Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան Խօսեցաւ Արեան Տկարութեան Մասին

Յունիս 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքի տասնմէկերորդ դասախօսութիւնը` արեան տկարութեան մասին, տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 8 մայիս 2019-ին:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը նշեց, որ մարդու կեանքի հիմնական բաղադրիչ մասնիկը արիւնն է:  Կարեւոր է, որ արեան բաղադրիչ մասնիկները բնական չափանիշներու վրայ գտնուին, որպէսզի անձը տկարութենէ եւ անոր պատճառած բարդութիւններէն  հեռու մնայ: Արդեօք ի՞նչ են արեան տկարութեան պատճառները, քանի՞ տեսակ արեան տկարութիւն գոյութիւն ունի, տարրալուծարանային ի՞նչ քննութիւններ անհրաժեշտ են եւ ի՞նչ հերթականութեամբ պէտք է կատարել: Այս հարցումներուն լուսաբանութիւններ տալու համար բժշկուհին հրաւիրեց տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեանը:

Դասախօս բժիշկը յայտնեց, որ արեան կարմիր գնդիկներու քանակային կամ որակային պակասը կը յանգեցնէ սակաւարիւնութեան: Ապա ան խօսեցաւ արիւնաստեղծ համակարգի մասին եւ ըսաւ, որ սաղմնային սկզբնական կեանքի ընթացքին արեան բջիջները կ՛արտադրուին «արեան կղզեակ»-ներու մէջ, հետզհետէ անոնք կը սկսին արտադրուիլ լեարդի, փայծաղի եւ աւշային հանգոյցներու մէջ, մինչեւ` ոսկրածուծի կազմուիլն ու աճման հասնիլը:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեանը թուեց կարմիր գնդիկներու սակաւարիւնութեան ախտանիշները: Անոնք են` գունատութիւն, արագ յոգնութիւն, շունչի նեղութիւն, գլխապտոյտ, սրտի արագ զարկ, սրտի զգալի բաբախում, փայծաղի մեծացում, մկանային տկարութիւն, կղկղանքի գոյնի փոփոխութիւն, ուշագնացութիւն: Տարրալուծարանային քննութիւնները հիմնական են: Եթէ ենթական անմիջապէս չդիմէ բուժումի, աւելի ծանր ախտանիշներ կրնայ ունենալ: Ապա ան խօսեցաւ արեան կարմիր գնդիկի կազմաւորման մասին եւ ըսաւ, որ ան սալիկաձեւ է, իր մէջ կը պարունակէ հեմոկլոպին, որ երկաթ պարունակող գոյացութիւն մըն է եւ ունի չորս շղթայ: Ամէն մէկ կարմիր գնդիկ իր մէջ կը պարունակէ մօտ 270 միլիոն հեմոկլոպին: Կարմիր գնդիկները թթուածին կը մատակարարեն մարմնի բոլոր բջիջներուն: Արեան կարմիր գնդիկներու սակաւարիւնութեան դասակարգումը, ըստ կարմիր գնդիկներու միջին ծաւալի չափերուն, համեմատելի է փոքր ծաւալի, բնականոն ծաւալի եւ մեծածաւալ չափի սակաւարիւնութեան:

Ա.- Փոքրածաւալ սակաւարիւնութեան պատճառները.

1.- Երկաթի պակաս,
2.- Sicleroblastic սակաւարիւնութիւն,
3.- Մարմնային տարբեր համակարգերու երկարատեւ (քրոնիկ) հիւանդութիւնները, ինչպէս` յօդային, քաղցկեղ, երիկամ,
4.- Thalassemia:

Բ.- Բնականոն ծաւալի արիւնահոսութեան պատճառները,

1.- Արիւնահոսութիւն,
2.- Sickle բջջային anemic,
3.- Ինքնադիմադրողականութիւն (autoimmune), պատճառած արիւնալուծում,
4.- Ժառանգական գնդակաձեւ կարմիր գնդիկներ: Բուժումը փայծաղի հեռացումն է:
5 .-Paroxymal գիշերային հեմոկլոպինային միզում (Paroxysmal nocturnal hemoglobinuria),
6.- G6PD պակասը (deficiency),

Գ.- Մեծածաւալ արիւնահոսութիւն:

Vit BIZ-ի եւ folic acid-ի պակասը կու տայ megaloblastic anemia, իսկ լեարդային հիւանդութիւններ եւ ճարպային կամ քոլեսթրոլային հիւանդութիւններ կու տան միայն ծաւալային կարմիր գնդիկներ:

Vit BIZ-ի պաշարը մարմնին մէջ քանի մը տարուան պահեստով է, կարեւոր է նշել, որ ստամոքսի հատուածի Vit BIZ-ի ներծծման նիւթի խանգարումով եւ դիմադրողականութեան «յարձակումով» այդ նիւթը կ՛ազդէ արտադրող բջիջներուն վրայ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, իսկ առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեանին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Եւրոպայի «Հիւանդ Մարդ»-ը Այսօր Մահամերձ Է Մարդու Իրաւունքներու Խնդրով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?