Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

80-ամեակի Աւարտական Հանդէս. Մեսրոպեանը Յանձնեց 63 Շրջանաւարտներու Յոբելենական Հունձքը

Յունիս 3, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 մայիս 2019-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարանները յանձնեցին այս տարեշրջանի աւարտականներու հունձքը` Մեսրոպեանի համար աւանդական դարձած խանդավառ եւ ոգեւորող հանդիսութեան մը ընթացքին:

Հանդիսութիւնը առաւել նշանակութիւն ձեռք բերաւ այն փաստով, որ կը զուգադիպէր վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ ընդգծելու Մեսրոպեանի կրթական վաստակը ոչ թէ միայն մէկ, այլ ամբողջ ութ տասնամեակներու դիտանկիւնէն:

Հանդէսին համար Մեսրոպեանի շրջափակ փութացած էին շուրջ 1400 հրաւիրեալներ: Անիկա կայացաւ` հովանաւորութեամբ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին, նախագահութեամբ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ, պատրիարքապատկան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի:

Շրջանաւարտներու բեմ հանդիսաւոր մուտքէն անմիջապէս ետք եւ յետ Լիբանանի,  Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեան, խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ: «Լոյս եւ յոյս ներշնչող Մեսրոպեան վարժարան»-ին անունով ներկաները ողջունելէ ետք, ան ըսաւ, որ գոյութեան եւ գործունէութեան 80-րդ տարին բոլորած Մեսրոպեանը կը շարունակէ  հաստատուն քայլերով ընթանալ նոր ժամանակներու կրթական չափանիշներուն եւ պահանջներուն համաձայն, «որպէսզի մեր սերունդները լաւապէս պատրաստուին իրենց իսկ ապագային համար` քրիստոնէական ամուր հոգիով, ազգային կենսունակ գիտակցութեամբ, քաղաքացիական եւ մարդկային առողջ նկարագրով եւ մրցունակ կրթութեամբ»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց` Գրիգոր Պետրոս 20-րդ կաթողիկոսին-պատրիարքին Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանին, վարժարանի հիմնադիր հայրերուն, անցեալի տնօրէններուն, դաստիարակներուն ու պաշտօնեաներուն, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան ու աջակից միութիւններուն եւ բարերարներուն` Մեսրոպեանի վերելքին համար ցուցաբերուած քաջալերութեան, զօրակցութեան եւ համատեղ աշխատանքին համար:

«80 տարիներ ետք Մեսրոպեանը մնացած է Մեսրոպի աւանդին հաւատարիմ պահակն ու ծառան: Միասնաբար պիտի շարունակենք աշխատանքը` զարգացնելով ու արդիականացնելով վարժարանը, որպէսզի բարձրանալու գործընթացը կանգ չառնէ, որպէսզի Մեսրոպեանը մնայ իր առաջնորդող դիրքին վրայ, որպէսզի սերունդներու կրթութիւնը ըլլայ ապահով եւ արդիւնաւէտ», յայտնեց Կ. Գալուստ:

Շրջանաւարտներուն անունով խօսքեր արտասանեցին Աւետիս Ապագլեանը, Սէրլի Մարտիրոսեանը եւ Սոնա Թաշճեանը, յաջորդաբար` հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Անոնք բոլորն ալ արտայայտեցին իրենց երախտագիտական ապրումները` ուղղուած դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, շեշտելով Մեսրոպեանի ոգիին հաւատարիմ մնալու յանձնառութիւնը:

Ուսուցչական կազմին անունով խօսք առաւ Եւա Գորէսեանը: «Կրթական հաստատութեան մը կենսունակութիւնը յաճախ պայմանաւորուած է ներշնչումի իր աղբիւրներու քանակով եւ որակով. այդ քանակն ու որակը գերազանց յատկանիշներով կը գտնուին հոս` Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, այս 80-ամեայ երիտասարդ ու կորովալից դարբնոցին մէջ, ուր կը պատրաստուին կրօնական, ազգային եւ մարդկային արժանիքներով դաստիարակուած երիտասարդ-երիտասարդուհիներ», ըսաւ Գորէսեան` շրջանաւարտներուն մաղթելով «կեանքի անփուշ ճանապարհներ, անկաշկանդ թռիչք եւ իղձերու իրականացում»:

Հանդէսի գեղարուեստական մասով աւարտականներ Սէրլի Մաթոյեանը (դաշնամուր) եւ Շանթ Կօշկակարեանը (շեփոր) նուագեցին «Ախպերս ու ես», Նաթաշա Հատտատը` ասմունք (արաբերէն), Սելինա Տեմիրճեանը, Նաթաշա Հատտատը, Քրիսթինա Կիւլեսերեանը եւ Կասիա Սաղըրեանը կատարեցին փունջ մը երգեր, Գէորգ Տէր Սարգիսեանը կիթառով նուագեց երկու կտորներ, կատարուեցան եւրոպական խմբային երկու պարեր, իսկ եզրափակումին «Վերջին զանգ» երգը` բոլոր աւարտականներուն մասնակցութեամբ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսանիւթ մը, որ ներկայացուց շրջանաւարտներու վերջին տարուան գործունէութիւնն ու կրթական-ընկերային կեանքը` Մեսրոպեանի մէջ: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, կատարուեցաւ Մեսրոպեան վահանի փոխանցումը` յաջորդ տարուան շրջանաւարտներուն:

Եզրափակիչ խօսքին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանը օրհնեց շրջանաւարտներու ճամբան` դէպի լոյսի աւելի բարձր աղբիւրներ եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ քրիստոնեայ մարդու եւ հայու հաւատամքին, տեսլականին եւ արժէքներուն:

2018-2019 յոբելենական տարեշրջանի աւարտականի իրենց վկայականները ստացան Մեսրոպեանի բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու 63 աշակերտներ եւ ուսանողներ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Տաճարը` Աւագ Շաբթուան Աղօթքներու Ներքոյ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?