Հռիփսիմեանցի Ամավերջի Հանդէսը` Ուրախութեան Եւ Հպարտութեան Առիթ Մը
Ս. Ն. Հոգելոյս նախկին տնօրէն մայր Արմինէ Մակարոսեանի յիշատակը յարգելէ ետք յոտնկայս եւ շրջանաւարտներէն տաղանդաւոր Ալեք Տոներեանին ջութակի վրայ յուզումնալից ապրումով հնչեցուցած «Տըլէ եաման»-ով, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանի կրթական տարեվերջի հանդէսին ներկաները` պաշտօնական հիւրերը եւ մանաւանդ ծնողները հաւանաբար արդար ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով դուրս եկան սրահէն, միանալու համար 13 շրջանաւարտներու աւանդական ցնծութեան` կարկանդակի հատումին, ընդունելութեան, հրավառութեան եւ...




















