Կիրակի, 19 մայիս 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ գտնուող Սրբուհի Ռիթայի ուխտատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ս. պատարագ, որուն ներկայ էին` Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանը, պաշտօնական հիւրեր եւ թիւով հազարէ աւելի հաւատացեալներ:
Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանը` մեծաւոր Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի: Իր քարոզին մէջ հոգեշնորհ հայրը լուսարձակի տակ առաւ Սրբուհի Ռիթային կեանքը, որ շրջանցեց ամէն տեսակ խոչընդոտ, դիմացաւ ամէն տեսակ դժուարութիւններու` հասնելու համար հոգեկան այն խաղաղութեան, որուն կը ձգտէր: Ան ներկայացուց սրբակեաց սրբուհին, որ այնքան զօրաւոր հաւատքով դիմեց մեր երկնաւոր Հօր եւ շնորհք ստացաւ ոչ միայն ինքն իրեն համար, այլ դարձաւ իր անունով աղօթողներուն արագահաս եւ անկարելի բաներու սրբուհին: Հոգեշնորհ հայրը մաղթեց, որ Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օրուան առիթով սրբուհիին միջոցաւ մենք ստանանք Աստուծոյ շնորհքը եւ իրմէ սորվինք այն հնազանդութիւնը, որ ինք ունէր Աստուծոյ հանդէպ` իր հաւատքին ճամբով: Հայր Աստուած մեզի կը շնորհէ մեր բոլոր բարի փափաքները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վարդերու օրհնութիւն եւ նշխարհամբոյր: