ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Կորուսեալ հայրենիքը մնայուն բներգ է արուեստի այլազան մարզերու մէջ:
Թատրոնը ունի տիրական դիրք, որովհետեւ անոր ընկալումը հաւաքական է, ինչպէս հաւաքական է կորուսեալ հայրենիքի խոցը: Թատրոնը ի սկզբանէ ծիսական եղած է (1): Պատրանք թատրոնի ամէնէն մօտիկ արուեստը գրականութիւնն է, որուն երկերէն ոմանք բեմականացուած են:
Լիբանանահայ թատրոնին մասին հրատարակուած սակաւ յուշագրութիւններու մէջ (Դ. Էվերեկլեան եւ Պ. Ֆազլեան) կայ շատ հակիրճ տեղեկութիւն: Պէյրութի բեմերուն վրայ ներկայացուած թատրերգութիւններէն քիչ բան կը յիշուի` բացի վերնագիրներէ, ինչպէս` Մարութեանի «Աւերակներու վրայ»-ն, Յովհաննէս վրդ. Փարթամեանին «Հայրենի կարօտ»-ը եւ Ա. Ահարոնեանի աւելի քան դար մը առաջ յօրինած «Արցունքի հովիտը», որուն գլխաւոր հերոսը որոշ նմանութիւն ունի Մ. Իշխանի «Կիլիկիոյ արքայ»-ի բնագիրի Լեւոնին:
Երեւակայուած հայրենիքներ.– Երեւակայուած ապագայ հայրենիքի ինծի ծանօթ առաջին օրինակը Սոկրատի «Աթլանթիս»-ն է, որ թերեւս խորհրդանշականօրէն ծովամոյն եղած է: Շուրջ 2 հազարամեակ ետք «Utopia»-ն (Բերկրաստան) երեւակայած Թոմաս գլխատուեցաւ օրուան իշխանաւորին կողմէ: Անցեալ, կորուսեալ երեւակայուած հայրենիքին շուրջ հիմնադրական աշխատանքները կը պատկանին երկու վտարանդի գրողներու` փրոֆ. Էտուար Սայիտ (1935-2003), որուն լսելու առիթը ունեցած եմ իր համեմատաբար վաղահաս մահէն կարճ ժամանակ առաջ, եւ` մահափորձի իբրեւ հետեւանք աչքը կորսնցուցած Սալման Ռուշտի (1947-), որ հեղինակն է հիմնադրական երկ համարուող «Երեւակայուած հայրենիքներ» (Imagined Homelands, 1991) հատորին: Վերնագիրը ակնյայտ ակնարկ է շուրջ տասնամեակ մը առաջ հրատարակուած այլ երկի մը` Պ. Անտըրսընի (1936-2015) «Երեւակայուած հաւաքականութիւններ» (Imagined Communities 1983) հատորին, որ երկրաշարժ պատճառած էր մտաւորական շրջանակներու մէջ: Տարաբախտ Րաֆֆի (1835-1888) իր մահէն կարճ ժամանակ առաջ, Սան Սթեֆանոյի յարուցած լաւատեսութեան մթնոլորտին մէջ բոլորիս ծանօթ «Կայծեր» վէպի իբրեւ վերջաբան յօրինած էր ապագայ Հայաստանի տեսլականը (2):
Հին կտակարանը ունի ազդարար բնոյթի առակ-դրուագ: Ղովտի դէմքը դէպի ետ դարձնող կինը կը վերածուի աղէ արձանի (թերեւս արցունքի): Կարօտախտով (nostalgy) անցեալին շղթայակապ թատերական (եւ ոչ միայն) կերպարներ պարտադրաբար ողբերգական են:
Երեւակայուած հայրենիքը հոգեկան է, վիպական, սրտի մորմոք, մտասեւեռում, որ կը կաշկանդէ ուղեղը: Տարագիր առաջին սերունդին քով կրնայ դառնալ հիւանդագին: Մնձուրին զրոյցի կը մտնէր իր կերպարներուն հետ: Այդ կարելի է համարել տեսլահարութիւն (hallucination): Աւելի հմուտ ակադեմական տարագիր հեղինակներ, ինչպէս ողբացեալ Էտուար Սայիտ իր «Մտորումներ աքսորի մասին» եւ կամ դեռեւս կենդանի Ճուլիա Քրիստեւա իր «Աքսոր եւ օտարացում» հիմնադրական երկերուն մէջ կ՛առաջադրեն, որ աքսորեալին համար ամբողջ աշխարհը օտար է, ներառեալ` կորուսեալ հայրենիքը, որ այլեւս այն չէ, ինչ որ էր: Աքսորականի համար աշխարհը շոգեկառք մըն է, որ չունի հանգստաւէտ կանգառ: Նիկողոս Սարաֆեան դար մը առաջ իր հոյակապ «Գնացք»-ի առաջին տողերուն մէջ կ՛ըսէ.
