ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Հոկտեմբերի առաջին շաբթուան երկայնքին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ ֆեստ» (հնչիւնախաղով` High Fest) կատարողական արուեստներու 16-րդ փառատօնը:
Վերնագրի «լռատուութիւն»-ը ունի կրկնակի իմաստ: Նախ` այն, որ այս տողերը խիստ անբաւարար են եօթը օրերու վրայ երկարող միջոցառում մը արժեւորող ակնարկ մը սեպուելու համար: Երկրորդ` նկատառումը, որ խորքին մէջ ցաւոտ պատճառն է առաջինին, այն է, որ փառատօնի հայկական ելոյթներէն ոչ մէկը առնչուած էր մեզի պատահած եւ տակաւին պատահող ահաւոր աղէտներուն, բոլորը լուռ շրջանցած էին գոյութենական հարցադրումները, եւ ինչպէս որմազդը ցոյց կու տայ, կեդրոնացած էին կատարողական նորարարութիւններու վրայ: Ելոյթները կարենալ դիտելու համար հարկ էր նախ տքնիլ` ճարելու համար բեմադրիչներուն հասցէները, ապա օրեր եւ թերեւս շաբաթներ շարունակ կապուիլ անոնց հետ, արտօնութիւն խնդրել ե՛ւ գործածուած նկարներու ե՛ւ պարունակութեան առնչութեամբ: Թատրերգութիւններու բներգները պարզապէս չէին արդարացներ նման մեծ ներդրում: Կը գոհանամ լրատուութեամբ:
Միջոցառումին նշանախօսն էր «Երազանքների փառատօն»: «Հայ ֆեստ»-ը ի հարկէ ակնարկ է «բարձր»-ի: Ոչ ոք կը փափաքի, որ դադրի երազանքը: Ոչ ոք կ’առաջարկէ, որ դադրին բարձր մակարդակի գեղագիտական նորարար փորձերը: ԲԱՅՑ, ինչպէս պիտի ըսէր Պէրպէրեան, առնուազն տխուր է ականատես դառնալ վարուելակերպի` իբրեւ «ոչինչ չի պատահել»:
Բացման հանդիսութեան համար ընտրուած էր իտալական «eVenti Verticali» (ուղղահայեաց իրադարձութիւններ) խումբի «Cuboր (խորանարդ) բացօթեայ ելոյթը: Անկասկած որ աչքապարար ելոյթի բներգը տարածութեան, ծաւալներու եռաչափ (3D) յարատեւ փոփոխութիւնն է զանազան բնոյթի երաժշտութեան առընթեր: Համացանցի վրայ հասանելի են ելոյթներու բազմաթիւ տպաւորիչ տեսերիզներ (Տե՛ս, օրինակ, www.youtube.com/watch?v=g58_TxskFys):
Ինչեւիցէ… հայաստանեան մասնակցութիւնը հետեւեալն է.
Ա. «Համլետ» Կամերային թատրոն, բեմադրիչ` Արա Երնջակեան
Շէյքսփիրի անհամար անգամ ներկայացուած գործը մեկնաբանուած է «եսասիրութեան ու պատեհապաշտութեան պատճառած ողբերգութիւնը արծարծելու, համեմուած երնջակեանական դրամատուրգիայով»: Այստեղ հետաքրքրականը այդ «համեմ»-ն է: Ինչպէս կողքի նկարը ցոյց կու տայ բեմադրիչը «Հորացիոյի գաղտնիքը» գիրքին, որ վերջերս ռուսերէն բնագիրէն թարգմանուած է հայերէնի: Համլեթի սրտակից ընկեր Հորեշիօ (Horatio) գործօն դեր չունի: Այդ տուն տուած է այլազան մեկնաբանութիւններու: Բեմադրիչին դրոյթը այն է, որ կերպարը վերցուցած է յունական թատրոնի «քորուս»-ի պարտականութիւնը: Բազմաթիւ թատերագէտներ, սակայն, դիտել կու տան այլ հանգամանք: Համլեթ սառն վերաբերմունքը ունի զինք սիրող գեղեցիկ եւ առաքինի Օրֆելիայի հանդէպ, մինչդեռ անբաժան է Հորաշիոյէն: Այդ կը բացատրեն միասեռական յարաբերութեամբ (1): Նկատել, օրինակ, որ Հորաշիօ միշտ Համլեթին կը դիմէ «իմ քաղցր իշխան»-ով (my sweet prince): Յուսախաբ Օրֆելիա ինքնասպանութիւն կը գործէ: Չորս դար առաջ Շէյքսփիր չէր կրնար աւելի բացայայտ արտայայտել յարաբերութիւնը: Թերեւս այդտեղ էր այս բեմադրութեան «Հորացիոյի գաղտնիքը»:
