Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենոֆաս-ի Ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յունիս 1, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 25 մայիս 2019-ին, ամբողջ օրը, Արմենոֆասի տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Արմենոֆաս-ը Զուիցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւ եւ ատենապետն է փրոֆ. Թենի Սիմոնեանը: Ս. Աթոռին ներկայացուցիչներն են` Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, Տիգրան Ճինպաշեանը, Ալեք Քէօշէեանը եւ Հայկուհի Եաղճեանը:

Յիշեալ յանձնախումբը կը շարունակէ Ցեղասպանութեան շրջանին զուիցերիացիներուն կողմէ հայ ժողովուրդին կատարուած ընկերային օգնութիւնն ու ցուցաբերուած բարեկամութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Արմենոֆաս-ը քննարկեց շարք մը օրակարգային հարցեր` կազմակերպչական, տնտեսական, վարչական եւ ծառայական բնոյթ ունեցող:

Իր բացման խօսքին մէջ վեհափառը շեշտեց երեք կէտեր.

Ա) Արմենոֆաս-ը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը` կենդանի պահելով հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնը:

Բ) Արմենոֆաս-ը կոչուած է Զուիցերիոյ նոր սերունդին յիշեցնելու զուիցերիացի ժողովուրդին զօրակցութիւնը Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` շարունակելու զայն ներկայ պայմաններու հրամայականին լոյսին տակ:

Գ) Արմենոֆաս-ը պէտք է փոխէ իր գործունէութեան բնոյթը` նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Ապա վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ յիշեալ երեք կէտերուն շուրջ յանձնախումբը քննարկումներ կատարէ թէ՛ հանդիպման ընթացքին եւ թէ՛ յառաջիկային: Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներուն, որոնք վերանորոգ թափով կը շարունակեն իրենց գործակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ:

Նախորդը

Սրբուհի Ռիթայի Տարեկան Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագ

Յաջորդը

«Վերջին Զանգը»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?