«Ոչ ուժ է, ոչ ախտ /Մարդատեաց հոգիս/ Այլ ճամբորդ մ՛աղքատ /Քաղաքէ մ՛ուրիշ/ Քաղաքի միջեւ…
… Երբ շոգեկառքէս / Դէպի հակառակ / Սիրտըս կը սուրայ…»:
Օտար միջավայրը թատրոն մըն է, ուր աքսորական կը կատարէ դեր մը, զոր ինք կը յօրինէ ինքնիր համար: Կը ստեղծէ անիրական աշխարհ մը, որուն կառավարող օրէնքները կը գոհացնեն թատերագիրի… ներողութիւն, աքսորականի հոգեկան պահանջները: Նման աշխարհ ի հարկէ կարելի է յաջողութեամբ բեմականացնել: Ի վերջոյ իւրաքանչիւր արուեստի գործ ունի ի՛ր տրամաբանութիւնը, ի՛ր օրինաչափութիւնը: Այդ յատկապէս յարիր է թատրոնին, որ էապէս հիմնուած է պայմանականութեան վրայ:
Աքսորեալ թատերագիրը խորքին մէջ ոչ թէ վաւերական անցեալ մը կը վերակենդանացնէ, այլ կը փորձէ ինքնիր եւ իր տարագիր հանդիսատեսին համար նոր ինքնութիւն մը յօրինել (3): Փորձը նման է կոտրուած հայելիէ մը մնացած բեկորներու արտացոլումով պատկեր մը կազմելու:
Հարցերը կը ծագին, երբ թատերագիրը ունի քաղաքական ասք եւ կը փորձէ յօրինուած երազային ոլորտը առնչել իրական աշխարհին: Աւելի՛ն. երբ կը փորձէ ի՛ր մտացածին աշխարհէն ճամբու քարտէս արտաբերել իրական աշխարհին համար: Ի զուր չէ, որ այս սեռի թատրերգութիւններու նախագուսան կերպարները (protagonist – protos-agօnistes = առաջին կամ գլխաւոր գործող) ունին տարաշխարհի՛կ բնոյթ: Հրանդ Մարգարեանի «Ուղեւորը» վերամարմնաւորումն է Աշոտ Երկաթի, «Սպիտակ ձիաւոր»-ի մետաղագործը վերամարմնաւորումն է Դ. դարու ոմն հեթանոս Ներսէսի: Հայաստանի լեռներու փրկիչ սրնգահարը այծեմարդ մըն է, հեթանոս աստուած «Պան»-ը: Նոյնպէս Համաստեղի փրկիչ սեւամորթը կը կրէ մեսիանական (իմա` սպասուած փրկիչի) բազմաթիւ յատկանիշներ: Երկրորդ Քրիստոս, ինչպէս առաջինը կը նահատակուի դատարանի ճամբով: Երկնային պատգամով ֆրանսական գահը վերականգնելու ձեռնարկած է «Ժան տ՛Արք»-ը, որ իր կարգին տանջուեցաւ, դատուեցաւ եւ խաչուեցաւ… ներողութիւն, դատապարտուեցաւ խարոյկի:
Մուշեղ Իշխանի արքան.- Նախնիք կը հաւատային, որ խելագար մարդոց արտայայտութիւնները անհասկնալի են, որովհետեւ անոնք կը խօսին աստուածներու լեզուով: Տելֆիի թէ այլուր քուրմերու գուշակութիւնները հազիւ թէ կը տարբերէին խելագարներու բանդագուշակութիւններէն: Բացման տեսարանը կ՛ազդարարէ յիշուած մեսիաները յատկանշող տարրերու առկայութիւնը. խելակորոյս, իրականութենէ բոլորովին անջատուած կերպար մը երկնային թելադրանք կը ստանայ վերականգնելու Կիլիկիոյ գահը (4): Տեսլահարութիւնը կը կրկնուի` հաւաստիացնելով թշնամիներու ոչնչացում եւ փառաւոր յաղթանակ: Հեղինակը ակնյայտօրէն կը ցուցադրէ կերպարի ողբերգական նկարագիրը: Աւարտական սրճարանի տեսարանը պէտք է համարել Գողգոթա-դատավարութիւն, ուր Լեւոն կը թագադրուի արքայ հրէից… ներողութիւն, արքայ Կիլիկիոյ: Սակայն, ի տարբերութիւն յիշուած միւս թատերգութիւններու, ուր քրիստոսները լուռ կը մնան, Լեւոն ունի երկարաւուն աւարտաճառ մը: Նաեւ, ի տարբերութիւն աւետարանային պատումին, Քրիստոսի առաջին հետեւորդ, արտակարգ գեղեցիկ, ապաշխարած ցոփ Մագդաղենացին փոխարինուած է Լեւոնի ամուրի քրոջմով, որ ձեւով մը նոյնպէս երազանքներու զոհ է: Լեւոնի սէրը զինք փոխարինած է եղբօրմով, որ կարող էր ընտանիք պահել:
Կողքի որմազդներէն մէկը ցոյց կու տայ Ամբերդը, որ Արագածի ստորոտին է եւ ոչ` Կիլիկիոյ մէջ: Ցոյց կու տայ նաեւ Տիգրան Բ.-ը, որ Կիլիկեան արքայ չէր: Կիլիկիան ոչ թէ աշխարհագրական, այլ հոգեկա՛ն տարածք է: Կիլիկեան պետութիւնը երբեք կայուն սահմաններ չէ ունեցած, գոյութիւն չունի նման քարտէս: Կիլիկիա պայմանականօրէն կը նշանակէ անցեալի փառք: Փառք մը, որ խոր ցաւօք հիմնովին երեւակայական է, Կիլիկեան վասալ իշխանութիւնը եղած է վարձկան բանակի յենած եղբայրասպան դաւադիր պատեհապաշտ օտարամոլ հոյլ մը, ներառեալ` եկեղեցականներ, որոնց արեւելումը (աւելի ճիշդ` Օրմանեան մեղմաբանութեամբ (euphemism) կ՛որակէ «ներողամիտ եւ լայնախոհ» (5): Արհեստականօրէն հիմնուած իշխանութիւնը ունեցած է անխուսափելի անփառունակ վախճան, երբ մոնկոլ ու խաչակիր զաւթիչները վտարուած են շրջանէն: Ինծի ծանօթ ժամանակակից հայրենի բեմադրութիւններ եւ որոշ չափով նոյնինքն հեղինակը կ՛անտեսեն ցաւոտ իրականութիւնը եւ կը ներկայացնեն իտէալականացուած Կիլիկիա մը: Պատմութեան իրապաշտ մօտեցումը այլեւս էական չէ, որովհետեւ կորուսեալ Կիլիկիա` այժմ կը նշանակէ կորուսեալ Արցախ… եւ` ոչ միայն:
Յաջողած եմ կապուիլ հետեւեալ բեմադրիչներուն հետ եւ առնուազն մասամբ դիտել անոնց ելոյթները:
Համլետ Թադեւոսեան` Երեւանի Ուսանողական թատրոն, Արմէն Սաֆարեան` Արտաշատի Դրամատիկական թատրոն, Գայեանէ Ասլանեան` Տիկնիկային թատրոնի դերասանուհի:
Մուշեղ Իշխանի բնագիրը ունի իրապաշտ աւարտ, որ յարիր է թատերակի ընթացքին: Լեւոն տակաւ կը խրի իր անկարելի երազանքի աւազուտին մէջ: Քոյրը կ՛արգիլէ յաւելեալ նուաստացում: Սրճարանին մարդիկ քիչ մը զուարճանալէ ետք կը վերադառնան իրենց առօրեային: Կը մէջբերեմ.
