Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայրերու Օր

May 31, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ տարիներու աւանդութիւն դարձած «Մայրերու օր»-ը, այս տարի տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 մայիսին, վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ: Տիկնանց յանձնախումբի հրաւէրին ընդառաջած մայրերն ու մեծ մայրերը եկած էին հաճելի եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ ներկայ ըլլալու իրենց զաւակներու ներկայացնելիք գեղարուեստական յայտագիրին, ինչպէս նաեւ` ճաշակելու համադամ ուտեստեղէնը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը`  բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Իր խօսքին մէջ ան շեշտը դրաւ հայ մօր տիպարին վրայ, որ թէեւ կ՛ապրի ամէնօրեայ դժուարութիւններ, սակայն իր հայ ընտանիքը հայ պահելու պարտականութենէն ու առաքելութենէն չի զիջիր երբեք: «Մենք ժառանգորդներն ենք մեր մայրերուն, որոնց ջահը վառ պիտի պահենք ու մեր զաւակները պիտի դաստիարակենք իբրեւ տիպար ու ազգանուէր հայորդիներ», աւելցուց Գէորգեան: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք միշտ ալ ընդառաջած են տիկնանց յանձնախումբի հրաւէրներուն եւ ի մասնաւորի` Օսսի Քեսմէեանին, որ ստանձնած էր ձեռնարկին նախագահութիւնը:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Օ. Քեսմէեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ զինք հրաւիրած են նախագահելու մայրերու նուիրուած ձեռնարկին: Ան շնորհաւորեց ներկայ բոլոր մայրերը, որոնց մաղթեց մնալ առողջ, կայտառ ու իրենց ընտանիքներուն հաստատ սիւները: Քեսմէեան պարգեւատրուեցաւ վարժարանին կողմէ` յուշանուէրով եւ ծաղկեփունջով մը:

Օրուան պատգամը տուաւ քոլեճի տնօրէն խորհուրդի  անդամ Անի Բագրատունին, որ ըսաւ, թէ մօր դերն ու պարտականութիւնները կը սկսին այն վայրկեանէն, երբ զաւակը կը ծնի: «Բոլոր մայրերը կ՛որոշեն դաստիարակել ու պատրաստել ընտանիքի համար զաւակ, իսկ ընկերութեան համար` մարդը. առաքելութիւն մը, որ այդքան ալ դիւրին չէ եւ ամէն օր կը բախի նոր մարտահրաւէրներու»: Բագրատունի շեշտը դրաւ դաստիարակելու  գործին դժուարութեան  եւ զաւակներուն ունեցած թերութիւնները ընդունելու եւ ապա զանոնք սրբագրելու եւ ուղղելու վրայ:

«Սիրելի հա՛յ մայրեր, կը խոնարհինք ձեր առջեւ, որովհետեւ մեր սուրբ նահատակներուն երազն ալ կ՛իրականացնէք, երբ կը կրթէք հայկական արժէքներով դաստիարակուած զաւակներ: Անոնց աչքերը բաց մնացին կեանքի կարօտէն, թող մեր զաւակները յագեցնեն անոնց կեանքի ծարաւը: Անոնց հոգիները տառապեցան ազգի, մշակոյթի կորուստի վախէն, թող մեր զաւակները մխիթարեն զանոնք` ըսելով. «Մի՛ վախնաք, հայ ազգը կ՛ապրի, հայ մշակոյթը կը գոյատեւէ»: Անոնք չարչարուեցան հայրենիքի կորուստի վախէն, թո՛ղ մեր զաւակները գոռան` ո՛չ, սիրելի՛ նահատակներ, մեր հայրենիքը կ՛ապրի, թէեւ ոչ ամբողջական, բայց կ՛ապրի» եզրակացուց Բագրատունի: Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, օրուան նախագահին եւ մանաւանդ տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն: Բագրատունի շնորհաւորեց ներկայ բոլոր մայրերը` մաղթելով, որ բոլորին տուները բուրեն հայկական շունչ ու մթնոլորտ:

Ապա Ծ. Գէորգեանը բեմ հրաւիրեց տիկնանց յանձնախումբի նախին անդամներ եւ յուշանուէրներ յանձնեց անոնց:

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ քոլեճի մանկապարտէզէն մինչեւ Զ. դասարաններու աշակերտութեան: Անոնք իրենց երգերով, արտասանութիւններով եւ պարերով գովեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց մայրերուն, որոնք խանդավառ եւ ուրախ կը հետեւէին իրենց ներկայացման: Յայտագիրը ճոխացուց նաեւ երգչուհի Նաթալի Տեմիրճեանը, որ փունջ մը հայերէն երգերով խանդավառեց ներկաները:

Նախորդը

Մայիս 28-ի Տօնը` Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ. Հայաբոյր Եւ Տօնական Մթնոլորտ` Հայաստանի Ա. Անկախութեան 101-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.