանածը: Պանդոկին մէջ «Ռուսական բուրգ» (!) խաղասեղանին մօտ Սելին պատահմամբ կը ծանօթանայ զբօսաշրջութեան ուղեցոյց սիրուն Արսինէի (Զար Ամիր Էպրահիմի), որուն Սեւանի արեւելեան ափին (!) բնակող մեղուապահ հայրը («Վերջին բնակիչ» վաստակաւոր Ալեքսանդր Խաչատրեան) հայ է եւ, ինչպէս իր հայացած դուստրը, ներառուած` հակաազերիական «ինքնապաշտպանական» ընդյատակեայ խմբաւորումի մը: Նոյն խմբաւորումը, որուն անդամներէն մին է Արտոյին լքած նշանածը (!) Գիւմրիի մէջ կը հաւաքուի մնջախաղի (!), թատրոնի մը մէջ: Խումբի ղեկավարը Սելինին կը յանձնէ Արտոյի մինչեւ այսօր պահուած ատրճանակը, որուն մէջ է տակաւին վերջին փամփուշտը, զոր Արտօ հարկ էր, որ արձակէր ինքնիր քունքին, բայց նախընտրած էր փախչիլ եւ փրկել իր մորթը: Պանդոկ վերադարձին Սելին նոյն «Ռուսական բուրգ»-ի սեղանին վրայ կը դնէ թաշկինակ մը, որուն մէջ գտնուող ատրճանակը այժմ մասնատուած է (!): Արսինէ շատ արագ կը կազմէ ատրճանակը` ցոյց տալով, թէ զինավարժ է: Աւերուած բամպակի գործարանի մը մէջ (ուր երբեմն քաղաքին կէսը կ՛աշխատէր) Սելին կը հանդիպի երկրաշարժէն խելագարած երիտասարդի մը եւ Արտոյի զինակցին, որ կը յայտնէ Արտոյի իսկական ազգանունը եւ խորիմաստ կ՛աւելցնէ` «Հըլա ուրի՜ս»: Սելին ապա Արսինէի հետ կ՛երթայ Սեւան, ուր կը հանդիպին Արսինէի սրունքէն հաշմուած մարտիկ սիրականին` Գրիգորին: Սելին այդ գիշեր կ՛ունենայ նախագուշակ-ուղեցոյց երազ մը, ուր մութ անտառի մը մէջ (Հայաստա՞ն) նախ կը տեսնէ կին մը, որ ջահերով կը պարէ (վտա՞նգ), ապա` տղամարդոց շարան մը, որ գաղտագողի խաւաքարտ տուփեր կը կրէ դէպի մեծ ինքնաշարժ մը: Լուսնի լոյսի տակ Սելին կը մտնէ Սեւան: Այդ կարելի է հասկնալ որպէս մկրտութիւն, անցման ծէս մը: Յաջորդ օր` որպէս ոչ կասկածելի օտարական, այդ նոյն ինքնաշարժով դէպի Սեւանի արեւելեան ափ կը փոխադրէ տուփերը, որոնք փոքր անօդաչուներ կը պարունակեն: Հայկական հողի վրայ ոչ բոլոր անցարգելները հայկական են: Գրիգոր կը խօսի 44-օրեայ պատերազմի բնոյթին մասին` թէ պատերազմը անդէմ է, անօդաչուն կը տեսնէին պայթիւնէն կէս երկվայրեան առաջ միայն: «Բոլոր ընկերներս բզկտուեցան: Ես արթնցայ հիւանդանոցի մէջ:
«Հիմա կ՛ուզէք, որ ըսեմ, թէ հերո՞ս եմ» (5): Արսինէի հայրը զինք կը տանի Աղտամ, ուր ա՛յլ աւերակի մը մէջ կ՛ապրի ա՛յլ խելագար մը (վերի պատկերի վերի ձախ անկիւն): Ազատամարտիկ մը (տարօրինակ դէմքով Denis Lavant), որ իր զինակից եղբայրներու ցաքացրիւ ոսկորները տեսած է: «Եղբայրական գերեզմաններու վրայ խաչեր չկան», կ՛երգէ տառապահար վեթերանը ռուսերէնով (6,7): Մութ գրասենեակի մը մէջ բանակայինի կերպարանքով տղամարդ մը Սելինի ցոյց կու տայ Աղտամի քարտէսը եւ կը բացատրէ իրադարձութիւնները: Սելինին դիմաց անգամ մը եւս կը յայտնուի Արտոյի տեսիլքը: Արդեօք Սելինի զգացական մենախօսութիւնը կը փորձէ մեղմել ամուսնի ի՞նձ թէ՞ ի՛ր անթեղուած մորմոքը: Աւարտական տեսարանին մէջ Սելին կը գտնուի գերեզմանաքար թելադրող ժայռաբեկորներու կողքին: Ապա կը կանգնի, կը շրջուի եւ վերջին փամփուշտը կը կրակէ դէպի երկինք: Ցաւոտ էջը հարկ է փակե՛լ:
Պատկերաւոր լեզու եւ այլաբանութիւն.- Արտադրիչը խստիւ արգիլեց պատկերներ վերցնել տեսերիզէն: Դատական հետապնդումէ խուսափելու համար կը պարտադրուիմ ըստ կարելւոյն բառերով նկարագրել:
Բացման տեսարանին մէջ Սելինի յոգնատանջ դէմքը կը տեսնենք Գիւմրի ուղղուող շոգեկառքի մէջ: Շոգեշարժը ինքնին անցում կը խորհրդանշէ: Սելին կ՛երթայ դէպի վերափոխում: Կը տեսնենք աղջնակներ, որոնք ուրախ կը պարեն «Մաքարենա»: Այդ կրնայ անտեղի թուիլ, բայց անոնք որ ծանօթ են երգի բառերուն, կրնան տեսնել կապը: Երգի հերոսուհին` Մաքարենա, կը դաւաճանէ Վիթթորիոյի, երբ ան կը զինուորագրուի: Դաւաճանութեան բներգը կը տրուի սեւ հիւմըրով: Սելին, իր կարգին, պիտի բացայայտէ Արտոյի կրկնակի դաւաճանութիւնը` զինք սիրող աղջկան եւ զինակիցներուն, հայրենիքին: Ապա քամերան կու գայ դուրս, եւ կինը կը տեսնենք պատուհանի «սթոր»-ին ընդմէջէն` մասնատուած, շերտաւորուած: Այդ յաճախ գործածուած է «սեւ ժապաւէններու» (film noire) մէջ եւ այլուր, ինչպէս կողքի համադրումը ցոյց կու տայ:
Դէպի Սեւան ճանապարհին ինքնաշարժը կը հանդիպի ոչխարներու հօտի մը: Այդ անմիջապէս կը յուշէ Էկոյեանի «Օրացոյց» (Calendar 1993) ժապաւէնի բացման տեսարանը: Իբրեւ հսկայ տարբերութիւն «Օրացոյց»-ի` այստեղ չկայ որեւէ վանք: Միակ սրբապատկերն ու մոմերը կը տեսնուին Աղտամ, աւերակի մը մէջ: Մեկնաբանելի պատկեր: Ի դէպ Էկոյեան հօտի պատկերը գործածած է նաեւ «Քաղցր անդենականը (The Sweet Hereafter 1997), ուր աւանի մը մանուկերը կը զոհուին եւ այլուր (8): Յիշել կու տայ նաեւ Հ. Մալեանի «Մենք ենք մեր սարերը» ժապաւէնի աւարտական անմոռանալի տեսարանը, ուր հօտը կ՛ուղղորդուի դէպի սպանդանոց որպէս մսացու, ինչպէս մեր զինկոչիկները, ապիկարութեան թէ ինչ պատճառով, ուղղորդուեցան դէպի խրամներ եւ թիթեղածածկ «յենակէտեր», դառնալու համար թնդանօթի միս: Տեսարանը թերեւս կարելի է նաեւ համարել մեծարանք երկու տաղանդաւոր բեմադրիչներուն:
Կան պատկերներ, որոնք անհասկնալի են, ինչո՞ւ, օրինակ, այնտեղ, ուր բանակայինը քարտէսով (այսինքն փաստացիօրէն) կը բացատրէր ուղղութիւնը, այլապէս համեստ հագուկապով Սելին կը կրէր աչքառու շարք մը ոսկի ապարանջաններ (տես վերի համադրումի կեդրոնի քատրը): Կան պատկերներ, որոնց մեկնաբանութիւնը կրնայ միայն քաղաքական ըլլալ: Սելին կը մերժէ մասնակցիլ «Ռուսական բուրգ» խաղին եւ աւելի ուշ Արտոյի քանդուած ատրճանակը կը դնէ այդ սեղանին վրայ` թերեւս որպէս բացատրութիւն: Աղտամի խելագարած ռուսերէն երգող ազատամարտիկը նաեւ տուտուկ կը նուագէ: Խորհրդայիններու օրով կանգնեցուած մետաղեայ հսկայ «Անտառի ֆոնտանը» (շատրուան) ժանգոտած է ու դադրած: Շոգեկառքի ճամբորդները վար կու գան ամայի վայրի մը մէջ եւ (հօտի նման) կը հեռանան, թէեւ Գիւմրին կեդրոնէն ոչ շատ հեռու ունի գեղեցիկ կայարան: Կան նաեւ պատկերներ, որոնք անհասկնալի մնացին ինծի համար: Օրինակ, երբ դէպի Սեւան կ՛ուղղուէին, Արսինէ, որ անդադար (խորհրդանշական) ծիրաններ կ՛ուտէր, կ՛ըսէ, թէ «ծիրանը միտք կը մաքրէ» (clear), ապա ոչ միայն Սելին կը մերժէ ուտել, այլեւ զիրենք դիմաւորող տարեց հայ կինը տոպրակ մը ծիրանը մէկդի կը շպրտէ (1) եւ կը փոխարինէ 2-3 խնձորներով: Ինչպէ՞ս հասկնալ. Եւա՞ … հեքիաթի աւա՞րտ …
Երաժշտական խորապատկերի հեղինակն է Michel Karsky, որ կը գործակցի Հայկ Մելիքեանի հետ եւ հեղինակն է նաեւ «Փարաջանով» ժապաւէնի (2013) խորապատկերին: Տպաւորիչ կերպով գործածած է արտապատկերային ձայներ (ինչպէս` երթեւեկի ժխոր), ելեկտրոնային երաժշտութիւն եւ հայկական մեղեդիներ: Ամենատպաւորիչը, սակայն, Արցախի բարբառով Վալերի Ղազարեանի (Լիոկա) «Հասցէն իմ նոյնն ա» Rap-ժողովրդական համադրում երգն էր, որ նոյնինքն տեղահանուած հեղինակը կատարեց որպէս «մարութքա»-ի վարորդ: Կու տամ միայն մի քանի տող: Ուսանելի է, եւ կը յանձնարարեմ, որ ընթերցողը անձամբ լսէ էջատակին մէջ տրուած կապով (9):
«Արի, արի, տուն արի / երթանք շարինք քարը քարի
կորեկ ցանինք, հնձինք խոտ / կ՛երթանք հանդը առաւօտ
Ուզում եմ գնալ տուն, բայց կապում ա լիքը բան
Ինձ անում են երկու կէս ներկան ու ապագան
Բայց դէ չեմ յանձնւում»:
Հուսկ բանք.- Բեմադրիչը խուսափած է պատերազմը ուղղակի պատկերելէ: Խուսափած է նաեւ ցոյց տալէ «թուրիստականացուած» Գիւմրին: Խուսափած է մանաւանդ հռետորութենէ: Այսուհանդերձ, յուզական կերպով ներկայացուցած է կրկնակի աղէտներու պատճառած հոգեկան աւերը. երկու խելագարած տղամարդ, երկու բեկանուած կին եւ … անձնասպանութիւն … Դիտած է օտարի (Սելինի) աչքով, օտարի կամ օտարացողի համար, բայց կը խօսի նաեւ անոնց, որոնք տակաւին հեռու չեն Պուրճ Համուտէն:
————–
- Փառատօնը հիմնուած է 1946-ին, բայց տարի մը չէ կայացած «Քորոնա»-ի պատճառով:
- Թամարա իր հօր` Վիգէն Ստեփանեանի հետ շրջան մը մնացած է Պէյրութ: Վաւերագրական «Կանանց գիւղը» (2021 83վ.) ժապաւէնին նախապէս անդրադարձած եմ: Տես «Կանացի աչքերով» «Ազդակ», 26 յունուար 2021:
- Արտոյի դերը կը կատարէ ականաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանի որդին` Յովնաթան:
- Ֆրանսական մշակոյթի մէջ «Էմիլ» անմիջապէս կ՛առնչուի Ռուսոյի համանուն երկին (1762) եւ ուրեմն կը նշանակէ «ցանկացող, փափաքող»:
- Խորքին մէջ հարուածող անօդաչուն կարելի է «տեսնել» միայն արբանեակներու միջոցով: Ռատարը օգտակար չէ, որովհետեւ անոնք ցածէն կը թռչին:
- Վլատիմիր Վիսոթցքիի 1965-ին յօրինած երգը ռուսերէնով կ՛ըսէ` «Նա պրաթսքիխ մակիլիախ նի սթավեաթ քրիեսթոֆ» «Եղբայրական շիրիմ» կը նշանակէ զինակիցներու հաւաքական գերեզման:
- Աղտամի տեսարանները նկարահանուած են Իջեւանի մէջ:
- Ժապաւէնին անդրադարձած եմ «Ոսկէ ծիրան 22» փառատօնի առիթով:
9. www.youtube.com/watch?v=cSOGxyMlydoԹամարա Ստեփանեանի «Իմ Հայ Ուրուականներս»
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Պէյրութի ՄէջՎաղը` չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2025-ին երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պէյրութի «Մեթրոփոլիս» շարժապատկերի սրահին մէջ պիտի ցուցադրուի Թամարա Ստեփանեանի «My armenian phantoms» («Իմ հայ ուրուականներս») ժապաւէնը:
Նշանաւոր բեմադրիչ, լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ իր դրոշմը ձգած Վիգէն Ստեփանեանի դուստրը այս ժապաւէնին ընդմէջէն կ՛առաջնորդուի իր հօր ուրուականով, որ զինք կ՛առաջնորդէ դէպի հօր ընկերները` Խորէն Աբրահամեան, Սօս Սարգսեան, Ֆրունզիկ Մկրտչեան: Ժապաւէնը փորձ է անձնական ընդհատուած զրոյցը շարունակելու եւ կամուրջ նոր զրոյցի` հայ շարժապատկերին հետ: