Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեգերումներ Դար Մը Լիբանանահայ Թատրոնի Հետքերով Ա. Մինչեւ 50-ականներ

Օգոստոս 7, 2025
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Վաստակաշատ բեմադրիչ եւ դերասան Յարութ Գնդունիի երկար սպասուած «Լիբանահայ թատրոնը (1920-2020)» ծաւալուն աշխատութիւնը շնորհակալ եւ եզակի աշխատանք մըն է: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Հրատարակուած են շարք մը դրուատական ակնարկներ. փառս արժանաւորաց: Շա՛տ բարի:

Գիրքին տրամադրած վաւերագրական լայն տեղեկութիւնները ունին անգնահատելի  կարեւորութիւն: Ինչպէս հեղինակը վերջաբանին մէջ կը նշէ` «Կրնան ծառայել հետագայ ուսումնասիրութիւններու հիմք»: Այո՛, անկասկած որ` անփոխարինելի, հաւաստի եւ հիմք, բայց ոչ, ինչպէս նշուած է նախաբանին մէջ, «համապարփակ ուսումնասիրութիւն»: Նման կարեւոր վաւերագրութիւն արժանի էր շատ աւելի լուրջ, խնամուած խմբագրումի, որպէսզի ունենար ուղղորդուած / ուղղորդող, ուրեմն իմանալի կառոյց: Ներկայ վիճակը կը թուի ըլլալ հրատարակուած նիւթերու կոյտ մը, չեն վերացուած նոյնիսկ ակնյայտ տառացի կրկնութիւնները:

Թերեւս աղբիւրներու անբաւարարութեան եւ լրագրողներու նախընտրած առաջնահերթութեան պատճառով տեղեկութիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ կը վերաբերին թատերախումբերու կազմութեան եւ նախաձեռնող մարդոց կենսագրութեան: Գիրքին մէջ յիշուած թատերակներու մէկ մեծ տոկոսը անծանօթ գործեր են, առնուազն` ինծի համար: Բնագիրներու առնչութեամբ գրեթէ ոչինչ կը տրուի: Այո՛, հարկ է պահպանել երախտաւորներու յիշատակը: Այս մասին եւս երկու կարծիք չկայ: Պատմաբանութեան համար, սակայն, անհամեմատ աւելի կարեւոր է իմանալ, թէ թատերակները ինչե՞ր կը ներկայացնէին, քան թէ ելոյթները որո՞նք ներկայացուցած են: Ինչպէս վարը պիտի տեսնենք, օրինակ, թէ պատմական թատերակներու մէկ մասը, չըսելու համար` մեծ մասը, ծածկագրուած քրոնիկներ են` ուղղուած ժամանակակից քաղաքական-ընկերային իրադարձութիւններու: Հարկ էր ըստ կարելւոյն յիշել, թէկուզ` հակիրճ ձեւով, թէ ի՛նչ էր ներկայացուցած թատերակի ասքը, ի՛նչ մտայնութեան, չըսելու համար`  գաղափարաբանութեան, կը պատկանէին զայն ներկայացնող անձերը: Այդ կրնայ ցուցանիշ ըլլալ, թէ քաղաքական ի՛նչ հարց կը ներկայացուէր, թէկուզ` այլաբանականօրէն:

Տեղեկութեան բացակայութեան պատճառով,  ցաւօք, զանց պիտի առնեմ որպէս «օփերէթ» ներկայացուած միակ երեք ելոյթները, որոնցմէ առաջին երկուքը հետագային կրկնուած են: Ժանրը ի հարկէ կը պահանջէր արհեստավարժ երաժշտական կազմ, որ մինչեւ օրս բացակայ է սփիւռքի մէջ:

–  «Մանուկը գիւղին մէջ եւ գիւղի թիթեռնիկ»   (1929) – հեղինակ` Ք. Ժիրայր, երժշ`. Համբարձում Պէրպէրեան – կրկնուած:

–  «Սեւ հողեր կամ յետին գիշեր Արարատեան» (1868) – Հեղինակ` Պ. Դուրեան: 4 գործողութիւն ունեցող թատերակ մը, որ նկարագրուած է որպէս «երգախառն ողբերգութիւն»: Գլխաւոր կերպարներն են Սեբաստիոյ Նորայր իշխանը եւ Լենկթիմուրը – կրկնուած

–  Պըղպուլի (օփերեթ) – Ցաւօք ոչ մէկ տեղեկութիւն տրուած   եւ կամ հասանելի է:

Այստեղ պիտի փորձեմ առանձնացնել ընդհանրապէս հերոսական դրուագներու վրայ հիմնուած ելոյթները, որոնց մասին թատրոնի քաջատեղեակ երկու վեթերաններ կարճ ու ցաւոտ նշումներ կատարած են.

Պերճ Ֆազլեան.- «(Թատրերգութիւններ) … որոնք կը թուին ըլլալ ազգային, բայց  որոնց մէջ բացի տիպարներու անուններէն` ազգային ոչինչ կայ»:

Յարութ Գնդունի.-  «Թատրերգութիւններ, որոնք ինչ ձեւով, որակով կամ մակարդակով ալ ներկայացուէին, կը խլէին հասարակութեան ծափերը` որպէս ազգային գործեր»:

Շեշտելով հանդերձ, որ հեռու եմ թատրոնի գործիչ ըլլալէ, որպէս ներածական կ՛ուզեմ տալ իմ վկայութիւնս: Շատ տարիներ առաջ, երբ պատանի էի, հայրս ներառուած էր միութենական թատրոնի մէջ` որպէս դիմայարդար, բեմավար, պահեստապետ, եւ … երրորդական կերպարներու դերակատար: Այդ օրերուն աւանդութիւն էր փետրուար ամսուն ներկայացնել «Վարդանանք»-ը` լեցուն սրահներու առաջ (1): Բեմադրիչը (ի դէպ, լուսահոգի հօրեղբօրորդիս) եւ դերակատարները հազիւ նախակրթարան աւարտած արհեստաւորներ էին, որոնք յաճախ մեր տան հիւրերը կ՛ըլլային: Այդպիսով, անուղղակիօրէն կը գտնուէի քուլիսներու ետին եւ քիչ մըն ալ աւելի: Եւ քանի որ պահեստանոցը մեր տան նկուղն էր, երբեմն գաղտուկ կրած եմ Վարդանի զէնքն ու զրահը եւ (պատմականօրէն անճիշդ) պղինձէ կոփուած գեղեցիկ սաղաւարտը, նոյնիսկ` Յազկերտի խոյրը, որ սեփական հայրս շինած էր: Ինչեւիցէ: Ելոյթներու գեղարուեստական բնոյթին մասին խօսիլը անտեղի է: Կրնամ կատարել երկու նշում. նախ այն, որ ներկայացումները ծիսակա՛ն բնոյթ ունէին: Հանդիսականներուն մեծ տոկոսը կը պատկանէր տարագրուած առաջին սերունդին եւ անոնց զաւակներուն: Յազկերտ հաւանաբար կը մարմնաւորէր իրենց հօրենական տուները, աշխատանոցներն ու այգիները զաւթած թուրքը: Սրահը կը թնդար, օրինակ, երբ կեղծ ուրացումի տեսարանին մէջ բեմի (ի հարկէ) յառաջամասին մէջ գտնուող զինուած ու զրահաւոր Վարդան (որ մեր աշխատանոցի դրացին էր) ծոցէն դուրս կը բերէր եւ «ծածուկ» կը համբուրէր հօրս շինած խաչը:

Երկրորդ նկատողութիւնը այն է, որ թատերախումբը քուլիսներու ետին եւ նոյնիսկ ձեւով մը բեմին վրայ Վարդանանքին կը մօտենար առերեւոյթ զաւեշտական ոգիով: Աւարտական տեսարանին մէջ, օրինակ, Ղեւոնդ Երէց,  կը խտտէր փոքրիկ բեմի յատակին դիզուած նահատակներու կողերը, որոնք կը փորձէին բարձրաձայն չխնդալ: Մինչ կիսաբաց քուլիսէն (ձայնով մօրս, որ «Թռչնոց բոյն» պատսպարուած առաջին որբուկներէն է) կը հնչէր Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Լռեց … ամպերը եկան … պատմէ շատերին …», եւ կամ Յազկերտ թրքերէնով ծաղրանք կը մռլտար իր մօտ կանգնած խեղճ թիկնապահին: Թերեւս` միայն առերեւոյթ, որովհետեւ մանուկ մը պիտի չկարենար վերծանել զաւեշտական խօսքերու ետին թաքնուած ցաւը եւ տեսնել ծիծաղող դիմակներու ետին հոսող տղամարդու արցունքները: Կը յուսամ, որ ընթերցողը ներեց զգացական զեղումը: Ներառեցի, որովհետեւ կ՛ենթադրեմ, որ պատկերը շատ տարբեր չէ եղած Պէյրութի մէջ եւ այլուր:

1924  – «Եըլտըզէն Սասուն», Ս. Տխրունի –  (Սարգիս Քետերեան, 1898-1929): Մաս կը կազմէ շարք մը ակնյայտօրէն ազգային-քաղաքական թատերակներու, որոնք ներկայացուեցան Սահակեան վարժարանի (ուր կը դասաւանդէր Քետերեան) թիթեղածածկ սրահին մէջ Հնչակեան հակում ունեցող ռահվիրայ թատերասէրներու կողմէ: Նոյն շարքի այլ գործեր են.

«Վարդանանք» (կրկնուած),
«Ժիրայր» (Յարութիւն Մ. Պոյաճեան 1894-ին կախաղան հանուած)  (կրկնուած),

«Քսան կախաղաններ» եւ «Տանջուածներ» (Պատկերներ հայ աղէտի տարագրութենէն, 1917) Սեդրակ Շահէն (Սեդրակ Շահինեան 1888-1975), հնչակեան թատերագիր: Իր գործերէն կը յիշուին`  «Կարկառուն կամարներ» (1917), «Քսան կախաղաններ» (1918), «Զէյթուն» (1920), «Թալէաթի անկումը» (1928):

Այլ տեղեկութիւն կարելի չեղաւ ունենալ: Այս ուղղութեամբ կարելի է յիշել, որ քսանական թուականներուն Պէյրութ եկած է արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Մ. Մարութեան, որ ներկայացուցած է նաեւ ազգային բներգով իր հեղինակած թատերակներէն երեքը.

«Մուրատ» («Մեծն» տիտղոսին արժանացած Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն ֆետայի Համբարձում Պոյաճեան, 1860-1915),
«Կոմիտասը խաւարի մէջ»,
«Կարմիր սուլթանը»:

Այս գործերուն մասին եւս չյաջողեցայ որեւէ տեղեկութիւն ստանալ: Նկատելի է սակայն, որ այս յաւուր պատշաճի կարճակեաց գործերու հեղինակներուն մէկ մեծ տոկոսը նոյնինքն տեղական ուժերն են: Հարազատ հայրս իսկ, նախակրթարան աւարտած, բայց` ընթերցասէր արհեստաւոր, հեղինակած էր թատերակ մը, որ ունեցած էր լոկ մէկ (ոչ յաջող) բեմադրութիւն` միութենական հանդիսութեան մը ընթացքին: Ա՛յդ էր առաջին սերունդի մօտ տիրող մթնոլորտը: Պարզ է, որ այս գործերը եւ անոնց կատարումը բարձրորակ չէին կրնար ըլլալ: Անոնց մղիչ ուժը ոչ թէ գեղագիտական ստեղծագործութեան պոռթկումն էր, այլ` տարագիր փոքր հաւաքականութեան հոգեկան միասնականութիւնը ամրապնդող ծէսերու պահանջը:

1943 – «Արցունքի հովիտը» – Ա. Ահարոնեան Հրատարակուած նախ Պաքու եւ ապա Պոլիս` 1908-ին, այսինքն «Մեշրութիեթ»-ի կը կրէ բարերկրական մթնոլորտին մէջ: Խորհրդապաշտ գործ մը, որ (ըստ համայնագիտարանի) «կը ջատագովէ ժողովուրդի սպասած արշալոյսը»: Սին յոյսեր, որոնք շուտով խեղդուեցան արեան մէջ: Այս նիւթին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (2):

«Աւերակներու վրայ» – Տիգրան Կամսարական

Առ ի տեղեկութիւն, հեղինակը «Մեշրութիեթ»-ի շրջանին վերադարձած է Պոլիս: Շատ կանուխ տարիքին իր հեղինակած ծանօթ «Վարժապետին աղջիկը» դերուսոյց Աշոտ Մատաթեանց թատերականացուած է առանց իր մասնակցութեան եւ նոյնիսկ հաւանութեան: Այդ կարելի եղած է հաւանաբար, որովհետեւ վէպը կը պարունակէ վառ կերպարներ: Կամսարական Միքայէլ Կիւրճեանի մասնակցութեամբ հեղինակած է«Փականքը», զոր Օշական կը համարէ իրապաշտ թատրոնի առաջին փորձը արեւմտահայ գրականութեան մէջ: Գործ մը, որ` «դիմացած է բեմի փորձին»: «Փականքը տանելի լեզու մը կը բերէ Պոլիսին պակսող բեմական լեզուին` առանց զայն ըլլալու սակայն (շեշտաւորումը իմ կողմէս) (3): Ի դէպ,  թատրոնի մարդ եղած Կիւրճեան մասնակցած է նաեւ այլ հեղինակներու կողմէ (ինչպէս Օտեան) հրատարակուած թատերակներու յօրինումին կամ ձեւաւորման:

1946 – «Հայրենիքի Կարօտը» –  Յովհ. վրդ. Փարթամեան:

Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող վարդապետը աշխուժ մասնակցութիւն բերած է` «Բազմավէպ» եւ «Երիտասարդ Հայուհի» ամսագրերուն: Եղած է խմբավարը պատրիարքարանի հովանաւորած «Կիլիկիա» երգչախումբին: Կաթողիկէ եկեղեցին իր վարժարաններուն մէջ վաղուց կիրարկած է թատրոնը` բարոյախօսական առումով (4): Գործեր,  ինչպէս` «Ղեւոնդեանց նահատակութիւնը»,  «Մեծն Վարդան Մամիկոնեան», «Տրդատայ յաղթութիւնը», «Հայկ դիւցազն» եւ այլն: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ (4): Մխիթարեաններ թարգմանած Շէյքսփիրի, Մոլիեռի եւ այլոց գործերը: Քաջ տեղեակ են եւրոպական մշակոյթին: «Բամբ որոտան»-ի հեղինակը Ղեւոնդ Ալիշանն է: «Արշակ Բ.» օփերայի (1871) «libretto»-ի (երգաթատերագիրք ) (5) բնագրին հեղինակը Մխիթարեաններու շրջանաւարտ Թովմաս Թերզեանն է: Այլ շրջանաւարտներ կարեւոր դեր խաղացած են Պոլսոյ մէջ (6): Հայերէնի հանդէպ իմ սէրը արթնցնող ուսուցիչը եղած էր Վենետիկի շրջանաւարտ լուսահոգի բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեան:

1953 – «Աբաս» – Կ. Յովհաննիսեան: Հեղինակի մասին հասանելի տեղեկութիւն չկայ: Թատերակը հաւանաբար Կարսի թագաւոր Աբաս Ա. Բագրատունիի մասին է, որ նկարագրուած է որպէս «փառահեղ մարդ»,  եւ որ` հիմնած է արհեստավարժ բանակ, նաեւ կ՛ենթադրուի, թէ կառուցած է Ս. Առաքելոց եկեղեցին (այժմ` մզկիթ):

1953 – «Աւարայրի դիւցազները» – Հայր Ս. Տէր Մովսիսեան: «Բազմավէպ»-ի 1-4 2000 թիւէն կ՛իմանամ, որ Մխիթարեան այդ հայրը հեղինակած է նաեւ երկու այլ թատերակներ` «Արշակ Երկրորդ» եւ «Հտպիտները»: Թարգմանած է (հաւանաբար իտալերէնէ) «Փառքի զաւակներ», որ կրնայ ներշնչուած ըլլալ Պօղոս առաքեալի յօրինած աղօթքէ մը, որ (արեւելահայերէն տարբերակին մէջ) կ՛ըսէ. «Եւ եթէ որդիք` ապա ժառանգներ էլ … նորա չարչարանքներին կցորդ ենք` փառքին էլ մասնակից լինենք (թուղթ առ Հռովմաեսցիս 8:17), եւ կամ ներշնչուած` նոյնանուն իտալերէն ազգայնական քայլերգէ մը («Pei figli della gloria»,  1904):

(Շար. 1)

1.- Աւանդութիւնը չշարուանակուեցաւ, դադրեցուեցան եւ վարժարաններու հայկական ծրագիրները մեծապէս կրճատուեցան, երբ պետական հարուածի միջոցով (այժմ` գահընկէց, իբրեւ ընկերվարական ճանչցուած կուսակցութիւն մը տիրացաւ իշխանութեան:
2.- «Օսմանեան Բ. սահմանադրական շրջանին բեմադրուած թատերական համաճարակը», «Ազդակ Բացառիկ» Նոր տարի, 2023:
3.- Յ. Օշական, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Ե. հատոր:
4.- «Միջնադարեան թատրոնը Հայաստանի Մէջ», «Ազդակ Բացառիկ», Նոր տարի, 2018
5.- Ա՜խ մեր բարդ բառամոլաբանութեան ախտը:
6.- Տե՛ս, օրինակ, հայր Յ. Պզտիկեանի «Մխիթարեան Պոլիսը» յօդուածը:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Քաղաքական Սփիւռք. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Ա.

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Դեգերումներ Դար Մը Լիբանանահայ Թատրոնի Հետքերով Բ. 50-ականներէն Ետք

Օգոստոս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ծափահարութեան Թուայնացում

Յուլիս 21, 2025
«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?