Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մխիթարեան Վարժարան. Բացօթեայ Դասարանի Բացում

Մայիս 11, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ դասարանի բացումը: Հանդիսութեան հիւրերն էին կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Պերճ Հաճեանը եւ երկրաչափ ու բնապահպանութեան ճարտարագէտ փրոֆ. Արամ Երէցեանը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ բացօթեայ դասարաններու գաղափարը բաւական տարածուած էր հիւսիսային Եւրոպայի մէջ արդէն 20-րդ դարու սկիզբէն սկսեալ, մասնաւորապէս` թոքախտի տարածման աճը կանխելու եւ անոր դէմ պայքարելու համար: Դպրոցները կառուցուած էին այն գաղափարին վրայ, որ մաքուր օդի ազդեցութիւնը, լաւ օդափոխութիւնը եւ կենսոլորտին հետ առնչուիլը էական են ուսանողին համար, մանաւանդ երբ եղանակը եւ պայմանները թոյլ կու տան: Ան նշեց, որ հաւատք կար, որ դասերը բաց երկինքի տակ դասաւանդելը կ՛օգնէ աշակերտին` կերտելու ինքնանկախութիւն եւ ինքնագնահատում: Ռ. Պոյաճեանը ըսաւ. «Բացօթեայ դասարանի կերտումով մենք կ՛ուզենք, որ ապագայ սերունդները սորվին աւելի քիչ պատերով դասասենեակներու մէջ, որպէսզի այսպիսով իրենց երեւակայութիւնը շնչէ, ընդարձակուի եւ աւելի մեծ գաղափարներ ծնին ապագայի համար»:

Եւ որովհետեւ այս տարի կը նշենք բանաստեղծ, մանկագիր, հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակը, բացօթեայ դասարանը հպարտութեամբ անուանուեցաւ «Թումանեան այգի»:

Ապա վարժարանի կրթական համակարգող Մէյրի Կիւրիւնլեանը հակիրճ օրինակներ տուաւ բացօթեայ դասարանին մէջ ուսուցման ձեւերուն մասին, որմէ ետք նախակրթարանի Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտները, իրենց գիտութեան Թամար Պոզոյեանի խմբավարութեամբ, ներկայացուցին երգ-պար մը` բնապահպանութեան մասին:

Իր խօսքին մէջ փրոֆ. Երէցեանը շեշտեց բնութեան հետ մարդու շփումին անհրաժեշտութիւնը` կարեւոր համարելով, որ աշակերտը արդէն փոքր տարիքէն հասկնայ եւ յարգէ բնութիւնն ու կենսոլորտը: Ան շնորհաւորեց, գնահատեց եւ իւրայատուկ համարեց հանդիսութեան տուն տուող առիթը, որովհետեւ կը դրսեւորէ մարդ արարածին յարաբերութիւնը բնութեան հետ:

Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանը փակման խօսքին մէջ նշեց, որ բնութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, հետեւաբար պէտք է օգտուիլ անոր բարիքներէն եւ ոչ թէ զայն ապականել: Ան աշակերտները մղեց ընդարձակելու իրենց երեւակայութիւնը եւ ուսումնասիրելու բնութիւնը, ինչպէս ըրած է մեծ գիտնական Լէոնարտօ տա Վինչին, որուն մահուան 500-ամեակը կը նշենք այս տարի:

Աւարտին, փրոֆ. Երէցեանը ստացաւ դպրոցին կողմէ երախտագիտութեան յուշանուէր:

 

 

Նախորդը

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?