Բ. «Զրոյց իմ նէյրոնների հետ» (talking to my neurons- [ջղաբջիջ]) բեմադրիչ` կաքաւագիր (choreographer) եւ կատարող Սոֆիա Գէորգեան:
Արնագոյն կիսամութի մէջ երեք իրերանման պարման-պարուհիներ «իմպրովիզ» (յանպատրաստից) շարժումներով «կը զրուցեն» իրենց ջղաբջիջներու հետ` ցոյց տալու համար ենթագիտակցութեան կապը արտաքին աշխարհի հետ: Բեմագրուած եւ բեմադրուած պարը ի հարկէ «յանպատրաստից» չի կրնար ըլլալ: Իսկ թէ ինչպէ՞ս կարելի է ընկալել իրարու վրայ դարսուող, հանգուցուող իգական մարմիններու յարաբերութիւնը, կը մնայ մեկնաբանելի: Համացանցի վրայ կան ծանուցողական տեսաերիզներ (2):
Գ. «Բուկովսկի», բեմադրիչ Մարիկա Դովլաթբեկեանի բառերով` «Տիկնիկային «վաւերագրութիւն, ներշնչուած` կեղտոտ ռէալիզմի վարպետ Չարլզ Բուկովսկուց»
Charles Bukowski (1920-1994) գերմանական ծագումով ամերիկացի բանաստեղծ մըն է, որ արժանացած է «Ստոր կեանքի դափնեկիր» (Laureate of low life) եւ «Զգայացունց վիպագրութեան հերոս» ( Hero of fictional ensation) տիտղոսներու: 1918-ին, Գերմանիոյ պարտութենէն անմիջապէս ետք, սկսած է ծառայել յաղթական ամերիկեան բանակին եւ գաղթած` Միացեալ Նահանգներ: Եղած է յոռետես թախիծի գինեմոլ գուսան մը: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ անոր տապանաքարը, որ կ՛ըսէ` «Մի՛ փորձեր» (don’t try): Տիկնիկական ելոյթը կը թուի ձեւով մը արձագանգը ըլլալ բանաստեղծութեան մը, որ կ՛ըսէ.
«Ձգէ՛ լարը, տիկնիկ մը շարժի
Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է հասկնայ,
թէ այդ կրնայ կորչիլ շատ
արագ …» (3)
Յոյժ մեկնաբանելի է` թէ ինչո՛ւ ներկայ պայմաններու տակ փառատօնը հայկական սակաւ ելոյթներէն մին ընտրած է «Մի՛ փորձեր» տիպի յուսալքութեան կոչը:
Դ. «Ես դեռ այստեղ եմ».- Քրոնոտոպ ժամանակաւոր միաւորում ( Chronotope Temporary Association), բեմադրիչ` Իլիա Մոշոզսքի:
Թատերախումը իր անուանումը ստացած է ռուս տեսաբան Միխայիլ Պախթինի (1895-1975) յօրինած «Խրոնոթոփ» եզրէն, որ կազմուած է յունարէն «խրոնոս» (ժամանակ) եւ «թոփոս» (վայր) բառերու միացումով: Ընթացիկ անգլերէն եզրն է` «space-time», որ գիտութենէ հեռու բազմաթիւ մարդոց երեւակայութիւնը հրահրեց Այնշթայնի յարաբերութեան մասնաւոր տեսութեան (special theory of relativity) հրապարակումէն (1905) ետք: Տեսութիւնը կը ջրէր նիւթոնեան եւ ապա քանթեան դրոյթները, թէ` ժամանակն ու տարածութիւնը իրարմէ անջատ, մեր ընկալումին մէջ յառաջագունէ (a priori) ամրագրուած անփոփոխ ստորոգութիւններ (category) են: Պախթին 1937-ին դիտել կու տար, օրինակ, որ արդի արագ փոխադրական միջոցները փոխած են մարդոց պատկերացումը: Պախթին կը սիրէր գործածել թուաբանական եզրեր, ինչպէս` ժամանակ-տարածք առանցքներու հատում (intersection of axes) եւ համաբանութիւն (homology) (4): Ելոյթը փորձառական է: Թատրոնի տարածքը շրջուած է: Հանդիսատեսը կը գտնուի ցուցափեղկի ետին, իսկ փողոցի սովորական անցուդարձը կը դառնայ «բեմ»: Տաղտկալի անցուդարձի թատրոն ներմուծումը կը թուի ներշնչուած ըլլալ Իոնեսքոյի անհեթեթէն: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ (5): Ելոյթի վերնագիրը (I’s still here) կը համընկնի աւստրալիացի երգահան-երգչուհիի Սիայի (Sia Kate Isobelle Furler 1975-) նոյնանուն յօրինումին, որուն աւարտական ակնյայտօրէն յոռետես տողերն են.
