ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Ծանօթ.– Յօդուածին Ա. մասը կը վերաբերէր այն ժապաւէններուն, որոնք մրցանակակիր են եւ կամ բեմադրուած են արտասահմանի մէջ գործող հայկական ծագումով երեւելի բեմադրիչներու կողմէ, ինչպէս` Էկոյեան:
«Թեւաւոր լարեր» (Fibers). Աննա Գրիգորեան, 15 վ
Վաւերագրութիւն հիմնուած շրջափակուած Արցախի մէջ ազերիական ռմբակոծումէն պաշտպանուելու համար ապաստանարանի մը մէջ մնացած 18 կիներու վկայութիւններուն: Վերնագիրը թերեւս ակնարկ է կանաչիով ուտեստեղէն պատրաստող կանացի թեւերուն: Ցաւօք կարելի չեղաւ դիտելու արտօնութիւն ստանալ:
«Երազելուց յետոյ». Քրիստինէ Յարութիւնեան, 2025, 105 վ:
Աղէտալի պատերազմէն ետք հայ անանուն զինուորը օտարուհի մը կ՛առաջնորդէ տանջահար Հայաստանի տարածքին: Ժապաւէնը նման է «Օձի ապուր»-ին` իր «հոգեյայտ» բնոյթով: Այդտեղ կը տողանցեն, սակայն ոչ թէ մահացող զինուորի անկատար երազանքները, այլ` առասպելներ, որոնք պիտի բացայայտեն հայկական ոգին: Ժապաւէնը կարելի չեղաւ դիտել: Պարզ չէ, թէ ինչո՛ւ կնոջ համար ընտրուած էր «Claudette» անունը որ կը նշանակէ «հաշմուածուհի»(1):
«Դոն Կիխոտին սպասելիս», Նարինէ, Մկրտչեան, Արսէն Ազատեան, 105 վ, 2024 (2):
Տոն Քիշոթի կերպարը յաճախ մակերեսային կը մեկնաբանուի: Սերվանթէսի վէպը հրատարակուած է 1605-ին, երբ Սպանիա կ՛ապրէր անցման ժամանակաշրջան` աւատապետական կարգերէ դէպի շուկայական տնտեսութիւն: Հողմաղացները, որոնք սկսած էին մուտք գործել Սպանիա, ցուցանիշ են մեքենականացման: Ամերիկեան գաղութներէն բռնագրաւուած ոսկին կը վերածուէր վաճառականական դրամագլուխի: Սկսած էր տիրել «բիզնես»-ի բարոյականութիւն, որուն գլխաւոր խօսափողն է ծաղրանկարային Սանչօ Փանզան: Տոն Քիշոթ նիզակը ձեռին` ելաւ պայքարի: Կերպարը, ուրեմն, յոյժ գրաւիչ եւ դրական է: Հանճարեղ Սերվանթէս, սակայն, միաժամանակ ցոյց տուաւ, որ պէտք չէ ետդարձ փորձել: «Ասպետական բարոյականութիւն»-ը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած: Բայց այդտեղ չէ ողբերգութիւնը: Տոն Քիշոթ չարաչար կործանեցաւ, որովհետեւ իր վեհ գաղափարներու կողքին չունէր երեւոյթները հասկնալու անհրաժեշտ իրապաշտութիւն: Յեղափոխական ղեկավար մը չէր կրնար ըլլալ (3): Եղաւ, սակայն, ներշնչման աղբիւր բազմաթիւ արուեստի գործերու (որոնց շարքին` ներկայ ժապաւէնը) (4): Մրցանակակիր «Man of La Mancha» երաժտական
թատրերգութեան (1965, որ 1972-ին վերածուած է նաեւ հոլիվուտեան ոչ ուսանելի ժապաւէնի) գլխաւոր երգը կ՛ըսէ (5).
Երազե՛լ ան-կարելին երազը
Կռուի՛լ ան-պարտելի թշնամիին դէմ
Կրե՛լ ան-տանելի վիշտը
Վազե՛լ դէպի այնտեղ, ուր քաջեր չեն համարձակիր:
Ցաւօք կարելի չեղաւ դիտելու արտօնութիւն եւ լուսաբանութիւններ ստանալ: Մամուլին տրուած հարցազրոյցը կ՛ըսէ, որ ժապաւէնը կը ներկայացնէ` «Յետպատերազմեան Հայաստանը, ուր իրականն ու երեւակայականը խառնուել են իրար, ուր ժողովուրդը ճարահատեալ փրկիչներ է փնտռում… պահանջ է առաջանում ներկայացնել լուսաւոր գաղափարներ, որոնք կարող են փարոսի դեր ստանձնել եւ ուղենիշ դառնալ համախմբման ու գոյատեւման համար: Ուզում ենք հաւատալ, որ «Դոն Կիխոտ դարձած ժողովուրդ»-ի կամքը կը դրսեւորի եւ փրկութեան ուղիներ կը գտնի»: Ժապաւէնը նկարահանուած է սահմանամերձ շրջաններու մէջ, ցոյց կու տայ` քանդումը, անմխիթար ենթակառուցուածքները, ամայացած աւանները, ռազմական գործողութիւններու վաւերագրութիւն եւ տեղահանուած մարդիկ: Պարզ չէ, թէ ինչպիսի՛ դեր խաղացած է երեւակայութիւնը` ժապաւէնի պատկերաւոր ասքին մէջ: Հրապարակուած պատկեր մը ցոյց կու տայ շփոթած թխադէմ աղջնակի մը դէմքը: Միակ այլ տեսարանը ցոյց կու տայ Տոն Քիշոթն ու Սանչօ Փանզան` բնութեան թանգարանի մը մէջ, ուր կը տեսնուին փիղի, ընձուղտի եւ ափրիկեան այլ անասուններու խրտուիլակներ: Իսկ թէ ինչո՛ւ աղջնակը թխադէմ է, առաւել եւս, թէ ինչո՛ւ է սպասուած փրկիչը տեղադրուած Սաւանայի վտանգուած անասուններու խրտուիլակներու կողքին, կարելի է թերեւս պատասխանել ժապաւէնը դիտելէ ետք միայն:
Տիգրիս գետի (ափին) առիւծները (The Lions by the River Tigris). Զարատաշթ Ահմետ, վաւերագրական, 2025, 92վ:
Երբեմնի Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի կպած Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւումին որպէս հետեւանք, այսօր 80 տոկոսով աւերակ է: Պաշիրի բնակարանէն կանգուն մնացած է միայն մուտքը, որուն վերեւ քանդակուած են երկու առիւծներ, որոնք կրնան խորհրդանշել քաղաքի գոյատեւելու ոգին: Ֆախրի, որ իր բնակարանը վերածած է թանգարանի, կ՛ուզէ այդ քանդակը աւելցնել իր հաւաքածոյին: Ֆատել, որ իր ջութակը պահած էր ՏԱՀԵՇ-ականներէն, կը փորձէ ազգագրական մեղեդիները վերականգնել: Ժապաւէնը կը յենի պատումներու: Խորապէս տպաւորիչ է վերապրելու կամքը:
Harvest (Հունձք), Athina Rachel Tsangari, 2024 2 ժամ 11վ:
Բեմադրիչը, որուն հօրենական պապի երկրագործական կալուածները բռնագրաւուած են եւ տեղ տուած` մայրուղիի, Ճիմ Քրէյսի 2013 հրատարակուած նոյնանուն վէպը փոխադրած է ոչ միայն աշխարհագրականօրէն, այլ նաեւ ժամանակագրական, Անգլիայէն դէպի 16-րդ դարու Հոլանտա, ուր բողոքականութիւնը, այսինքն` դրամատիրական յարաբերութիւններ, յաղթած էր կաթողիկէ աւատատիրութեան: Անգլիական վէպը վերածուած է այլաբանական ուսանելի «առակի» մը: Ժապաւէնին դէպքերը, ինչպէս` վերեւի «Տոն Քիշոթ»-ին, տեղի կ՛ունենան հեռաւոր անցումային շրջանի մը մէջ: Փոխադրումի այլ պատճառը գեղարուեստական է, պատկերաւոր լեզուն ակնյայտօրէն կը նմանակէ ոճը հոլանտացի ականաւոր նկարիչ Փիթըր Պրոխոլ Աւագը (Pieter Bruegel Elder), որ նոյնանուն պաստառ մը ունի (Harvesters -հնձողներ, 1565): ԺԷ. դարուն Հոլանտայի մէջ տեղի կ՛ունենար «երկրագործական հրաշք»: Իմա` հողերու բռնագրաւում, ցանքի մասնագիտացում` ուղղուած վաճառքի, ոչ տնային, փոքր ինքնաբաւ տնտեսութիւններու: Կը տեսնենք դրամատէրի գործակալ քարտիսագիրը (cartographer) Mr. Quill (որ կը նշանակէ փետուր, այսինքն` գրիչ, այո՛, անունները երբեք պատահական չեն), որ իւրացուած հողերու սահմանագծում կը կատարէ (տե՛ս կողքի համադրումը): Կը տեսնենք նաեւ կորչող անցեալի աւանդոյթները, հարսանիք, ուր բացակայ է կրօնականը (իմա` երկնայինը), տարօրինակ դիմակաւոր ծէսեր, որոնք կ՛աւարտին բոցավառ աղէտով: Այս ժապաւէնի մէջ ալ առկայ է Յովհաննու աւետարանիչի Վերջին դատաստանի բներգը: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ մեր դարու տիրող հոգեվիճակ:
Հուսկ Բանք.– Նախ հարկ է յիշել, որ կազմակերպիչները ծրագրին մէջ ներառած էին շարք մը ժապաւէններ, որոնք վստահաբար դժգոհութիւն պիտի յառաջացնեն Ռուսիոյ եւ Իրանի պետութիւններուն մօտ: Կը յիշեմ միայն երեքը.
- Պարզ արկած մըն էր, ականաւոր այլախոհ Ճաֆար Փանհիի ներկայ կարգերը ձաղկող ժապաւէնը, որուն արտասահմանի ցուցադրութեան ներկայ եղած է փահլաւի «գահաժառանգը» եւ` խանդավառ ծափահարած:
- «Հրաբխի ստորոտին», որ կը խօսի դժուար կացութեան մատնուած ուքրանական ընտանիքի մը մասին
- «Դանդաղ այրուող երկրի երգեր», որ կը խօսի ռուսական ներխուժումին գործած աւերին մասին: Առաւել, ինչպէս յօդուածի առաջին մասին մէջ կը տեսնենք, ժապաւէնը մրցանակակի՛ր է:
Այս քայլերու քաղաքական մեկնաբանութիւնը դժուար չէ: Ինչպէս նշած էի, բացակայ էին Ռուսական Դաշնութեան մէջ գործող բազմաթիւ հայ բեմադրիչներու ժապաւէնները որոնք նախապէս աչքառու ներկայութիւն ունէին: «Ոսկէ ծիրան»-ին շուրջ նախորդ շարք մը ակնարկներու կրկնութեան գնով կ՛ուզեմ շեշտել, որ փառատօնի գլխաւոր բացական անոր իսկական արժէքը կազմող «Հայկական համայնապատկեր» բաժինն է: «Տարածաշրջանային համայնապատկեր» այս տարի հասկնալիօրէն կը նշանակէ իրանական եւ վրացական, որոնք ներկայ են լոկ 1 կամ 2 ժապաւէնով:
Երիտասարդ հայ բեմադրիչներու մօտ տասնեակ մը կարճամեթրաժ փորձարական ժապաւէնները դասուած էին խօսուն վերնագիրով «Կորիզ» գլխու տակ: Թուային արհեստագիտութիւնը կարելի դարձուցած է ոչ ծախսալից կարճ ժապաւէններու նկարահանումը: Հետեւաբար «Կորիզ» գլուխը ամէնէն ուսանելին է հետազօտելու համար նոր սերունդի մտայնութիւնը: Ողջունելի է, որ երիտասարդ հայ բեմադրիչներու գործերու մեծ տոկոսին բներգը այժմէական է` արցախեան աղէտի հետեւանքներ, յուշագրական վաւերագրութիւն եւ ընկերային քաղաքական անմխիթար իրավիճակ: Կան, ի հարկէ, փոքր, անձնական ցաւեր ու բներգներ, ինչպէս` հարազատի կորուստ կամ անասուններու խնամք: Չկային հայկական ժապաւէններ, որոնք անջնջելի տպաւորութիւն կը ձգեն: Չկարողացայ նաեւ տեսնել երեւոյթ մը, որ կարելի է կոչել «դպրոց» կամ շարժում: Փառատօնը կը ներկայացնէ խճանկար մը, որ չունի միանշանակ մեկնաբանութիւն:
Ցաւօք կարելի չեղաւ դիտել բոլոր այն ժապաւէնները, որոնք յատկանշական կը թուէին` դատած հակիրճ ծանուցումներէն: Պատճառը ընդհանրապէս բոլոր կազմակերպիչներու, եւ յատկապէս, չեմ վարանիր անուանել, մամուլի պատասխանատու Ռոզա Գրիգորեանի անտարբեր կեցուածքն է: Բիզնես մտայնութիւնը շահագրգռուած է օտա՛ր գործընկերներով, ոչ սնանկ Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայկական օրաթերթով մը, հոգ չէ, թէ ան ընթերցողներ ունենայ Լոս Անճելըսէն մինչեւ Փարիզ եւ Սիտնի: Իսկ առանց կազմակերպիչներու գործակցութեան` գրեթէ անկարելի է կապուիլ բեմադրիչներու հետ` արտօնութիւն ստանալու համար: Վերջին տարիներուն «Ոսկէ ծիրան»-ի ցուցադրութիւններուն հետեւիլը դարձած է ապարդիւն տանջանք: Այս ակնարկը հաւանաբար վերջինը ըլլայ, «Ծիրան»-ի բերքափակը …
———–
- Անունը կը վերագրուի Հռոմի` ականաւոր դրական վաստակ ունեցող կայսր Claudius-ի որ հաշմուած էր: Ընթերցողը կրնայ ծանօթ ըլլալ «I, Claudius» վերնագրով դասական ժապաւէններու եւ մանաւանդ BBC-ի պատրաստած շատ ուսանելի ֆիլմաշարին «I Claudius»:
- Ժապաւէնը առնչութիւն չունի Alfonso Gálvez աստուածաբան վարդապետի նոյն վերնագիրով (Սպաներէն բնագիր` «Esperando a Don Quijote» վէպին, ուր Աստծու արարքներու «խենթութիւնը» կը հակադրուի անհաւատ արդի մարդու «ողջմտութեան»:
- Սերվանթէս վէպի աւարտին կը «պարտադրէ) իր հեոսին որ զղջայ իր արարքներուն համար եւ մեռնի առանձին: Այդ հաւանաբար անյաջող փորձ մըն էր խուսաբելու խիստ գրաքննութեան պատիժէն:
- Որոնց շարքին` Ստալինեան բռնատիրութեան դէմ ուղղուած Կրիկորի Քոզինցեւի ժապաւէնը (1957):
5. The Impossible Dream-ի անգլերէն բնագիրը.- «To dream the impossible dream / To fight the unbeatable foe / To bear with unbearable sorrow / To run where the brave dare not go : Նկատել «Ֆօ», «ռօ», «կօ» յանգերը, որոնք կարելի չէ պահպանել: