Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ. Հայաբոյր Եւ Տօնական Մթնոլորտ` Հայաստանի Ա. Անկախութեան 101-ամեակին Առիթով

Մայիս 31, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսեան փառապանծ յաղթանակին տարեդարձը արժանաւորապէս նշուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ երկուշաբթի, 27 մայիս 2019-ին` «Հայ մշակոյթի օր» խորագրեալ ամբողջ օրուան ընթացքին գործադրուած պատշաճ նախաձեռնութիւններով եւ գեղարուեստական յայտագիրով:

Արդարեւ, այդ օր վարժարանը առաւել հայկականութիւն կը բուրէր, ամէնուրեք կը ծածանէր եռագոյնը, իսկ աշակերտները առաւօտուն դպրոց ժամանեցին ճերմակ թի-շըրթներ հագած, որոնց վրայ պատկերուած էր եռագոյնը, Սարդարապատի յուշահամալիրը, Արարատը եւ Հայաստանը խորհրդանշող պատկերներ:

«Հայ մշակոյթի օր» խորագրեալ այս եզակի ձեռնարկին մեկնարկը կատարեցին ՀՄԸՄ-ի տարազաւորները, երբ առաւօտուն կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն պարմանուհի մը կարդաց օրուան պատգամը: Այնուհետեւ ընթացք առաւ «Հայ մշակոյթի օր»-ը: Ազգային Միացեալ վարժարանի բակին մէջ հայկական յատուկ կրպակներ պատրաստուած էին, ինչպէս` մեր պատմութիւնը, ուր աշակերտները ծանօթացան անկախութիւնը կերտողներուն եւ մեր մշակութային գանձերուն, հայկական երաժշտական հարուածային, փողային ու լարային գործիքներուն եւ ունկնդրեցին հայկական երաժշտութենէն հատուածներ, հայկական մեծ պաստառի պատրաստութիւն` աշակերտներուն կողմէ, ուր անոնք գունաւորեցին եռագոյնով պատուած պաստառը, ընթերցանութեան բաժին, որուն ընթացքին ուսուցչուհին կարդաց յարմար պատմութիւններ` իւրաքանչիւր տարիքի, հայկական դիմայարդարում, երբ աշակերտներուն դէմքերը եռագոյնով ներկուեցան, հայկական ճաշերու կրպակներ, ուր աշակերտները համտեսեցին հայկական տարբեր ճաշատեսակներ: Ասոր առընթեր,  նախակրթարանի տարրական` առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարանները յատուկ ձեռային աշխատանքներ պատրաստեցին, իսկ չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտները եռագոյնով ապարանջան պատրաստեցին: Տեղին է նշել, որ աշակերտները հիւրասիրուեցան այս առիթով Հայաստանէն յատուկ բերուած լաւաշ հացով, «Լոռի» պանիրով եւ տուրմով:

Երբ ժամը հասաւ անկախութեան հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին, վարժարանի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները համախմբուեցան «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահ:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 10-րդ դասարանի աշակերտ Սթիվըն Խաչոն: Ան նախ ողջունեց Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը որակեց մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն հետաքրքրական եւ լուսաւոր շրջանը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը վեց դարերու ստրկութենէն, տարագրութենէն, անօթութենէն ետք պետականութիւն ունեցաւ եւ վերահաստատեց ազգերու կողքին ազատ ապրելու իր կամքը: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Արամ Մանուկեանի ոգեղէն «Պէտք է ապաւինիլ մեր սեփական ուժին» պատգամը եւ հարց տուաւ, թէ ո՛ւր կը կայանայ հայու սեփական ուժը, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր ամէն ինչ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք: Ան յայտնեց, որ այդ ուժը իմացեալ մահով անմահութիւն կերտելու հայու նուիրական արիւնն է, այդ ուժը հայրենի խաղաղ երկինքի տակ ազատօրէն ապրելու հայու կամքն ու վճռակամութիւնն է, այդ ուժը հայրենի դաշտերուն վրայ ծագող յոյսն ու հայ հողագործին արդար քրտինքն է, եւ ահա այդ ուժէն կը ծնի մեր սուրբ դրօշը` եռագոյնը եւ կը կերտուին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի սրբազան յաղթանակները:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ան հաստատեց, որ մայիս 28-ի ժառանգորդները պահանջատիրութեան բռունցքը պիտի դարձնեն այն բռունցքը, որ հայկական եռագոյնին դիմաց ամէն օր կը կրկնէ իր ուխտը` գիտակցելով, որ Արամներու գծած ուղին որքան ալ դժուար ու փշոտ ըլլայ, միացեալ բռունցքը պիտի ապահովէ մեր ազգային նպատակի իրագործումը` եռագոյն դրօշը անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի մէջ, ամբողջական հայութեամբ:

Հուսկ ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը:  Առաջին բաժինով հանդէս եկան միջնակարգի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններէն աշակերտուհիներ Լոռի Կերկերեանը եւ Մարիա Խաչատուրեանը, որոնք ներկայացուցին անկախութեան ժամանակագրութիւնը, իսկ Մեղրիկ Պալապանեանը, Բալիկ Պօղոսեանը եւ Մակի Տեկիրմենճեանը բացատրութիւններ տուին Արամ Մանուկեանի,  հանրապետութեան զինանշանին, եռագոյնին եւ առաջին վարչապետներուն մասին:

Ազգային Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի երգչախումբը ներկայացուց «Հայ եմ», «Երեւան – Էրէբունի», «Հայաստան» եւ «Հայկական բանակ» երգերը: Երկրորդականի աշակերտներէն Ճենիֆըր Քէյմեթլեանը մեներգեց «Հայ զինուոր» երգը, իսկ Մեղրի Տեմիրճեանը մեներգեց «Փոքրիկ Հայաստան» երգը: Նշենք, որ բոլոր երգերուն պաստառին վրայ կ՛ընկերակցէին Հայաստանի տեսարժան վայրերու պատկերներ եւ կարճ տեսերիզներ:

Յայտագիրին վերջին բաժինով դարձեալ երկրորդականի 11-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին կենդանի պատկեր` «Արամ Մանուկեանի ոգեշունչ պատգամը»: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Հանդիսութենէն ետք նախակրթարանի աշակերտները վարժարանի բակին մէջ հայկական պարեղանակներու վրայ սորվեցան շուրջպար պարել, իսկ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները «Հայաստանի Ա. անկախութիւն» նիւթով ունեցան ռելի փէյփըր մրցում-խաղ մը` դպրոցին մէջ: Մրցումին յաղթեց «Համօ Օհանջանեան» խումբը:

Հայաստանի անկախութեան առիթով «Հայ մշակոյթի օր»-ը իր խանդավառութեան գագաթնակէտին հասաւ, երբ ամբողջ աշակերտութիւնն ու ծնողները հաւաքուեցան վարժարանի բակը եւ Սերոբ Յակոբեանն ու Վիգէն Տիշչեքենեանը ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեցին բոլորը:

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Մայրերու Օր

Յաջորդը

Շատ Աշխատիլը Արդիւնաւէ՞տ Է

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?