«ԱՐՔԱՆ.- Իշխանուհի Զապէլ, ինչո՞ւ ցրեցիր ժողովուրդս: Եթէ այս հօտը չըլլայ, ես որո՞ւ վրայ պիտի թագաւորեմ…
Զապէլ կեցած է անխօս եւ արձանացած:
Վարագոյրը կ՛իջնէ դանդաղօրէն»:
Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մէջ նման աւարտ ընդունելի չի կրնար ըլլալ: Բոլոր ելոյթները ուղղուած են ընդդէմ այժմ այնտեղ տիրող «բիզնես»-ամոլութեան, որ թատերակին մէջ ներկայացուած է Լեւոնի աւագ եղբօրմով: Բոլոր բեմադրութիւններուն մէջ արքան այս կամ այն կերպ կը յաղթանակէ նոյնիսկ նահատակութեան գնով (Սաֆարեան), ինչպէս` շարք մը այլ թատերական քրիստոսներ: Սրճարանի ներկաները (իմա` հայրենի ժողովուրդը) առնուազն մասամբ կը ներշնչուին Լեւոն արքայի ոգիով:
Նահատակութեան բներգը անուղղակի կերպով առկայ է այլ բեմադրութեան մը մէջ, որ կ՛աւարտի ծիսական (քրիստոնէական) բնոյթի պարով մը, որուն երաժշտութիւնը Արթուր Մեսչեանի «Ֆիտայու մահը» երգի մեղեդին է: Ֆիտային «մենակ կ՛իյնայ», բայց իր զէնքը կը վերցնէ եղբօրորդին (որ բնագրի կերպարներէն մէկը չէ: Տես` «գահաժառանգը» կողքի լուսանկարին մէջ): «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ Զ. Եագուպեան ցաւոտ եւ զգուշ բնագիրին ներմուծած էր պատանի գահաժառանգներու ամբողջ հոյլ մը, իմա` նոր սերունդը:
Գեղարուեստական.- Ծանուցողական տեսերիզներէն եւ լուսանկարներէն դատած` ակնյայտ է, որ բեմադրիչները ինքնատիպ ու գեղեցիկ պատկերներ ստեղծած են: Ընդհանրապէս տպաւորիչ է մասնագիտական մակարդակի կաքաւագրութիւնը (choreography), յատկապէս` պարային բաժիններուն մէջ: Բարի՛:
Քաղաքական.- «Այսօր մեզ պէտք է Կիլիկիոյ արքայի նման մէկը, որ կ՛առաջնորդի հայ ժողովրդին», ըսած է բեմադրիչներէն մին (6): Հայրենասէր հայաստանցիի ընդվզումը շատ հասկնալի է, բայց կարելի չէ, ի հարկէ, առաջնորդուիլ իրականութենէ անջատուած ղեկավարներով: Կարելի չէ ազատագրական ռազմավարութիւն մշակել` հիմնուած նման յօրինումներու վրայ: Կարօտախտի գրականութեան մեծ տոկոսը, օրինակ, գիւղերգական է, մինչդեռ հայերու մեծ տոկոսը եղած է քաղաքաբնակ թէ՛ պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ եւ թէ՛ մանաւանդ այլուր: Գեղարուեստական առումով, սակայն, յօրինուած երեւակայական հայրենիքը անհամեմատ աւելի ազդեցիկ է, քան` վաւերագրութիւնը: Աւելի խոր կը տեղաւորուի ընթերցողի եւ հանդիսատեսի յիշողութեան մէջ: Այդպէս կրնայ ըլլալ, որովհետեւ հմուտ հեղինակը իր զինարանին մէջ ունի շարք մը հնարքներ: Օշականի բացատրութեամբ, գիտակցօրէն կամ բնազդով կրնայ դիմել «մարդկային հոգիի խորունկ գաղտնիքներուն» (7): Այլ արդի գրականագէտներու շարքին հեղինակաւոր Roland Barthes (1915-1980) իր «S/Z» (1970) երկին մէջ կը նկարագրէ ասքի հինգ հիմնական ձեւաչափեր (narrative codes): Ժամանակակից բազմաթիւ հոգեբաններ փորձառական (ինչպէս fMRI) ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն ասքի բնոյթի եւ անոր ձգած յիշողութեան տեւողութեան շուրջ (8,9):
Հոգեբան ըլլալու կարիք չկայ, սակայն, տեսնելու, որ Լեւոն արքայի աւարտաճառը հեռու է հանդիսատեսի հոգիի խորքը թափանցելէ: Նման է ոչ թէ Քրիստոսի քարոզներուն, որոնք նոր բարոյականի կրօն յառաջացուցին, այլ` Երեմիա մարգարէի պարսաւ-ողբերուն, որոնք անլուր մնացին: Աւելի հաւանական է, որ պախարակութիւնը ժխտական հետեւանք ունենայ, քան` դրական հոգեփոխութիւն: Ի զուր չէ, որ «Կիլիկիոյ արքայ» թատերակը յիշատակելի խելամիտ բեմադրութիւն չէ ունեցած:
———————
1.- Յ. Օշական թատրոնը կ՛որակէր «Սրբազան պատրանք»:
2.- Նոյնիսկ որպէս պատանի` տխուր թերահաւատութեամբ կարդացած էի: Ի հարկէ յօրինումէն շատ տասնամեակներ ետք:
3.- «Աքսորի կատարում.- Օտար մարմիններ» (Performing Exile: Foreign Bodies 2017, խմբագիր` Judith Rudakof
4.- Կիլիկիա հայերու բնօրրանը չէ: Բիւզանդիոնի կողմէ տեղահանուած Բագրատունեան իշխաններ այդտեղ պետութիւն մը հիմնեցին` յենած օտար աւազակաբարոյ զաւթիչներու, ինչպէս, խաչակիրներու եւ մոնկոլներու: Մեմլուքներու եւ Սալահէտտինի պատիժները եղան ծանրակշիռ:
5.- Wikipedia, յենած օտար աղբիւրներու, կը գնահատէ անոր ջանքը Հայ եկեղեցին «մեկուսացումէ դուրս բերելու»:
6.- Հրանտ Սարաֆեան, «Իրաւունք մշակութային», 15 յունիս, 2022:
7.- Տես` Գ. Պըլըտեան, «Մարտ», 1996:
8.- Տես, օրինակ, K A Crowley, «Memorability in narration: An overview of mnemonic features in oral and written tradition» researchgate, յունուար 2018:
9.- Electroencephalography կ՛արձանագրէ ուղեղի զանազան մասերու արձակած ելեկտրական նշանները, իսկ կը չափէ ուղեղի զանազան վայրերու մէջ արեան քանակը, որ ցուցանիշ է այդ մարզի գործունէութեան: