Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Համալսարանի 59-րդ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Մայիս 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 24 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանը իր շրջափակին մէջ կազմակերպեց իր տարեկան վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին 130 ուսանողներ յաջողութեամբ աւարտեցին Պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց, ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճանները` դառնալով Հայկազեանի 59-րդ հունձքի շրջանաւարտները:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, խորհրդարանի անդամներ, Լիբանանի կաթողիկէ հայոց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, հայ աւետարանական եւ առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, նախկին երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչներ, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Մեքսիքոյի դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքեւ շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ ուղղուեցան բեմ, ապա հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր հովիւ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքով պաշտօնական բացումը:

Սրտի խօսք արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր հետ կապուած մարտահրաւէրներուն: Ան հաստատեց, որ կրթութիւնը պարզապէս կարգավիճակի փոփոխութիւն չէ, այլ անձնական մակարդակի վրայ դէպի աւելի բարձր աստիճանի ոստում, աշխարհը հասկնալու տարբեր ձեւ եւ մակարդակ, զարգանալու, փոփոխութիւններու հետ համակերպելու եւ այլոց յարգելու աւելի բարձր մակարդակ:

Եզրափակելով իր խօսքը` վեր. դոկտ. Հայտոսթեան շրջանաւարտներուն բարի երթ մաղթելով դէպի փայլուն ապագայ, վերահաստատեց Հայկազեան համալսարանի 64 տարիներու առաքելութիւնը` «տարբեր մակարդակներու վրայ օտարացած եւ հեռացածներու տուն դառնալ»` յորդորելով շրջանաւարտները «իրենց գտնուած վայրին մէջ, ուր ալ ըլլան, օգնելու մարդոց` մտաւոր, հոգեւոր եւ ֆիզիքական մակարդակներու վրայ ըլլալու իրենց տան մէջ»: Ան յատուկ մէջբերումներով յիշեց Յովհաննէս Թումանեանն ու Պութրոս Պուսթանին:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարը, որ նախ եւ առաջ շրջանաւարտներուն ներկայացուց ՄԱԿ-ի մէջ իր ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնը: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն իրենց ապագային մէջ կատարելու այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն համամարդկային արժէքներու, մարդու բարօրութեան եւ լաւ ապագայի. կատարելու այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք ապագային նաեւ իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ո՛չ միայն ընտրութիւն կատարող անհատին վրայ, այլեւ դրականօրէն իր ազդեցութիւնը պիտի ձգէ շրջապատին եւ աւելի լայն շերտերու վրայ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով ներկայացուցիչը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ շրջանաւարտները ունին երկու ճամբայ, առաջինը` սովորականը, ընթացիկն է, որուն ընթացքին պիտի կեդրոնանան իրենց աշխատանքին, ասպարէզին վրայ, իսկ երկրորդը` նոյնպէս զարգանալ եւ ընտրած ասպարէզին մէջ յառաջդիմել, սակայն միշտ ի մտի ունենալ, որ ընդհանուրին զարգացումը, շահը եւ շրջանի մշակոյթը պահպանուած ըլլան մեր մէջ:

Ապա Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմեքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն:

Իսկ շրջանաւարտներուն խօսքը արտասանեցին Օհաննէս Աշըգեան եւ Մոհամետ Աթաթ, որոնք շրջանաւարտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, դասընկերներուն, ուսուցչական կազմին եւ Հայկազեան համալսարանին:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս Ամիսը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?