Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ժիպէյլ

Մայիս 31, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 26 մայիս 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Ժիպէյլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ժիպէյլի հայութեան հետ: Նախքան հանդիպումը` «Թռչնոց բոյն»-ի մատրան մէջ, սրբազան հօր նախագահութեամբ, կատարուեցաւ ս. պատարագ, զոր մատուցեց Արտաւազդ աբղ. Շառոյեանը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչներուն յիշատակին:

Այնուհետեւ Ժիպէյլի ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հիւրասիրութիւն: Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ այս կիրակի պարզ կիրակի մը չէ, այլ լեցուն է 28 մայիս 1918 թուականի խորհուրդով, աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կատարեցինք մեր այն քաջամարտիկ հայորդիներուն համար, որոնք մեր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ թուականներէն մէկը կերտեցին եւ մեզի շնորհեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:

Սրբազանը յայտնեց, որ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր բոլոր ազգային-եկեղեցական կառոյցները միշտ քով-քովի եղած են, եւ ասիկա ցոյց կու տայ, որ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ հայ ինքնութիւնը կարելի չէ իրարմէ անջատել: «Մենք միշտ ապրած, պայքարած եւ գոյատեւած ենք մեր հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային կառոյցներու ճամբով եւ ահաւասիկ` «Թռչնոց բոյն» եւ Հայ կեդրոն, եկեղեցի եւ ակումբ: Մէկը միւսը կ՛ամբողջացնէ», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք իրարմով զօրաւոր ենք եւ իրարմով հայապահպանումը կ՛ըմբռնենք` որպէս մարտահրաւէր, եւ մեր յաջողութիւնը բոլոր մարզերու մէջ` մեր բոլորին յաջողութիւնն է: Սրբազանը ողջունեց Արտաւազդ աբղ. Շառոյեանը` հաստատելով, որ ան Ժիպէյլ հաստատուելէն ետք նուիրումով, համեստութեամբ իր կարելին ի գործ կը դնէ ոչ միայն «Թռչնոց բոյն»-ին, այլեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը շեշտեց, որ ինք լիբանանահայութիւնը մէկ ամբողջութիւն կը համարէ, հեռաւոր եւ մօտիկ համայնքներ գոյութիւն չունին, հարուստ եւ աղքատ շրջաններ չկան, մեր ժողովուրդը մէկ մարմին է, եւ այդ հասկացողութիւնը գործով ցոյց կու տայ միշտ` այցելելով մեր բոլոր շրջանները: Սրբազանը ըսաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս կ՛այցելէ ակումբ եւ տեսած է շէնքին ներկայանալի երեւոյթը եւ ժողովուրդին գործուն մասնակցութիւնը այս կառոյցին մէջ:

«Մենք` որպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ, մեր պատմութեան արժէքներով, հայ ժողովուրդի ամբողջ անցեալը մեր ուսերուն շալկած, ներկան այդ անցեալով հարստացուցած եւ տեսիլքով, պատասխանատուութեամբ ապագային պատրաստուող հայ մարդ` կը զգանք, որ մենք տարբեր ենք: Մեր ինքնութիւնն ու գոյութիւնը տարբեր է մեր շրջապատէն: Ամէն մարդ ալ մարդ է, բայց հայ մարդ ըլլալը` թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ մանաւանդ այսօր, դժուար է, տագնապ է, եւ այդ մէկը մենք նախ կ՛ապրինք որպէս հայ անհատ, ապա կ՛ապրինք մեր ընտանիքին մէջ, եւ այդպիսով մենք կ՛իրագործենք մեր հաւաքական իտէալները», շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ ներկայիս աշխարհի տարածքին նոյնիսկ որպէս մարդ ապրիլը դժուար է, եւ կեանքը դժուարացած է ոչ միայն տնտեսական պատճառներով, այլ նաեւ մարդկային, բարոյական, հոգեւոր արժէքները նահանջի մէջ են. սակայն ի պատիւ մեր ժողովուրդին, ամբողջ աշխարհի տարածքին, հակառակ ամէն տեսակ աշխարհաքաղաքական դժուարութիւններուն, տոկացինք, պայքարեցանք, յաղթեցինք, դիմացանք, վերածաղկեցանք: «Ժողովուրդը անհատներէ կը բաղկանայ: Իւրաքանչիւրս մասնիկ մըն ենք մեր ժողովուրդէն, եւ մեր մասնակցութեամբ այդ ժողովուրդը կը վերածուի ուժական եւ յաղթական հաւաքականութեան», հաստատեց Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար` թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ակումբին մէջ, աւելցնելով, որ այդ մէկը ցուցանիշ է,  որ մեր ժողովուրդը նոյն գիտակցութեամբ, նոյն խոր հաւատքով եւ պատասխանատուութեամբ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, կը շարունակէ իր յաղթական ընթացքը: «Այս է Սարդարապատի ոգին, որ ոչ ոք կրնայ խլել մեզմէ: 28 մայիսը իմաստ եւ նշանակութիւն կը ստանայ մեր բոլորին մասնակցութեամբ: Մենք բոլորս զինուորներն ենք Սարդարապատի` մեր ժամանակով, մեր կարողութեամբ, մեր նիւթական բարոյական մասնակցութեամբ, ի պահանջել հարկին` մեր արիւնով գրելու համար մեր պատմութիւնը», եզրափակեց առաջնորդը` մաղթելով, որ այս ոգին շարունակէ մեր մէջ մնալ, եւ մենք այս ոգիով կարենանք մեր աշխատանքները կատարել եւ մեր յաջողութիւնները արձանագրել:

 

Նախորդը

Շատ Աշխատիլը Արդիւնաւէ՞տ Է

Յաջորդը

Գիրքերու Աշխարհէն. Հայուն Եւ Քրիստոնեային Միաձուլումը` «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» Հատորին Մէջ (Հեղինակ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան)

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?