«Բայց մարտը տանուլ տրուեցաւ/ Որովհետեւ ես դեռ այստեղ եմ» (But the battle was lost / ‘Cause I’m still here):
Թատերախումբին կայքը կը ծանուցէ. «Ներկայացումների թերեւս ամենաամուր բաղադրիչներն են` փխրունութիւնը, անյուսալիութիւնը եւ ժամանակաւորութիւնը»: Իսկ թէ որո՛ւ են հարկաւոր նման ժխտական բաղադրիչներ, կը թողում ընթերցողի հայեցողութեան:
Ե. «Բաբելոն Շաու (Ժամանում)».- Բեմադրիչ, բեմագիր եւ դերակատար` Յարութիւն Յովհաննիսեան.
«Յետարդիական պարի իբրեւ «յանպատրաստից սոսնձում» (improvised collage) այստեղ եւս արնագոյն կիսամութի մէջ երկու կիսամերկ երիտասարդուհիներ … ներողութիւն, երիտասարդներ կ՛ագուցուին, կ՛արիւնոտին եւ այլն: Թատերախումբին նախապէս անդրադարձած եմ իրենց հին կտակարանային Կայէնի եւ Աբէլի բներգով ելոյթին առթիւ (5): Բաբելոնեան աշտարակի բներգը եւս ի հարկէ հինկտակարանային է:
Աշտարակը կը խորհրդանշէ ընդվզում, մարտահրաւէր` Տիրոջ, իմա` իշխող համակարգի, մտայնութեան դէմ: Համակարգ, որ դաժանօրէն պատժեց միասեռական Սոդոմ-Գոմորը (6, 7): «Դու վախենո՞ւմ ես մթութիւնից, հարց կու տայ պարային ելոյթի ծանուցումը, եւ կը շարունակէ,- «Բաբելոն շոու»-ն նպատակ ունի կառուցել մի աշտարակ, որի գագաթը կը հասնի երկինք… եւ չցրուենք երկրով մէկ…»: Ելոյթը կը թուի կոչ մը ըլլալ` տառապահար միասեռականներու զօրակցութեան: Յաւակնութիւն չունիմ ընկերային այս ցաւոտ հարցին շուրջ խելամիտ կարծիք յայտնելու:
Ե՞ւ: Կազմակերպիչները շեշտը դրած են թատրոնի նորարար փորձառական-արհեստագիտական երեսին վրայ: Այդ ի հարկէ անհրաժեշտ է: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Ընտրուած հինգ գործերէն երկուքը, սակայն յոռետես-անհեթեթ բնոյթի են, իսկ մնացեալ երեքի (այսինքն մեծ բաժնի) ակնյայտ թէ կիսաթաքուն բներգը միասեռականութիւնն է, այլ ոչ` հայրենիքի գոյութեան սպառնացող վտանգները եւ առհասարակ գոյութենական հարցադրումները: Ցաւօք:
- Տես, օրինակ, A Homo-Erotic Reading of William Shakespeare’s Hamlet m tracey chesler
- Տես, օրինակ, https://www.instagram.com/sofya_g.yan/reel/DAvtZ-EsbyE/
- Առաջին տողերն են.- Pull A String, A Puppet Moves / each man must realize / that it can all disappear very / quickly/…
- Տես Dick McCaw, Bakhtin and Theatre, 2016, գիրքը հասանելի է համացանցի վրայ
- Տես «Թատերական պահեցողութիւն», «Ազդակ», 28 յունիս 2024:
- Sodom-sodomy հոմանիշ է ան-բնական բնոյթի կենակցութեան
- Բայց որ չդատապարտեց Ղովտը, որուն երկու դուստրերը կենակցեցան իր հետ եւ ծննդաբերեցին: Այդ չհամարուեցաւ տոհմապղծութիւն: