Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին

May 11, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հետեւելով նախորդ տարիներու աւանդութեան` այս տարի եւս ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը կազմակերպեց Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին «Պուսթան» պանդոկի «Քրիսթըլ կարտըն»-ին մէջ, Պէյթ Մերի, նախագահութեամբ Միլվա Սանոսեանի:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը կատարեց ՔԱՀԼ-ի տիկնանցի անդամուհիներէն Շաքէ Գարայեանը: Ան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ու անդրադառնալով 100 տարիներ առաջ, երբ մայիսի 2-րդ շաբաթը պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ մայրերու օրը, անդին` հայ ազգը տեղահան կ՛ըլլար ու ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուէր: Սակայն հայ մայրը արիութեամբ  պայքարեցաւ ապագայ սերունդ դաստիարակելու ու դարբնելու համար: Խօսք առաւ նաեւ ՔԱՀԼ-ի տիկնանցի ատենապետուհի Սօսի Մենտիլեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս Միլվա Սանոսեանին: Ան շեշտեց մօր կարեւորութիւնը` ըսելով, որ պէտք է այսօր եւ ամէն օր պատուենք մեր մայրերը: Ուրախութիւն յայտնեց մեծ թիւով ներկայ գտնուող հիւրերուն համար, որոնք երկրին տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ հանդերձ, ներկայ գտնուած են քաջալերելու համար սոյն ձեռնակը: Իր կարգին, պատ. Սեպուհ Թերզեանը 128 տարեցներուն եւ 70 անձնակազմին անունով ողջունեց ներկաները: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ հաստատութեան մէջ կատարուած բոլոր ծառայութիւններուն համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կ՛օժանդակեն` «Ծիրանի» խոհանոցի արտադրութիւնները սպառելու: Ան նաեւ ներկայացուց երկու նոր ծրագիրներ. առաջինը, որ արդեն իսկ իրագործուած է, ելեկտրականութիւն խնայելու եւ կենսոլորտը պահպանելու համար արեւու ճառագայթներով ելեկտրածին մեքենայի (Solar Panels) զետեղումն է: Երկրորդ` հանրակացարաններու կառուցումը, որ ընթացքի մէջ է` որպէս եկամուտ ապահովող հասոյթ ՔԱՀԼ-ին: Վերջապէս` շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հովանաւորողին եւ ներկաներուն` իրենց աջակցութեան համար:

Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան  Սալբի Քէօշկէրեանը` քանոնի վրայ, որ փունջ մը հայկական երաժշտութեամբ հմայեց ներկաները, ապա Մարօ Սարգիսեանը սրտայոյզ կերպով ասմունքեց Յ. Շիրազի «Հրաշք ոգեգալուստի»-ն ու արժանացաւ ջերմ ծափերու: Օրուան մթնոլորտը հայկական երգերով խանդավառեց ու ճոխացուց Նժդեհ Պոտրումեանը` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն` զանազան վաճառատուներէ, անհատներէ եւ հաստատութիւններու կողմէ տրամադրուած արժէքաւոր նուէրներու:

Նախորդը

Մխիթարեան Վարժարան. Բացօթեայ Դասարանի Բացում

Յաջորդը

Քուէյթի Համազգայինի Աշուղական Երեկոն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.